Յօդուածներ

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Յարատեւ Պայքար» Պատկերագիրքին Շնորհահանդէսը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կայացաւ նկարիչ,  քանդակագործ, ազատամարտիկ Աշոտ Աւագեանի «Յարատեւ պայքար» պատկերագիրքին շնորհահանդէսը: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած պատկերագիրքը երկլեզու է` հայերէն եւ անգլերէն: Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Ա. Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան` համազգայնականներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան...

Քեսապցի Տարագիր Հայերուն Սալթէն Խուճապահար Փախուստը Դէպի Յորդանան Գետի Հովիտը

Քեսապցի Տարագիր Հայերուն Սալթէն Խուճապահար Փախուստը Դէպի Յորդանան Գետի Հովիտը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սալթ Սալթի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ տեղաւորուած Քեսապի տարագիր հայութիւնը գոյութեան շատ դժուարին պայմաններ կը դիմագրաւէր: Սովը եւ հիւանդութիւնները ամէն օր նորանոր զոհեր կը խլէին: Սովը ոմանք խելացնոր վիճակի հասցուցած էր: Ուտելիք բան մը գտնելու համար մարդիկ դաշտերը կը շրջէին, բայց յաճախ բան մը չէին կրնար գտնել: Առաւօտները յաճախ մեծ ու պզտիկ կը հաւաքուէին եւ դէպի արեւելք դառնալով,...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշի. Յաղթանակի Եւ «Պարտութեան» Վկան

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշի. Յաղթանակի Եւ «Պարտութեան» Վկան

Շուշիի ազատագրումը հայ ժողովրդի նորագոյն պատմութեան հերոսական էջերից է: Տասնամեակներ շարունակ հայրենիքում եւ սփիւռքում ապրող սերունդները մեծացել են կորուսեալ հայրենիքի ցաւով, պատմական անարդարութեան ծանր բեռով: Արցախեան ազատագրական պայքարով հայ ժողովուրդը կարողացաւ ապացուցել, որ նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններում հնարաւոր է ոտքի կանգնել, համախմբուել եւ կերտել յաղթանակ: Այդ օրերին Արցախը, Հայաստանը եւ սփիւռքը մէկ բռունցք էին դարձել: Հայ ժողովուրդը միաւորուել էր մէկ նպատակի...

Սուրբ Զատիկին Յաջորդող Խոհ Մը.  Աստուած Մեր Ապաւէնն Է Բոլոր Նեղութիւններուն Մէջ

Մայրերու Օրուան Առթիւ Առաքինի Մօր Խրատը Իր Զաւակին

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Ամէն տարի, 10 մայիսին, արեւմտեան կողմն աշխարհի Մայրերու օրը կը տօնուի: Այս օրերուն միջեկեղեցական ժողովներու համար Հռոմ կը գտնուիմ, եւ երէկ ամէնօրեայ աստուածաշնչական ընթերցումներուս ընթացքին կարդացի Առակներ 31-ը, որուն լոյսին տակ կը կատարեմ այս խորհրդածութիւնը: Լեմուէլ թագաւորին մայրը կը խրատէ իր զաւակը: Լեմուէլ անունը «Աստուծոյ նուիրուած» կը նշանակէ. ան աստուածաշնչական անյայտ թագաւորի մը կ՛ակնարկէ հոս: Ոմանք կ՛ենթադրեն,...

Սարգիս Զէյթլեան` Ամենաղեկավարի Պատուանդանին

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Ղեկավարութիւնը արհեստ կամ մասնագիտութիւն չէ՛, որ արհեստավարժութեան վերածուի կամ անով պսակուի. ղեկավարութիւնը Արուեստ է, ինչպէս ե՛ւ ղեկավարը արուեստագէտ է` իբրեւ մարդկային հոգիի եւ մարդկային ու ազգային ընկերութեան կերտի՛չ, ճարտարապե՛տ, տեսանո՛ղ, առաջատա՛ր ուժականութիւն: ... Ղեկավարը բարոյական նկարագիր է ամէնէն առաջ, համադրող ու առաջամղիչ կամք է յետոյ, բազմակողմանի, լայնահորիզոն ու ստեղծագո՛րծ միտք է ապա, տեսանո՛ղ է ու ներշնչո՛ղ` իբրեւ իր...

