Մայիս մէկը աշխատաւորի քրտինքով, տառապանքով եւ յամառ մաքառումով կերտուած տօն մըն է: Մարդկային իրաւունքներու պայքարին մէջ կոփուած, տառապանքի բարձրաձայն արտայայտութիւնն է: Ճնշուած ձայներու պոռթկումն է:
Պոռթկում մը` գործարաններու մութ անկիւններուն մէջ խեղդուող մարդէն: Ճիչ մը` անիրաւ աշխատանքի, անքուն գիշերներու եւ անարգուած արժանապատուութեան դէմ:
19-րդ դարու վերջաւորութեան, մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, աշխատաւորները ոտքի ելան` պահանջելով ութժամեայ աշխատանքային օր: Այդ պայքարը իր գագաթնակէտին հասաւ Շիքակոյի մէջ, ուր բողոքը վերածուեցաւ բախումի, բախումը` արիւնահեղութեան: Արիւնը դարձաւ խորհրդանիշ: Զոհաբերութիւնը` հիմք: Այդ օրերէն ծնաւ մայիս մէկը` իբրեւ աշխատաւորին իրաւունքի եւ արժանապատուութեան միջազգային վկայութիւն: Ծառայութիւնը, աշխատանքը պէտք է դառնան արժանապատիւ կեանք ապրելու ուղի: Մարդ անհատը պէտք է դադրի ըլլալ արտադրութեան միջոց:
Աշխատաւորութեան օրը դարձաւ ընկերային պայքարի եւ մարդկային իրաւունքներու արտայայտութեան խորհրդանիշ: Աշխատանքը այլեւս կը վերաձեւուէր` շահագործումէն դէպի արժանապատուութիւն ստեղծող իրականութիւն:
Հայ իրականութեան մէջ մայիս մէկի գաղափարախօսութեան եւ անոր տարածման առաջին սերմերը ցանած է Հնչակեան կուսակցութիւնը:
Սակայն, ինչպէս պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, իւրաքանչիւր վեհ գաղափար ենթակայ է ժամանակի հոսանքին եւ շահերու բախումներուն: Բացառութիւն չեղաւ մայիս մէկը: Ժամանակի ընթացքին ան քաղաքականացաւ, տարբեր գաղափարախօսութիւններու եւ կուսակցական շարժումներու ձեռքին մէջ դարձաւ իրենց օրակարգը յառաջ մղելու հարթակ: Մայիս մէկի խորհուրդը աղաւաղուեցաւ:
Բայց ի՞նչ մնացած է մայիս մէկէն այսօր: Մատի վրայ հաշուող երկիրներ տակաւին հանդիսաւորապէս կը նշեն Աշխատաւորութեան օրը:
Կարգ մը երկիրներու մէջ, աշխատաւորական միութիւններ, համադաշնակցութիւններ, որոնք կոչուած էին բարձրացնելու աշխատաւորին ձայնը, շատ անգամ կը լռեն հիմնական խնդիրներուն առջեւ` գործազրկութիւն, անարդար վարձատրութիւն, տնտեսական ճնշում, փոխարէնը` կը ներքաշուին այլ պայքարներու մէջ, որոնք հեռու են աշխատաւորին իսկական հարցերէն: Իսկ որոշ երկիրներու մէջ քաղաքական օրակարգ կը լուծեն աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները…
Այսօր, աւելի քան երբեք, կը թուի, թէ այս սրբազան օրը կը գտնուի նոր շրջադարձերու առջեւ: Մայիս մէկի հաւաքները այլեւս չեն արտացոլացներ աշխատանքին արժէքը, աշխատաւորին տառապանքը, անոր արդար պահանջները: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, աշխատաւորութեան հիմնական հարցերը` գործազրկութիւն, աշխատաւորական շահագործում, տնտեսական անարդարութիւն, կը մնան երկրորդական: Օրուան խորհուրդը կը կորսնցնէ իր իսկական առանցքը` աշխատանքին արժէքն ու աշխատաւորին պատիւը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անուան տակ հրապարակները կը վերածուին աղմկալի բեմերու, որոնց վրայ կը շրջանառուին այլանդակութիւն տարածող օրակարգեր: Պահանջներ, որոնք գրեթէ ոչ մէկ աղերս ունին աշխատանքային իրաւունքներու հետ: Պահանջներ, որոնք իրենց տեղն ու հարթակը կրնան ունենալ, սակայն` ոչ անպայման մայիս մէկի օրը:
Այս շեղումները պատահական չեն. անոնք կը բխին արժէքներու խեղաթիւրումէն, երբ բարոյական չափանիշները կը նահանջեն, եւ քաղաքական, տնտեսական շահերը կը դառնան գերիշխող` երկրորդական դիրքի մղելով մարդ անհատը:
Երբ իւրաքանչիւր պահանջ կը ձգտի նոյն բեմը գրաւել, հիմնական հարցերը կը մթագնին` կորսուելով ժխորին մէջ: Առաջնահերթութիւնները կը խառնուին, կշիռները կը կորսուին, եւ կարեւորն ու անկարեւորը կը դառնան անզանազանելի: Այս խառնակ վիճակին մէջ հրատապը կը նսեմանայ եւ կը կորսուի տեսադաշտէն: Հասարակութիւնը կը զրկուի այն յստակ տեսլականէն, որ կրնար ուղղութիւն տալ իր ընթացքին: Արդիւնքը` բեմը կը լեցուի ձայներով, բայց կը դատարկուի իմաստէն: Այս իրողութիւնը շեղում չէ միայն. լքում է` իր իսկ խորհուրդէն հեռացող ընթացք մը:
Լքում` այն աշխատաւորին, որ տակաւին կը պայքարի իր հացին, իր պատիւին, իր ընտանիքին արժանապատիւ կեանքին համար:
Լքում` այն պատմութեան, որ գին վճարեց այս օրուան համար:
Արդեօ՞ք այսօրուան աշխատաւորին արդար վարձատրութեան, ապահով պայմաններու եւ մարդկային կեանքի իրաւունքը պաշտպանուած է այնքան, որքան անհրաժեշտ է, թէ՞ անոր ձայնը կը խեղդուի այլ աղմուկներու մէջ:
Այս ընթացքը շարունակուելու պարագային, մայիս մէկը պիտի դառնայ առանց ոգիի եւ բովանդակութեան տօն:
Այդ օրը բնականաբար մենք այլեւս իրաւունք պիտի չունենանք հարցնելու` «Ո՞ւր կ՛երթայ մարդկութիւնը»: Պատասխանը պիտի ըլլայ պարզ ու դաժան` մարդկութիւնը կ՛երթայ դէպի ինքնամոռացութիւն:
Քաղաքակրթութիւններ կ՛արժեւորուին աշխատաւորին ցուցաբերուած վերաբերմունքով:
Վերադարձնենք մայիս մէկը իր իսկական տիրոջ` աշխատաւորին, այլապէս պիտի կորսնցնենք արժէք մը, պատմութիւն մը եւ ի վերջոյ` մարդ անհատը:
Մայիս մէկը պէտք է վերագտնէ իր պատմական առաքելութիւնը: Կանչ մը` վերադառնալու մարդ անհատի իրական արժէքին` արժանապատուութեան եւ արդարութեան:



