Գաղութէ Գաղութ

ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» Կոմիտէն 101,000 Տոլար Հանգանակեց Արցախի Ի Նպաստ

ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» Կոմիտէն 101,000 Տոլար Հանգանակեց Արցախի Ի Նպաստ

Շաբաթ, 7 մայիսին, ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէին կազմակերպած յատուկ հանգանակային ձեռնարկին ընթացքին տիրող խանդավառ մթնոլորտին մէջ գոյացաւ 101,000 տոլար: «Դրօ» կոմիտէն իր տարեկան հանգանակային այս ձեռնարկը նուիրած էր Արցախին. հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի ապրիլի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի աւերուած շրջաններու վերականգնումին եւ նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան նպատակին` «Արցախի հետ» կարգախօսով ձեռնարկուած հանգանակային ընդհանուր արշաւի ծիրին մէջ», յայտնեց ՀՅԴ «Դրօ»...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ Լօուըլ Ապրիլ 23-ին, Լօուըլի քաղաքապետարանի շէնքի մուտքին աւելի քան հարիւր հայորդիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` հովանաւորութեամբ Մերիմեք Վելիի Հայ դատի գրասենեակին եւ շրջանի Հայոց ցեղասպանութեան ձեռնարկներու կազմակերպիչ կոմիտէին: Քաղաքապետ Էտ Քեննետի խօսք առնելով` յայտնեց, թէ Մերիմեք Վելիի հայերը տիպար եւ օրինակելի են, աւելցնելով, որ անոնք պահեցին իրենց արմատները եւ շարունակ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշումներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշումներ

Պոսթըն Կիրակի, ապրիլ 24-ին Պոսթընի հայութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը: Առաջին հերթին, աւելի քան երեք հարիւր հայորդիներ ժամանած էին քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մօտ` խաղաղ ցոյց մը կատարելու: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւեց այս ցոյցը, որուն ընթացքին զանազան պաստառներ` «Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը», «Արեւելեան Թուրքիան... Արեւմտահայաստանն է», «Հատուցում կը պահանջենք»: Ցոյցը կազմակերպուած...

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Արարողութիւններ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Արարողութիւններ

Քեսապ Ապրիլ 24-ին Քեսապի ժողովուրդը համախմբուեցաւ Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ` ոգեկոչելու ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը: Քեսապահայութեան եւ հոգեւոր հայրերու կողքին ներկայ էին պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման յայտագիրը կ՛ընդգրկէր երգչախումբ, ասմունք, նուագ եւ դասախօսութիւն: Օրուան բանախօսն էր պատուելի Ժիրայր Ղազարեան: Արարողութենէն ետք քեսապցիք միասնաբար ուղղուեցան դէպի Քեսապի գերեզմանատուն, ուր զետեղուած է ապրիլեան յուշակոթողը: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Քսանթիի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Նշում Կազմակերպութեամբ Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, նախագահութեամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, 26 եւ 27 մարտին տեղի ունեցան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին նուիրուած երկօրեայ հանդիսութիւնները: 26 մարտին տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Քսանթիի Թաղային խորհուրդի անդամ Արթին Քիւրքճեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան` սրբազան հայրը,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հայ Նահատակ Գրողներու Նուիրուած Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Յունաստանի Համազգայինի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղին, 2 ապրիլին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան¬Սարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 1915-ի ապրիլեան հայ նահատակ գրողներու նուիրուած երեկոյ «Կարմիր կիրակի» խորհրդանշական ընդհանուր խորագիրին տակ: Վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Ասատուր Եզեկիէլեան, որ բացատրեց օրուան ձեռնարկին նպատակը: Օրուան գեղարուեստական յայտագրին ընդմէջէն, մեղմ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, Սիմոն Ասիպեան եւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Կարէն Պետրոսեանի Արուեստի Գործերու Ցուցահանդէսը Ապրիլ 2-ին Մոնրէալի «Կալըրի Էրիք Տեւլին» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քանատահայ կերպարուեստի վարպետ Կարէն Պետրոսեանի «Քար եւ մեղր» նկարչական գործերու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը: Ներկայացուած էին քարակերտ, փայտաշէն կամ մեղուի բնական մոմաշէն փեթակներ, որոնց վերջնական ձեւաւորման մէջ մեղուները իրենց բաժինը բերած էին: Կարէն Պետրոսեանի արուեստի այս նորագոյն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական Ատրպատականի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողովի 6-րդ Նիստը 11 մարտին Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի վեցերորդ նիստը` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: Սրբազան հօր աղօթքէն ետք Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ դոկտ. Արա Մելիքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` վերյիշեցնելով անոնց, թէ ժողովուրդը ի՛նչ կը սպասէ իր պատգամաւորներէն: Առաջնորդ սրբազանը իր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հանդիպում Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի Միջեւ Յունաստան պաշտօնական այցելութեան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան նախագահի այցելութեան եւ հելլէն քաղաքական աւագանիին հետ հանդիպումներու հարցերը, հայ եւ յոյն գործակցութեան ոլորտները, Հայ դատի առնչութեամբ կատարուած աշխատանքները Յունաստանի մէջ ու նաեւ յունահայ գաղութը յուզող հարցեր:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Երեւան» Տպարանի 30-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» քոլեճին, վերջերս Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ «Երեւան» տպարանի 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան երախտագիտական զգացումներով ողջունեց «Երեւան» հրատարակչատան հիմնադրութեան 30-ամեակը, ինչպէս նաեւ` անոր ծնունդ տուող հիմնադիր Սարգիս Թոփալեանի անգնահատելի ծառայութիւնը: Մամուլի երկարամեայ աշխատակից Սարգիս Մաճառեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ 700 Հազար Տոլար Հաւաքուած Է Ի Նպաստ ՀԲԸՄ-Ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Դպրոցին Փետրուար 27-ին Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 40-ամեակի տօնակատարութիւնը: Ելոյթներ ունեցաւ վարժարանի ծնողա-ուսուցչական մարմինին անունով Ալին Փաթաթեան, վարժարանի շրջանաւարտ եւ ներկայիս անոր հոգաբարձութեան անդամ ու կրթական մարմինի ատենապետ տոքթ. Կապի Արսլանեան եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան: Այնուհետեւ թեմի առաջնորդ Յովնան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախումբի Փառաշուք Համերգ Կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ տագնապահար հալէպահայութիւնը եզակի ոգեւորութիւն ապրեցաւ` ըմբոշխնելով Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին բարձրորակ երգահանդէսը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի: Երգահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը: Հայերէն բացման խօսքով Մարիա...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ «Սուրիոյ Տագնապը Եւ Հայութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 21 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը` «Սուրիոյ տագնապը եւ հայութիւնը» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր հասարակական գործիչ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան: Բացման խօսքով Մարիա Սարգիսեան յայտնեց, թէ նման...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ   Յունաստան Երկրաբանութեան Դասախօս Փրոֆ. Համբիկ Մարուքեան Կը Ստանայ Աթէնքի Ակադեմիայի Մրցանակը Վերջերս Յունաստանի Ազգային ակադեմիայի   հանդիսաւոր նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ 2015-ի պարգեւներու յանձնման արարողութիւնը: «Քոնսթանտինոս Քթենաս» պարգեւը յանձնուեցաւ Յունաստանի Երկրաբանական միութեան հիմնադիր անդամ, գիտահետազօտական բազմաբեղուն աշխատանք տարած, երկրաբանութեան դասախօս, Աթէնքի համալսարանի փրոֆ. Համբիկ Մարուքեանին` «Յունաստանի տարածական բաշխումը սառցադաշտային երեւոյթներու շուրջ» աշխատանքին համար: Սոյն ուսումնասիրութիւնը կը քննէ...

