Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 1-ը` Աշխատաւորներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Օր

May 1, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս 1-ը աշխատաւորներու միջազգային օրն է եւ կը տօնուի աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ:

Առաջին անգամ 1886-ին ամերիկացի եւ քանատացի աշխատաւորներ ցոյց կազմակերպեցին` ութժամեայ աշխատանքի պահանջով:

Շիքակոյի մէջ ցոյցը ցրուելու ընթացքին կատարուած գործողութիւններուն պատճառով զոհուեցան ցուցարարներ եւ ոստիկաններ:

Երկրորդ միջազգայնականը  1889-ին որոշեց ամէն տարի մայիս 1-ին հանրահաւաքներ կազմակերպել:

Երկրորդ Միջազգայնականի որոշումը գործադրուեցաւ 1890-էն սկսեալ:

Ժամանակին, ինչպէս աշխարհի տարբեր երկիրներու, նաեւ Լիբանանի մէջ մայիս 1-ի ցոյցերուն առիթով  բախումներ արձանագրուած են աշխատաւորներու եւ ոստիկաններու միջեւ:

Մայիս 1-ի աշխատաւորներու տօնին առիթով, «Ազդակ» խմբագրականներով եւ յօդուածներով պաշտպանած է աշխատաւոր ժողովուրդին իրաւունքները: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտած է աշխատաւորներու մարդավայել կեանք ապրելու իրաւունքը:

«Ազդակ» մատնանշած է, որ թէեւ բարելաւուած է աշխատաւորին վիճակը, սակայն անհրաժեշտ են աւելի հիմնական քայլեր:

Ստորեւ կը հրապարակենք 30 ապրիլ 1970-ին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած «Մայիս 1» խորագրեալ յատկանշական ու դիպուկ խմբագրականը:

———————

Խմբագրական.

Մայիս 1

Աշխատաւոր մարդուն օրն է վաղը: Իր իրաւունքներուն բարձր գիտակցութեան հասած դասակարգի մը տօնը, որ այլազան հանդիսութիւններով եւ հրապարակային ելոյթներով կը նշուի գրեթէ ամէնուրեք` ընկերային արդարութեան յատուկ առաւել նուաճումներու առաջադրութեամբ:

Քսաներորդ դարու սկզբնական տարիներէն մինչեւ այսօր, միջազգային աշխատաւորութիւնը բազմաթիւ յաջողութիւններ արձանագրեց` նիւթական եւ բարոյական նկատառելի բարելաւումներ մտցնելով իր առօրեայէն ներս:

Աշխատաւորական իրաւունքներու ճանաչումը առանց դժուարութեան տեղի չունեցաւ: Տեղ-տեղ արիւնալի բախումներ պատահեցան բանուորներու եւ տիրող դասակարգերու շահերուն պաշտպան իշխանութիւններու միջեւ: Այլուր, աւելի իմաստուն քաղաքականութեամբ մը, նոյն իշխանութիւնները աստիճանաբար գոհացում տուին յարաճուն պահանջներու: Ու այսօր, իրականութիւնը այն է, որ եօթանասուն տարուան ընթացքին, պայմաններու հոլովոյթին զուգընթաց, աշխատաւորութիւնը բաւական երկար ճամբայ կտրած է` տէր կանգնելով իրաւունքներու, որոնք մարդավայել կեանքի մը հնարաւորութիւնները ստեղծած են իրեն համար:

Դրամատիրական կարգերը այսօր այն չեն` ինչ որ էին տասնամեակներ առաջ: Տեղ մը

յեղափոխութեամբ, այլուր բնական բարեշրջումով, աշխատաւոր դասակարգերը ոչ միայն ընկերային կեանքի աւելի լաւ պայմաններ ստեղծած են, այլ նաեւ դարձած են հսկայական ուժ մը, որուն խօսքն ու դիրքը կշիռ ունին որեւէ երկրի ընդհանրական կեանքին զանազան մարզերէն ներս:

Մեր խօսքը մասնաւորելով Լիբանանին, եթէ աչքի առաջ ունենանք վերջին տասնամեակի իրագործումները` ուրախութեամբ կը նկատենք, որ այս երկրին մէջ, զգալապէս բարելաւուած է աշխատաւորներու նիւթական վիճակը, թէեւ տակաւին ենթակայ տնտեսական կեանքի վերիվայրումներուն, կարօտ` հիմնական բարեշրջումներու եւ արդար գոհացումներու:

Անկախութեան յաջորդող առաջին երկու տասնամեակներուն, շատ բնական է, իբրեւ նորակազմ երկիր, Լիբանանին պակսեցաւ հնարաւորութիւնը անհրաժեշտ լրջութեամբ եւ հետեւողականութեամբ զբաղելու բանուորական պահանջներով: Ինչ որ կատարուեցաւ` իր վրայ կը կրէր հապճեպ կարգադրութիւններու կնիքը, հետեւաբար` թերի ու անկատար:

Կը կարծենք, թէ ժամանակը եկած է աւելի հիմնական միջոցառումներու, որոնց նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ պատասխանատու իշխանութիւններէն եւ մարմիններէն, առանց սպասելու ընկերային պահանջներու ալիքի մը, որ կրնայ դժուարութիւններու մատնել երկրին տնտեսական կեանքը: Այս պարագային, ազգային եկամուտի աւելի արդար բաշխում մը կրնայ առաջքը առնել շատ մը անպատեհութիւններու, մանաւանդ արգելք հանդիսանալ վնասակար եւ աւերիչ շարժումներու, nրոնք ընկերային պահանջներու քողին տակ, քաղաքական հեռանկարներ ունին, անյարիր Լիբանանի ինքնուրոյն դիմագծին եւ լիբանանցի ժողովուրդին հիմնական ձգտումներուն եւ նախասիրութիւններուն:

Վաղուան տօնակատարութիւնները առիթ պէտք է ըլլան, որպէսզի լիբանանեան աշխատաւորութիւնը իր ձայնը լսելի դարձնէ պատասխանատուներուն եւ տրամաբանական պահանջներու հիմունքով` աշխատանքի լծուի աստիճանաբար հասնելու համար մակարդակի մը, որ պէտք է ըլլայ բոլորին ձգտումը, անհաճոյ անակնկալներ չունենալու համար:

Նման անակնկալներ պատահեցան այլ երկիրներու մէջ, ուր տուժեցին բոլորը, թէ՛ գործատէրը եւ թէ՛ աշխատաւորը, որմէ խլուեցան իր ամէնէն տարրական իրաւունքները, մինչեւ իսկ գործադուլի իրաւունքը: Եւ այս` յանուն աշխատաւորութեան, բայց ի վնաս անոր:

 

 

Նախորդը

Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Մայիս Մէկ, Պայքարի Խորհրդանիշէն` Իմաստի Շեղում

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.