Ներկայիս տարածաշրջանի ուժերու դասաւորման մէջ հայկական կողմը կը գտնուի իր ամէնէն անզէն, անօգնական եւ սնանկ դրութեան մէջ: Մեր աչքերուն առջեւ բացուող հանրագումարը (bottom line) ողբալի է եւ վիրաւորական: Մենք պարզապէս դադրած ենք գործօն դերակատար ըլլալէ մեր իսկ ազգային պաշտպանական քաղաքականութեան դիրքերէն:
Պատկերը հետեւեալն է:
(Ա.) Արեւմուտքը, որուն վրայ իր գրաւը դրած է Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը, վստահելի նեցուկ չի կրնար ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի համար եւ չէ: Այն ՀՀ իշխանութիւնը, որ այսօր կ՛ապաւինի Արեւմուտքին, սնանկ է եւ պարտուած` դեռ այս բարդ ճանապարհի մեկնարկին: Հայաստանն ու Արցախը պարզապէս գոյութիւն չունին Արեւմուտքի շահերու աղիւսակին մէջ:
(Բ.) Ռուսաստանը, Ուքրանիայի պատերազմով, իր դիրքերն է, որ կ՛ամրապնդէ Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ դէմ: Իր առաջնահերթութիւններն են` (1) սեպ խրել Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի շահերուն միջեւ եւ ներսէն տկարացնել ՕԹԱՆ-ն: (2) Իր հակակշռին տակ առնել փանթուրքիզմի բոյները Ռուսիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ: (3) Սեւ ծովը ազատել Թուրքիոյ մենատիրութենէն:
(Գ.) Կովկասի կնճիռը շատ աւելի բարդ կը թուի ըլլալ: Ալիեւ կրցաւ կաշառել Մոսկուայի establishment-ը եւ Մոսկուայէն «գնել» իր յաղթանակը Հայաստանի դէմ… Կը թուի, թէ Մոսկուա իր կրաւորական խաղով «զոհեց» Ռուսաստանի հեռահաս շահերը Կովկասի մէջ: Իրականութեան մէջ ան, իր կարգին, առաւելութիւններ ապահովեց ինքզինքին համար Հայաստանի հաշուոյն: Ան այսօր կախեալի դիրքերուն մէջ կը պահէ Ալիեւը այն յոյսով, որ Մոսկուա ի վերջոյ կը յաջողի Ազրպէյճանը հեռացնել Թուրքիայէն… Այս խաղը դեռ ընթացքի մէջ է: Շուշիի պայմանագիրը ցոյց կու տայ, որ դժուար եւ կոտորակուած խաղ է ըլլալու այս մէկը: Բայց ի վերջոյ Մոսկուա լուրջ շանսեր ունի այս մարզին մէջ: Մոսկուա կարողութիւնը ունի այս խաղատախտակը իր հակակշռին տակ պահելու:
(Դ.) Ողբերգութիւնը այն է, որ այսօրուան Մոսկուան շատ քիչ արժէք կը կապէ Հայաստանին: Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի` առայժմ Հայաստանը զուրկ է լծակներէ Մոսկուայի մէջ «խաղացող»-ի դիրքերէ գործել կարողանալու համար: Այդ իսկ պատճառով Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի շահերը կը համընկնին Փաշինեանի կապակցութեամբ: Երկուքն ալ կ՛ուզեն Փաշինեանը… Երկուքն ալ կարեւոր կը համարեն Փաշինեանի կերպընկալ վարքագիծը` իւրաքանչիւրը իր շահերէն ելլելով: Իւրաքանչիւրը ԻՐ ՈՒՐՈՅՆ ՅՈՅՍԵՐԸ կը կապէ Փաշինեանի վարչակարգին: Երկուքն ալ կ՛ուզեն Հայաստանը ունենալ իրենց տրամադրութեան տակ` որպէս «ծախու ապրանք»… Հետեւաբար երկուքն ալ ամէն ճիգ ըրին եւ կ՛ընեն Հայաստանի ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնները ձախողեցնելու:
Ներկայիս Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին փակուղիի մէջ: Եւ ենթակա՛յ` ազրպէյճանական եւ թրքական նախայարձակման վտանգներուն: Առայժմ Ալիեւի յարձակողականը կասեցուած է Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի կողմէ, բայց այս իրավիճակը կրնայ արագօրէն փոխուիլ: Պէտք է ենթադրել, որ Պաքու կանաչ լոյս չունի նաեւ Թուրքիայէն… Մոսկուա, Թեհրան, Անգարա շուտով կը հանդիպին: Նոյն ատեն Սէուտական Արաբիա կ՛այցելէ Պայտըն: Կը կրկնեմ: Դժբախտաբար ներկայիս Հայաստան խաղաքարտեր չունի այս սակարկութեան մէջ դերակատար կարենալ ըլլալու համար: Այս է իրականութիւնը: Այն փաստը, որ Նիկոլը կը շարունակէ ըլլալ իշխանութեան գլուխ, ցոյց կու տայ, որ Հայաստան եւ Արցախ ձախողած են ի սկզբանէ:
Այս ականապատուած դաշտին վրայ որո՞նք են հայկական կողմի հաւանական կարելիութիւնները:
Ներկայի դրութեամբ, գերտէրութիւններու վերոյիշեալ խաղակարգը խանգարողը կրնայ ըլլալ միայն Հայաստանի ընդդիմութիւնը: Հայաստանն ու Արցախը այլ խաղաքարտ չունին: Եւ պէտք է ընդունիլ, որ այս իսկ պատճառով ընդդիմութեան ձախողութիւնը մեծապէս ճակատագրական բնոյթ ունի այսօր: Հայաստանի եւ Արցախի հասարակութեան բոլոր շերտերը պէտք է այս բանը ճիշդ գնահատեն: Իր կրաւորականութեամբ այս հասարակութիւնը կը դաշունահարէ միայն ինքզինք: Այս հասարակութիւնը պիտի գիտնայ, որ հզօր ընդդիմութիւնն է միայն իր ելքը: Ինք ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ: ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԸ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է:
Միւս կողմէ` կարեւոր է անդրադառնալ, որ ընդդիմութիւնն ալ, իր կարգին, իր ներկայ «մկան»-ներով շատ հեռու է որոշիչ զանգուած հանդիսանալէ: Հետեւաբար ան կառավարելի է թէ՛ Փաշինեանի, թէ՛ թշնամիի եւ թէ՛ մեծապետական ուժերուն կողմէ: Առայժմ դաշտը կը պատկանի թշնամիին: ՄԵԶԻ ՊԷՏՔ Է ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՄԿԱՆՈՒՏ ՄԷԿ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ: ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻ՛ՒՆ, ՈՐ Ի ՎԻՃԱԿԻ Է ԼԾԱԿ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱԼՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: Ընդդիմութի՛ւն, որ ի վիճակի է իրեն պարտադրուած փակուղին ճեղքելու: Բարեբախտաբար այս զէնքը գոյութիւն ունի: Այս զէնքը պէտք է արագօրէն ձեւաւոորուի: Ան պէտք է արագօրէն իր ռազմավարական դիրքերը գտնէ: ՊԻՏԻ ԳԻՏԱԿՑԻՆՔ, որ մարտահրաւէրը դրուած է մեր առջեւ կենաց մահու եզրերով: Հետեւաբար մեր հակադարձութիւնն ալ, իր կարգին, պիտի ըլլայ հզօր, անխնայ, անյապաղ, տեղաշարժային եւ վերջնական:
13 յուլիս 2022