Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգա՛նք Ձեզի` Գրիչով Ու Խօսքով Սպառնալիք Նկատուած Նահատակ Լրագրողներ

May 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 

Կեանքին մէջ բազում են ըսուող ու լսուող արտայայտութիւնները, որոնք իրենց ծնունդէն երկվայրկեաններ ետք ալ պղպջակի մը նման կը պայթին ու կ՛անհետանան` առանց հետք ձգելու:

Կեանքին մէջ բազում են նաեւ ըսուող ու լսուող արտայայտութիւնները, որոնք իրենց ուժգնութեամբ, իմաստային խորութեամբ եւ յատկապէս տուեալ պայմաններու ու ժամանակին համընկնելու հանգամանքով կը խորասուզուին մարդու էութեան, մտքին ու հոգիին մէջ` երբեմն զինք տագնապեցնելով, երբեմն` ուրախութիւն պատճառելով, երբեմն ալ խորհրդածութեան մղելով:

Գրիչը զէնք է:

Արտայայտութիւն մը, որ դպրոցական տարիներէս մինչեւ օրս չեմ յիշեր քանի՜ քանի, բազում անգամներ լսած եմ, անոր իմաստն ալ թափանցած է մտքիս մէջ, ես ալ իմ կարգիս գրիչս փորձած եմ ծառայեցնել տարբեր դատերու, պայքարներու, նպատակներու, մոռցուած մարդոց ու երեւոյթներու, սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ այս բառերուն իսկութիւնն ու անոնց տարողութեան ծանրութիւնը զգացի վերջերս միայն:

Անթարթ աչքերով,  ամբողջ էութեամբս լարուած կը դիտեմ արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած տեսերիզը լիբանանցի լրագրող Ամալ Խալիլի նահատակութեան բոլոր փուլերուն մասին հիմնուած անոր հետ եղող ու ոճիրի բոլոր մանրամասնութիւններուն վկայած անկախ լուսանկարիչ Զէյնապ Ֆարաժի պատմածներուն վրայ: Նախամտածուած, ծրագրուած եւ ամենայն անխղճութեամբ գործադրուած ոճիր մը, որուն յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար Իսրայէլ մարդկային ամէն սկզբունք ոտնակոխեց, ջնջեց նոյնիսկ պատերազմական կարմիր գիծերը եւ անտեսեց լրագրողներուն նուազագոյն իրաւունքներն անգամ:

Փլատակներուն տակէն պատմութիւններ պեղող, մոռցուած, անտեսուած, սակայն գոյատեւող մարդոց ձայնն ու խօսքը հանդիսացող, թանձր փոշիները հեռացնելով իրականութիւնները լոյսին բերող «Ախպար» օրաթերթի քաջ լրագրողը, որ մարմնաւորումը կը հանդիսանար Լիբանանի հարաւին, անոր պատմութեան, տոկունութեան ու պայքարին, քանի մը վայրկեանուան մէջ ինք դարձաւ յուզիչ ու պատգամող պատմութիւն մը` փլատակներուն տակ մնացած, փոշիներուն տակ լռած ձայն մը, որ իր վերջին շունչը փչեց իր պաշտած հարաւի հող գրկած` Թիրի գիւղին մէջ:

Հաւանաբար առաւելապէս ժապաւէններու կամ ելեկտրոնային խաղերու մէջ կարելի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս հետապնդումը կը կատարուի թիրախի մը` զայն իսկապէս հասցէագրելու վճռականութեամբ: Ամալ Խալիլ եւ Զէյնապ Ֆարաժ կը հետապնդուին տեղէ տեղ, մինչեւ որ ապաստան կը գտնեն շէնքի մը մէջ, պահ մը կը կարծեն, թէ փրկուած են մահուան թաթէն, սակայն իսրայէլեան  օդանաւը չէր մոռցած զիրենք ու հարուած մը կը հասցնէ այն շէնքին, ուր անոնք կը կարծէին ապաստան գտած ըլլալ: Լուսանկարիչը հրաշքով կը փրկուի, սակայն Ամալ Խալիլ կը մնայ փլատակներուն տակ, թերեւս տակաւին կենդանի եւ կառչած կեանքին` յուսալով, որ օգնողներ պիտի ըլլան, սակայն Իսրայէլ կ՛արգիլէ փրկարարներն ու Կարմիր խաչը հասնելու անոր… Ու այդպէս կը կոտրի գրիչը Ամալ Խալիլի` անոր արեամբ ստորագրելով քաջութեան ու նուիրումի վերջին պատմութիւնը` ի՛ր իսկ հերոսական պատմութիւնը:

Մտքիս մէջ կը մրճահարուին այս բառերը, որոնք ցարդ այսքան խոր ու ազդու չէին` Գրիչը զէնք է: Այդ պահուն որքա՜ն իրական են այդ բառերը, որքան ճիշդ ու նոյն ատեն որքան վտանգաւոր, ունենալ լոկ գրիչ մը, սակայն անոր զօրութիւնը համազօր ըլլայ զէնքի, որուն համար կը հալածուիս ու կը սպաննուիս:

6 ՄԱՅԻՍ: Նահատակ լրագրողներու յիշատակի օր:

Տարիներէ ի վեր Լիբանանի նահատակաց օրը վերածուեցաւ Նահատակ լրագրողներու օրուան, սակայն այս տարի «Նահատակ լրագրող» արտայայտութիւնը լոկ խօսք չէ, այլ մեր ու համայն աշխարհին աչքերուն դիմաց կատարուած գործ, իսկական ոճիր, զոր դատապարտելէ բացի ոչինչ կ՛ընէ աշխարհը համակ, միջազգային ընտանիքը` իր մարդկային իրաւունքներու, լրագրողներու իրաւունքներու վերաբերող օրէնքներով եւ քարոզներով:

Ամալ Խալիլ միակը չէր, որ իսրայէլեան այս տարուան պատերազմին զոհուեցաւ գրիչը իբրեւ զէնք ունենալուն եւ անով իսկ թշնամին վախցնելուն համար, անկէ առաջ ուղղակի թիրախաւորուեցան նաեւ հարաւի իրերայաջորդ պատերազմներն ու անոր վերապրումը վաւերագրած «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի  լրագրող Ֆաթմէ Ֆթունին, անոր եղբայրը` Մոհամետ Ֆթունին  եւ  թշնամիին դէմ կանգնելով Լիբանանի գոյատեւման մասին խօսող «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ալի Շհէյպը, որոնք եւս կրցան փրկուիլ իսրայէլեան առաջին հարուածէն, սակայն հազիւ կը փորձէին կեանքի բարակ թելին կառչիլ ու վերապրիլ, երկրորդ հարուածը եկաւ լռեցնելու ճշմարտութիւնը լսելի դարձնող անոնց զիլ ու ջինջ ձայնը: Ահաւոր է մտածել, թէ առաջին հարուածին եւ երկրորդին միջեւ եղող այդ քանի մը վայրկեաններուն ի՜նչ ապրեցան անոնք, որոնք քաջ գիտէին իսրայէլեան գործելաոճը, ականատես էին անոր բարբարոսութիւններուն, վստահ զգացին, որ մահը իր գիրկը լայնօրէն բացած էր իրենց…

Տակաւին մեծ է թիւը այն լրագրողներուն, որոնք պատերազմական վիճակներու մէջ նահատակուեցան, սակայն վերոյիշեալ լրագրողները իբրեւ ուղղակի թիրախ ընտրուեցան, հալածուեցան եւ հասցէագրուեցան, երբ անոնք իրենց առաքելութեան ճամբուն վրայ էին, երբ իրենց ձեռքին ունէին լոկ գրիչներ…

Պաշտօնական տուեալները կը հաղորդեն, որ 2023-էն ի վեր առնուազն 17 լրագրողներ սպաննուած են միտումնաւոր կերպով, որովհետեւ իրենց գրիչով վախ առթեցին, անոնց գրիչը իսկական զէնքէն աւելի հատու եղաւ ու սարսափեցնող…

Այսօր, երբ նահատակ լրագրողներուն յիշատակը կ՛ոգեկոչուի, թէկուզ մեր աշխատանքի բնոյթով նոյն փորձառութիւնը ապրելէ հեռու եղող լրագրողներուս կը մնայ յարգել յիշատակը այդ նուիրեալներուն, որոնց համար ճշմարտութիւնը իրենց կեանքէն թանկ էր, որոնք` գիտակցելով ահաւոր վտանգին, խրոխտ կերպով կանգնեցան սահմանագիծերուն վրայ, փլատակներուն դիմաց, իսրայէլեան օդանաւերով լեցուն լիբանանեան բաց երկնքին տակ, պայքարի դաշտին մէջ, հոն, ուրկէ գաղթած էր ամէն մարդ, հոն, ուր վտանգն էր ու կրակը, սակայն անոնց սրտին մէջ եղած կրակն ու վտանգը արհամարհելու նուիրումն էր, որ մինչեւ իրենց վերջին շունչը անոնց ուժ տուաւ ըլլալու ճշմարտութեան ձայնը, դաժան պատկերներ ցոլացնողը, մահուան ու քանդումի մասին տեղեկագրողն ու ահազանգողը:

Յարգա՛նք ձեզի: Ձեր գրիչը լռեցուցին, սակայն ձեր պատգամը կը մնայ գոռացող:

 

 

Նախորդը

Վեհաժողով, Գագաթնաժողով Եւ Պետական Այց Ընտրութեան Նախօրէին

Յաջորդը

Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.