Դաշնակցութեան 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քեմպրիճի Մէջ

Դաշնակցութեան 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քեմպրիճի Մէջ

Ցոլեր Մկրտիչեան Մանօ Անսուրեան Կիրակի, 24 յունուարին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան 125-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն, որուն բացումը կատարուեցաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգով, ապա ՀՄԸՄ-ի Քեմպրիճի սկաուտները դրօշակներով մտան սրահ, իսկ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի անդամները ՀՅԴ-ի հիմնադիրներուն նկարները եւ զինանշանը զետեղեցին բեմին վրայ: ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Անսուրեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Դաշնակցութեան պատմութիւնը այդ շրջանին մէջ, ուր անիկա...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Քեսապի Մէջ Հանդիսաւոր Շուքով Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Տօնը Երկար տարիներէ ի վեր Քեսապի 3 յարանուանութիւնները միասին կը տօնեն Վարդանանքը: Այս տարի եւս, հակառակ երկրէն ներս տիրող պատերազմական վիճակին, 4 փետրուարին  Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ Սրբոց Վարդանանց նահատակներու յիշատակը: Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը մեկնաբանեց Վարդանանց նուիրուած...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Յոբելենական Հանդիսութիւն` Նուիրուած Կոմիտասի Մահուան 80-Ամեակին Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինին, նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին, 17 յունուարին, Հալէպի «Աղաճանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ հայ ժողովրդային երաժշտութիւնը կործանումէ փրկած Կոմիտաս վարդապետի մահուան ութսունամեակը: Օրուան բեմավարներ Սիւզի եւ Մեղեդի Տատաղլեաններ ներկայացուցին Կոմիտաս վարդապետին կենսագրականը,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Գործունէութենէն` «Ամանորի Ծրագիր»-ը Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ 11 յունուար 2016-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութիւնը մեծ թիւով հայ ընտանիքներու, կարգ մը ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու յանձնեց «Ամանորի ծրագիր» վերնատառով Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յատկացուած գումարները: Այսպէս, վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին, երրորդ անգամն...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը Կը Գնահատէ Հայերէնաւանդ Ուսուցիչները Յունուար 2-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Ազգային Զաւարեան-Սահակեան, Ազգային Հայկազեան-Կիւլպէնկեան վարժարաններու եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, տնօրէնութեանց, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Հայագիտական հիմնարկի դասախօսներուն հետ, եւ անոնք գործադրեցին Ազգային...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ազգայիններու Հոյլ Մը Պարգեւատրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշանով Կիրակի, 10 յունուար 2016-ի առաւօտեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ   Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի «Ծառայութեան տարուան» նուիրուած սրբատառ կոնդակը: Յետ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. վարչութեան նախաձեռնութեամբ, սուրիահայ 13 ազգայիններ...

Page 43 of 47 1 … 42 43 44 … 47

Արխիւներ