Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահը Մեղայի…Պահը Հատուցման

Ապրիլ 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Թուրքին

Դա՜ր է անցեր արդէն
Այն մեծ ողբերգութենէն,
Երբ ճիւաղային ծրագրով մը մոլեգին
Յօշոտեցիք
գլխատեցիք
կոտորեցիք
Մերկ եաթաղաններով անմեղ արիւն հոսեցուցիք,
Արեան անապատներուն մէջ թաղեցիք,
Եփրատի ջուրերուն մէջ ողջ-ողջ խեղդեցիք,
Հորերուն մէջ մեզ ողջ-ողջ սպաննեցիք,
Ցեղը մեր վերածեցիք մարդկային խլեակի,
Մեր պատիւն ու նամուսը վերածեցիք քուրջի,
Ծիծաղեցաք
նզովեցիք
քրքջացիք
Հայուն հարցը լուծա՜ծ ըլլալու գոռոզութեամբ յոխորտացի՛ք
Ու մեզ վերացուցած ըլլալու երանութեամբ`
հանգի՜ստ ննջեցիք…

Դա՜ր է անցեր այն օրէն,
Երբ դուրս շպրտեցիք մեզ մեր բնօրրանէն,
մեր պապերուն հայրենիքէն,
Մեր արտերէն
Լեռներէն
Տուներէն վտարեցիք դուրս,
Քանդեցիք հիմնայատակ օճախները մեր հաւատքի,
Մեր տուները շէն` վերածեցիք ախոռի,
Մշակոյթի մեր կոթողները կործանեցիք,
Հազարամեայ մեր հողերը խլելով`
Անէծքի ու ատելութեան թոյն փսխեցիք,
Ու դարձաք տէ՜րը Հայոց աշխարհին,
Կարծեցիք` լուծա՜ծ ըլլալ մղձաւանջ մը անբուժելի:

Դա՜ր է անցեր այն օրէն,
Երբ պատմութիւնը նենգաբար խեղաթիւրեցիք,
Երբ մեր ցաւը խոր` հեգնեցի՛ք,
Ձեր ցեղի ցեղասպան արարքը նկատեցիք երեւակայածի՜ն,
Ու ազնիւ պայքարն հայուն` ահաբեկչութի՜ւն ձաղկելի…

Մերժեցիք ձայնը արդարութեան,
Թաղեցիք ձեր անցեալը արիւնարբու,
Լռութեան մատնեցիք խիղճը մարդկութեան,
Ու արեան մեր կանչերը վերածեցիք բարբանջանքի:

Դա՜ր է անցեր այն օրէն,
Երբ խորացաւ վիհը ատելութեան,
Աճեցան կիրքերը թշնամական,
Երբ մեր պապենական տուներէն մեզ արմատախիլ ըրած`
Դրժեցի՜ք մեր ժողովուրդի իրաւունքն անոր վրայ,
Երբ մեր մայրերուն, հայրերուն սպանդը դաժան
Նկատեցիք վրէժխնդրութիւնը բնութեան,
դժբախտ պատահար բնական,
Եւ կրկնակի սպաննեցիք անոնց հոգին պայծառ,
անոնց յիշատակն անմար,
Ենթարկելէ ետք զանոնք հաշուեյարդարի ամբողջական:

Բայց մենք հաւատացի՜նք մեր պապերու արեան կանչին,
Անոնց ցաւատանջ աճիւններուն լո՜ւռ աղաղակին,
Արդարութեան անխուսափելի՛ յաղթանակին…

Յուսացինք, որ սերունդները յաջորդական,
պիտի հուսկ գիտակցին`
Անցեալի ցեղասպան ձեր արարքը հրէշային,
Զոր ձեր պապերը գործադրեցին խաղաղասէր իմ ցեղին.
Հաւատացինք այն օրուան`
Երբ ճշմարտութիւնը լուսաբացի նման պիտի շողայ
Ձեր, մե՜ր…երկնակամարին վրայ`
Վոսփորէն մինչեւ Անի ու Կարս…

Ո~վ թուրք սերունդներ նոր ժամանակի,
Մեր ճանապարհը եղաւ ատելութեամբ լի,
արիւնով խաչաձեւուած.
Մեր ճակատագիրը դարձաւ դաժան, արիւնաբորբ,
Մեր նախնիներու ցաւը, տառապանքը ընդմիշտ բաժնած,
Մեր հաւաքական յիշողութիւնը կը մնայ անտեղիտալի,
տիրական ինչպէս երէկը վառ,
Ու մեր ցաւը գերազանց` կոտտացող վէրք մը խոր…

Ա՜լ կը բաւէ ատելութիւնն այս վերածէ ձեզ կոյրի.
Ժամն է արութեան ու ճշմարտութեան,
Ժամն է անցեալի ձեր մեղքերուն քաւութեան…

Մենք դեռ անձկութեամբ կ՛ուզենք հաւատալ,
Որ թուրքը պիտի ծառանայ ամօթի ճահիճներէն,
Որ թուրքը պիտի ցանկայ իր էութիւնը թարախակալած`
Անցեալի մեղքի ու վէրքի սպիացման:

Դուք այլ ուղի չունիք, բացի մեղայէն,
Դուք այլ ընտրանք չունիք, բացի զղջումէն,
Դուք խաղաղութիւն չունիք`առանց հատուցման,
Արդա՜ր հատուցումէն մեր ցեղին…
Մեր պապենական հողերու անկորնչելի մեր իրաւունքին`
Մենք ի վերջոյ պիտի հասնինք…եղէ՛ք վստահ,
Մեր նահատակներուն արեան գինը պիտի հատուցէք`
Դարերը վկայ մեր յամառ կամքին ու կորովին:

Առ այդ` եղէ՛ք վստահ,
Մենք յամառօրէն պիտի կառչինք արդարութեա՜ն
հարիւրամեայ մեր գոռացող պայքարին,
Մենք պիտի դիմադրենք մոռացութեան տալու
հին թէ նոր բոլոր խարդաւանքներուն,
ինչ պատմուճանով ալ անոնք գան,
Մենք պիտի չմոռնա՜նք Տէր Զօրի սրտակեղեք ճիչերը
նոր ժամանակներու երկդիմի կոչերուն դիմաց,
թէկուզ փոշիացնէք խորհրդանիշն այդ սրբազան.
Մենք պիտի շարունակենք մեր անշեղ ճանապարհը,
Մինչեւ որ թուրքը ճանչնայ իր ցեղասպան անցեալը,
Մինչեւ որ թուրքը ընդունի իր գործած Մեծ եղեռնը…
Մինչեւ որ թուրքը հատուցէ մեր հայրենի հողը,
Մեր սրբազան Արարատը վեհապանծ,
Այդ դուք գիտէ՛ք, գիտէք շատ քաջ:

Վաղ թէ ուշ
Պիտի գայ պահը մեղայի…
Պահը հատուցմա՛ն…
Եղէ՛ք վստահ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Ապրիլ 2022)

Յաջորդը

Հայկական Սովորական Պատմութիւն Այրիացած Կիներու Անմականուն Զաւակներուն Սերունդը (Նուիրուած` Խաթունի Ղազարին Ծննդեան 115-ամեակին)

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?