Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 11, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Կիպրոս

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90-Ամեակ

melkonian_72116

14-21 յուլիսին կարգ մը ձեռնարկներով նշուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 90-ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուած էր խրախճանք մը` վարժարանի շրջափակէն ներս:

Օրուան հանդիսավար մելգոնեանցի Արսինէ Շիրվանեան իր սրտի խօսքին մէջ  յոյս  յայտնեց, որ 90-ամեակի այս տօնակատարութիւնը առիթ կ՛ըլլայ ՄԿՀ-ի առաքելութեան վերանորոգ սկիզբի մը: Օրուան  պատգամախօս, վաստակաշատ  ուսուցիչ, տնօրէն եւ գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեան կոչ ուղղեց, որ հաստատութիւնը բանայ իր դռները, որպէսզի նոր սերունդը եւս   յառաջիկայ տարիներուն անցնի այս շէնքերուն ու անմահ բարերարներուն տեսիլքով ստեղծուած հայաբոյր ու հայատրոփ լուսոյ տաճարէն:

Դարձեալ հաստատութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ՄԿՀ ուսուցիչներուն նուիրուած խրախճանք մը: Այս առթիւ օրուան հանդիսավարը  փոխանցեց Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի օրհնութեան եւ ողջոյնի գիրը: Հանդիսութեան ընթացքին շուրջ 20 հայ եւ յոյն ուսուցիչներ արժանացան բարձր գնահատանքի, որմէ ետք ելոյթ ունեցան մելգոնեանցիներ, որոնք  իրենց յուշերուն ընդմէջէն շեշտեցին հաստատութեան դերը եւ անոր  վերաբացման  անհրաժեշտութիւնը:

Յաջորդ օրերուն շարունակուեցան ընկերային հաւաքոյթներն ու պտոյտները դէպի կղզիին գեղատեսիլ լեռներն ու ծովեզերեայ սքանչելի զբօսավայրերը:

 

Յունաստան

Քարէայի Խորանին Անուանակոչում-Օծումը

 

ODZOUM_81116

Վերջերս Յունաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Քարէայի խորանին անուանակոչում-օծումը:  Թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան պատարագի ընթացքին սուրբ թարգմանիչներ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւ հայրապետի անուններով օծեց Ս. խորանն ու սրբանկարը:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց  Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Վահրիճ աբղ. Ղարախանեանը` օրեր առաջ վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները ստանալուն համար, ինչպէս նաեւ Նէոս Քոզմոս-Ֆիքսի եւ շրջանի հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեանը` քահանայական ձեռնադրութեան 15-ամեակին առթիւ:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը անդրադարձաւ քրիստոնէական հաւատքի եւ հայոց լեզուի միջեւ անքակտելի կապին` նշելով Քարէայի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններուն իմաստը եւ կարեւորութիւնը շրջանի հայութեան համար:

Պատարագէն ետք ակումբի բացօթեայ բակին մէջ տեղի ունեցաւ  ճաշկերոյթ:

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Կոստան Եզեկիէլեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ զոյգ օծումներու նշանակութեան վրայ, որ փայլուն էջ մը աւելցուց գաղութի պատմութան մէջ: Անդրադարձաւ Քարէայի շրջանի հայութեան տարեց սերունդին, որ ապահովեց կալուածը եւ կառուցեց սրահը 50 տարիներ առաջ` դիմագրաւելով եւ յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ:

Նարեկ Քհնյ. Շահինեան խօսք առնելով նշեց, որ Ս. Խորանի անուան ընտրութիւնը կատարուեցաւ թեմի երկարամեայ առաջնորդ` երջանկայիշատակ Սահակ արք. Այվազեանի յիշատակին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին սոյն նախաձեռնութեան համար:

 

