Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

September 8, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Ֆրեզնոյի Համալսարանի Այցելու Դասախօս Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի Հանրային Դասախօսութիւնները

khatchig_90816

Հայոց ցեղասպանութեան մասնագիտութիւնը հաստատած «Քլարք» համալսարանէն դոկտորի առաջին վկայականը ստացած Խաչիկ Մուրատեան նշանակուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հայագիտական ուսմանց ծրագիրի «Հենրի Ք. Գազանճեան Գազան» այցելու դասախօս:

Առ այդ, կազմակերպուած են հանրային երեք դասախօսական ձեռնարկներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Ֆրեզնոյի համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ.  20 սեպտեմբերին` «Ցեղասպանութիւն եւ մարդասիրական օժանդակութիւն` օսմանեան Սուրիոյ մէջ (1915-1917)» նիւթով, 20 հոկտեմբերին` «Չինաստանի հայ համայնքները` 1880-ականներէն 1950-ականներ» նիւթով եւ 30 նոյեմբերին` «Այնթապի Սիֆորա եւ Նուրիձա Շնորհոքեաններու օրագիրները (1890-1930)» նիւթով:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան դասախօսած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին մէջ եւ եղած է այդ համալսարանէն ներս գործող Հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրի համակարգողը: Ան նաեւ դասաւանդած է Վուսթըրի նահանգային համալսարանին մէջ, մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային խորհրդաժողովներու եւ հեղինակած է մարդկային իրաւանց, լրատուամիջոցներու օգտագործման ու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներ եւ գիրքերու հատուածներ:

Մուրատեան 2007-2014 տարիներուն եղած է «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիրը եւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու, իսկ ներկայիս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ է:

Վերոնշեալ դասախօսական ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ֆրեզնոյի համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191): Համալսարանի հասցէն է` 550 East Shaw Ave., Fresno, CA 93710:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:

«Արմինիըն Արթս» Պատկերասրահի Բացումը` Լուսանկարիչ Արվին Քոչարեանի «Միստիկուս» Ցուցահանդէսով

armenian-arts_82416

24 օգոստոսին տեղի ունեցաւ «Արմինիըն արթս» պատկերասրահի բացում: Հիմնադիր Ստեփան Փարթամեան յայտնեց, որ իր նպատակն է սոյն ցուցասրահին միջոցով առիթ ընծայել հայ ստեղծագործողներուն` ներկայանալու հանրութեան եւ խթանելու հայկական մշակոյթի տարածումը:

«Արմինիըն արթս»-ի բացումը կատարուեցաւ հայաստանաբնակ լուսանկարիչ Արվին Քոչարեանի «Միստիկուս» թեմայով հաւաքածոյի ցուցադրութեամբ, որ կը ներառէ իր շուրջ եօթը տարուան աշխատանքները: Անոր հաւաքածոյին հիմնական հերոսները յայտնի դէմքեր են` դերասաններ, հաղորդավարներ, արուեստագէտներ, մոտելներ, որոնք ներկայացուած են սովորականէն տարբեր իրավիճակներով:

«Թեւանիկ» Ժապաւէնը Ներառուած Է Կլենտէյլի Միջազգային Փառատօնի Մրցութային Ծրագիրին Մէջ

tevanig_90816

28 սեպտեմբերէն 5 հոկտեմբեր տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի շարժապատկերի միջազգային փառատօնը, որուն իր մասնակցութիւնը  պիտի  բերէ  նաեւ  Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը, որ առաջադրուած է «Լաւագոյն արտասահմանեան ժապաւէն» անուանակարգին մէջ եւ պիտի ցուցադրուի 4 հոկտեմբերին:

«Թեւանիկ» ժապաւէնը արտադրուած է «Ֆիշ այ Ար» մշակութային հիմնադրամին կողմէ (2014)` Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնին եւ լիթուանական «Արթպոքս» շարժապատկերի ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ: Ժապաւէնի արտադրիչներն են Մասիս Բաղդասարեան, Գէորգ Գէորգեան եւ Կեստուտիս Դրազդաուսկաս: Ժապաւէնը մասնակցած է բազմաթիւ փառատօներու եւ արժանացած` բազմաթիւ մրցանակներու:

Վահէ Ասատուրեանի «Ծաղկամանին Գաղտնիքը» Թատրերգութեան Ներկայացում

tadron_90816 Վերջին չորս տարիներու ընթացքին, թատերական յաջող ծրագիրներ իրագործելէ ետք, 2015-ին Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը ստեղծեց Համազգայինի Թատերական միաւորը:

Թատերականին հետապնդած բազմաթիւ նպատակներու շարքին են աշխուժացնել թատերական արուեստը եւ անոր ընդմէջէն հայկական մշակոյթն ու յատկապէս լեզուն տարածել երիտասարդներու եւ երեխաներու մէջ:

Անցեալ տարուան ընթացքին կազմակերպուեցան երեք 8-շաբաթեայ թատերական աշխատադասեր` ղեկավարութեամբ արուեստագէտ Վանէ Ասատուրեանի:

28, 29, 30 սեպտեմբերին եւ 1 հոկտեմբերին Ասատուրեան «Պառնստոլ կալըրի թիաթր»-ին մէջ պիտի բեմադրէ «Ծաղկամանին գաղտնիքը» մանկապատանեկան թատերախաղը, որուն իրենց մասնակցութիւնը  պիտի բերեն աւելի քան 15 դերակատարներ:

 

Պոլիս

«Բռնագրաւուած Դրախտը» Գիրքի Ծանօթացում Եւ Վաւերագրական Տեսանիւթի Ներկայացում

mardig_90816Վերջերս Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբը կազմակերպեց «Բռնագրաւուած դրախտը» գիրքի ծանօթացման եւ վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութեան երեկոյ` միութեան «Գուրեան տանիք»-ը:

Միութեան մշակութային յանձնախումբին անունով տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան յայտնեց, թէ միութեան 40-ամեակին առընթեր յանձնախումբը պատրաստած է սոյն առաջին մշակութային ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ հեղինակ Մարտիկ Մատենճեանի առաջին հատորին` «Բռնագրաւուած դրախտը» գիրքին ծանօթացման եւ դէպի ծննդավայր Չեփնի ու մօտակայ շրջանները իր կատարած ճամբորդութեանց տեսահոլովակի ցուցադրութիւնը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հեղինակին կենսագրութիւնը, ապա բեմ հրաւիրեց զայն:

Մարտիկ Մատենճեան գոհունակութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին համար եւ յայտնեց, որ իր հանգուցեալ հայրը չէր կրցած սոյն աշխատանքը ամբողջացնել` քարտէսներ գտնել չկարենալուն համար, հետեւաբար ինք ուզած է իր հօրը մահէն երկու ամիս ետք անոր բաղձանքը կատարել: 12 տարուան աշխատանքէ ետք իր համագիւղացիներէն եւ իր ծնողներէն մնացած յիշատակներով ու պատմութիւններով կազմած է իր հատորը` ըլլալով առաջին հայը, որ Ցեղասպանութենէն ետք կ՛այցելէ Չեփնի, որ կը գտնուի Ալիս գետի աջ կողմը, Կեմերեկէն 20 քմ հիւսիս: Ան այցելած է տեղւոյն հայոց եկեղեցին, որուն միայն պատերը կանգուն կը մնան այժմ. անիկա կառուցուած է 1810-12 թուականներուն, իսկ 1825-ին վերածուած է մզկիթի:

Մարտիկ Մատենճեան անդրադարձաւ «Բռնագրաւուած դրախտը» գիրքի նիւթին: Ան միշտ լսած ըլլալով, թէ անապատ եղած է ջարդի ճամբան, ուզած է անձամբ բացայայտել այդ եւ իր  նպատակը եղած է աչքով տեսնել բռնագաղթի ճամբան, որպէսզի ինք եւս ապրի անցեալը:

Աւարտին ներկաները պաստառի վրայ դիտեցին Մարտիկ Մատենճեանի կատարած ճամբորդութեան վայրերէն տեսարաններ:

 

Ժընեւ

Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 25-Ամեակին Նուիրուած Համերգ

geneva_82516

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ 25 օգոստոսին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է համերգ մը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան երեկոյի մասնակիցներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան իր ջերմ երախտագիտութիւնը յայտնած է փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ արուեստագէտներուն` երեք հազար տարուան պատմութեան ընթացքին տարբեր մշակոյթներու, կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման քառուղիին վրայ գտնուող հայ ժողովուրդի հարուստ եւ ինքնատիպ երաժշտական արուեստը զուիցերիացի հանդիսատեսին լաւագոյնս ներկայացնելու կարելիութեան համար:

Հայ արուեստի մեծ երախտաւորներուն, ինչպէս միջնադարեան, այնպէս ալ արդի շրջանի երաժշտական արուեստի առանձնայատկութիւններու ներկայացումով հանդէս եկած է Ժընեւի բարձրագոյն երաժշտանոցի տնօրէն Եւա Յարութիւնեան:

Համերգին ընթացքին միջազգային տարբեր մրցումներու դափնեկիր` դաշնակահար Եւա Յարութիւնեանի, մեներգչուհի Ճուլիեթ Գալստեանի, տուտուկահար Լեւոն Չատիկեանի, ջութակահար Ֆիլիփ Թալեքի եւ քլարինեթահար Տմիթրի Ռասուլ-Քարայեւի կատարողութեամբ հնչեցին Կոմիտասի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները: Հայկական պարի փայլուն ներկայացումով հանդէս եկաւ երիտասարդ կատարող Աննա Գրիգորեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Ժընեւի մէջ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դեսպաններ եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

 

Իտալիա

Արցախի Նուիրուած «Լեռնային Ղարաբաղ. Պատերազմի Վերադարձը» Վաւերագրական Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը

italy_artsakh_82316

Կազմակերպութեամբ  «Խաղաղութեան եւ ազատութեան միջազգային կեդրոն»-ին, Իտալիոյ  Ռիմինի քաղաքի 37-րդ հանդիպման ծիրէն ներս  23 օգոստոսին «Ների Քոնայ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իտալացի լրագրող Ճիան Միքալեսինի «Լեռնային Ղարաբաղ. պատերազմի վերադարձը» վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Նախքան ցուցադրութիւնը` ելոյթ ունեցան Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեան, ժապաւէնի հեղինակ Ճիան Միքալեսի եւ Խաղաղութեան եւ ազատութեան միջազգային կեդրոնի տնօրէն Ռոպերթօ Ֆոնթոլա:

Դեսպան Բաղդասարեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ժապաւէնի հեղինակին` Արցախի, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան գօտիին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան յարձակումներուն մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելուն համար, ինչպէս նաեւ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` դեսպանութեան հետ սերտ համագործակցութեան եւ ժապաւէնի շնորհահանդէսը կազմակերպելնուն համար: Դեսպանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնահարցի պատմութիւնն ու էութիւնը` ընդգծելով, որ Ճիան Միքալեսինի ժապաւէնը ոչ միայն կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պայքարի պատմութիւնը, այլեւ կոչ կ՛ուղղէ անտարբեր չըլլալու մարդոց ու ժողովուրդներուն հանդէպ իրականացուող խտրականութեան ու բռնութեան հանդէպ:

 

Քանատա

«Հօրս» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը

canada_film_82216

22 օգոստոսին Մոնրէալի «Քոնքորտիա» համալսարանին մէջ  ցուցադրուեցաւ այս տարուան Քաննի ժապաւէնի փառատօնին ներկայացուեցաւ քանատահայ Տիանա Սգայայի եւ Լիլիանա Կոմորոսքայի բեմադրած «Հօրս» վաւերագրական ժապաւէնը: Վինիցիայի ցեղասպանութեան մասին առաջին անգամ ըլլալով վաւերագրական նման ժապաւէն մը կը պատրաստուի, որ կը ներկայացնէ Խորհրդային Միութեան շրջանին Ուքրանիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող լեհաբնակ Վինիցիա քաղաքին մէջ 1937-1938 տեղի ունեցած սպանութիւններու ժամանակագրութիւնը:

Բեմագրութիւնը կը կեդրոնանայ Շուշի ծնած հօր կողմէ հայկական արմատներով բեմադրիչ Տիանա Սգայայի լեհ մօրաքրոջ` Ալինա Պանտրոսքայի յուշագրութեան վրայ: Յուշերուն մէջ Ալինա Պանտրոսքա կը պատմէ Վինիցիա բնակող իր բանաստեղծ հօր` Ադամ Պանտրոսքիի մասին: Լեհ բանաստեղծը կը գնդակահարուի խորհրդային գաղտնի սպասարկութեան կողմէ:

Բեմադրիչ Տիանա Սգայա յայտնեց, թէ յաջորդ իր ծրագիրով հայկական նիւթ մը պիտի ներկայացնէ, հաւանաբար` արցախեան իր արմատներուն մասին:

 

Լեհաստան

Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Համերգ

hamerk_82316

Կազմակերպութեամբ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, աջակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 23 օգոստոսին Վարշաւիոյ Թագաւորական ամրոց-թանգարանի արցախեան գորգերու ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» էթնօ-ճազ խումբին համերգը` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 26-րդ տարեդարձին: Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Էդկար Ղազարեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ համերգի իրականացման վայրը ունի խորհրդանշական նշանակութիւն: Թերեզա Սահակեանին ցուցասրահը զարդարող արցախեան գորգերու հաւաքածոն, անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ արցախցիք կ՛ապրին եւ կը ստեղծագործեն իրենց հայրենի երկրին մէջ` ստեղծելով նաեւ համաշխարհային նշանակութեան մշակութային արժէքներ:

 

 

 

Նախորդը

Ռիօ-2016 Եւ Մեր «Փոքր Ածու»-ն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Բերիոյ Հայոց Թեմի Հալէպի Ազգային Վարժարաններու 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանը` Անվճար

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.