Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղօղանջ Սուրբ Ամենափրկիչէն Ձօն` Բոլոր Մեր Բռնագրաւուած Ոստաններուն Եւ Քաղաքներուն Եւ Շուշիի Պաշտպանութեան Մարտերուն Նահատակուած Հերոսներուն

April 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ   

Երբ սրբագործես
Կը վերածես տաճարի, բնակարանի,ակնաղբիւրի
Կը խոնարհիս լսելու օրհնելու
Քու նախասիրած վայրդ դարձնելու…

Շնչող հրեշտակներուդ դէմքերը արեւուն տակ կը զնգան
Օդն ու տիեզերքը  լեցնելով ոգեղէն գոյներով  նոր կենդանութեամբ:
Խողխողուած քարակերտ հրեշտակներդ
Երանութեամբ կը դիտեն անոնց էջքն ու ելքը…

Ծիծեռնակները ուսերուդ բունաւորուած, հերթով կը մեներգեն…
Մեներգողներէն մին կ՛ըսէ, արդէն քանի երրորդ անգամ կը կրկնուի
այս փորձութիւնը հին
Կը դրուի՞ արդեօք Խաչը, խաչուած ուսիդ կրկին …
Հրեշտակներ արեւուն տակ, իրենց  անաղարտ, անձոյլ
Անմարմին թեւերը թափահարելով, կը փառաբանեն քեզ`
Պահապան Սուրբ Փրկիչ:
Խումբը քիչ մը ուշացած, կը պատասխանէ խմբերգով մը ծանօթ
– Անշուշտ պիտի ծածանի խաչի նշանը կրկին այս ուսին…
Աղթամարի գլխատուած Սուրբ Խաչէն, քիչ առաջ եկանք
Փրկութեան նշանը կրկին ծածանելէ ետք…
Ժամանակը կու գայ նաեւ տուն դարձի.
Խոստացուած է, հողի սեփականատէրերը վերադարձնել
երկիրներն իրենց:

Ծաղկավառ գորգերուդ, գաւիթներուդ վրայ երբ դէմքդ կը ճանկրտեն, յոյսի ղօղանջներդ կը փորձեն լռեցնել
Համբերութեամբ կը նայիս հեռուն, յիշելով վերին ատեանի
խոստումը արդար:
Զուարթունը տաճարիդ, քեզ պաշտպանելու համար
Դիմագիծը կորսնցուց, հարուածներ ընդունեց
Որ որդիներէդ գոնէ քանի մը հատը մնան անվնաս…
Ամէնուրեք գլխատուած գմբէթներ, աւերուած  սրբութիւններ
Յօշոտուած մարմիններ…
Կը մկրատեն, կը տաշեն, կ՛ապտակեն, ծափ կու տան, որ հնչես
Իսկ դուն լուռ վիշտդ գրկած, անձայն կը հեկեկաս
Զերթ Աղթամարայ Ս. Խաչ:
Թշնամիներ քու եւ քոյրերուդ ներկայութեան խորանները
պղծեցին…

Շուշի՛
Մշուշիդ մէջէն կը ժայթքին ցաւակէզ արցունքներդ յորդ.
Աստղահոյլերու մասին պատմող, աստեղազարդ նախշազարդ գորգերդ ճամբայ ելան, ճամբայ բացին`
Հասնելու աստղերուն, հասնելու մեզի:
Թշնամիին ծիծաղին մէջ, երգերդ` չերգուած լռեցին.
Ընտիր բառերդ քարերուդ վրայ սառեցան
Քմահաճոյքով ոսոխիդ` դարձար ոտքի կոխան…
Այս հողի պատմութեան ժամանակը
Հանգչող լապտերներուդ հետ կանգ առաւ…

Տոհմաքարերդ չարչարանքի վկաներ են հիմա
Տառապանքիդ  կը հետեւին անմխիթար…
Տանիքներդ կը թախծին անձկութեամբ հին
Գլխավերւիդ` ճնճղուկներ համրացած
Մենութեան մէջ տխուր կը խոկան
Կռունկներդ անլուր են. հեռուն մնացողներուն, լուռ վիշտն է անյատակ…
Վիշտիդ հետ անսփոփ, ձիւն կը մաղէ հանդարտ, ցաւերդ մեղմելու…
Կը կոթողուին խոյակներդ, բռնաբարուած  քարերդ
Սրտերուն մէջ տաք, որքան ալ տաշեն, հերձատեն պատեանդ
Հոգիդ լոյսով շաղախուած, պահուած է
Հայօրէն լացող խորաններուդ ընդյատակեայ  թաքստոցներուն մէջ:

Նոր եւ լուսաւոր էջ կը բացուի արդեօ՞ք
Թերեւս ալ ամէն բան կարելի է անոր, որ կը հաւատայ
Անոր, որ կը շնչէ
Գուցէ ջնջուին էջ առ էջ  նախկին ցաւերդ դարաւոր

Ու ամէն օր յոյսի հրեշտակներ կը թառին քու անխաչ գմբէթներուդ վրայ:
Հրեշտակներ կ՛ապրին քեզմով, կը ներշնչեն քեզ
Հաւատքով գալիք բարի օրերու.
Յոյսի կրակէ արցունքներով աղօթող աղաղակով
Հնամենի դարպասներէդ դուրս դրուած, ցիր ու ցան դարձած
Զաւակներուդ հետ ծածկաբար  կը միաբանին:

Քեզի հասնող բոլոր մարդկային ճամբաները փակ են հիմա.
Աներեւոյթ պարաններով հաւատքի, յոյսի մարդիկ կը սաւառնին
Հոգիիդ տունը հանգրուանելու:
Քարին տակէն, լերան լանջերով, կածաններով
Հերոսներ հերթով բարձրացան գիրկդ, ամուր գրկած քեզ
Դարձուցին վերջին օթեւանը իրենց
Ցաւդ գրկած գացին հորիզոնէն այն կողմ, փոխանցելով վիշտդ
մեզի…
Երկրի հեռաւոր ծայրերէն եկան, մեկնեցան անհասցէ,
Երկինք ելան միասին, մահը դարձուցած նոր կեանք…
Դուն անխորտակ, ամրակուռ, թիկունքիդ  մահ դարանակալ.
Աղաւնակերպ` կածաններէն, բարձունքներէն   հերոսներ
Ճախրեցին վեր, հոգիները, անկարող  ընդունելու
Տանջանքը անմեկին, ամօթանքը օտար լուծի…
Հիմա քնացող քարերուն հետ, քարերուն պաշտպանութեան տակ,
Իրենց յարութիւնը կ՛արարեն:
Հրեշտակներուդ դիմագիծերը դեռ  կը լուսաւորուին,
Կը պայծառանան, մինչեւ կատարեալ նոր օր ըլլայ ուր արեւը բնաւ
չի խաւարիր:
Տղաքդ սրբացեալ, կը ննջեն քիչ մը, ետքը
Խոտի բոյրէն յագեցած, հողի բոյրով գինովցած
Կը յօրանջեն, շուտով կ՛արթննան…
Աննենգ հոգիներ կը միանան քեզի, երազներուն մէջ ես անոնց
Շարան շարան կու գան այցի, գիշերուան մութին, մինչ
Ամենափրկիչը կը զարդարուի իր խաչերով…
Կու գան գմբէթներդ վերականգնելու, գաւիթներդ զարդարելու
Որդան կարմիրով շողացող գորգերով:
Ամէն անգամ երբ մառախուղը քեզ պատէ, կորուսեալ երկիր,
Թախիծդ նուրբ, կը պատէ հոգիները  կարօտակէզ…
Ցրտացած պատերուդ, ամայի քարանձաւներուդ վրայ երբ ուրուներ դեգերին,
Հոգիները  որդիներուդ կը կսկծան ցաւով որ կրկին ճամբայ
ելլեն…

Տիեզերական հեռուներէն, ցաւիդ ճիչը կը դառնայ լսելի…

Դարպասներդ փակ են հիմա, փակուած` մեր առջեւ, մեր երեսին:
Ներսդ սպանդ սպիտակ, ներսդ նախճիր ,
Հարիւր տարի առաջուան ցաւդ որոճացող
Մութ ծրագիրը կրկնուող, պատմութեան հին ձեռագիրը նենգ:
Աչքերդ, սէրդ, աղօթքդ պարզած դէպի երկինք, նուիրումդ`
Ընծայ տիեզերքի Արարչին, Ամենափրկչին   տառապող, անվերջ
խոշտանգուող…
Ցաւդ վերջ կ՛ունենա՞յ երկիր յօշոտուող…
Վաչկատուն ցեղերուն համար անիմաստ է  քարերուդ լացը,
Հրեշտակներուդ տագնապը եւ զանգակատուներուդ անխօս
հառաչանքը…
Որքան փորձեն կեղծ փայլք տալ դէմքիդ
Մատնահետքերով սրբապիղծ
Արեանդ մէջ Աստուծոյ եւ իր որդիներուն պատկերն է
խողխողուողը…
Երբ արդարութեան նայուածքը շողարձակէ մարմնիդ վրայ բզկտուած
Հոգիդ` նահատակներուդ հետ կը վերակենդանանայ, կ՛ընձիւղի յաւերժ…
Եւ դուն կը ժպտիս կրկին:

Ի տեսութիւն…

Եթէ նոյնիսկ մարմիններով մենք  չըլլանք  ներկայ
Հոգիները մեր կը բաբախեն տակաւին քեզի հետ եւ քեզի համար…

Առանձին չես Շուշի.
Մէջդ կը բնակի հերոսներու շունչը, լռութեան մէջ բարբառող,
Նոյնիսկ եթէ անոնք հեռացած ըլլան մշուշիդ հովանիէն
Նոյնիսկ եթէ անցնի հազար տարի ,նոր ժամանակներ գան,
Անօգնական ու խեղճ աշխարհը  այս  չուէ  աստեղային ուրիշ
համակարգ
Հերոսներուդ շնչառութիւնն ու նշխարները իբրեւ սերմ
Կը փթթին այստեղ…
Կ՛արթննան ի վերուստ զմռսուած մարմինները օրհնանքով,
Անժամանակին մէջ նիրհող, ուր կը  մրափէ, հին  մեծ երկիրը գերի:

Լեռներէն անդին, աղջամուղջին մէջ աղօտ
Կորսուած ամպերու մէջ
Լոյսի ծուէններու պէս կը փայլփլին
Անի, Վան, Կարս, Կարին… գաւառներ տանջուած
Կը լուսաւորուին կայծերով,
Բռնաբարուած շէներ հեռաւոր,
արեւնամուտին ձայն կու տան
Անոնց ձայնի արձագանգը, վշտալի կանչը
Սրտաճմլիկ ճիչը անձկալի, կը լսուի անդուլ…
Ուժգին կը հարուածէ ականջները փակ

Հալէպ

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Մեծ Եղեռնի Ծնունդ` Վերապրողի Արդար Ցասումն Ու Պոռթկումը Արգասիքն Է «Հերոսներին Ու Մայրերին» Երգին

Յաջորդը

Հոգիով Զինաթափ Չըլլալ (Խոհեր` Ապրիլ 24-ի Առիթով)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.