Յարգա՛նք Ձեզի` Գրիչով Ու Խօսքով Սպառնալիք Նկատուած Նահատակ Լրագրողներ
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Կեանքին մէջ բազում են ըսուող ու լսուող արտայայտութիւնները, որոնք իրենց ծնունդէն երկվայրկեաններ ետք ալ պղպջակի մը նման կը պայթին ու կ՛անհետանան` առանց հետք ձգելու: Կեանքին մէջ բազում են նաեւ ըսուող ու լսուող արտայայտութիւնները, որոնք իրենց ուժգնութեամբ, իմաստային խորութեամբ եւ յատկապէս տուեալ պայմաններու ու ժամանակին համընկնելու հանգամանքով կը խորասուզուին մարդու էութեան, մտքին ու հոգիին մէջ` երբեմն զինք տագնապեցնելով, երբեմն`...




















