Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան Հռչակումը Խորհրդային Միութեան Կազմալուծումը

Յուլիս 13, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

3-2_71316

Արցախի մէջ հայ ազատամարտիկներ 1991 նոյեմբերին գօտեպնդիչ յաղթանակներ արձանագրեցին, Հադրութի շրջանին մէջ հայկական գիւղեր ազատագրելով:

Արդարեւ, Հադրութի շրջանի հայկական Ծամձոր եւ Սարինշէն գիւղերու բնակիչները բռնի կերպով տեղահան եղած էին: Նոյեմբեր 15-ին հայ ազատամարտիկներ սաստիկ կռիւներ մղելով հակառակորդէն գրաւեցին հաղորդակցութեանց յատուկ աշտարակը, որ կը գտնուէր Սարինշէն գիւղին մօտակայ բարձունքին վրայ: Այնուհետեւ անոնք շարժեցան դէպի Ծամձորն ու Սարինշէնը:

Ազերի ՕՄՈՆ-ականներ մերժեցին հայերու վերջնագիրը, որմէ ետք, ծայր առին պատերազմական գործողութիւնները: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն ազատամարտիկները յարձակեցան Ծամձորի վրայ եւ գրաւեցին նախապէս ՕՄՈՆ-ի կողմէ նախապէս գրաւուած տուները: Սաստիկ կռիւներէ ետք, կէսօրին, հայ ազատամարտիկներ իրենց հակակշիռին ենթարկեցին ամբողջ գիւղը, իսկ Սարինշէնը առին պաշարման տակ: Ազատամարտիկները ազերիներուն թոյլ տուին դուրս գալ պաշարման օղակէն, պայմանաւ որ անոնք զինաթափ ըլլան: Պայմանը չընդունեցին միայն քանի մը ազերիներ: Ազերիները տուին մեծ կորուստներ: Հայկական կողմը տուաւ երեք զոհ, մէկ կորսուած ու քանի մը վիրաւոր:

Միւս կողմէ, ազերիներուն կողմէ պարպուած Հադրութի շրջանի Սալաքիաթին գիւղը կը գտնուէր հայ ազատամարտիկներու հսկողութեան տակ: Իսկ հայկական Ջրակոյս գիւղը գիշերային ռմբակոծման կ՛ենթարկուէր: Ազատամարտիկներու հակայարձակողականին վրայ, յարձակողները նահանջեցին:

Մարտունիի ազերիական Խոջամէնի թաղամասին մէջ հաստատուած ՕՄՈՆ-ի ջոկատներուն դէմ զինեալ գործողութիւնները սկսան նոյեմբեր 18-ին. ազատամարտիկները սկսան զանոնք վտարել գիւղէն: Երեկոյեան արդէն Խոջաւէնդ հայ ազատամարտիկներու ամբողջական հսկողութեան տակ առնուած էր: Ոչնչացման ՕՄՈՆ-ի կեդրոնները եւ սպաննուեցան բազմաթիւ ազերիներ:

Սարինշէնի տեղահան եղած բնակչութիւնը սկսաւ վերադառնալ հայրենի գիւղը, որուն շուրջ ինքնապաշտպանութեան դիրքեր հաստատուեցան, ազերիներու կողմէ որեւէ յարձակում ետ մղելու նպատակով:

* * *

Ազրպէյճանի խորհրդարանը նոյեմբեր 25-ին, որոշեց իր ուղղակի իշխանութեան ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղն ու ջնջել անոր ինքնավար դրութիւնը: Որոշուեցաւ նաեւ փոփոխութեան ենթարկել Ստեփանակերտի անունը եւ զայն կոչել Խանքինդ:

«Ազդակ» օրին կը նշէր, որ այս որոշումը ազերիները ոչ միայն կ՛ոտնակոխէին իրենց իսկ կողմէ ստորագրած Ժելենոսվոտսքի այլապէս անհանդուրժելի համաձայնագիրը, այլ նաեւ` Արցախի ամէնէն տարրական իրաւունքները:

Ազրպէյճանի խորհրդարանի որոշումէն մէկ օր ետք, նոյեմբեր 26-ին, Խորհրդային Միութեան պետական խորհուրդը հակասահմանադրական եւ հետեւաբար չեղեալ նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար դրութիւնը ջնջելու  Ազրպէյճանի որոշումը եւ զգուշացուց նմանօրինակ հակասահմանադրական քայլերէ:

* * *

Հայ ազատամարտիկներու փայլուն գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք, Հադրութի շրջանէն ազերիները սկսան հեռանալ նոյեմբեր 28-30-ին: Ամբողջութեամբ պարպուեցան Առաքիւլ, Դոլանշար եւ Դիլան գիւղերը:

Յաջորդող օրերուն շրջանի հայ բնակիչները սկսան վերադառնալ իրենց գիւղերը, ուրկէ բռնի ուժով հեռացուած էին ամիսներ առաջ:

Մինչ այդ սակայն կացութիւնը ծանօթ էր Ստեփանակերտի մէջ: Մօտակայ Կրկջան գիւղէն եւ Շուշիօնա Ստեփանակերտ հրթիռարձակման թիրախ դարձած էր:

01-8-1-1_71316

Ստեփանակերտի բնակչութիւնը ծանր վիճակի մատնուած էր: Քաղաքը ամբողջովին խզուած էր արտաքին աշխարհէն: Հացի պաշարը սպառած էր, իսկ ջուրի եւ ելեկտրականութեան հոսանքները խզուած էին:

* * *

Արցախի մէջ 10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 85 առ հարիւրը: Արցախահայութիւնը մասնակցեցաւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ: Մասնակցողներու շարքին էին ռուսերը, ուքրանացիները եւ քիւրտերը: Ազերիները մերժեցին մասնակցիլ, թէեւ անոնց եւս քուէաթղթիկներ բաժնուեցան: Իբրեւ դէտեր, հանրաքուէին ներկայ գտնուեցան Խորհրդային Միութեան զանազան շրջաններէ եւ արտասահմանէն ժամանած երեսփոխաններ, լրագրողներ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:

Երեւանի մէջ, քուէատուփեր հաստատուեցան «Արցախ» հայրենասիրական միութեան եւ Էրեբունի օդակայանին մօտ:

Քուէարկողները 99 առ հարիւր համեմատութեամբ այո ըսին ինքնավար մարզի անկախացման:

* * *

Խորհրդային Միութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն շուրջ պարզաբանումներով, «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան 14 դեկտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Պոսութեան խաղ» խորագիրով ակնարկով կը գրէր: Միութենական նոր դաշի՞նք թէ հասարակապետութեան տարազի մը որդեգրումը: Միխայիլ Գորբաչով պիտի հրաժարի թէ պիտի յաջողի իր ծրագիրները ի՛ր ոճով պարտադրել: Պետական հարուածի նոր փորձ մը պիտի պատահի՞, կամ` բռնատիրական կարգերը պիտի վերահաստատուի՞ն Խորհրդային Միութեան մէջ:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ այս եւ նմանօրինակ հազար հարցում կը չարչրկեն Խորհրդային Միութեան մէջ զարգացող դէպքերով շահագրգիռ երկիրներ ու յատկապէս այդ իրադարձութեանց ելքէն ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն մեծ կամ փոքր համեմատութեամբ կախեալ երկիրները:

Մահսէրէճեան կը նշէր ըսելով, որ խորքին մէջ ինչ որ տեղի կ՛ունենար Խորհրդային Միութեան ու յատկապէս Քրեմլին-եռեակ (Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Պիելոռուսիա) գիծի վրայ, մէկ նոր դրսեւորումն էր այն հակադրութեանց ու մրցակցութիւններուն, որոնք առաջին անգամ աշխարհին հրամցուեցան 1987-էն, Գորբաչով-Ելցին հակադրութեան դրսեւորումով: Համայնավար կուսակցութեան գագաթի դիրքերուն համար այդ մրցակցութեան առաջին ռաունտը վճռուեցաւ ի նպաստ Գորբաչովի. աւելի ուշ Ելցին վերարժեւորուեցաւ յատկապէս Արեւմուտքի օժանդակութեամբ եւ անոր աստղը այնքան մը բարձրացաւ, որ ան մինչեւ իսկ… Գորբաչովի փրկարարը եղաւ 1991 օգոստոսի պետական հարուածի փորձի օրերուն: Ելցինի հաշիւներուն համար, նպաստաւոր չէր յեղաշրջականներուն յաղթանակը, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէր կորուստը բոլոր այն արդիւնքներուն եւ իրագործումներուն, որոնք ծնունդն էին Գորբաչովեան փերեսթրոյքայէն, իսկ այդ իրագործումներէն մէկն ալ… ինք էր:

Մահսէրէճեան կ՛ընդգծէր ըսելով, որ յեղաշրջականներու սպառնալիքը հեռացնելէ ետք, Գորբաչով եւ Ելցին վերադարձան կրկէս, իբրեւ նախկին ախոյեաններ, Գորբաչով` միութենական նոր դաշինքը հետապնդելու, իսկ Ելցին` անկախական ծրագիրներու դրօշը պարզած` գերիշխան եւ անկախ հանրապետութեանց միջեւ գործակցութեան նոր տարազ մը հետապնդելու համար: Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Պիելոռուսիոյ նախաձեռնութեամբ հրապարակ նետուած այդ տարազը առաջին ողջունողը եղաւ Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ Ելցինի օրհնութեամբ ստորագրած էր Ժելիզնովոտսքը, իսկ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ Ելցինի սերտ դաշնակիցը, պահ մը ափ ի բերան ձգեց աշխարհը, պաշտպան կանգնելով Գորբաչովի, սակայն յետոյ, վերադարձաւ «բնական հուն»-էն եւ ոչ միայն տրամադրութիւն ցոյց տուաւ յարելու հաւասարակապետութեան, այլ նաեւ իր շուրջ համախմբեց ասիացի դրացիները:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ տեղի կ՛ունենայ պոսութեան խաղ մը, այսինքն` շարունակութիւնը, զարգացումը ու ճիւղաւորումը այն խաղին, որ սկիզբ առած էր Գորբաչով-Ելցին մրցակցութեամբ եւ չէր դադրած մինչեւ իսկ համայնավար կուսակցութիւնը, նսեմացնող ու անոր առաջնորդողի դերակատարութիւնը ջնջող գորբաչովեան քայլերէն ետք, մինչդեռ Ելցինի առաջնահերթ նպատակներէն (ըստ էջութեան միջոց) մէկն էր կուսակցութեան դերակատարութեան սահմանափակումն ու ջնջումը: Այլ խօսքով, եթէ Գորբաչով որոշ տարազով մը կը փորձէր պահպանել կայսրութիւնը, Ելցին ու անոր գործակից դաշնակիցները կը փորձէին կիրարկել այլ տարազ մը, որ եթէ անուանապէս ու ձեւականօրէն մեծ տարբերութիւն ունէր գորբաչովեան առաջադրանքներէն, իրականութեան մէջ, մէկ տարբերակն էր նոյն ամբողջութիւնը պահպանելու ձգտումին: Եւ բնական էր, որ յաղթանակող տարազին տէր, ի վերջոյ տարբեր մէկ կողմէն բարձրանար նոյն գագաթը:

36-7-1-3_71316

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ բոլոր անոնք, որոնք դէմ էին կեդրոնին դեր մը վերապահելու Գորբաչովի ուղեգիծէն եւ ոգի ի բռին անկախութեան, անջատում հետապնդեցին, կախուած էին Ելցինի չուաններէն, կամովին կամ անգիտակցաբար անտեսելով այն իրականութիւնները, որոնք ցոյց կու տային թէ խորհրդային հանրապետութեանց համակարգը ամուր կերպով ընդելուզուած է եւ անոր «թելեր»-ուն (տնտեսական, ելեւմտական, զինուորական, սպասարկութեանց եւ մասամբ նորին) իրարմէ բաժանումը անխուսափելիօրէն կը կարօտէր ժամանակի, ո՛վ որ ալ ըլլար  Մոսկուա նստող պոսը: Այդ հիմամբ ալ իր ծրագիրները պահպանելու ճիգին մէջ, Գորբաչով ահազանգ կը հնչեցնէր թէ հասարակապետութիւնը աղէտ պիտի բերէր: Ու եթէ Գորբաչով-Ելցին տարակարծութեանց մէջ, Նազարպայեւ իրաւարարի խաղով մանէօվր կ՛ընէր սակարկելու համար, այլ հանրապետութիւնների նման մանէօվր ընելու կարելիութիւնն անգամ խլուած էր ու անոնց իրողապէս կը պարտադրուէր միայն տալ, փոխարէնը լոկ անուն ստանալու համար:

***

Խորհրդային Միութեան նախագահ Միխայիլ Գորբաչով եւ Ռուսիոյ նախագահ Պորիս Ելցին դեկտեմբեր 17-ին համաձայնութիւն գոյացուցին, որ մինչեւ 1991 դեկտեմբերի աւարտը խորհրդային բոլոր կառոյցները վերջ պիտի գտնէին եւ անոնց հակակշիռին ենթակայ բոլոր հիմնարկներն ու ստացուածքները պիտի փոխանցուէին Ռուսիոյ դաշնակցային հանրապետութեան:

8 դեկտեմբերին, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Պիելոռուսիոյ կողմէ հռչակուած հասարակապետութիւնը յայտարարած էր, որ Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց, ներքին գործոց նախարարութիւններն ու Քա.Կէ.Պէ.-ի հաստատութիւնները: Ան նաեւ ստորագրեց հրամանագիրներ, որոնք կը թելադրէին գրաւեց նախագահ Գորբաչովի ստացուածքներն ու դրամները, ինչպէս նաեւ` իւրացնել միջհանրապետական տնտեսական յանձնաժողովը:

Ելցինի կարգադրութենէն դուրս կը մնային միայն պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու կորիզային ուժանիւթի մարզը:

Խորհրդային հիմնարկները ջնջելու Ելցինի որոշումէն կարճ ատեն մը առաջ, Գորբաչով կոչ ուղղած էր, որ փոխանցումը տեղի ունենայ օրէնքի ճամբով: Ան պահանջած էր, որ խորհրդարանը նիստ գումարէ եւ յայտարարէ իր լուծարքը:

Խորհրդային տասնմէկ հանրապետութիւններ Ղազախստանի մայրաքաղաքին` Ալմա Աթայի մէջ դեկտեմբեր 21-ին ստորագրեցին փաստաթուղթ մը, որ կը յայտարարէր, թէ Խորհրդային Միութիւնը այլեւս գոյութիւն չունէր, նախագահ Միխայիլ Գորբաչով իրողապէս պաշտօնազուրկ է, որովհետեւ տասնմէկ երկիրները, իբրեւ անկախ հանրապետութիւններ, կը յայտարարեն ծնունդը հասարակապետութեան մը, որուն անդամները իրարու հետ պիտի գործակցէին քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական մարզերու մէջ:

Ալմա Աթայի գերաստիճանը այսպէսով անկիւնադարձային թուական մը արձանագրեց 20-րդ դարու պատմութեան մէջ:

Նախագահներ Գորբաչով եւ Պորիս Ելցին դեկտեմբեր 23-ին երկարաշունչ հանդիպում մը ունեցան, քննարկելով Խորհրդային Միութեան կորիզային զէնքերուն վրայ իշխանութեան ճակատագիրը:

Խորհրդային Միութեան խորհրդարանը դեկտեմբեր 24-ին գումարեց նիստ մը եւ քննարկեց բանաձեւ մը, որ կ՛ըսէր. «Նկատի ունենալով անկախ հանրապետութեանց հասարակապետութեան ստեղծումը, կ՛ընդունինք, որ Խորհրդային Միութիւնը, միջազգային օրէնքի եւ աշխարհաքաղաքական իրականութեանց լոյսին տակ, դադրած է գոյութիւն ունենալէ»: Խորհրդարանը սակայն պաշտօնապէս չվաւերացուց այդ բանաձեւը, այլ` ոչ պաշտօնական խորհրդակցութիւններէ ետք, առկախեց իր նիստը:

Խորհրդային Միութիւնը 25 դեկտեմբեր 1991-ին իրաւապէս դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ եւ անցաւ պատմութեան: Նախկին համայնավար կայսրութեան վերջին խորհրդարանը գումարեց խորհրդանշական նիստ մը եւ քուէարկեց Խորհրդային Միութեան գերագոյն իշխանութիւնը եղող մարմինին լուծարքը:

Նոյն օրը երեկոյեան Գորբաչով հրապարակեց իր հրաժարականը: Ան յայտարարեց, որ հասարակապետութեան ծնունդով եւ անոր ընկերացող այլ զարգացումներուն, Խորհրդային Միութիւնը այլեւս դադրած է գոյութիւն ունենալէ, հետեւաբար ինք կը հրաժարի նախագահի իր պաշտօնէն:

Գորբաչով նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Պորիս Ելցինի յանձնեց նախկին Խորհրդային Միութեան կորիզային զէնքերու գործածութեան հեղինակութիւնը:

Գորբաչովի մեկնումէն ետք, անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամները իրենք զիրենք դէմ յանդիման գտան փշոտ հարցումի մը. ինչպէ՞ս բաժնեկցիլ Խորհրդային Միութենէն ժառանգ մնացած զինուորական կարողութիւնները: Սեղանի վրայ դրուեցաւ կորիզային 30 հազար գլուխներու հարցը: Փշոտ այլ հարցեր էին Կասպից եւ Սեւ ծովերուն մէջ գտնուող նաւատորմերուն իւրացման առաջադրանքները:

Նոյն օրերուն խորհրդային բանակները պարպեցին Արցախը, իսկ Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերը գրաւեցին շրջանէն հեռացող խորհրդային ուժերուն դիրքերն ու զինամթերքը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Յուլիս 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?