Պուլկարիա

Պուլկարահայ Նկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

Bedig-Bedrossian_81116

Նախաձեռնութեամբ «Արարատ» հայկական կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Գրիգորեանի, վերջերս Սոֆիայի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կառամատոյց» նախագիծին բացումը, որ մաս կը կազմէ «Երկիր` գետին եւ ծովուն միջեւ» շրջիկ ցուցահանդէսին եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու անուանի գեղանկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի մեծ արուեստը:

Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյկօ Պորիսով յատուկ շնորհակալական նամակ յղեց Գ. Գրիգորեանին, որուն մէջ վարչապետը բարձր գնահատած է  Պետիկ Պետրոսեանի աշխատանքները տարածելու գործին մէջ Գրիգորեանի ունեցած ներդրումը, աւելցնելով, որ Պետիկ Պետրոսեանի ստեղծագործութիւնները Պուլկարիոյ ժամանակակից արուեստի եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւորագոյն մասը կը կազմեն:

Պետիկ Պետրոսեանի ընկերներէն Ճորճ Չապքանով Վառնայի «Արարատ» միութեան ներկայացուց իր նուէրը յուշարձանի տեղադրման նոր նախագիծ` նուիրուած «վրձինի վարպետին», աւելցնելով, որ Սոֆիայի քաղաքապետարանը կ՛աջակցի յուշարձանի կառուցման:

Աւարտին, շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Գրիգորեան:

Պետիկ Պետրոսեանին նուիրուած ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 14 օգոստոս:

 

Ռումանիա

Հայկական Մշակութային Ձեռնարկներ Թուլչա Քաղաքին Մէջ

ROUMANIA_73016

30 յուլիսին Ռումանիոյ Թուլչա քաղաքին մէջ Ազգային շարժանկարներու փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցան հայկական մշակութային ձեռնարկներ:

Ձեռնարկներուն ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թուլչայի նահանգային խորհուրդի խորհրդական, Ռումանիոյ Հայոց միութեան Թուլչայի մասնաճիւղի նախագահ Էդուարդ Լուչիան Սիմիոն: Ընթացքին Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանորդ Աշոտ Գրիգորեան հանդիպումներ ունեցաւ Թուլչայի նահանգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ազգային շարժապատկերներու փառատօնին ընթացքին ցուցադրուեցաւ քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնը, իսկ համերգային ծրագիրին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Կերլա (նախկին Արմէնուպոլիս) քաղաքի «Հայաքաղաք» պարախումբը: Նոյն օրը Թուլչայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Կոնստանցայի հոգեւոր հովիւ Օշական քհնյ. Խաչատրեան մատուցեց սուրբ պատարագ:

 

Ֆրանսա

Առնուվիլի Մէջ Նշուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան Տարեդարձը

PARIS_81116

Վերջերս Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքին մէջ նշուեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը: Նախատեսուած էին գեղարուեստական եւ մշակութային հարուստ յայտագիրներ` որոշ համայնքներու համար, ինչ որ պարագան էր նաեւ Առնուվիլի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:

Արարողութեան պատգամով հանդէս եկաւ վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան, որ հաստատեց, թէ հայերը կապուած են իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան, սակայն կ՛ընդունին նաեւ միւս մշակոյթները, ոչ թէ անոնց մէջ ձուլուելու համար, այլ` մեր լեզուն, մեր մշակոյթն ու մեր երեք հազարամեայ պատմութիւնը անոնց ծանօթացնելու համար: Վեր. Լեւոնեան յայտնեց, որ 2000 թուականէն սկսեալ իրենք որոշած են, չսահմանափակուիլ միայն հայկական շրջանակին մէջ, այլ` բացուիլ միւս մշակոյթներուն, միւս ժողովուրդներուն:

Մարսէյի Մէջ Ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Վաւերագիրներ

Marseilles_72116

21 յուլիսին Մարսէյի Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Կազմակերպութեան հիմնադիր Կարպիս Արթինի դուստր` Աստրիդ Արթին Լուսիկեան մանրամասնօրէն ներկայացուց կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, արխիւին մէջ պահուող Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Մարսէյ ապաստանած հայերուն կողմէ ստեղծուած հայկական առաջին կազմակերպութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ արժէքաւոր փաստաթուղթեր, ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած օգնութեան տարաբնոյթ փաստաթուղթեր, Ցեղասպանութենէն փրկուածներու լուսանկարներ, մեծ թիւով անձնագիրներու, ծննդեան, ամուսնութեան, գաղթականի, Ֆրանսայի հարաւի հայկական պատրիարքարանին կողմէ տրուած մկրտութեան վկայականներու բնօրինակներ, ինչպէս նաեւ` Համաշխարհային Բ. պատերազմին ֆրանսահայերուն մասնակցութեան եւ մինչեւ մեր ժամանակները ընդգրկող բազմաթիւ արժէքաւոր այլ փաստաթուղթեր:

Իր խօսքին մէջ Ֆրանսայի քաղաքաշինութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Փաթրիք Քաներ կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը ու բարձր գնահատեց կազմակերպութեան գոյութեան նշանակութիւնը եւ կատարած աշխատանքը` անգամ մը եւս նշելով Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ վերջերս ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրէնքը, վստահեցնելով, որ անիկա հոկտեմբերին պիտի հաստատուի նաեւ ծերակոյտին կողմէ:

Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ նահանգապետին` Մարսէյի Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման  կազմակերպութեան ցուցաբերած հետաքրքրութեան, աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար:

 

Սթրազպուրկ

Սթրազպուրկի «Հայորդի» Երիտասարդաց Միութեան Աջակցութիւնը Հայաստանին Եւ Արցախին

0000HAYORTI

Սթրազպուրկի մէջ գործող «Հայորդի» երիտասարդաց միութեան նախաձեռնութեամբ արդէն 2-րդ տարին է, որ կ՛իրականացուի «Օգնենք սահմանամերձ գիւղերուն» բարեգործական ծրագիրը: Նպատակը սահմանամերձ գիւղերուն մէջ բնակող անապահով ընտանիքներու երեխաներուն հագուստով եւ գրենական պիտոյքներով ապահովելն է:

«Հայորդի» երիտասարդական միութեան անդամները յուլիս 30-էն օգոստոս 3 այցելեցին Արցախ եւ Հայաստանի Տաւուշի մարզ` միութեան օգնութիւնը հասցնելով անապահով ընտանիքներու:

Արցախի մէջ երիտասարդները եղան Մարտակերտի շրջանի Նոր Սէյսուլան եւ Նոր Հայկաջուր գիւղերուն մէջ, իսկ Տաւուշի մարզին մէջ օգնեցին Մովսէս, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Այգեպար գիւղերու անապահով ընտանիքներուն: Երիտասարդներուն կողմէ օգնութիւն ստացան շուրջ 140 ընտանիքներ:

Միութիւնը ծրագրած է այցելել Հայաստանի սահմանամերձ գօտիի զօրամասեր եւ զինուորներուն տրամադրել առողջապահական եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան Ազգ. Առաջնորդարան Կ՛այցելէ

0000Chiftjian1

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան երեքշաբթի, 2 օգոստոսին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, որ անձնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի:

Հանդիպումը առիթ եղաւ երկու թեմերու եկեղեցական աշխատանքներու փոխադարձ ծանօթացման:

Հիւր սրբազան հայրը այս առիթով շնորհաւորեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդը` Ազգ. երեսփոխանական ժողովին կողմէ իր վերընտրութեան առիթով, նաեւ` որոշ տեղեկութիւններ հաղորդեց Ատրպատականի թեմի եկեղեցական կեանքին ու մասնաւորաբար Ս. Թադէի վանքի ուխտագնացութեան մասին:

Առաջնորդ սրբազանին հրաւէրով եւ տնօրինութեամբ, Գրիգոր սրբազան Կիրակի, 14 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Սարոյեանի «Մարդկային Կատակերգութիւն» Վէպի Հիման Վրայ Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

