Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայապահպանումը Ազգային Դաստիարակութեան Պարունակին Մէջէն

Ապրիլ 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես հայ եմ»:

«Հայը քրիստոնեայ է»:

«Հայը առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն է աշխարհի վրայ»:

Շարքը երկար է…

Բայց ո՞վ եւ որո՞նք են այս արտայայտութիւններուն հեղինակները:

Անոնք ո՛չ մտաւորականներ են, ո՛չ ակադեմականներ, ոչ ալ մասնագիտութիւններու տիրացած մարդիկ: Այս խօսքերուն հեղինակները հայ փոքրիկներ եւ պատանիներ են, որոնք կ՛ապրին սփիւռքեան տարբեր երկիրներու մէջ:

Հոկտեմբեր 2021-էն սկսեալ եւ քանի մը ամիսներ առիթը ունեցայ մեծերու աշխարհէն փոխադրուիլ փոքրիկներու եւ պատանիներու աշխարհ: Երկար ժամանակէ ի վեր անջատուած էի անոնց հետ հաղորդակցելու ուրախութենէն: Ուրախութիւն կ’ըսեմ, քանի որ ուրիշ աշխարհ է եղեր մանուկներու հետ ըլլալը: Աստուածաշունչի ընկերութեան հրատարակած «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ը բաժնելու ատեն առիթ ունեցայ հայկական վարժարաններ այցելելու Լիբանանի, Կիպրոսի, Քուէյթի եւ Տուպայի մէջ: Յիսուսի վկայութիւնը շատ ճիշդ է. «Եթէ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք» (Մատթէոս 18.3):

Այցելութիւններուս մէկ յատկանշական երեւոյթը այն էր, որ առիթը ունեցայ խօսելու պատանիներուն հետ: Եթէ մէկ կողմէ հարցումներ ուղղեցի հայուն, անոր պատմութեան եւ Աստուածաշունչին մասին, բայց նոյնքան նաեւ` անոնց ազգային ինքնութեան եւ հաւատամքներուն մասին: Այս բոլորը թէ՛ զիս ուրախացուցին եւ թէ՛ ալ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ լիցքաւորեցին` մեր ազգային ու հաւաքական կեանքերու ապագային առնչութեամբ:

Հայ մանուկ-պատանին ուշիմ է, արթուն, խելացի, սրամիտ, համարձակ եւ խիզախ: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ պատասխանեցին բոլոր հարցումներուս: Տեսայ հայ մանուկ-պատանին, որ կ՛ուզէ իր սորվածը, գիտցածը եւ տեսակէտը ըսել: Բայց կար աւելին: Հայ երեխան-պատանին կ՛ուզէ իր սորվածը ըսել հպարտութեամբ: «Ես հայ եմ», «քրիստոնեայ», եւ «Հայաստանը առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն է»: Հանդիպումներս` հայ մանուկ-պատանիներուն հետ, ջերմացուցին հոգիս: Այս ջերմութիւնը տարաւ զիս անցեալ, երբ ես ալ կը մեծնայի իրենց նման, եւ քրիստոնէական հաւատքի հպարտութիւնը կեանքիս մէջ բոյն կը շինէր:

Անցնող ամիսներուն իմ հանդիպումներուս ընդմէջէն տեսայ նաեւ իւրայատկութիւններ: Իւրայատուկը մեր հայ մանուկ-պատանիին խիզախութիւնն ու ուշիմութիւնն էր: Տեսայ հայ պատանին, որ արթուն է եւ գիտէ, թէ ինք ո՛վ է եւ ի՛նչ կ՛ուզէ, թէկուզ` իր պատանեկան պրիսմակէն: Այս բոլոր իրականութիւններն են, որոնք ինծի լաւատեսութեամբ ներշնչեցին, թէ` ունինք հայ նոր հասակ առնող սերունդ մը, որ ուժ է, եւ որ ուժ կրնայ դառնալ: Ուժը` ոչ ֆիզիքական եւ կամ թիւի հաշուարկով: Ֆիզիքականը եւ թիւը իրենց տեղը եւ կարեւորութիւնը կրնան ունենալ: Ուժը նոյնքան մտաւոր եւ իմացական իմաստով: Ուժը, որ կրնայ շատ բան աւելցնել հայուն արժէքի կեանքին, եւ որով կ՛ունենանք նոր սերունդ մը` հայ եւ քրիսոտնեայ: Այս գործընթացն է, որ պիտի յանդգնինք կոչել ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ: Հայապահպանումը կը շինուի եւ կը կերտուի: Շինուելու եւ կերտուելու այս գործընթացներուն գրաւականը ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւնն է: Դաստիարակութիւն մը, որ հայը կը կերտէ եւ կեանքի մէջ արժէքներ կը շինէ, կը պահէ ու կ՛ապահովէ հայուն պատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթը:

Հայապահպանումը հայը հայ պահելու մէջ չէ միայն: Հայապահպանումը կեանք է: Հայը կ՛ապրի իր կեանքը անհատական, ընտանեկան ու, տակաւին, ընդհանրական իրականութիւններու մէջէն: Այս իմաստով հայապահպանումը ինքնամփոփ եւ ինքնիր մէջ ապրուած իրականութիւն մը չէ: Ան կը բացուի շրջապատին ու աշխարհին եւ կը վկայէ, բայց նաեւ իր ներդրումը կ՛ունենայ մէկ կողմէ ներհայկական իմաստով, բայց նոյնքան նաեւ` համամարդկային իրականութիւններու մէջէն: Ահա թէ ինչո՛ւ հայապահպանումը արդիւնք է ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան, որ կը շինէ ու կը կերտէ հայը եւ անոր կեանքը իր ամբողջական հասկացողութեան մէջէն:

Այս տարի կ՛ոգեկոչենք Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը: Ցեղասպանութիւնը, որ թէեւ հայուն պատմութիւնը լեցուց արեամբ, ցաւով, ողբերգութեամբ եւ մարդկային, հողային եւ մշակութային ահաւոր կորուստով, բայց եւ այնպէս չկարողացաւ ընկրկեցնել հայը: Հայուն պատմութիւնը շարունակուեցաւ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի, որովհետեւ հայը հաւատաց, որ ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւնը ամուր հիմքը կը կազմէ իր գոյատեւման: Եթէ հայուն համար Տէր Զօրը եղաւ մէկ կողմէ «մահուան շուքի ձոր», այդ եղաւ նոյնքան նաեւ կեանքի մեկնակէտ:

Հայը Տէր Զօրէն սկսաւ գիտակցիլ, որ իր կեանքը պիտի շարունակէ ապրիլ` անկախ իրեն վիճակուած պատմութեան դժուար եւ դժբախտ ճակատագրէն: Հայկական կեանքը ապրելու այս դաստիարակութիւնը սկսաւ նոյնինքն Տէր Զօրէն, անցաւ հիւղաւաններէն եւ մինչեւ այսօր կ՛ապրի սփիւռքեան տարբեր իրականութիւններուն մէջէն: Դաստիարակութիւնը, որ հայը կերտեց, նաեւ սորվեցուց, թէ պէտք է ապրի իբրեւ հայ եւ հայօրէն իր ներդրումը ունենայ ազգային ու համամարդկային ընդհանրական կեանքեր կերտելու առաքելութեան մէջ:

Հայապահպանման հիմքը դաստիարակութիւնն է: Ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, որ պիտի կերտէ հայ միտքը, հայ մարդը` իր ազգային, մշակութային եւ պահանջատիրութեան արժէքներու ինքնութեամբ եւ քրիստոնէական ու հոգեւոր գիտակցութեամբ: Հայ մարդը իր ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու գիտակցութեամբ է, որ պիտի պահպանուի: Հայապահպանումը գործընթաց է, ուր հայը կը մեծնայ եւ կը սորվի իր ազգային ու քրիստոնէական արժէքները: Եթէ սփիւռքի տարածքին հայը շինեց եկեղեցի, բայց նաեւ` դպրոց, մամուլ, ակումբ ու տակաւին: Այս բոլորը կը միտէր հայապահպանումի անհրաժեշտութեան, եւ մինչեւ այսօր ալ այդպէս է:

Հայապահպանումը միայն սփիւռքեան օրակարգ եւ պարտաւորութիւն չէ: Հայապահպանումը այժմէական եւ կարեւոր է Հայաստանի ու Արցախի համար: Հայերէն սորվիլն ու խօսիլը կարեւոր են, բայց բաւարար չեն: Հայը պիտի սորվի իր ազգային արժէքները եւ պիտի պահէ ու կերտէ զանոնք: Հայրենի իրականութեան համար այս պիտի նշանակէ Հայաստանի եւ Արցախի պետականաշինութիւն` քաղաքացիական, ընկերային, ազգային եւ բարոյական արժեչափերով: Պետութիւն կը շինուի, երբ կայ գիտակցութիւնը ազգային, քաղաքացիական եւ բարոյական արժեչափերու: Այս բոլորը կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել, երբ կայ համապատասխան դաստիարակութիւնը:

Հայաստանի եւ Արցախի անկախացումէն ասդին` որքանո՞վ կրցանք պետութիւն հիմնել: Անկախ ու անկախացած պետութիւն ունենալը լաւ է եւ անհրաժեշտութիւն` ազգի մը գոյատեւումին համար, բայց այդ բաւարար չէ: Ազգը եւ երկիրը գոյատեւելով չէ, որ կ՛ապրի: Անհրաժեշտ է երկիրը, պետութիւնը եւ պետականութիւնը զարգացնել այնպէս, որ հոն ազգային եւ քաղաքացիական ամուր արժեչափերը տնօրինեն մեր հաւաքական կեանքին: Սխալած պիտի չըլլանք, երբ ըսենք, որ շատ յաջողութիւններ չարձանագրեցինք մեր անկախ պետութիւնը զարգացնելու մարտահրաւէրին մէջ:

Պետութիւն հասկացողութիւնը եթէ մէկ կողմէ պիտի ընդգրկէ կառավարական վարչամեքենան, բայց նոյնքան նաեւ` երկիրը եւ իր հաւաքական, ընկերային կեանքերն ու կառոյցները: Հաւաքական կեանքը, ուր ազգային եւ մշակութային արժէքները սակարկելի չեն երբեք: Բարոյական եւ կենցաղային կեանքի գիտակցութիւնը, ուր հայը պիտի սորվի զանազանել ճիշդը սխալէն, վատը լաւէն, բարին չարէն: Պիտի սորվի, թէ կաշառակերութիւնը մեղք է, եւ որ երկիր կը քանդէ, թէ կեանքի նկարագիրը պէտք է կերտել քրիստոնէական արժեչափերու վրայ, եւ որուն մէջէն կը շինուին հաւաքականութիւն եւ պետութիւն: Պետականաշինութիւնը այս իմաստով պիտի ընդգրկէ կերտել երկիր` իր հաւաքականութեամբ: Երկիր եւ հաւաքականութիւն կերտելու համար պէտք ունինք ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան:

Մեր նախահայրերը, որոնք անցան Ցեղասպանութեան դժոխքին մէջէն,  չբաւարարուեցան միայն ապրելով: Անոնք հաւատացին, որ իրենց այդ դժոխային կեանքի մէջէն պիտի վերապրին եւ վերապրեցնեն հայը: Անոնք հաւատացին հայապահպանումի տեսլականին: Այդ ընելու համար հաւատացին ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան:

Արժէ այսօր փորձ մը ընել եւ համեմատել ներկայ հայկական իրականութիւնը` հայրենի եւ սփիւռքեան իր բոլոր ճգնաժամերով ու մարտահրաւէրներով, Ցեղասպանութեան եւ տարագիր մեր նախահայրերու ապրած դժուարին օրերուն հետ: Եթէ մեր ներկայի օրերը ունին իրենց իւրայատկութիւնները, բայց արժէ հարց տալ. «Արդեօք հայուն ապրած ցեղասպանութիւնը աւելի նուա՞զ տագնապալի էր, քան այն, որ մենք այսօր կ՛ապրինք»:

Հայը տոկաց Ցեղասպանութենէն ետք: Ան ոչ միայն տոկաց, այլ կերտեց ու շինեց հայը եւ հաւատաց հայապահպանումի առաքելութեան: Այս կրցաւ ընել, քանի որ կառչեցաւ ազգային դաստիարակութեան, որ ապահովեց հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը:

Հայը այսօր ալ պարտի ընել նոյնը: Մեր շատ մը դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջէն պիտի տեսնենք, թէ հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը իր ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան մէջ է: Դաստիարակութիւն մը, որ հայուն ազգային եւ քրիստոնէական կեանքի արժէքները պիտի կերտէ եւ շինէ: Արժէքներ, որոնք չեն սակարկուիր: Արժէքներ, որոնք պատմութիւնը կը կերտեն եւ կը զարգացնեն:

«Ես հայ եմ»:

«Ես քրիստոնեայ եմ»:

Հայ փոքրիկները եւ պատանիները կը հաւատան այս արժէքին:

Ես ասիկա ոչ միայն լսեցի իրենցմէ, այլ նաեւ տեսայ:  Տեսայ իրենց մատղաշ հոգիները եւ հայօրէն տրոփող սրտերը: Այս մատղաշ հոգիները եւ տրոփող հայու սրտերը պէտք է որ կերտենք եւ շինենք:  Իսկ կերտելու եւ շինելու համար պէտք է հաւատանք դաստիարակութեան: Հայապահպանումի դաստիարակութիւնը` իր ազգային եւ քաղաքացիական պարունակներուն մէջէն:

Հայապահպանումը` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք:

Այս հայապահպանումը եւ անոր դաստիարակութիւնն է, որ հայուն կեանքի պատմութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովեն:

Քուէյթ

Նախորդը

Հոգիով Զինաթափ Չըլլալ (Խոհեր` Ապրիլ 24-ի Առիթով)

Յաջորդը

Ապրիլ 24-ին Առիթով. Մեծ Եղեռնի Արժեւորման Հետքերով (Հայրիկիս Մի Նամակը` Ուղղուած Առ Որ Անկ Է)

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?