Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրական Հարցերէն Շեղելու Մաշած Գործընթացը

July 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական առօրեան, վերջին տասնօրեակի կլիմայական հեղձուցիչ պայմաններուն տակ, լիքն է այլազան նիւթերով: Նախ յայտարարուեցաւ, որ Էրտողան եւ Փաշինեան ունեցած են հեռախօսազրոյց մը, որուն ընթացքին Փաշինեան շնորհաւորած է Էրտողանը իսլամական Ատհայի տօնին առիթով, իսկ Էրտողան փոխադարձած է եւ շնորհաւորած Փաշինեանը… երկու շաբաթ վերջ զուգադիպող Վարդավառի տօնին առիթով: Էրտողանի քրիստոնէական տօներուն այսքան մանրամասն ծանօթ ըլլալուն տեղեակ չէինք. Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին մասին թերեւս Փաշինեանն ալ տեղեակ չէր: Էրտողան յիշեցուցած է ուրեմն իրեն անոր մօտակայ թուականին մասին: Ուրիշ ինչի՞ մասին խօսած են երկու ղեկավարները` իրենք գիտեն:

Յիսուսի Պայծառակերպութեան մասին յիշեցումը հաւանաբար պատճառ դարձած է, որ Նիկոլ Փաշինեան նախարարներու խորհուրդի նիստին համամտութիւն յայտնէ Յիսուսի արձանը Հատիս լերան գագաթին կանգնեցնելու Ծառուկեանի նախաձեռնութեան: Անտեսելով հայ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը եւ առանց նախնական ուսումնասիրութեան, Նիկոլ Փաշինեան անակնկալի մատնած է բոլորը, համաձայն իր սովորութեան միանձնեայ որոշելով կրօնական ու հասարակական հնչեղութեամբ հարցի մը ճակատագիրը:

Կը կարծէինք, որ Հայաստանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերէն շեղեցնելով, հանրային կարծիքին խօսակցութեան ու քննարկումի նիւթ հայթայթելու արդէն սովորական դարձած հնարքը այսքանով կը բաւարարուի, սակայն չարաչար սխալած էինք: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Թիֆլիսի մէջ առաջին առանց միջնորդի հանդիպման նախօրեակին, Հայաստան այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան (Սի. Այ. Էյ.) տնօրէն Ուիլեամ Պըրնզը. միայն քանի մը ժամ, անհրաժեշտ ցուցմունքները անձամբ փոխանցելու համար: Ինչպէ՞ս շեղել ուշադրութիւնը այս կարեւոր եղելութիւններէն. Փարիզէն ժամանած Մուրատ Փափազեանի արտաքսումը Երեւանի Զուարթնոց օդակայանէն բնականաբար դարձաւ յաջորդող օրերու քննարկումի գլխաւոր նիւթը:

Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու արտադրիչ Արմէն Գրիգորեանի եղերական մահը դատարանին մէջ: Արմէն Գրիգորեան ձերբակալուած էր իր ընդդիմադիր գործունէութեան բերումով:

Վերջապէս անդրադառնանք նաեւ ընդդիմադիր 33 պատգամաւորներու (երեսփոխաններու) իրենց պատգամաւորական հանգամանքէն (Մանտայէն) զրկելու սպառնալիքը: Ազգային ժողովի խորհուրդը պէտք է գումարուէր այս առաջարկի նախագիծը, որ հրապարակուած էր, հաստատելու եւ զայն յղելու համար Սահմանադրական դատարանին, որ իրաւասու է նման որոշում կայացնելու համար: Վախնալով ժխտական արձագանգներէ, յատկապէս արտաքին, վերջին պահուն խորհրդարանի ղեկավարութիւնը յետաձգեց հարցին քննութիւնը, որմէ ետք Ազգային ժողովը մտաւ արձակուրդի մէջ:

Վերադառնանք Մուրատ Փափազեանի անցանկալի անձնաւորութիւն (փերսոնա նոն կրաթա) հռչակելու որոշման: Ոչ յայտնի է որոշման պատճառը, ո՛չ ալ` որոշողը: Կամայական որոշումով մը, հայ մարդու մը կ՛արգիլուի մուտք գործել իր հայրենիքը: Ենթակային ներկայացուցչական հանգամանքէն առաջ, արտասահմանի մէջ ապրող ոեւէ մարդ սոսկ օտարերկրացի համարելու այս կրկնուող երեւոյթը աղէտ է ազգային տեսակէտէ: Եթէ չընդունինք, որ իր ստուար մեծամասնութեամբ տարաբախտօրէն հայրենիքէն դուրս ապրող հայութեան համար Հայաստանը հայրենիք է, կը նշանակէ, որ չենք ընդունիր աշխարհացրիւ հայ ազգի մը գոյութիւնը: Ազգը տարտղնելու, անոր մարմնին մէջ որոմ ցանելու այս խոտելի մօտեցումը մերժելի է ըստ ամենայնի: Ժամանակն է, եւ արդէն ուշ է, սրբագրելու երկպառակութիւն ստեղծող ազգակործան գործելակերպը: Անյապա՛ղ:

 

 

 

Նախորդը

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Սպառե՞լ Հայաստանի Իւրայատկութիւնը

Յաջորդը

Թող Սրբալոյս Միւռոնը Համախմբէ Մեր Զաւակները` Մէկ Ազգի Ու Մէկ Հայրենիքի Շուրջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.