Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Սպառե՞լ Հայաստանի Իւրայատկութիւնը

July 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհաքաղաքական ներկայ կացութեան մէջ, երբ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ճնշումներ բանեցնելու Հայաստանի վրայ ու նախապայմաններ դնելով ճամբաներու ապաշրջափակման թեզը պաշտպանելու իրենց շահերէն մեկնելով, Հայաստան բանակցային գետնի վրայ աշխարհագրական առումով եւ քաղաքական իր մշակոյթով տարբերելու շարք մը յատկութիւններ ունի, որոնց օգտագործման օրակարգը առաջնային կը համարուի եւ ուժերու գերլարում կը պահանջէ:

Բանակցային գետնի վրայ Ազրպէյճան  խախտած է 9 նոյեմբերի իր ստորագրած համաձայնագիրին շարք մը կէտերը, ինչպէս` գերիներու ազատ արձակումն ու հայկական տարածքներ չներխուժելու իր պարտաւորութիւնը:

Այս խախտումը ինքնին հայկական կողմին վրայ պարտք կը դնէ տէր դառնալ իր տարածքներուն եւ նորանոր զիջումներու որեւէ թեզ ետ մղել դիւանագիտական ճկունութեամբ:

Աշխարհագրական իր դիրքով Հայաստան, ճամբաներու ապաշրջափակման պարագային, ունի տարածաշրջանային երկիրներ իրարու միացնելու առաւելութիւն, առանց սակայն միջանցքներ տրամադրելու, ինչ որ առաւելութիւն կը շնորհէ Հայաստանին բանակցային ոլորտին մէջ կայուն դիրքերէ խօսելու եւ յաւելեալ զիջումներ բացառելու: Առանց Հայաստանի համաձայնութեան, վերջապէս, կարելի չէ Հարաւային Կովկասի այդ հատուածին օգտագործումով  խաղաղ երթեւեկութիւն հաստատել ու ամրագրել զայն, որքան ալ պարտադրանքի ու սպառնալիքի լեզուով փորձեն խօսիլ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան:

Երրորդ. Հայաստանի քաղաքական մշակոյթը հիմնովին կը տարբերի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգերու քաղաքական մշակոյթներէն: Այս առաւելութիւնը շեշտադրելու փոխարէն` զարմանալի են ժողովրդավարութիւնը ոտնահարող Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայ քաղաքականութիւնը, ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պաշտօնազրկելու եւ քաղաքական մեծամասնութեան կամքը պարտադրելու փորձերը, որոնք կը հակասեն ՀՀ սահմանադրութեան ու ժողովրդավարութեան բոլոր սկզբունքներուն:

Հայաստան ժողովրդավարութեան ու բազմակարծութեան իր մշակոյթով առաւելութիւն արձանագրած է, ու հարկ է այդ առաւելութիւնը շեշտադրել` ընդգծելու դրացի երկիրներու բռնապետական կարգերու բացասական ազդեցութիւններն ու հետեւանքները եւ մերձենալու ժողովրդավարութեան եւրոպական չափանիշներուն:

Ընդդիմութիւնը, վերջապէս, իշխանութեան քաղաքականութեան նշաձողերը ուղղելու եւ բանակցային գործընթացին մէջ այլընտրանքներու առիթներ ստեղծելու քաղաքական կամքն է, որ կը դրսեւորէ, ոչ թէ իշխանութեան գոյութեան կը սպառնայ, այնպէս` ինչպէս կը համարուի յետադիմական երկիրներու մէջ:

Այլ առաւելութիւն մըն է հայկական սփիւռքին գոյութիւնը, որուն դերը նսեմացնելու համար Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամէն միջոցի կը դիմէին ու կը դիմեն` ցաւօք ազդելով նաեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան սփիւռքի հետ յարաբերութեան վրայ:

Հարկ է, որ հայ քաղաքական միտքը ճիշդ ուղղութեան վրայ պահէ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն նշաձողը` առանց իյնալու իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բնական այլակարծութիւնը ժողովրդավարութեան անկումի վերածող ու ընդդիմութեան դէմ պատերազմ սանձազերծող կարճատեսներու ծուղակին մէջ:

Հայաստանը ճակատագրական հարցերու ընդառաջ կանգնած է, լուսարձակը հարկ է բանալ  այդ հարցերու լուծման քայլերուն վրայ:

Նախորդը

Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Իրական Հարցերէն Շեղելու Մաշած Գործընթացը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.