Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նոր Ջուղա Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ի Յիշատակ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» Միութեան Ննջեցեալ Միութենականներուն Հովանաւորութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան հիմնադրման 60-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս 20 նոյեմբերին Նոր Ջուղայի հայոց  Ազգային  գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ միութեան ննջեցեալ հիմնադիրներուն եւ միութենականներուն, որոնք նշանակալի դեր ունեցած են...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Քեսապ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ նախագահն է Սուրիոյ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինին, վերջերս կարճ այցելութիւն մը տուաւ Քեսապ: Ան ժամանեց Լաթաքիայէն, ուր նախագահեց կիրակի օր տեղի ունեցած մատաղի օրհնութեան արարողութեան եւ մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ: Յայտնենք, որ սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ գիւղի պատասխանատուներուն հետ` քննարկելով ընդհանուր իրավիճակն ու գիւղացիներուն...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Թեհրան «Հայ Դատն Այսօր» 12-րդ Խորհրդաժողովը Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին, 19 նոյեմբերին Հ. Մ. «Արարատ» կեդրոնի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ սկսաւ «Հայ դատն այսօր» 12-րդ խորհրդաժողովը, որուն  նպատակն է քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ վերլուծել եւ լուսարձակի տակ առնել Հայ դատի նոր հանգրուանի հնարաւորութիւնները եւ նոր հեռանկարները: Երկօրեայ նստաշրջանին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն ժամանած քաղաքագէտներ եւ...

Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Բացում Լաս Վեկասի Մէջ

Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Բացում Լաս Վեկասի Մէջ

Լաս Վեկասի տարեգրութեան մէջ 14 նոյեմբերը եղաւ պատմական օր մը, երբ քաղաքի «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանի պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ բազմաթիւ հայորդիներու, հոգեւորականներու, պետական, քաղաքական եւ միութենական ներկայացուցիչներու: Յուշարձանին ծրագիրը իրականացաւ շնորհիւ Լաս Վեկասի Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան, որուն մասնակից էին շրջանի բոլոր հայկական եկեղեցիները եւ կազմակերպութիւնները: Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ դրօշակի արարողութեամբ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նոր Ջուղա Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում Հոկտեմբեր 31-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնամուտի արարողութիւն` նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի: Յաւարտ երեկոյեան ժամերգութեան, առաջնորդը կատարեց Համլեթ սրկ. Մինասեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը: Յաջորդ օրը` կիրակի, 1 նոյեմբերին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագիչ սրբազան հայրը կատարեց քահանայական ձեռնադրութեան խորհուրդը` նորընծային վերանուանելով Սահակ քահանայ:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պոլիս «Փարոս» Ամսագիրի Չորրորդ Տարեդարձը Նշուեցաւ Սարգիս Մուրատեանի Նկարչական Ցուցահանդէսով «Փարոս» ամսաթերթի հիմնադրութեան 4-րդ տարեդարձին առիթով, 7 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ Յունաստանի աւագ հիւպատոսարանի «Սիսմանոկլիօ Մեկարօ» շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանցի նշանաւոր նկարիչ Սարգիս Մուրատեանի գործերուն ցուցահանդէսը: 1927-ին ծնած եւ 2007-ին մահացած նկարիչը անմահացած է Կոմիտաս վարդապետին նկարով, որ կը գտնուի Ազգային թանգարանին մէջ, եւ որուն մէջ պատկերուած...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Սուրիա Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան Քեսապ Կ՛այցելէ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան վերադարձաւ Սուրիա` Միացեալ Նահանգներ կատարած իր երկու շաբթուան այցելութենէն: Վերապատուելին յատուկ այցելութիւն տուաւ նաեւ Քեսապ աւան` հանդիպելու Քեսապի Հայ աւետ. Նահատակաց վարժարանի ուսուցչական կազմին ու տնօրէնութեանց եւ Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ժողովներուն հետ: Ան կը պատրաստուի վերադառնալ Հալէպ` միանալու իր եկեղեցւոյ ու ընտանիքին եւ շարունակելու իր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Դա­մաս­կոս Սուր­իոյ Ազ­գա­յին Սիմ­ֆո­նիք Նուա­գա­խում­բի Կո­մի­տաս­եան Երե­կոն Մա­յեսթ­րօ Մի­սաք Պաղ­պու­տար­եա­նի Ղե­կա­վա­րու­թեամբ   Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդարանի համագործակցութեամբ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Դամասկոսի մարմինին կազմակերպութեամբ` հինգշաբթի, 29 hոկտեմբեր 2015-ին Օփերայի սրահին մէջ «Կոմիտաս նահատակ հանճարը» խորագիրին տակ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի նուիրուած երաժշտական համերգ: Համերգը ներկայացուց Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը եւ երաժշտանոցի սենեկային երգչախումբը,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Հայ Դատի Խորհրդաժողովն Ու Տարեկան Ձեռնարկը Ի Մի Բերաւ 2000 Հոգի Նախորդ շաբաթավերջին մօտաւորապէս 2000 հայորդիներ իրնեց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած Հայ դատի խորհրդաժողովին եւ տարեկան ձեռնարկին, որոնք տեղի ունեցան «Սենչըրի փլազա» պանդոկին մէջ: Ուրբաթ երեկոյեան սկսած Հայ դատի երկօրեայ խորհրդաժողովը առիթ հանդիսացաւ օրէնքի մասնագէտներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ գործիչներու,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քուէյթ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Պաշտօնական Բացում Հոկտեմբեր 4-ին Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջափակէն ներս, տօնական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 տարեշրջանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Հայաստանի քայլերգի երգեցողութենէն ետք խօսք առաւ վարժարանի ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեան, որ ընդգծեց Քուէյթի Ազգային վարժարանին դերը` արաբական անապատներուն մէջ հայ պատանիներուն ազգային կրթութիւն ջամբելու գործին մէջ: Այնուհետեւ  վարժարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ պատշաճ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իտալիա Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս Իտալիոյ Սարտինիա տարածքի Մանտաս քաղաքին մէջ Ճանապարհորդական գրականութեան միջազգային 9-րդ փառատօնի ծիրին մէջ երկու տարբեր ձեռնարկներով նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 25 սեպտեմբերին` իտալական-արաբական «Սատաքա» կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած լուսանկարներու ցուցահանդէսով, որ կը կրէ «Լռութեան 100 տարին. Հայոց ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները» խորագիրը: Լուսանկարներու հեղինակն է Ռոմոլօ Եուքալիթօ, որ Հայոց...

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրաք Խաչքարերու Օրհնութիւն Նախաձեռնութեամբ Իրաքի առաջնորդարանի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Հայաստանէն Իրաք տարուած էին քանի մը խաչքարեր` զետեղելու համար զանոնք տեղի հայաբնակ կարգ մը գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Պաղտատ, Պասրա, Քերքուք, Էրպիլ, Տհոք, Զախօ, Հաւրեզք եւ Աւզրուկ: Վերոյիշեալ ժամանակահատուածին մէջ առաջնորդ սրբազանը հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեամբ, հերթաբար օրհնեց իր այցելած շրջանի գիւղերու եւ քաղաքներու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական Առաջնորդը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Վկաներէն` Փաուըլ Լեւերքիւնի Զաւակին Այցելութիւնը 16 սեպտեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Փաուըլ Լեւերքիւնի զաւակը` Եոհաննէս, որ ընտանեկան յիշատակներ որոնելու նպատակով Թաւրիզ կը գտնուէր եւ հանդիպում ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն առանցքը հանդիսացաւ Փաուըլ Լեւերքիւնի նպաստը Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան դէմ, յատկապէս` անոր այնքան արժէքաւոր «Posten...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ամառնային Ճամբար Դէպի Քեսապ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին ՍՕԽ-ի Ազգային պատսպարանէն 24 սաներ (մնայուն եւ այցելու) Քեսապ մեկնեցան` վերանորոգելու իրենց ուխտը Էսկիւրենի Ս. Աստուածածին մատուռին եւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ: Անոնք ներկայ գտնուեցան Քեսապի աւանդական Աստուածածնայ  տօնին նուիրուած արարողութիւններուն: Պատսպարանի սաներուն ճամբարը իրականութիւն դարձաւ` հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, աջակցութեամբ Դամասկոսէն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպահայ Պատանիներու Քերմես Կազմակերպութեամբ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան, մասնակցութեամբ ճեմարանաւարտներու, 20, 21, 22 եւ 23 օգոստոսին ՀՄԸՄ-ի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական քերմեսը: Այս տարի քերմեսին մաս կը կազմէին 33 տաղաւարներ, իսկ այցելուներուն թիւը հասաւ շուրջ 1700-ի: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստանձնած էր տաղաւար մը եւ այցելուները կը քաջալերէր խաղի եւ հաճելի ժամանցի: Խաղերը բաժնուած...

Հեռակայ Ծաղկեփունջ Մը Սարգիս Կիրակոսեանի Շիրիմին

Հեռակայ Ծաղկեփունջ Մը Սարգիս Կիրակոսեանի Շիրիմին

Ինչպէ՞ս կարելի է մարմնաւորել մեզմէ առաւէտ բաժնուած բանաստեղծ մտաւորականի մը մասին դուրեանական բաղձանք մը, վկայելու` թէ մեկնողը չէ մոռցուած ու մի՛շտ կենդանի է հարազատներու եւ բարեկամներու սիրտերուն մէջ: Նման մարմնաւորում մը տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 օգոստոսի կէսօրին, արեւմտեան կողմն աշխարհի` Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին Սարգիս Կիրակոսեանի ընտանեկան հարազատները, բարեկամները, գրչակիցներն ու գաղափարի ընկերները, բանաստեղծին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Գանձասար»-ի Աշխատակիցներու Խորհրդակցական Հանդիպում «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակիցները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան շաբաթ, 29 օգոստոս 2015-ին` «Սուրիահայութեան տագնապն ու «Գանձասար»-ին դերը» նիւթին շուրջ զրուցելու եւ կարծիքներ փոխանակելու համար: «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան անդրադարձաւ մամլոյ դերին` լրատուութեան ներկայ բաց համակարգին մէջ սուրիահայութեան տագնապի ու համայնքային կեանքի իսկական պատկերը ներկայացնելու յոյժ կարեւոր աշխատանքին մէջ, ապա նաեւ կարեւոր նկատեց ազատ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանի Արտակարգ Ներկայացուցչական Ժողով ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի Արտակարգ ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 14 օգոստոսին, Հալէպի մէջ: Ժողովը իր յարգանքն ու մեծարանքը արտայայտեց Սուրիոյ տագնապալի կացութեան ընթացքին զոհուած ՀՄԸՄ-ականներուն եւ համայն նահատակներու յիշատակին: Ժողովը առիթ եղաւ ծանօթանալու եւ քննարկելու Սուրիոյ զանազան մասնաճիւղերու գործունէութիւնները, նաեւ յառաջիկայ գործունէութեան շուրջ առաջադրանքներ բանաձեւեց: Յառաջիկայ սեպտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուելիք ՀՄԸՄ-ի...

Արա Ազատ Մասնակցեցաւ «Լեսլի» Համալսարանի Ցուցահանդէսին

Արա Ազատ Մասնակցեցաւ «Լեսլի» Համալսարանի Ցուցահանդէսին

Յուլիս 9-էն օգոստոս 9, Մեսեչուսեցի «Լեսլի» համալսարանի «Լենտըր» արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի աւելի քան յիսուն արուեստագէտներու գործերու հաւաքական ցուցահանդէսը: Անոնց կարգին էր արուեստագէտ Արա Ազատ: «Ին-Սայթ» («In/Sight») անունը կրող այս ցուցահանդէսին ներկայացուեցան գեղանկարներ, լուսանկարներ, «քոլաժ»-ներ, քանդակներ եւ այլ արդի միջոցներով պատրաստուած գործեր: Այնտեղ ցուցադրուեցան Արա Ազատի ծրարով հասցէագրուած գործերը, որոնց կարգին էին 24 ապրիլ, 2015-ին յղուած, Հայոց ցեղասպանութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՛ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի Գիտական Բաժնի Տնօրէնի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան 6 օգոստոսին Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան Թաւրիզի ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Գիտութեան բաժնի անգլիացի տնօրէն Ճոնըթըն Հաուըրտի այցելութիւնը: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին Ատրպատականի տարածքին գտնուող հայ ժողովուրդի ժառանգած հոգեւոր ու մշակութային հարստութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող դոկտ. Ճոնըթըն ծանօթացաւ տարածաշրջանին...

Page 44 of 47 1 … 43 44 45 … 47

Արխիւներ