Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամէն Ճամբայ Հռոմ Կը Տանի, Սակայն Ո՛չ… Արցախ

Յուլիս 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւանաբար աշխարհի մէջ ամէնէն յաճախ օգտագործուած խօսքերէն մէկն է «Ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի»-ն, որուն ծննդոցը պատահած է 1175 թուականին` հեղինակութեամբ ֆրանսացի գրագէտ Ալեն տը Լիլի: Քիչ մը աւելի փնտռողը կը հասնի այն եզրակացութեան, որ առաջին անգամ լատիներէնով ըսուած է:

Այս խօսքին միտք բանին այն է, որ բազմաթիւ ձեւերով կարելի է յանգիլ միեւնոյն արդիւնքին:

Տը Լիլի այս հռչակաւոր խօսքը ի մտի ունենալով եւ աչքի առջեւ ունենալով Արցախի ներկայ «ճամբու քարտէս»-ը` մենք մեզի իրաւունք կու տանք ամբողջացնելու նախադասութիւնը, որ, այո՛, ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի, սակայն ո՛չ… Արցախ:

Արտառոց կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուինք: Արցախի վերջին պատերազմին, իր արձանագրած շռնդալից յաղթանակէն գինովցած, Ազրպէյճանի ղեկավարը, «երէց եղբօր» զօրակցութեամբ եւ քաջալերանքով, գործի լծուած է` իրագործելու նոր ճամբու քարտէս մը, խորքին մէջ իրականացման կը հասցնէ հին ճամբու քարտէս մը` համաթուրանական քարտէսը:

Առաջին ակնարկով եւ բառին բուն իմաստով, նոր քարտէս մը` նոր ճամբայ մը կը կառուցուի Արցախէն դէպի Հայաստան: Նոր ճամբան պիտի շրջանցէ Աղաւնոն ու Բերձորը, որոնք ըստ նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան, պիտի յանձնուին Ազրպէյճանին: «Յանձնում»-ի վարկածը իշխանութեանն է, մինչդեռ բնագիրը լաւ ուսումնասիրողները կ՛ըսեն, որ նման բան չկայ, եւ ահա իշխանութիւնը դարձեալ նոր նուէր մը կու տայ Ազրպէյճանին, յայտնապէս` բանաւոր փոխհասկացողութեամբ մը:

Հայաստանը Արցախին կապող նոր ճանապարհը կը սկսի Գորիսի Կոռնիձոր գիւղէն եւ աւելի հարաւէն կ՛անցնի Արցախի Հին Շէն եւ Մեծ Շէն գիւղերէն` միանալու համար Եղծահողի եւ Լիսագորի ճամբուն:

Գերարտառոց իրավիճակը այն է, որ ազերի բանուորներ գիշեր-ցերեկ գործի լծուած են կարելի փոյթով աւարտելու համար այս ճամբուն իրականացումը: Աշխատանքները միակողմանի են: Հայկական կողմէն ճարտարագիտական ոլորտը գոյութիւն չունի (ռազմավարականն ու զինուորականը արդէն իսկ երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն չունին, եւ այս գծով Արծրուն Յովհաննիսեանին կը մնայ  եզրակացութիւններ հանելը): Հոս ալ յանձանձման իւրայատուկ եւ զարմանալի երեւոյթ մը կայ. Ազրպէյճան կը շինէ Հայաստանը Արցախին միացնող նոր ճամբան: Հաւանաբար ՔՊ-ականներուն եւ անոնց կուրօրէն հետեւողներուն համար կատարուածը յիշատակելի եւ պատմական յաջողութիւն մըն է: Իրականութիւնը այն է, որ, կրկնենք, Ազրպէյճան կ՛իրականացնէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առաջին բաժինը եւ Նախիջեւանի վրայով պիտի միանայ Թուրքիոյ, այսինքն համաթուրանականութիւնը կ՛իրականանայ Հայաստանի իշխանութիւններուն համամտութեամբ եւ… բացայայտ գործակցութեամբ:

Ի վերջոյ, նոյնինքն վարչապետը չէ՞, որ շարունակ կը շեշտէ, թէ «Ազրպէյճանին պատկանող շրջանները անոնց պիտի յանձնենք»: Այո՛… այս ճամբան վնասակար է: Դարձեալ հայկական շրջաններ, Շուշիի եւ Հադրութի պէս, պիտի պարպուին եւ յանձնուին ազերիներուն: Դարձեալ բնակիչները գաղթական պիտի ըլլան եւ ՔՊ-ականները պիտի սկսին հպարտանալ, թէ` «Ի՞նչ կայ որ, կառավարութիւնը դրամ կը տրամադրէ Արցախին եւ գաղթականները նոր տեղերու մէջ կը բնակեցնենք»: Այս ընթացքին, մօտ ապագային Սիւնիքի մէջ ալ շրջաններ պիտի պեղուին եւ յանձնուին «Ասոնք ալ Ազրպէյճանին պատկանած են» պատրուակով եւ… այսպէս միջանցքը պիտի իրականանայ փառաւոր կերպով:

Հայաստան-Արցախ «նոր ճամբու քարտէս»-ին լոյսին տակ կ՛արժէ բաղդատական մը ընել Գիւմրիի մէջ  վերջերս բացուած, խաբկանք եւ կախարդանք ստեղծող` «Երեւակայութեան թանգարան»-ին մէջ ցուցադրուող գործերուն հետ, ուր պնակի մը մէջ  մարդկային զարմանալի երես մը տեղադրուած է մրգեղէններու կողքին, կամ բազմոցին վրայ տեղադրուած էակի մը ոտքերն ու դէմքը զարմանք ստեղծող հեռաւորութեամբ մը զատուած են իրարմէ:

Յստակ է մէկ բան (անշուշտ շատ բաներ ալ կը յստականան եւ կը բացայայտուին օրէ օր): Ալիեւի համար տարբեր եւ բազմաթիւ ձեւերով կարելի է յանգիլ միեւնոյն արդիւնքին, այսինքն Պաքուի հաշիւներով «Ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի»: Պարագան տարբեր է Արցախին: Քարտէ՛սն ալ յստակ է, ճամբա՛ն ալ:

Նախորդը

Դաշնակցական Պատիժը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?