Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշարձանի Մը Ջահը, Որ Վաղուց Շիջած Է Արդէն (6 Մայիս)

May 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Իր ծնունդէն ի վեր Լիբանանը
ժողովուրդ է առանց պետութեան»


Զօր. Ժամիլ Սայետ

(Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, 17-4-2026)

Անկեղծ ըսած, նախքան ստեղնաշարին գլուխ անցնիլը, կ՛ուզես վերյիշեցման կարգով` աչք մը նետել նախորդ տարիներու արխիւիդ, վերյիշելու յատկապէս տուեալ նիւթի մը մասին գրածներդ, օրին արձանագրուած մտքերն ու վերլուծելու եղանակը եւ այլն:

Ինչո՞ւ, պարզապէս որովհետեւ հրապարակագրութեան անդաստանէն ներս բազում անգամ արծարծուած թեմա մը այնքան շատ մելան հոսեցուցած կ՛ըլլայ եւ նոյնքան` սպառած, որ մարդ սապէս կը տատամսի կրկին անոր անդրադառնալու եւ կամ նորովի բան մը ըսելու:

Այո՛, կը տատամսիս, որովհետեւ կ՛ապրիս Լիբանան կոչուած հողատարածքի մը վրայ, որ աւելի քան հարիւր տարի է ենթակայ է օտարի այլազան ճնշումներուն եւ քաղաքական ձեւաւորումներուն ու չէ կրցած իր սեփական պետականութիւնը ամուր հիմերուն վրայ կառուցել:

Պետականութիւն, որ զերծ ըլլայ լպիրշ համայնքայնութենէ, աւատապետի թէ աւազակաբարոյ քաղաքական այրերէ, որոնք պատուհաս են դարձեր այս երկրին ու ժողովուրդին, որ իր կարգին կը տառապի պառակտումէ, ինքնաքայքայումէ:

Ի դէպ, արխիւային պրպտումի ատեն, գրութիւններուս մէջ ի յայտ եկան մտածումի երկու տարածք, մէկը` կը վերաբերի թեմայի պատմական յիշողութեան ընդգծումին, միւսը` տուեալ ժամանակի մէջ շեշտադրուած քաղաքական կեցուածքին, ընդգծումներուն, նորովի իրադարձութեանց եւ ժողովրդական ընկալումներուն:

Ճիշդ է, որ այս պարագային խօսքը կը վերաբերի պատմակշիռ թուականի մը` 6 մայիս 1916, որ արձանագրուած է Լիբանանի պատմութեան մէջ իբրեւ ոգեկոչում օսմանցի թուրքերու ձեռամբ կախաղան բարձրացուած (սուրիացի ու լիբանանցի) արժանաւոր քաղաքացիներու` գրող, մտաւորական, լրագրող, ազատատենչ մարդիկ, որոնք օրին իրենց ձայնը բարձրացուցած են բռնատիրութեան, հալածանքի ու խողխողումներու դէմ, այդուհանդերձ, յիշեալ դիպաշարը ժամանակի ընթացքին կորսնցուց իր իմաստը եւ դարձաւ օրացուցային թուական մը, որ ոչինչ կ՛ըսէ նորահաս սերունդին:

Պատճա՞ռը` յստակ ու մեկին, քաղաքական իրադարձութիւններու, անձնական շահերու եւ ապազգային վարքագիծերու տակաւ երեւան գալն էր, այլապէս թրքական պետութեան հաճելի ու բարեկամ թուալու` կարգ մը լիբանանցի պետական այրերու տկլոր ու ապաբարոյ հաշիւներուն ընդառաջ:

Իրօք, ի հեճուկս ազգային ըմբռնումներու եւ արժանապատուութեան, փորձեր կատարուեցան` յաջողապէս, վերոնշեալ թուականը իմաստազրկել, իսկ տուեալ դիպաշարին խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձանը իր հմայքէն եւ հնչեղութենէն լիովին պարպել` զայն դարձնելով սոսկ քարակերտ պատուանդանի վրայ կառուցուած մետաղէ յուշակոթող մը, որ կանգնեցուած է յիշելու եւ յիշեցնելու թուրքի եաթաղանն ու կախաղանը, ինչպէս նաեւ` Լեռնալիբանանի տարածքին կատարուած սովամահութիւնը:

Փաստօրէն, մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումը (1975), Պուրճի հրապարակին վրայ կանգնեցուած Նահատակաց յուշարձանը վայելած է լիբանանցի ժողովուրդին յարգանքը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մայիսի 6-ին հոն` այդ յուշարձանին շուրջ, տեղի կ՛ունենային ձեռնարկներ` յիշելու, ոգեկոչելու եւ արժանին մատուցելու նահատակներուն, որոնք թուրքին դէմ պայքարի խորհրդանիշ դարձեր էին:

Արդար է մատնանշել, որ լիբանանահայութիւնը միշտ ալ իր մասնակցութիւնը բերած է այդ ձեռնարկներուն` բարձր պահելով իր քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու պատկանելիութեան զգացումը:

Ու պատահեցաւ, յատկապէս Լիբանանի յետպատերազմեան շրջաններուն, շատ անգամ, որ լիբանանահայութիւնը առանձինը կազմակերպէ ձեռնարկներ, նոյնինքն լիբանանցիին յիշեցնելու անոր նախնեաց նահատակութիւնն ու այս թուականին տէր կանգնելու ազգային գիտակցութիւնը:

Ու վերջին տարիներուն, կարծես, այս պատմական թուականը մոռացութեան տրուած է, եւ կամ զայն վերածած են սովորական, անբովանդակ տարեթիւի մը:

Վերջին տասնամեակներուն Լիբանանը դէմ յանդիման է պատերազմներու եւ նորովի քանդումներու: Բազմաչարչար լիբանանցին կը նահատակուի ամէն օր:

Ի զուր կը հնչեն այս կամ այն կողմի միասնականութեան եւ ողջախոհութեան յորդորները: Լիբանանցիութիւնը խօսքի ու ցանկութեան պիտակ է եղած, իսկ այս երկրին պատկանելիութիւն ցոյց տալու քարոզները` լոկ աչքի փոշի ցանելու կը ծառայեն ըստ ամենայնի:

Պառակտումի սերմերը, ատելավառ մօտեցումներն ու անհանդուրժողութիւնը ի սպառ թաղած են Նահատակաց յուշարձանի պատգամը: Օտար ուժերու քանդիչ եւ սարսափազդու քաղաքական լկտիութիւնը ցարդ չէ սթափեցուցած լիբանանցին, որ կը յաւակնի իր դարաւոր պատմութեամբ, մշակոյթով եւ կեանքը սիրելու մարմաջով:

Լիբանանցին, վերեւի հպարտութեան առընթեր, այլապէս մոռացումի շղարշին ներքեւ կ՛անգիտանայ Նահատակաց յուշարձանի թելադրութիւնը, ոգեղինութիւնն ու ներկայութիւնը, նոյնիսկ` հոն բարձրացուած ջահը, որ վաղուց անտի շիջած է եւ ենթակայ` անկանխատեսելի փոթորիկներու:

Անցեալէն ժառանգուած ու ներկայի վրայ տարածուող փոթորիկներ, որոնք խնդրոյ առարկայ կրնան դարձնել Լիբանանը` սպառնալով անոր գոյութեան:

Կը յիշեմ, որ այս պատմական թուականին (մայիսի 6) առիթով գրուած մէկ գրութեանս իբրեւ պատասխան, հայորդի մը ե-նամակով կը յայտնէր իր մտածումը, սապէս «ցասկոտ» ոճով մը, թէ ինչո՛ւ մենք` լիբանանահայերս, ամէն առիթի կը յիշենք այս տարեթիւը, ցոյց տալով պապէն աւելի պապական վարքագիծ մը, երբ նոյնինքն լիբանանցին մոռացութեան տուած է զայն:

Անոր միտք բանին` քաղաքական իրապաշտութիւնն է եղեր:

Թէեւ յապաղած, ինքնավստահ կը պատասխանենք, որ լիբանանահայութիւնը շնորհիւ իր ազգային արժանապատուութեան գիտակցութեան, պատկանելիութեան եւ երախտագիտական կեցուածքին, պարտաւոր է համայն մարդկութեան յիշեցնել թուրքի մարդակեր պահուածքը, բարբարոսութիւնն ու հայատեացութիւնը:

Եթէ երբեք յուշարձանին ջահը պատմական յիշողութիւնը կայտառ պահելու կը միտի, այլապէս ալ անոր իմաստի վերաջրդեղումը պիտի նպաստէ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան:

Դաստիարակութիւն, որ պատմութեան գիրքերէն դուրս գալով` այցելութիւն տալ է Նահատակաց յուշարձան եւ ծաղիկներ խոնարհեցնել անոր դիմաց:

Որպէսզի քաղաքական իրապաշտութիւնը անբովանդակ վարքագիծ եւ մտքի դալկութիւն չըլլայ, ապա պատմական յիշողութեան վերաթարմացումը աւելի քան հրամայական է, անփոխարինելի եւ այժմէական:

 

 

Նախորդը

Պատմութիւնը Կը Կրկնուի՞… Երկու Ժողովուրդներ` Գոյապայքար Եւ Վերածնունդ Արժանապատիւ Պայքար

Յաջորդը

Վեհաժողով, Գագաթնաժողով Եւ Պետական Այց Ընտրութեան Նախօրէին

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.