SAROYAN_81116

Ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութիւն» վէպի հիման վրայ նկարահանուած «Իթաքա» շարժապատկերին առաջին ծանուցումը արդէն իսկ պատրաստուած է եւ զայն կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=mDxzXszAfJE կայքէջին վրայ:

Ժապաւէնը պիտի սկսի ցուցադրուելու 9 սեպտեմբերին :

Ժապաւէնի բեմադրիչն է յայտնի դերասան Մեկ Ռայըն, իսկ անոր արտադրողներէն մէկն է Թոմ Հենքս, որ ժապաւէնին մէջ նաեւ դեր մը ստանձնած է` Ռայընի կողքին: Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են Սեմ Շեփըրտ, Հեմիշ Լիքլեթըր, Ալեքս Նէօթետըր եւ Ճեք Քուէյտ, որ Մեկ Ռայընի զաւակն է:

«Իթաքա»-ն բեմադրութեան առաջին փորձն է 54-ամեայ Մեկ Ռայընի համար:

Սարոյեանի վէպը հրատարակուած է 1943-ին: Վէպին գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան Քալիֆորնիոյ մէկ քաղաքին մէջ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն: Ժապաւէնի երեւակայական քաղաքի` Իթաքայի գաղափարը հիմնուած է Սարոյեանի ծննդավայր Ֆրեզնոյի վրայ:

Նշենք, որ 1943-ին, շարժապատկերի «Էմ. Ճի. Էմ.» ընկերութիւնը Սարոյեանէն գնած էր սոյն վէպը պաստառ բարձրացնելու իրաւունքը եւ նկարահանած էր համանուն ժապաւէն մը, որուն մէջ գլխաւոր դերեր ստանձնած էին Միքի Ռունի եւ Ֆրենք Մորկըն: Ժապաւէնը թեկնածու դարձած էր հինգ «Օսքար»-ներու, իսկ Սարոյեան արժանացած էր «Օսքար»-ի, լաւագոյն պատմութեան անուանակարգին մէջ:

 

Լոնտոն

Հանդիպում Սէյրանուհի Գեղամեանին Հետ

seyranouhi_81116

Վերջերս Քենսինքթընի Հայ տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-երեկոյ` գրող, հրապարակախօս, լրագրող, արուեստաբան, Լրագրողներու եւ Գրողներու միութիւններու անդամ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Սէյրանուհի Գեղամեանի հետ:

Օրուան բանախօս, անգլիաբնակ լրագրող Սեդա Անանեան ներկայացուց Ս. Գեղամեանի ստեղծագործական եւ աշխատանքային ուղին, անոր հրատարակած աւելի քան 15 գիրքերը, թերթերու եւ ամսագիրներու մէջ անոր գրած բազմաթիւ յօդուածները, հանդիպումներն ու հարցազրոյցները մեծանուն մտաւորականներու, արուեստի ու մշակոյթի գործիչներու հետ եւ այլն:

Լոնտոնաբնակ գրող-հրապարակախօս Մանուէլ Ադամեան անդրադարձաւ Գեղամեանի` սփիւռքի եւ սփիւռքահայութեան հետ աշխատանքներուն եւ աշխատութիւններուն մասին, կարեւոր նկատելով անոր` սփիւռքի կոմիտէի մէջ կատարած աշխատանքը խորհրդային ժամանակներէն, անոր սերտ կապը սփիւռքի մտաւորականութեան հետ, շեշտելով անոր ունեցած կարեւոր դերը մինչեւ այսօր Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ:

Գեղամեանի մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններուն մասին խօսեցաւ Լոնտոնի Թահտայեան կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի Ռուզաննա Թաթուլեան:  Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ  ելոյթ ունեցան նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ձայնալարերը, Անոնց Դերը Եւ Հիւանդութիւնները Vocal Cords, Their Functions And Diseases

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան «ԱՅԳ» Երգչախումբը` Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?