Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Պատիժը

Յուլիս 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ իրականութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ խստապահանջ եւ կարգապահ կառոյց: Իսկ այդ կարգապահութեան սահմանները ճշդուած են ՀՅԴ Կազմակերպական կանոններով, աւելի ճշգրիտ` Կազմակերպական կանոններու Կարգապահական բաժնին մէջ, ուր կանոնազանց ընթացքներուն համար նախատեսուած են կարգապահական տնօրինումներ, այլ խօսքով` դաշնակցական պատիժներ:

Պատիժ բառը կրնայ ոմանց համար դաժան հնչել, եթէ չեն գիտեր դաշնակցական պատիժի էութիւնն ու իմաստը: Ի տարբերութիւն այլ պատժական տնօրինումներու` Դաշնակցութեան տնօրինած պատիժը ունի դաստիարակչական բնոյթ եւ երբեք չունի հալածանքի ու ատելութեան բաղադրիչներ: Այս իսկ պատճառով տիպար դաշնակցականին համար պատիժի տնօրինումը ինքնասրբագրութեան կոչ մըն է: Այս գիտակցութեամբ մօտենալով` դաշնակցականը իր նկատմամբ եղած պատժական տնօրինումը պէտք չէ ընկալէ իբրեւ հաշուեյարդար կամ հալածանք: Դաշնակցական պատիժի տրամաբանութիւնը կազմակերպական կեանքէն մեկուսացնելն է ինքնասրբագրման մասին մտածել տալու համար: Ուստի, մեկուսացուած ու կարգապահական տնօրինման ենթարկուած անհատը ինքնասրբագրումով կը վերագտնէ դաշնակցականի իր կարգավիճակը, դարձեալ կանոնագրով ճշդուած կարգով:

Կը պատմուի, որ Լիբանան ապրած տարիներուն ՀՅԴ Կանոնագրի մեծագոյն գիտակ Նիկոլ Աղբալեանի նկատմամբ մարմիններէն մին պատիժ տնօրինած է: Վաստակաւոր դաշնակցականին շուրջ կը հաւաքուին զայրացած երիտասարդ ընկերներ եւ կ՛ըսեն, թէ, ընկե՛ր Աղբալեան, բողոքեցէ՛ք, անարդար է այս պատիժը: Աղբալեան իրեն յատուկ ծանրութեամբ երիտասարդներուն կը պատասխանէ` ըսելով. «Արդար պատիժները ամէն մարդ կրնայ տանիլ, իսկական դաշնակցականը ա՛յն է, որ անարդար պատիժներն ալ կրնայ տանիլ»:

Այսուհանդերձ, Դաշնակցութիւնը բծախնդրութեամբ կը մօտենայ պատժական տնօրինումներու հարցին, եւ ճիշդ ատոր համար, ի տարբերութիւն այլ որոշումներու, պատժական որոշումները կրնան տրուիլ միայն երկու երրորդով:

Ընդունուած կարգ է նաեւ, որ պատիժի ենթարկուած ընկերոջ հետ բոլոր տեսակի կապերը, կազմակերպական կեանքի քննարկումները կը դադրին, ոչ թէ իբրեւ ատելութեան եւ քինախնդրութեան արտայայտութիւն, այլ` իբրեւ զրկանք դաշնակցական ընկերական միջավայրէն ու մթնոլորտէն, որ պիտի նպաստէ ենթակայի ինքնասրբագրման ու կազմակերպական կեանքի վերադարձին:

Այստեղ հարց կը ծագի, իսկ եթէ՞ ենթական ինքնասրբագրման ճիգ չընէ եւ շարունակէ իր կանոնազանց ընթացքը: Այս պարագային, ենթական ընդմիշտ զրկուած կ՛ըլլայ ընկերական միջավայրէն ու մթնոլորտէն: Հաւանաբար ան կրնայ մնալ դաշնակցականամիտ, Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու սկզբունքներուն կրողը, բայց անատակ` Դաշնակցութեան շարքերուն մաս կազմելու եւ անոր կազմակերպական կեանքին մասնակից դառնալու: Աղբալեանի օրինակով` պատժական տնօրինումի մը նոյնիսկ «անարդար» նկատելը իրական դաշնակցականի մը բարոյական իրաւունք չի տար սուր ճօճելու եւ ինքնասրբագրման ուղին մերժելու, եթէ զինք առաջնորդողը դաշնակցականութիւնն է: Իսկ եթէ ուղեցոյցը դաշնակցականութիւնը չէ, ապա ենթակային դաշնակցականամտութիւնը, գաղափարներն ու սկզբունքները կրելը չեն կրնար փրկել դաշնակցականի իր պատկանելիութիւնը եւ շատ յաճախ զինք կը մօտեցնեն հակադաշնակցականութեան: Իսկ այդ պարագային, դաշնակցական պատիժի ընկերական ու դաստիարակիչ հանգամանքները տեղ չունին:

 

 

Նախորդը

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին 175 Տարեկան Է

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամէն Ճամբայ Հռոմ Կը Տանի, Սակայն Ո՛չ… Արցախ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?