ՌՈՒԲԷՆ Ս. ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք փրոֆ. Ռուբէն Րագուպեանի «Կոչնակ» թերթին մէջ ստորագրած յօդուածներէն մէկը, լոյս տեսած` 1911-ին, Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի մէջ, ուսանողական (դոկտորականի) վերջին տարուան ընթացքին: Դժբախտաբար 1912-ին, դոկտորական տիտղոսը ձեռքին, ան կը վերադառնայ Կիւրիւն եւ կը կացինահարուի` կապուած իր եղբօր` փրոֆ. Լեւոն Րագուպեանի եւ իր ուսեալ հօր` Ստեփան Րագուպեանի հետ միասին: Ահա թէ ան ի՛նչ ունէր ըսելիք իբրեւ ուսանող` հեռու իր հայրենիքէն. ինչպէ՞ս կ՛արտայայտէր իր կարօտը` հեռու հայրենիքէն:
ԾԱՆՕԹ.- Ռուբէն Րագուպեան կ՛ըլլայ Սէմ Րագուպեանի մեծ հօր` (Արմենակի) հօրեղբօր (Ստեփանի) որդին:
Ուսանողի Մը Յուշատետրէն
Զարթնումի Պահը
Առտուն կանուխ, զարթնումի պահուն, ի՜նչ լուսաւոր ազդումներ կը բեղմնաւորեն միտքը:
Մթնոլորտը յղի է արշալոյսի շողերով, զեփիւռին ցօղով, արթնցող ծաղիկներու անուշ բուրմունքով, եւ միտքն ալ` երազներով, յոյսերով:
Կ՛ելլեմ, կը նստիմ պատուհանին առջեւ, ուր երէկ հսկեր էի անքուն, մինչեւ կէս գիշերէն ետք, որ աւելի հեշտ շնչեմ ծագող օրուան զարթնումի հրապոյրը:
Զգլխի՜չ է կենսանորոգ կազդոյրը ներս խուժող օդին, որ մաքուր զգացումներու հոսանքի մը պէս կը թափանցէ մինչեւ ջիղերը:
Պատուհանէն դուրս աղջամուղջը աւելի կը թափանցիկ կը դառնայ: Գոյնի ու ձեւի ինչպիսի՜ ներդաշնակութիւններ կը հագուին հեռու բլուրները: Դիմացի գետեզրին վրայ տարածուող հսկայ քաղաքն ալ, վարագոյրին ետեւէն բացուող տեսարանի մը նման, կամաց-կամաց երեւան գալ կը սկսի:
Ափսո՛ս, աստղերու վերջինն իր յետամնաց փայլն արձակեց ահա եւ նուաղեցաւ: Արշալոյսը կը թագաւորէ, գարնան արշալոյսը, որ ստեղծագործութեան առաւօտին համառօտ կրկնութիւնն է, եւ ահա կ՛երեւի եկեղեցիի մը սրածայր զանգակատունը, որ կարծես արթուն պահակի մը նման հսկողութեան պարտականութիւնն է, որ կը կատարէ վերջացող գիշերուան մէջ:
Բայց ամէն բան լուռ է դեռ: Ինչո՞ւ արդեօք: Չէ՞ որ Զատիկ է այսօր: Ինչո՞ւ զանգակները չեն հնչեր, ինչո՞ւ եկեղեցի գացողներու բազմութեամբ չեն լեցուիր փողոցները:
Լո՛ւռ կեցիր, պանդո՛ւխտ պատանի, չէ՞ որ հեռու ես հայրենի տունէն: Յարութեան ոսկի պահն անշշուկ կ՛անցնի հոս, եւ արեւն իր կէս շրջանն ըրած է արդէն, մարդիկ նոր կը յիշեն, թէ Զատիկն է եկած:
Ա՜հ, ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԻ պահը: Ի՜նչ յիշատակներ կ՛արթնցնես իմ մէջս:
Ահա աչքիս առջեւ կը պատկերանայ Զատիկի տօնի նախորդ իրիկունը ընտանեկան յարկին տակ: Աւագ շաբաթի յատուկ կերակուրներով զարդարուած է սեղանը, որուն շուրջ բոլորուեր ենք մեծ ու պզտիկ: Անխառն ուրախութեան ժամ մըն է, մանաւանդ մեզի` մանուկներուս համար, որ ակնկառոյց, անհամբեր այս օրուան կը սպասէինք: Քանի մը ժամ եւս, եւ ահա եկեղեցիին զանգակը պիտի զարնէ, հանին պիտի գայ մեզ արթնցնելու եւ ընտանեօք կէս գիշերին եկեղեցի պիտի վազենք` յարութեան առաւօտը տօնելու: Մեր ուրախութենէն գրեթէ բան չեք կրնար ուտել: Տասն անգամ, քսան անգամ կը կրկնենք տան մեծ անդամներէն ամէն մէկուն, որ չըլլայ թէ մոռնան մեզ արթնցնել: Մտքի ի՜նչ յափշտակութեան մէջ անկողին կը մտնենք եւ սրտի ի՜նչ յուզումներով առտուն կ՛արթննանք:
Վերջապէս ժամն եկած է երթալու: Աղօտալոյս լապտերով առջեւնիս կ՛իյնայ մեծ հայրը, եւ ամէնքս շարքով կը հետեւինք իրեն` կէս մնացած երազներով մտքերնիս առլցուն եւ սրտերնիս բերկրութեամբ համակուած:
Ճամբան մեզի կը միանան երկու դրացիներ, որոնք ամբողջ ամիսներ իրարու հետ քէն են ըրած, բայց այսօր հաշտուեր են եւ կ՛երթան միասին վայելելու Քրիստոսի յարութեան հրաշալի տօնը:
Ահա հասեր ենք դուռին առջեւ, ահա կը լսուի մեղեդիներու ձայնը, խունկին անուշ հոտն օդը կը լեցնէ, ներս կը մտնենք: Այս ի՜նչ եռանդ, այս ի՜նչ ոգեւորութիւն: Ջահերու պլպլացող լոյսին տակ կատարուող պաշտամունքները ինչպէ՜ս կը վերացնեն հոգիները:
Մտքի եւ հոգիի զարթնումի պահն է: Ներքին մարդը ֆիզիքական մարդուն հետ քունը կը թօթափէ յարութեան գերագոյն այս պահուն, եւ երազներով, յոյսերով կը զեղի սիրտը:
Ու կը մտածեմ:
Պատկերը կը փոխուի եւ աչքիս առջեւ կը պարզուի նոր տեսարան մը:
Դարերու փոթորիկներուն մէջ իր մոմերուն պլպլացող լոյսը միշտ վառ պահող եկեղեցին կանգնած է բարձր բլուրի մը վրայ, աշտանակի վրայ դրուած ճրագի մը պէս, որուն բոլորտիքը կը տարածուի ընդարձակ դաշտ մը:
Աղջամուղջին մէջէն կը զատորոշուի ուրուագիծը անոր վերամբարձ զանգակատան, որուն վերեւ կը շողշողայ «Առաւօտեան աստղ»-ը: Յանկարծ արեւելքի կարմրութիւնը կը ցոլայ գագաթի մետաղեայ խաչին վրայ եւ զարթնումի պա՛հը կ՛աւետէ սթափող երկիրին: Նոյն պահուն զանգակը կը հնչէ հատիկ-հատիկ, ու մարդերու խումբեր այլազան տարազներով, զանազան կերպարանքով, դաշտին ամէն կողմերէն երկիւղածութեամբ ոտքի կը կենան, եւ օդը կը թնդայ քաղցրալուր մեղեդիով, «Զարթի՛ք, որդի՛ք սիոնի»:
Երկրի երակներէն սարսուռ մը կ՛անցնի, երբ ահագին բազմութիւնը կը կրկներգէ միաբերան:
Սիրտդ չի՞ խայտառ, պանդո՛ւխտ պատանի, այս հեռաւոր տեսիլքին զգխիչ տպաւորութեան տակ: Հաւատքի եւ յոյսի զարթօնքը չի բռնկցնե՞ր քու մէջդ ալ նուիրման հուրը: Դաշտին վրայ, մութին մէջ հեծողներուն երթալու եւ ցոյց տալու անոնց առտուան «պայծառ աստղը», որ կը փայլի դարերու փոթորիկներուն մէջ իր գլուխը վեր բռնող վեհ գմբէթին վերեւ: Պատուհանը լայն բաց, օրը կը ծագի, երկիրը կ՛արթննայ, ձայնդ բարձրացուր եւ զարթնումի պահն աւետէ:
Ասորի գիտնական, ցեղասպանութեանց արխիւներու մասնագէտ, Պելճիքայի քաղաքացի Ժիլա Հատտատի արխիւին մէջ գտնուեցաւ Սեբաստիոյ` Կիւրիւն-Սըւազ քաղաքէն նահատակ երեք փրոֆեսէօրներու նկարները միասին, ուր փրոֆեսէօր Ռուբէն Րագուպեան` Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանէն, փիլիսոփայութեան PHD, նստած` մէջտեղը.
իր ձախին` Ժընեւի համալսարանէն վկայեալ, ֆրանսերէնի եւ ընկերաբանութեան փրոֆեսէօր Համբարձում Պլէմճեան, եւ իր աջին` գիտութեան եւ անգլերէնի փրոֆեսէօր Օհայոյի Օրպելի համալսարանի դասախօս Միքայէլ Ֆրէնկիւլեան: Երեքն ալ կացինահարուած եւ նահատակուած են Սեբաստիոյ Սըվազ քաղաքի, բողոքականաց Պէզիրճու թաղի բնակչներուն հետ:
1911 ապրիլ 22
«ԿՈՉՆԱԿ», ԺԱ. տարի, թիւ 16
ԺԻԼԱ ՀԱՏՏԱՏ
Յատուկ շնորհակալութիւն
ՃԻԼԱ ՀԱՏՏԱՏի իր այս անգին նկարին համար:


