Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երկիրներու  ղեկավարներ` նախագահ, վարչապետ եւ այլն, միշտ չէ, որ լուրջ կը մնան: Անոնք յաճախ կը կատակեն եւ կը զուարճանան, թէեւ երբեմն ծիծաղելի կ՛ըլլան: LISTVERSE կայքը այս առնչութեամբ վերջերս հրապարակած է յօդուած մը: Ն. Աշխարհի առաջնորդներուն վրայ մեծ ճնշում կայ միշտ ցուցադրելու արժանապատուութիւն, ուժ եւ հանդարտ, զուսպ, հաւասարակշռուած վարքագիծ: Բայց եւ այնպէս աշխարհը շատ ձանձրացուցիչ կը դառնար, եթէ բոլորը,...

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Տեղեկատուական ոլորտի սեփականատէրերը իսկապէս կայսրութիւն կը կառուցեն, յաճախ իրենց հակակշիռին տակ առնելով քաղաքական կեանքը եւ անձնաւորութիւններ: «Ուաշինկթըն Փոսթ» այս բնաբանով հրապարակած է յօդուած մը: Ն. Լարի եւ Տէյվիտ Էլիսըններու բաժնետոմսերը կ՛ընդգրկեն շարժապատկերներ, պատկերասփիւռի կայաններ, «Սի. Պի. Էս.»-ը (CBS) եւ  շուտով նաեւ «ԹիքԹոք»-ի բաժնեմասը` արմատական նոր ուղի բացող եւ հսկայական ազդեցութեամբ թղթածրար մը: Լուրերու «Սի. Պի. Էս.» կայանի լրագրողները...

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հանրի Վերնոյի «Մայրիկ» (1991) շարժապատկերին մէջ գլխաւոր հերոսի մօր կերպարը մարմնաւորած իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Քլոտիա Քարտինալէ, «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ, 2010-ին  այցելեց Երեւան եւ  ըսաւ, որ Ֆրանսայի մէջ իրեն կը մօտենան անծանօթ հայեր` հետեւեալ բառերը արտասանելով. «Դուք մեր մայրիկն էք»: Այս տարուան 23 սեպտեմբերին «մեր մայրիկը», որ կենդանութեան արդէն անմահացած էր, երկրորդ անգամ անմահացաւ` վերջնականապէս...

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արհեստական բանականութիւնը կը նկատուի յեղափոխական եւ աշխարհը փոխող, բայց այդ զերծ չէ թերութիւններէ: ՊԼՈԿԸՐ ՄԱՅՔ ԹՈՄԱՍ Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) կը ներկայացնէ վտանգներ, որոնց շարքին` գործազրկութիւն, խոր կեղծիքներ, կողմնակալ ալկորիթմներ, գաղտնիութեան խախտումներ, զէնքի ինքնագործում  եւ ընկերային դաւեր: Կարգ մը մասնագէտներ եւ առաջնորդներ կոչ կ՛ընեն աւելի զօրաւոր կարգաւորման եւ բարոյագիտական հսկողութեան, քանի որ ԱԲ-ն  աւելի հզօր կը դառնայ եւ կը...

Գոյատեւումի Դէպքեր

Գոյատեւումի Դէպքեր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բազմաթիւ են անհատներու գոյատեւումի դէպքերը, որոնք յաճախ պատմուածքներու, վէպերու եւ շարժապատկերներու նիւթ դարձած են: Անձնատուր չըլլալու կամքը եւ ոգին այդ անհատները մղած են գերմարդկային ճիգով գոյատեւելու: Մեզի ծանօթ ազգեր հաւաքական ջանքով այդ կ՛ընեն:  Ն. Փուն Լիմ իր լաստին վրայ Ծովուն վրայ 133 օր գոյատեւել. Փուն Լիմի ուշագրաւ կեանքը 23 նոյեմբեր 1942-ին գերմանական սուզանաւ մը ռմբակոծեց  Թագաւորական նաւատորմի «Պեն...

Թուրքիա  Անապատացման Սեմի՞ն

Թուրքիա Անապատացման Սեմի՞ն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վանայ լիճին սպառնացող վտանգէն ետք, միջազգային մասնագէտներ եւ ՄԱԿ այժմ կը խօսին ամբողջ Թուրքիոյ անապատացման մասին: Այս մասին վերջերս գրած են «Թելեկրաֆ», «Կարտիըն» եւ «Էրմենի Հապեր» կայքերը: Ն.     17 օգոստոս 2023, Վան: Աջին`  մասնագէտ Ալի Քալչիկ Վանայ լիճի չորցած ափերուն վրայ: Ջուրի մակարդակը նուազած է չորս քիլոմեթրով: ՄԱԿ կը զգուշացնէ, որ Թուրքիոյ 88 առ հարիւրը կը  գտնուի...

Կազայի Ողբերգութենէն Առաջ Կար Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Կազայի Ողբերգութենէն Առաջ Կար Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ - Կազայի Ողբերգութենէն Առաջ Կար Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը - Բեմականացուած Խաղաղութիւն, Իրական  Անարդարութիւն Լեռնային Ղարաբաղի  հայ բնակչութիւնը բռնի տեղահանուեցաւ 2023 թուականին, աշխարհը ոչինչ ըրաւ այդ կանխելու համար: Կազան կրնայ նոյն ճակատագիրին արժանանալ: Ազրպէյճանի բանակի հակակշիռին տակ գտնուող Աղտամ քաղաքի տեսարանը` 2020 նոյեմբերին Տարիներ շարունակ արցախահայերը ապրած են փխրուն, բայց հպարտ գոյութիւն մը իրենց նախնիներու հայրենիքին մէջ: Արցախի ժողովուրդը...

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններէն, յատկապէս` Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնագրէն ետք, ամերիկացի եւ իրանցի վերլուծաբաններ ստորագրեցին շահեկան յօդուածներ, որոնցմէ երկուքը կը ներկայացնենք այս էջով: Ն. Ճեֆրի Սաքս  դիմած  է Հարաւային Կովկասի երկիրներուն. Թրամփ ձեզ լրջագոյն անախորժութեան մէջ կը ներքաշէ Ես ամբողջովին չեմ աջակցիր Հարաւային Կովկասի մէջ  Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն, քանի որ այս շրջանը կը գտնուի բազմաթիւ...

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Լիբանանեան երաժշտական կուռքերու որդին ինքն ալ, իր կարգին, դարձաւ կուռք` իր երկրի սխալ ընթացքի երգիծական քննադատութիւններով, որոնք միահիւսեցին արաբական եւ արեւմտեան երաժշտութիւնը: Զիատ Ռահպանի 2014 թուականին Սայտայի մէջ «Կազայի համար» խորագիրով համերգին ընթացքին Լիբանանցի թատերագիր եւ երաժիշտ Զիատ Ռահպանի, որ  բնութագրեց ժամանակաշրջան մը, եւ որուն երգերը նոր հնչեղութիւն ստեղծեցին արաբական աշխարհին համար, իսկ անոր թատերախաղերը սուր քննադատութիւններ էին...

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 2022 թուականի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մեկնարկէն ետք, Եւրոպական Միութեան առաջնորդները գրաւ դրին Ազրպէյճանի վրայ` որպէս ուժանիւթային գործընկերոջ, Ռուսիոյ կազէն կախուածութիւնը նուազեցնելու համար: Քննադատները կ՛ըսեն, որ այդ քայլին պատճառով Ազրպէյճանի մէջ լայնածաւալ դարձան բռնաճնշումները, իսկ Եւրոպական Միութիւնը դաւաճանեց իր սկզբունքներուն` չլուծելով կազի կապուած խնդիրները: Այս տարուան մայիսին Թիրանայի մէջ Ալիեւի եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ջերմ հանդիպման նկարները նեղացուցած...

Grateful Dead Խումբը  Ինչպէ՞ս Կերտեց Համացանցը

Grateful Dead Խումբը Ինչպէ՞ս Կերտեց Համացանցը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Grateful Dead ռոք խումբի անդամները եւ անոնց համակիրները, որոնք յայտնի են որպէս Deadheads, նշանակալի դեր խաղացած են համացանցի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ, մասնաւորապէս` առցանց համայնքներու խթանման եւ թուային մշակոյթի ստեղծման գործին մէջ: Թէեւ անոնք չեն «կառուցած» համացանցը բառացի իմաստով, սակայն առաջին առցանց հարթակներուն անոնց ներգրաւուածութիւնը եւ հետեւորդներու հետ փոխադարձ ազդեցութեան նկատմամբ անոնց իւրայատուկ մօտեցումը զգալիօրէն ազդած են...

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հետազօտողները հաստատած են գոյութիւնը նոր կղզիի մը, որ յանկարծակի յայտնուած է Կասպից ծովու հիւսիսային մասին մէջ` աշխարհի ամէնէն մեծ ցամաքով շրջապատուած ջրային զանգուածին, սակայն ոչ ոք տակաւին կրցած է ոտք դնել անոր վրայ: Կասպից ծովուն մէջ վերջերս նոր կղզի մը յայտնուած է, բայց այդ տակաւին անուն չունի: Ռուսական հետազօտական արշաւախումբը հաստատած է, որ Կասպից ծովու հիւսիսային մասին մէջ...

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մանաւանդ արեւմտեան աշխարհին մէջ շատ տարածուած երեւոյթ դարձած է ծնողք-զաւակ յարաբերութիւններու խզումը, որ անշուշտ ի վերջոյ կը տանջէ երկու կողմերն ալ: «Պի.Պի.Սի.» հրապարակած է այս բնաբանով Միրիամ Ֆրանքելի յօդուածը: Ն. Ծնողներու եւ անոնց երեխաներու միջեւ օտարացումը զարմանալիօրէն տարածուած է: Այս կ՛ըսէ հետազօտութիւնը` նման դժուար որոշում կայացնելու վերաբերեալ: Սառան առաջին անգամ կապը խզեց մօր հետ իր 21-ամեակէն միայն քանի...

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար այլեւս ընդմիջում, դադար չկայ, բոլոր ոլորտներուն մէջ արհեստագիտութիւնները ամէն ժամ նորութիւններ պիտի բերեն: Գլխապտոյտ պատճառող այս հոլովոյթին մէջ մարդկային անմիջական, ջերմ յարաբերութիւնները ո՞ւր պիտի հասնին: Ն. Բանաւորը` Ընդդէմ Գրաւոր Հաղորդակցութեան Ի՞նչ է տարբերութիւնը Թէեւ բանաւոր եւ գրաւոր հաղորդակցութիւնները իմաստ փոխանցող խորհրդանիշներու համաձայնեցուած կանոններով կարգաւորուող համակարգեր են,  սակայն անոնց միջեւ կան տարբերութիւններ: Պահ մը պատկերացուցէք, որ դուք համալսարանի...

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին»   Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մեզի անշուշտ ծանօթ է թուրք գրող եւ հասարակական գործիչ Էլիֆ Շաֆաքի անունը: Ան գեղարուեստական գրականութեամբ, հարցազրոյցներով եւ յօդուածներով արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան բնաբանին, խիզախ կեցուածքով: Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը վերջերս անոր հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն.   Էլիֆ Շաֆաք Կը Խօսի Իր Վերջին Գիրքին Եւ Թուրքիոյ Մէջ  Լարուած Քաղաքականութեան Մասին «Որպէս վիպասանի` Թուրքիոյ մէջ...

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Պիզնես Ինսայտր» կայքը հրապարակած է Մարիա Նոյենի յօդուածը` ներկայացնելով ցաւը բրիտանական գիւղի մը նուազ քան 300 բնակիչներուն, որոնք Բ. Համաշխարհային պատերազմին կառավարութեան որոշումով տարհանուած են եւ չեն վերադարձած: Անշուշտ ցաւալի երեւոյթ մըն է, սակայն անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ աւելի քան 80 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այդ ողբերգութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնուի, իսկ աւելի ծանր կշռող ժամանակակից տառապանքը կ՛անտեսուի:   Ն....

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հաստատուած իրողութիւն է, որ մահապատիժը չէ յաջողած ոճրագործութիւններու արգելք ըլլալ: Սակայն կարգ մը երկիրներու մէջ տակաւին կախաղան կը բարձրացուին, ելեկտրական աթոռներու վրայ կը նստեցնեն եւ նոր արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով կը խլեն ոճրագործներուն կեանքերը: Իսկ եթէ դատարանը սխալ վճիռ արձակած է եւ մեղաւոր ճանչնալով անմեղը` զայն մահուան դատապարտած... Ահաւասիկ հարց մը, որ ըստ երեւոյթին, մարդիկ չեն կարողացած լուծել: «Պի.Պի.Սի.»...

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միջազգային գիտական խումբի հետազօտողները նոր տուեալներ ստացած են մութ կենսուժի բնոյթի մասին` առեղծուածային ուժի, որ պատասխանատու է տիեզերքի արագացուած ընդարձակման: Պարզուած է, որ մութ կենսուժը կը յաջողի փոխուիլ ժամանակի ընթացքին, բան մը, որ կը հակասէ կայուն նկատուող տեսութիւններուն: Այս եզրակացութիւնները կատարուած են օգնութեամբ DESI (Dark Energy Spectroscopic Instrument) յատուկ հեռադիտակին, որ տեղադրուած է Կիտ Փիք աստղադիտարանին մէջ (Արիզոնա,...

Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը

Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աշխարհի բազմաթիւ առեղծուածներէն մէկն ալ Նոյեան տապանն է, որ ըստ Աստուածաշունչին, մեր սիրելի լերան` Արարատի վրայ հանգչած է: Անշուշտ թուրքերը շատ ալ գոհ չեն այս իրողութենէն, սակայն փաստը այն է, որ չեն յաջողած աշխարհի հետաքրքրութիւնը շեղել Հայաստանի խորհրդանիշ լեռէն: Բրիտանական եւ ռուսական կայքեր այս մասին յօդուածներ հրապարակած են:  Ն.   Սուրբ Գիրքէն յայտնի է, որ Նոյը կոշտ գոֆեր...

Համաճարակէն Հինգ Տարի Ետք. «Քորոնա»-ն  Ինչպէ՞ս  Փոխած  Է Մեր  Աշխարհը

Համաճարակէն Հինգ Տարի Ետք. «Քորոնա»-ն Ինչպէ՞ս Փոխած Է Մեր Աշխարհը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Կարտիըն» թերթը քաղաքականութեան, առեւտուրի, գրականութեան, հոգեբանութեան, աշխատանքի եւ այլնի խումբ մը մասնագէտներու հարցուցած է, թէ ի՞նչ եղած է «Քորոնա»-ի ամէնէն զարմանալի կամ ցնցող հետեւանքը իրենց ոլորտին մէջ: ---------------------- Յոռետեսական անհատականութեան արժէքը կը չափուէր տասնեակ հազարաւոր կեանքերով Սթիվըն Ռայխեր, հոգեբանութեան դասախօս Մեծ աղէտները յաճախ մարդու վիճակին մասին մտորումներ կը յառաջացնեն: 1755 թուականի Լիզպոնի երկրաշարժը ստիպեց մարդոց` վերանայելու իրենց յարաբերութիւնները...

Page 1 of 33 1 2 33

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?