Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մասնագէտներու կարծիքով` այո՛: Թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, «Թրեւըլ» կայքի յօդուածագիրներ բացատրած են` իրենց փորձառութենէն մեկնելով եւ մասնագէտներու կարծիքներ ներկայացնելով:
Ն.
Ինչո՞ւ Մենք Ճամբորդութենէն Ետք Կը Վարուինք
Այնպէս, Կարծես Ուրիշ Մէկը Ըլլայինք
Յուշանուէրներ բերելու փոխարէն` կարգ մը ճամբորդներ արձակուրդէն տուն կը վերադառնան բոլորովին այլ առոգանութեամբ, տեսքով եւ վարուելակերպով: Բայց` ինչո՞ւ:
Այս տարի ամառնային արձակուրդներէն նոր վերադարձած մարդիկ ցոյց կու տան ընկերներու եւ ընտանիքի անդամներու լուսանկարներ` յայտնելու համար, թէ որքա՛ն փոխակերպուած եղած է իրենց ճամբորդութիւնը: Սակայն կան այլ ճամբորդներ, որոնք ֆիզիքապէս կը փոխուին` տուն բերելով իրենց այցելած վայրին առոգանութիւնը, հագուստը կամ սովորութիւնները, ներառելով զանոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Համացանցը լեցուն է ժահրային տեսանիւթերով, որոնք կը ծաղրեն այն մարդիկը, որոնք Պերլինի մէջ երեք օր անցընելէ ետք կը սկսին անընդհատ ծխել եւ ամբողջութեամբ սեւ հագնիլ, տարօրինակ առոգանութեամբ խօսիլ:
Դիւրին է ծաղրել այս «արտասահմանեան» շինծու առոգանութիւնները եւ թուացող պարտադրուած նորայայտ վարուելակերպը: Սակայն ինչո՞ւ մեզմէ ոմանք հակուած են անոր:
Իրականութեան մէջ այդքան ալ դժուար չէ առոգանութիւն սորվիլը, յատկապէս եթէ մենք բաւական ժամանակ կ՛անցընենք որեւէ վայրի մէջ: Մենք նոյնիսկ անգիտակցաբար կ՛ընդօրինակենք այլ առոգանութիւններ, քանի որ մարդիկ յաճախ կը յարմարին իրարու խօսելաձեւին: Նոր տեղ ճամբորդելը կրնայ այս բացայայտել:
Շատերու համար ճամբորդելը կրնայ ըլլալ ե՛ւ ազդեցիկ ե՛ւ կախուածութիւն յառաջացնող: Այլ մշակոյթներու մասին գիտնալը եւ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ապրող մարդոց ապրելակերպը տեսնելը կրնայ խոր, երկարատեւ ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ թէ՛ մեծ, թէ՛ փոքր ձեւերով: Այս բացայայտումները կրնան արագօրէն վերածուիլ անձնական ծէսերու: Ամէնէն ակներեւ պատճառը այն է, որ մէկը իսկապէս կապ հաստատած է իր փորձառութեան մէկ մասին հետ վայրի մը մէջ եւ կ՛ուզէ «պահպանել» իր փորձառութիւններն ու կապի զգացումը:
Արտասահմանեան ճամբորդութիւններէն մենք կրնանք բերել աւելի հանգիստ բաներ. յունարէն «Փարաքալօ» բառը , որ թարգմանաբար կը նշանակէ` «Խնդրեմ, չ՛արժեր», բայց յունարէնի մէջ ունի շատ աւելի խոր գործառոյթ: Ինծի շատ հաճելի կը թուի բառին հնչողականութիւնը եւ այն, թէ ինչպէ՛ս այդ կ՛օգտագործուի ուրիշներու նկատմամբ քաղաքավարութիւն ցուցաբերելու համար այնպէս, ինչպէս կրնանք ըսել` «Քեզմէ ետք», կամ` «Ինչպէ՞ս կրնամ օգնել ձեզի»: Կը նախընտրեմ այդ բարձրաձայն չօգտագործել անծանօթներու հետ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին: Ես այդ կը գործածեմ, երբ Յունաստանի մէջ եմ եւ իմ յոյն ընկերներուս հետ, երբ տան մէջ եմ: Ինծի համար բառին գործածութիւնը կը վերաբերի այն կապին, որ ես կը զգամ յունական մշակոյթին եւ այնտեղի իմ փորձառութիւններուս հետ:
Կարգ մը մարդիկ կրնան շաբաթով մը երթալ Իտալիա եւ յանկարծ սկսիլ ձեռքերով խօսիլ:
Բայց կան նաեւ աւելի ակներեւ բաներ, որոնք մենք կը բերենք ճամբորդութիւններէն: Ես գիտեմ ամերիկացի մը, որ Ֆրանսայէն վերադառնալէ ետք յանկարծ սկսաւ իր նամակներուն մէջ ֆրանսերէն բառեր գործածել: Ընկերներէս մէկը կարճ ժամանակով ապրած է Իտալիա եւ հիմա, երբ շփոթութեան մատնուի, շուարի, մատներուն ծայրերը կը սեղմէ եւ ձեռքերը վեր ու վար կը թափահարէ:
Երկրորդ մղումը կրնայ ներառել որեւէ վայրի հետ կապուածութեան զգացումը: Խօսքը ուրիշներուն ազդանշան տալու մասին է, որ ինք շատ ճամբորդած է եւ գերազանցութեան զգացում ունի:
Կարգ մը ճամբորդներ կրնան յարմարիլ օտարերկրեայ սովորութիւններուն` տեղական մշակոյթի նկատմամբ յարգանքէն կամ նոյնիսկ ակնածանքէն: Ֆրանսացի փիլիսոփայ Ռընէ Ժիրար, որ ստեղծած է «Նմանողական, միմոսական ցանկութիւն» (mimetic desire) եզրը եւ` պնդած, որ երբ մենք ճամբորդենք, չենք ուզեր միայն ուտելիք եւ տեսարժան վայրեր վայելել, այլեւ` ներծծել հիւրընկալող մշակոյթը: Անոնց առոգանութիւնը ընդունելով կամ անոնց ֆիզիքական կեցուածքը ընդօրինակելով` մենք յաճախ անգիտակցաբար կը փորձենք զիջիլ եւ դառնալ Միւսը: Մենք յոյս ունինք, որ անոնց աւելի իսկական գոյութեան վիճակը ձեւով մը կը փոխանցուի մեզի:
Ընդունելով օտար սովորութիւններ կամ խօսք` զբօսաշրջիկները կրնան փորձել «դառնալ Միւսը»
Հետաքրքրական է, որ ոչ բոլոր ուղղութիւնները նոյն գրաւչութիւնը կ՛ունենան ճամբորդներու համար, երբ խօսքը կը վերաբերի ընդօրինակման: Մշակոյթի այս ընդօրինակումը ոգեշնչելու հաւանականութիւնը մեծ է թէ փոքր, սովորաբար կախուած է այն գաղափարէն, որ մենք կ՛ընդունինք այն մարդոց կամ վայրերու միտումները, որոնք մենք բարձր կը գնահատենք: Այլ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ կարգ մը ճամբորդներ երբ վերադառնան, իրենց զրոյցները կը համեմեն նոր ձեռք բերուած օտար բառերով, նոյնպէս կրնայ կապուած ըլլալ գերզբօսաշրջութեան:
Զանգուածային զբօսաշրջութեան աճի հետ պատմականօրէն «բարձր հեղինակութիւն» ունեցող վայրերու գրաւչութիւնը նուազած է եւ մենք ներկայիս կը տեսնենք «ծածկուած հեղինակութեան» աճ ընկերային ցանցերով:
Այսպիսի հեղինակութեամբ միջին խաւի ճամբորդները (արեւմտեան ճամբորդները) կը վիպականացնեն գիւղական, բնիկ կամ նուազ զարգացած շրջանները եւ այդպիսով կը հակադրուին աւանդական զբօսաշրջիկներուն, որոնք կ՛այցելեն աւելի աւանդական, մատչելի վայրեր:
Առումով մը, այն, որ մարդիկ իրենց արտասահմանեան ճամբորդութիւններէն տեղական մշակոյթը կ՛որդեգրեն, կարելի է դիտարկել որպէս տեսակ մը գերազանցութիւն: Երբ Փրակայէն վերադարձայ Միացեալ Նահանգներ, իմ նոր տեսքովս եւ խօսելաոճովս անգիտակցաբար կը փորձէի կրկին ներկայանալ հին ընկերներուս եւ ցոյց տալ, որ զիս փոխակերպած է իմ սեփականէս տարբեր մշակոյթ մը: Յետադարձ հայեացք նետելով` այս անցողիկ արարքը, հնարաւոր է, աւելի շատ ինծի համար էր, քան ուրիշներու` ցոյց տալով, թէ որքան փոխուած էի: Բոլորը հաւանաբար պարզապէս կը կարծէին, թէ ես ձեւական յիմար մըն եմ:
Ինչո՞ւ Մենք Կը Հագնինք Մէկու Մը Նման,
Երբ Արձակուրդի Կ՛երթանք
Բոլոր առիթներու յարմարող հագուստէն մինչեւ Ինսթակրամի մէջ յայտնուելու համար յարմար մաքսի զգեստներ եւ թեթեւ գլխարկներ, մէկ բան հաստատ է` մենք տան մէջ այսպէս չենք հագուիր:
Ուրեմն ինչո՞ւ մենք այդքան տարբեր կը հագուինք արձակուրդին, կարծես ուրիշ մէկը ըլլանք:
Տօնական հագուստի գաղափարը ի յայտ եկած է 19-րդ դարուն` հանգիստի համար նախատեսուած ճամբորդութիւններու հետ: Մինչ այդ ճամբորդութեան համար նախատեսուած հագուստը հիմնականին մէջ գործնական էր` կապուած գաղթի, ուխտագնացութեան կամ ռազմական եւ առեւտրական արշաւներու: Միջին խաւի աճը եւ երկաթուղիներու ընդլայնումը Եւրոպայի մէջ 1800-ականներու կէսերուն կը նշանակէին, որ ծովեզերեայ հանգստավայրերը դարձան նորաձեւ ուղղութիւններ: Այդ խթանեց զարգացումը ճամբորդական հագուստեղէնի, որ կը համատեղէր նրբագեղութիւնը յարմարաւէտութեան հետ: Տաք եղանակը անհրաժեշտութիւն յառաջացուց աւելի թեթեւ, շնչող հիւսուածքներու, ինչպէս` կտաւը եւ մետաքսը: Համաշխարհային երկու պատերազմներու միջեւ ժամանակաշրջանին ձեւագէտներ, ինչպէս` Գօգօ Շանելը, կը պաշտպանէին հանգիստ ոճերը. առօրեայ հագուստները, լայն տաբատները եւ լողազգեստները:
Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք տնտեսական աճը, օդանաւերու առաւել մատչելի դառնալը աւելի ժողովրդականացուցին ճամբորդութիւնը: 1950-ականներէն մինչեւ 70-ականները հանգիստի հագուստը զարգացաւ` դառնալով առանձին տեսակ. զանազան ձեւի տաբատները, հանգստավայրերու նախշերը եւ զբօսաշրջային շապիկները դարձան հիմնական հագուստ:
Անծանօթ ջերմաստիճաններուն համապատասխան հագուելու անհրաժեշտութիւնը կը մեղմացնէ հասարակական հագուստի կանոնը: Այդ կը բացատրեն սանտալները գուլպաներով եւ ուսապարկերը: Թէեւ ընդհանուր ճշմարտութիւն է, որ ոչ ոք կ՛ուզէ զբօսաշրջիկի տեսք ունենալ:
Կենսակերպի մասին հրատարակութիւնները լի են յօդուածներով, որոնք ճամբոդները կը հեռացնեն աւանդական զբօսաշրջային հագուստէն` մարզական շապիկէն, ուսապարկէն եւ գլխարկէն` փոխարէնը առաջարկելով այդ վայրերու պայուսակներ:
Մարդիկ կը հագնին պատկանելիութեան համապատասխան: Այսպիսով, երբ կը ճամբորդես, չես ուզեր առանձնանալ:
Եթէ «զբօսաշրջիկ» եզրը կը հաղորդէ առօրեայէն փախուստի զգացողութիւն, ի՞նչն է այդքան սարսափելի այդպիսի տեսք ունենալու մէջ:
Զբօսաշրջիկ ըլլալու մէջ կան քանի մը հետաքրքրական բացասական միտումներ: Գաղափարներ կան` միամիտ նկատուելու, անփորձ կամ քիչ ճամբորդած ըլլալու, թերեւս անփոյթ ըլլալու մշակութային տարբերութիւններու նկատմամբ: Մեզմէ ոչ ոք կ՛ուզէ ըլլալ այս բաներէն որեւէ մէկը, ուրեմն զարմանալի չէ, որ մարդիկ ուզեն տարբերակուիլ այս կարծրատիպերէն:
Այս զգուշաւորութիւնը ի յայտ եկած է 20-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ համաշխարհային ճամբորդութիւնը աւելի մատչելի դարձաւ, եւ ճամբորդի ու զբօսաշրջիկի միջեւ տարբերութիւնները աւելի ու աւելի շեշտուեցան: Այդ ժամանակ` համացանցային ճամբորդութեան ծրագրման եւ գաղթողներու պլոկըրներու աճի արշալոյսին, ճամբորդութիւններ պատուիրող իւրաքանչիւր ոք ականատես կ՛ըլլար այդ երկուքին միջեւ անընդհատ աճող անդունդին: Ինքնագոհ դատավճիռը. զբօսաշրջիկները, որոնք որեւէ վայր կ՛այցելեն միայն քանի մը օրով, մշակութային առումով նուազ գիտակ են, քան` ճամբորդները, որոնք կրնան բաւական արտօնեալ ըլլալ իրենց երկրէն դուրս ամիսներ կամ նոյնիսկ տարիներ անցընելու համար:
Այս կը բացայայտէ աւելի խոր բան մը. ինչպէ՞ս կ՛ուզենք, որ մեզ տեսնեն: Հագուստը խորհրդանիշ է այն բանին, թէ որքա՛ն պատկանելիութեան զգացում կ՛ուզենք ունենալ մեր այցելած վայրին հետ:
Դերասանուհի Ճենիֆըր Քուլիճ իր վարդագոյն զգեստով, վարդագոյն գլխարկով եւ արեւային մեծ ակնոցներով հասաւ իտալական պանդոկ մը, ուր տնօրէնին հարցուց.
– Գուշակէ՛, թէ ո՛վ եմ ես:
Տնօրէնը ըսաւ.
– Նայեցէ՛ք, նայեցէ՛ք. Փեփփա խոզուկը:
– Ես դերասանուհի Մոնիքա Վիթթին եմ,- ըսաւ Քուլիճ:
– Մոնիքա Վիթթին մահացած է,- կտրուկ ըսաւ տնօրէնը:
Հարաւային Իտալիոյ մէջ եթէ տեսնէք մէկը, որ կը լողայ գլխարկով, ան 100 առ հարիւր զբօսաշրջիկ է:
Այս «հագուստի նմանակում» է: Հագուստի ընտրութիւնը յաճախ կ՛ազդուի տեղական մշակոյթին ձուլուելու կամ անոր խորհրդանշական մասնակցելու երեւակայական կամ իրական փափաքով: Ինչպէս պերմտեան կարճ տաբատները կամ հաուայեան շապիկները, այս հագուստները կարծրատիպ, քլիշէ եղած են, բայց անոնք նաեւ մշակութային ձգտման եւ խորհրդանշական պատկանելիութեան նշաններ են: Անոնք նաեւ կրնան վերածուիլ մշակութային իւրացման, երբ մարդիկ իրերը կը կրեն առանց անոնց մշակութային խորքը կամ նշանակութիւնը հասկնալու: Այս ընտրութիւնները յաճախ աւելի նուազ կը վերաբերին իրական մշակութային համարկման: Այլ խօսքով, երեւակայեցէ՛ք զբօսաշրջիկ մը, որ Լոնտոն կ՛այցելէ` հագած Թուիկիի կերպարով, կամ Միացեալ Նահանգներ` Մերիլին Մոնրոյի կերպարով:
Ոգեշնչող ճամբորդական արձանագրութիւնները զգալի ազդեցութիւն ունին այն բանին վրայ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը հագուին ճամբորդելու ատեն, երբ կ՛այցելեն թանգարաններ, բնութեան վայրեր եւ նոյնիսկ լեռներու գագաթներ: 15 տարի առաջ այդ անշուշտ այդպէս չէր: Մարդիկ կը լուսանկարէին վայրեր եւ իրեր: Բայց հիմա կը նկարեն իրենք զիրենք եւ այդ վայրերն ու իրերը խորապատկերի վրայ են:
Արդիւնքը. նորաձեւութեան եւ թուային տեսարաններու միաձուլում: Վայրերը կը դառնան խորապատկեր, ֆոն: Հագուստը կը դառնայ ճամբորդի ինքնաճանաչման անբաժանելի մասը:
Ամերիկացի դերասանուհի Պեթի Ուայթ ըսած է. «Ֆէյսպուքը պարզապէս ձանձրալի կը հնչէ. ժամանակին մարդոց արձակուրդներու լուսանկարները տեսնելը կը նկատուէր պատիժ»:
Անշուշտ հետաքրքրական է նոր տեղ երթալը, եւ տօներուն մեր հագուելու ձեւը այդ ուրախութեան արտացոլացումն է:
Տօնական հագուստը յաճախ կը ծառայէ որպէս առօրեայ կեանքի օրէնքներէն անջատման միջոց: Տօնական օրերուն մարդիկ կը կրեն հագուստ մը, որ կրնայ նկատուիլ անպատշաճ, չափազանց կամ անիրագործելի իրենց առօրեայ միջավայրին մէջ: Այսպիսով, տօնական հագուստը կարելի է ընկալել որպէս ճամբորդութեան կապուած ազատութեան կամ առնուազն փախուստի եւ զգայական հաճոյքի հագուստի դրսեւորում:
Շատեր ամբողջ օրը կ՛աշխատին նոթպուքերով, կրնայ ըլլալ, որ տարազ ունին աշխատանքի վայրին մէջ, կամ կը հագուին գործնական եւ յարմար: Այսպիսով, արձակուրդը կարելիութիւն է ուսումնասիրելու մեր մէկ այլ մասը, որ թերեւս անհոգ, ուրախ եւ հանգիստ է: Անկախ անկէ, թէ այդ «ես»-ը կը հագուի արշաւային կօշիկներ, թէ վարդագոյն շիֆոն, նոյնն է:
Եթէ կ՛ուզէք գեղեցիկ զգեստ կամ վառ շապիկ հագուիլ եւ այդ ձեզ համար յարմար է, ապա այդ ամբողջովին ընդունելի է: Կեանքը չափազանց կարճ է ուրիշներու դատողութիւններու մասին մտահոգուելու, անհանգստանալու համար:


