Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Վկայութիւն` Հայ Գաղթականներու Լիբանան Տեղափոխութեան

May 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

15 դեկտեմբեր 1921 թուակիր նամակը, որ Պէյրութէն Փարիզ մեկնած Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի յղուած է Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեանի կողմէ, կը հանդիսանայ փաստավաւերագրական կարեւոր աղբիւր մը` կողմնորոշուելու տուեալ թուականին

հայ գաղթականներու իրավիճակի մասին ֆրանսական հովանաւորութեան տարիներուն, եւ յատկապէս` Կիլիկիոյ հայութեան դէպի Լիբանան տեղահանութեան մասին: Այս նամակը կը ներկայացնէ պատմական փաստաթուղթ, որ կը բացայայտէ քաղաքական, ընկերային եւ եկեղեցական մտահոգութիւնները` տուեալ ժամանակաշրջանին:

Նամակը կը սկսի տնտեսական հաշուեկշռի մը գործնական հարցերով:

-220 ֆրանքի փոխանցում Փարիզ,
-20 ֆրանք` «Հանդէս ամսօրեայ»(1) ամսագիրի 1922-ի բաժանորդագրութեան համար:

Նամակի կորիզը կը կազմէ Կիլիկիոյ հայութեան արտագաղթի եւ տեղահանութեան տառապանքներու մանրամասնութիւնները, որոնց մէջ կը նշուի, որ այդ գաղթականները ո՛չ Պէյրութը, ո՛չ Եաֆան եւ ո՛չ ալ Կիպրոսը կ՛ընդունէին:

Սակայն ֆրանսական տեղական իշխանութիւններու միջամտութեամբ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել 15.000 հայերու եւ Ատանայի որբանոցի երկսեռ որբերու տեղափոխութիւնը Լիբանան: Ֆրանսական կառավարութիւնը կը ստանձնէ անոնց ապրուստի ապահովումը` գործ եւ բնակարան հայթայթելով:

Պէյթխաշպոյի վանքին վերափոխման մասին գրելով` նամակագիրը կը յայտնէ կարեւոր որոշումի մը մասին: Կը տեղեկացնէ, որ Պէյթխաշպոյի Անտոնեանց վանքէն պիտի վտարուին կառավարութեան կողմէ նշանակուած շէյխերը, եւ վանքին ու յարակից կալուածներուն մէջ պիտի տեղաւորուին հայ որբեր: Այս կարգադրութիւնը կը նկատուի «լաւագոյն լուծում» Պէյթխաշպոյի խնդրին լուծման:

Նամակագիրը հայերու Լիբանան տեղափոխուիլը համարած է քաղաքական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հանգամանք, «քանզի հայերու Լիբանան փոխադրութեամբ քրիստոնեայ տարրը կը կազմէ մեծամասնութիւն, որով Մեծն Լիբանանի ապագայ խորհրդարանին մէջ քրիստոնէից կողմը կը մնայ ձայներու առաւելութիւն»:

Այս դիտարկումը կը համապատասխանէ ֆրանսական «Բաժնէ՛ եւ տիրէ՛» քաղաքականութեան, որ կը ձգտէր ամրապնդել քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ` հակակշռելու համար արաբ ազգայնական շարժումները(2):

Հայր Քէշիշեան մեծապէս կը գնահատէ տոքթ. Մելքոնեանի(3) դերակատարութիւնը եւ ջանքերը` նշելով, որ անոր դիւանագիտական աշխատանքները կարեւոր դեր խաղացած են գաղթականներու տեղափոխութեան յաջողութեան մէջ: Ֆրանսական հովանաւորութեան տարիներուն մեծ թիւով գաղթական հայեր ընդունուած են Լիբանան եւ Սուրիա:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը, Եկեղեցին եւ Զմմառու մայրավանքը, 1921-ի նամակի բովանդակութենէն քաղելով, կը գործէին ծանր պայմաններու մէջ` փորձելով օգնել գաղթական հայութեան:

Զմմառու մայրավանքը եւ յիշատակուած վանքերն ու կալուածները կապ ունէին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ցանցին հետ, որ կարեւոր դեր խաղացած է գաղթականներու ընդունման, տեղաւորման, կրթութեան եւ հոգեւոր կարիքներու մատակարարման մէջ:

Նամակը կ՛անդրադառնայ նաեւ ազգանուէր նախաձեռնութիւններ իրականացնելու ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս` Յակոբ ծ. վրդ. Նեսիմեանի առաջարկով Քէրէվիէի վանքապատկան տուներուն վրայ հիմնել աղջկանց վարժարան:

Նմանօրինակ նախագիծներ ցոյց կու տան, թէ ինչպէս եկեղեցական կառոյցները կը փորձէին զարգացնել կրթական ենթակառուցուածքները` աջակցելու համար գաղթական համայնքին:

Ստորեւ կը հրապարակենք 15 դեկտեմբեր 1921 թուակիր նամակը` որոշ յապաւումով:

Պատրիարքարան կաթողիկէ հայոց
 Պէյրութ

15 դեկտեմբեր 1921

Գերապատիւ եւ սիրելի Եղբայր

Ներփակ կը ղրկեմ քեզի Փարիզի վրայ չէք մը` (N:22977) երկու հարիւր եւ քսան 220 ֆրանք: Քսան ֆրանքը` ի հաշիւ «Հանդէս ամսօրեայ»-ի 1922 եւ սկսեալ տարեկան նոր բաժանորդագրութեան…

Անցեալ անգամ գրեր էի կիլիկեհայերուն արտագաղթի մասին, դժբախտութիւնը կատարեալ ըլլալու համար այդ բոլորը առնելը չէին ընդուներ ո՛չ Պէյրութ, ո՛չ Եաֆա, ո՛չ ալ Կիպրոս, բարեբախտաբար քանի մ՛օր առաջ կարելի եղաւ նպաստաւոր կարգադրութիւն մը ձեռք բերել տեղական` ֆրանսական կառավարութենէն: Արդէն որոշուած է 15.000 հայերու, ինչպէս նաեւ Ատանայի որբանոցին երկսեռ որբերու փոխադրութիւնն ի Լիբանան, ուր կառավարութիւնը պիտի աշխատի ապահովելու անոնց ապրուստը` հայթայթելով գործ եւ բնակարան: Միւս կողմէ` որոշուեցաւ, որ Պէյթխաշպոյի Անտոնեանց վանքէն վտարուին կառավարութեան կողմ շէյխերը եւ այդ վանքին եւ յարակից Ճիւնի եւ այլուր գտնուող կալուածներուն մէջ, որոնք հ. Բարսեղ պաշտօնական նամակով մը կը տրամադրէ ազգին ներկայ ճգնաժամին առթիւ, պիտի տեղաւորուին հայ որբեր: Ասանկով ահա Պէյթխաշպոյի խնդիրը կը գտնէ լաւագոյն լուծում մը: Իսկ հայոց Լիբանան փոխադրութեամբ քրիստոնեայ տարրը կը կազմէ մեծամասնութիւն, որով Մեծն Լիբանանի ապագայ խորհրդարանին մէջ քրիստոնէից կողմը կը մնայ ձայնի առաւելութիւնը, ինչ որ նպաստաւոր կու գայ նաեւ ֆրանսական կառավարութեան` ի Սուրիա եւ ի Լիբանան: Այս 15.000 հայերը տեղաւորելէն յետոյ ուրիշներ եւս պիտի կրնան բերուիլ հետզհետէ:

Այս յաջողութիւն համարուած կարգադրութիւնները կը պարտինք տոքթ. Մելքոնեանին. լսած ես անշուշտ, որ վերջերս Փարիզի Ազգ. (ուրիշներ կ՛ըսեն ընդհանուր) պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուցիչ կարգուած է ի Սուրիա եւ ի Կիլիկիա: Անշուշտ երկու բառով կը շնորհաւորես զինք:

Ահա ժամանակ յորում մեր վանքը ունի գործելու ընդարձակ ու լայն ասպարէզ… ձեռներեցութեան ոգի մը ցոյց տալ…

Զմմառի Տիրուհին Ինքը հասնի մեզի յօգնութեան…

Իսկ մեր Քէրէվիէ (Թովմաս Ջրեանի նստած եւ անոր կից միւս) տուները կը խորհինք աղջկանց դպրոցի վերածել` գերյ. Նեսիմեանի թելադրութեամբ: Տակաւին որոշ բան մը չկայ, բայց խնդիրը կամաց կամաց կ՛եփի, կ՛երեւի գործը պիտի ստանձնեն Ղազիրի մեր երկու մայրապետները: Նազլեան գերապայծառը տուեր է արդէն իր հաճութիւնը:

Այս առթիւ քեզի հարցում մ՛ունէի, ի՞նչ է կարծիքդ գերմանական մարքի (դրամ) ապագային մասին, արդեօք կը կարծե՞ս, որ անիկա բարձրանայ կամ գին ունենայ օր մը, ես կը խորհիմ քանի մը հազար գնել, եթէ նպաստաւոր կարծիք մը տաս, այս պարագային քեզի կը ղրկեմ Փարիզի վրայով չէք, որպէսզի անկէ գնես եւ վերադարձիդ միասին բերես, եթէ նեղութիւն չըլլայ քեզի…

Բարեգործականի որբանոցէն մաս մը գուցէ տեղաւորուի Ղատիր` Քէնան Միլքէնի մեծ տունը, զոր ուզած էինք վարձել ժամանակին Ճիւնիի այժմու որբանոցին համար, կը յիշե՞ս:

Փոյթ սիրով եւ կարօտիւ` Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեան

Սոյն նամակը պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունի  քանի մը առումներով`

– Ան կը ներկայացնէ ականատեսի վկայութիւն 1921-ի իրադարձութիւններու մասին,
– Կը փոխանցէ բազմաբնոյթ տեղեկատուութիւն` տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ անձնական հարցերու վերաբերող,
– Կը ներկայացնէ լեզուական արժէք` գրուած ըլլալով արեւմտահայերէնով` պահպանելով ժամանակաշրջանի լեզուական առանձնայատկութիւնները:

Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեանի այս նամակը ոչ միայն անձնական նամակագրութիւն է, այլ նաեւ` պատմական փաստաթուղթ:

Այսօր, երբ կ՛ուսումնասիրենք սփիւռքի պատմութիւնը, նման փաստաթուղթեր կը ծառայեն իբրեւ անգնահատելի աղբիւրներ` հասկնալու համար մեր նախնիներու տառապանքը, դիմադրութիւնը եւ վերածնունդը:

«Զմմառի Տիրուհին Ինքը հասնի մեզի յօգնութեան» կը գրէր նամակագիրը: Այս աղօթքը կը մնայ յուշարձան` բոլոր անոնց, որոնք պայքարեցան հայ գաղթականներու փրկութեան համար:

Զմմառ

(1).- «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն հիմնուած է 1887-ին Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ եւ մինչ օրս կը հրատարակուի` իբրեւ գիտական հանդէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու համար:

(2).- Որպէս ապացոյց` կից կը հրապարակենք Մեծն Լիբանանի կառավարութենէն Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի տրուած վկայականը:

(3).- Տոքթ. Մելքոնեան նշանակուած էր Փարիզի Ազգային պատուիրակութեան ներկայացուցիչ` Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( Մայիս 5 2026)

Յաջորդը

Լիբանանի Նահատակներուն Անժամանցելի Պատգամը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.