Ոտնակոխ Տունը

Աւանդը Մանկապատանեկան Բեմի Վրայ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Գրիգոր Տեկիրմենճեան» նորակազմ մանկապատանեկան թատերախումբը Կարէն Տարագճեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց թումանեանական հինգ հեքիաթներ: Ներկայ եղած եմ երկրորդ  (չափահասներու) ելոյթին: Հարկ է նախ վկայել բոլոր դերակատարներուն աշխուժ եւ հաճելի կատարումը եւ ակնբախ սէրը թատրոնի հանդէպ: Այդ ինքնին կարեւոր իրագործում է: Դիպուկ եւ ուսանելի էր ա՛յն, որ իւրաքանչիւր մասնակից մարմնաւորած էր առնուազն երկու կերպար: Այդ կրկնակի փորձառութիւն է:...

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Մխիթար Սեբաստացիի  Մահուան 277-Ամեակը Սուրբ Ղազարի Մէջ

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Մխիթար Սեբաստացիի Մահուան 277-Ամեակը Սուրբ Ղազարի Մէջ

Կիրակի, 26 ապրիլին Մխիթարեան միաբանութիւնը նշեց հիմնադիրին` Մխիթար Աբբահօր մահուան 277-ամեակը, ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազարի պատմական գրադարանի դահլիճէն ներս, յաւարտ ս. պատարագի: Ոգեկոչումը կը կատարուի Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի յոբելենական տարուան ծիրին մէջ: Իր բացման խօսքին մէջ Լեւոն արք. Զէքիեան մէջբերեց Հայաստանի յայտնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի (1920-2005) գնահատականը միաբանութեան հիմնադիրին մասին. «Ինչքան հեռանում ենք Մխիթար Սեբաստացու ժամանակներից եւ...

Դուխով Մարդիկ, Զգուշացէ՛ք

Դուխով Մարդիկ, Զգուշացէ՛ք

ՀՐԱՆԴ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ազգայնամոլ պատումներու, նմանատիպ` աւանդական գաղափարաբանութիւններու հանդէպ սկեպտիկ դիրքորոշում ունեցող ղեկավարը անպայմանօրէն բարեբեր կամ թարմացած մտաւորական մը չենք կրնար համարել: Խանգարուած գաղափարաբանական ուղեցոյցով, թատերական նկարագիրով, մերթ` մրմնջալով, մերթ` ճչալով ճառելու, գոռում-գոչիւններով ոգեւորելու տաղանդ ունեցող եւ ստաբանութիւնները սրամտութիւններով քողարկելու շնորհով օժտուած վարչապէտ մըն է Նիկոլ Փաշինեանը: Իր ընկերային ցանցերու վրայ ցուցաբերած աշխուժութիւնը յաճախ շա՜տ շատերու, մանաւանդ միամիտ քաղաքացիներու կողմէ կը...

«Eight Is Enough» – Ութն Բաւ Է

«Eight Is Enough» – Ութն Բաւ Է

ԼՈՒԹՖԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ Երբ ամերիկացիները տարիներ առաջ (1978-1981) նկարահանեցին  կատակերգական պատկերաշար մը` «Eight Is Enough» խորագիրով (որ օրին մեծ ժողովրդականութիւն վայելեց), անոնք կը պատմէին ութ զաւակներէ բաղկացած ընտանիքի մը մասին, ուր ամէն օր խառնաշփոթ կար, աղմուկ կար, բայց նաեւ` սէր, եւ այդ ամէնը` հաճելի եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ: Մնայուն կերպով շուարած հօր դերը ստանձնած  էր դերասան Տիք Վան Փաթընը: Այսօր,...

2026-ի Արդ Եւս-ի Նպաստառուները Յայտարարուած Են

2026-ի Արդ Եւս-ի Նպաստառուները Յայտարարուած Են

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 2026-ի արդ եւս-ի տասը նպաստառուները: Այս տարի եւս ժամանակակից մշակոյթ ձեւաւորողները զայն կը դիտարկեն որպէս ընկերային ենթակառուցուածք` կենդանի ու շնչող ցանց մը, որ արեւմտահայերէնը կը գործարկէ շարժապատկերի, թուային գործիքներու, երաժշտութեան եւ բեմականացման միջոցով: Հայկական համաշխարհային բնապատկերին շարունակ զարգացող պայմաններուն մէջ արդ եւս նպաստի ծրագիրը կը մնայ կենսական հարթակ մը` ժամանակակից ստեղծագործողներուն...

Ինչո՞ւ Կը Լռէ Մայրենին Սփիւռքի Մէջ. Արեւմտահայերէնը Եւ Միջսերնդային Փոխանցման Ընդհատումը

Ինչո՞ւ Կը Լռէ Մայրենին Սփիւռքի Մէջ. Արեւմտահայերէնը Եւ Միջսերնդային Փոխանցման Ընդհատումը

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Ընկերալեզուաբանութեան դոկտոր Երբ հայ ընտանիքի մը մէջ, ուր հայր եւ մայր հայ են, մայրենիի հաղորդակցութիւնը կը նուազի, եւ լեզուն դուրս կը մնայ տնային խօսակցութիւններէն, լեզուի բնականոն զարգացման ընթացքը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ` զայն մղելով զգայուն վիճակի: Լեզուական այս տեղաշարժը ցոյց կու տայ, որ մարտահրաւէրը հասած է մեր ինքնութեան կարեւորագոյն բջիջին` տան: Այսօր ընտանեկան յարկերէ ներս արեւմտահայերէնը կը սկսի...

Ապրիլ 2026-էն Դէպի Ապրիլ 2137

Ապրիլ 2026-էն Դէպի Ապրիլ 2137

ԲԺ. ԱԼԻՆ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ Ամէն տարի ապրիլ 24-ը մէջս երկու հակադիր զգացումներ կը միախառնէ` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում, յուզում եւ ծննդեանս տարեդարձին լուռ ուրախութիւնը: Վերածնունդի փաստ ըլլալու հպարտութեան կը միանայ խոր ծանրութիւն մը: Յիշողութիւնը միայն պատմութիւն չէ, այլ նաեւ` ինքնութիւն: Այս տարի, սակայն, այդ զգացումը տարբեր էր: Թերեւս՛ որովհետեւ սեփական զաւակներուս մէջ կը սկսիմ տեսնել ապագայի արտացոլանքը: Կը սկսիմ աւելի սուր կերպով...

Սիման Եւ Մրջիւնները

Սիման Եւ Մրջիւնները

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Ամէն տարի, երբ ապրիլը կը բացուի, տանս որոշ անկիւնները կը դառնան մրջիւններու սեփականութիւնը: Նախակարապետ հետախոյզները առաջինը կը յայտնուին խոհանոցին ու հիւրասենեակին մէջ. անոնք անշեղ նպատակասլացութեամբ կը քննեն ամէն մէկ ծալք ու անկիւն` սեղանը, հացի տուփը, մինչեւ իսկ աղբամանը... Ապա անոնց կը յաջորդեն բիւրաւոր ուրիշներ: Կը տիրապետեն հիւրասենեակին, կը չափչփեն յատակը` այն բազկաթոռին շուրջ, ուր նստած կը գրեմ, կ’աշխատիմ...

Սուրբ Զատիկին Յաջորդող Խոհ Մը.  Աստուած Մեր Ապաւէնն Է Բոլոր Նեղութիւններուն Մէջ

Սուրբ Զատիկին Յաջորդող Խոհ Մը. Աստուած Մեր Ապաւէնն Է Բոլոր Նեղութիւններուն Մէջ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Աստուծոյ կամքով, հակառակ մեզ շրջապատող ընկերա-քաղաքական ու ապահովական անձուկ պայմաններուն եւ ծուատուած երազներուն, Սուրբ Զատիկն ալ տօնեցինք` սուրբ պատարագով ու հաւկթախաղով եւ ընտանեկան ու բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ: Հիմա յարմար պահն է հարց տալու, թէ Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն հետ ինչպիսի՞ յարաբերութիւն պէտք է մշակենք` Եկեղեցիի եւ բնութեան գարնանաշունչը բերող Քրիստոսի Յարութեան տօնին յաջորդող այս փուլին: Մեր...

Շուշին Մեր Ամրոցն Է (9 Մայիս)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշիի Նահատակներու Նզովքը Ո՞վ Պիտի Կարենայ Մարսել (9 Մայիս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Բեկոր, պատերազմի ընթացքին 11 անգամ վիրաւորուիլը` ճակատագիրին կողմէ դրոշմուած մետալներ կը համարէր: Արցախեան պատերազմի օրագրութեան մէջ ոսկեայ գրիչով արձանագրուած է անկրկնելի հերոսի մը մասին, որուն քաջութեան, սխրանքին եւ հայրենասիրութեան դիմաց ոչ միայն թուրք-թաթարածին վոհմակներ ծունկի եկան, այլ հայրենի լեռներն անգամ ենթարկուեցան անոր կամքին եւ հայաբորբ կեցուածքին: Այո՛, Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) հարուածող ուժին դիմաց` թուրք-ազերին ահ ու սարսափի մատնուած...

34-Ամեակ Շուշիի Ազատագրութեան.   Շուշիի Ազատագրումը` Պատմական Սխալի Մը Սրբագրութիւնը

34-Ամեակ Շուշիի Ազատագրութեան. Շուշիի Ազատագրումը` Պատմական Սխալի Մը Սրբագրութիւնը

Շուշիի ազատագրումը հայոց նորագոյն պատմութեան մեծագոյն իրադարձութիւններէն է: Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը յաղթական հիմը դրաւ Արցախի վերատիրացման պայքարին եւ ապահովեց Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը: Շուշիի ազատագրումը հայութեան հաւաքական ուժին եւ ազգային միասնականութեան անպարտելիութեան խորհրդանիշը դարձաւ: «Ազդակ» օրին Շուշիի ազատագրութեան անդրադարձած էր յատուկ կարեւորութեամբ` ներկայացնելով ռազմական գործողութիւններու ամբողջական պատկերը` կարելի բոլոր մանրամասնութիւններով: Հեռաձայնային անընդմէջ կապերով Երեւանէն, մամլոյ տեղեկատու կեդրոնէն լուրերը առնելով, օրուան...

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

Դաշնակցութեան Համար Պահանջատիրութիւնը Կեանքի Ուղի Է*

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ Հաւաքուած ենք հայաշունչ այս շրջանին մէջ, նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը դժուար եւ անկայուն ժամանակաշրջանի մը մէջ: Հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու 111 տարիներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան գործած անմարդկային եւ ծրագրուած ոճիրը: Հաւաքուած ենք հաստատելու մեր իրաւունքներու անժամանցելիութիւնը եւ վերապրելու ու վերականգնելու մեր  կամքը: Վերջապէս, հաւաքուած ենք փաստելու մեր պայքարելու վճռակամութիւնն ու անսակարկ կամքը` յանուն արդարութեան, յանուն ճշմարտութեան եւ...

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման

Սփիւռքը` Երէկ Եւ Այսօր Գոյատեւումէն Դէպի Ռազմավարական Ուժ

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Հայկական սփիւռքը դար մը շարունակ եղած է մեր ազգային կեանքին ամէնէն կարեւոր իրականութիւններէն մէկը: Ան ծնաւ մեծ ողբերգութենէ մը` Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կազմակերպուած, կենսունակ եւ համաշխարհային ներկայութիւն ունեցող իրականութեան: Սակայն 1991-ին Հայաստանի անկախութիւնը ոչ միայն նոր էջ բացաւ հայրենիքին համար, այլ նաեւ արմատապէս փոխեց սփիւռքին դերը: Այսօր այլեւս չենք կրնար խօսիլ սփիւռքի մասին միայն որպէս...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Քանատա Կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին, 28 ապրիլ 2026-ին Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր ոգեկոչում: Ձեռնարկը համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, հոգեւոր եւ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկը սկսաւ Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա հանդիսավար Արեւիկ Աֆարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց յիշողութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան...

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրոսի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Հռչակուեցաւ

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրոսի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Հռչակուեցաւ

Մայիսի աւարտին Կիպրոսի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց հայութեան կողմէ առաջադրուած էր Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտեսեանը, որ կը վայելէ ՀՅԴ-ին զօրակցութիւնը: 7 մայիսին Խորհրդարանական ընտրութիւններու յանձնակատարը Վարդգէս Մահտեսեանը հռչակեց կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Ներկայացուցչական տան 2026-2031 նստաշրջանին համար` իբրեւ անմրցակից միակ թեկնածու: Աւելի կանուխ գաղութի զաւակներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Մահտեսեան նշած էր. «Վերջին քսան տարիներուն պատիւը...

Page 33 of 1110 1 … 32 33 34 … 1,110

Արխիւներ