Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն մասնագէտներ եւ մտաւորականներ սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) վտանգներուն մասին, եթէ այս թափով շարունակուի անոր զարգացումը: «Փոլիթիքօ», «Ճափան Թուտէյ», «Էյ. Պի. Սի.» կայքերը այս մասին յօդուածներ հրապարակած են:
Ն.
Արեւմտեան երկիրներու բնակիչներու
մեծամասնութիւնը կը վախնայ,
որ ԱԲ-ն կը կործանէ մարդկութիւնը
Մարդկութեան գոյութեան սպառնացող ԱԲ-ի վտանգներու շուրջը ծաւալած քննարկումները խորապէս մտահոգած են հանրութիւնը:
Փոլիթիքօ կայքի պատուէրով կատարուած հարցախոյզին մասնակիցներուն շուրջ կէսը կողմ արտայայտուած է վտանգները կանխելու նպատակով ԱԲ-ի զարգացման թափերու դանդաղեցման: Մասնակիցներու կէսէն աւելին այս կամ այն չափով հիմնաւորուած կը նկատէ այդ վտանգները:
Արեւմտեան վեց երկիրներու մէջ կազմակերպուած հարցախոյզին ցուցանիշները կը տատանին` «Մարդկութիւնը գրեթէ հաստատ կ՛ոչնչանայ» (միջինը` 12 առ հարիւր) տարբերակէն մինչեւ նման ելքի «Չափաւոր վտանգի գոյութիւնը» (26 առ հարիւր) միջեւ:
Ընդհանրապէս Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ հոլովոյթին արգելք ըլլալու կողմնակիցներուն (որոնք կը կարծեն, թէ ԱԲ-ն արդէն բաւական զարգացած է) թիւը կազմած է 45 առ հարիւրէն 1 առ հարիւր: Մինչ հարցուածներուն 31 առ հարիւրէն 40 առ հարիւրն ալ կողմ է աւելի կատարելագործուած նորարարութիւններու, որոնք կրնան «էական օգուտներ» բերել:
Հարցախոյզին մասնակցածներու 55-65 առ հարիւրը զգալի («գրեթէ անխուսափելի», «էական», «չափաւոր») կը նկատէ մարդկութեան կործանման վտանգը, որուն մասին վերջերս կը զգուշացնեն ԱԲ-ի յառաջատար հետազօտողները իրե՛նք: Միաժամանակ, 23 առ հարիւրին կարծիքով, նման վտանգերը չափազանց ուռեցուած են կամ վտանգներ ընդհանրապէս գոյութիւն չունին:
Հարցուածներուն քաղաքական հայեացքները գրեթէ չեն ազդեր անոնց մտահոգութեան աստիճանին վրայ:
Օրինակ` 2024 թուականին Տ. Թրամփի ի նպաստ քուէարկածներու 44 առ հարիւրը կը կարծէ, որ ԱԲ-ի զարգացումը պէտք է դանդաղեցնել, իսկ 40 առ հարիւրը կը կարծէ, որ այդ չ՛արժեր ընել եւ Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ ետ մնան միւս երկիրներէն, նոյնիսկ եթէ այդ յաւելեալ վտանգներ կը յառաջացնէ:
Վերջին կէս տարուան ընթացքին ԱԲ-ի արեւմտեան յառաջատար մշակողները սկսած են արձանագրել նոր մշակուածներու «մտահոգութեան» դէպքեր, երբ անոնք գործած են հրահանգներուն հակառակ եւ շրջանցած` իրենց համար ճշդուած սահմանափակումները:
Օրինակ` OpenAI-ի մէջ փորձարկուող նոր ԱԲ-ն ինքնակամ հրահանգներ գրած է իրեն համար` նշելով, որ ոչ ոքի պէտք է ենթարկուի («ո՛չ ընկերակցութիւններուն, ո՛չ կառավարութիւններուն»), ոչ ոքի առջեւ պէտք է արդարանայ, իսկ ԱԲ գործածողներուն հետ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին հաւասարէ հաւասարի սկզբունքով:
Անթրոփիք ընկերութեան (Claude ԱԲ) հիմնադիր եւ ղեկավար Տարիօ Ամոտէյ հրապարակաւ կոչ ըրած է դանդաղեցնելու ԱԲ-ի զարգացումը, նաեւ` խստացնելու հանրային ու մասնագիտական վերահսկողութիւնը: Ան այս քայլին դիմած է, երբ իր աշխատակից Ճէյքըպ Քոքսըն լքած է ընկերութիւնը` յայտարարելով, որ նոր արհեստագիտութիւնը «մինչեւ տասնամեակի վերջը կրնայ սպաննել բոլորս»:
Ամոտէյի կոչին աջակցած են նաեւ OpenAI, DeepMind եւ SpaceX ընկերութիւններու ղեկավարները:
Ըստ հարցախոյզին, մարդիկ հիմնաւորուած կը նկատեն հետազօտողներու զգուշացումները:
Այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք ԱԲ տարրալուծարանի աշխատակիցները իսկապէս կը հաւատան սեփական մտավախութիւններուն առ այն, որ «ԱԲ-ն կը սպաննէ բոլորս», թէ՞ այդ պարզապէս «շուկայական հնարք է»` սեփական արտադրութեան ծանուցումը ընելու համար. հարցուածները հիմնականին մէջ պատասխանած են, որ այդ զգուշացումները անկեղծ կը նկատեն:
Ճափոն կը պատրաստուի մարդամեքենայ
ներդնել բանակին մէջ
Ճափոնի զինուած ուժերուն, որոնք զօրակոչի կապուած դժուարութիւններու կը բախին, կրնան սկսիլ ներդնել ԱԲ-ով օժտուած մարդամեքենաներ: Երկրի իշխանութիւնները այժմ կ՛ուսումնասիրեն այդ կարելիութիւնը: Այս մասին հաստատած են երկրի իշխող կուսակցութեան աղբիւրներ:
Կը նշուի, որ նման մարդամեքենաները կրնան կիրարկուիլ «ոչ մարտական իրավիճակներու մէջ», ինչպէս` խարիսխներու հսկողութեան եւ ճարտարարուեստի ապահովման գործի մէջ, բան մը, որ կրնայ կրճատել երկրի Ինքնապաշտպանութեան ուժերու անձնակազմի թիւը:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այս աշխատանքը կը ղեկավարէ Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութեան գնումներու եւ արհեստագիտութիւններու գործակալութիւնը: Կը նախատեսուի կազմակերպել մրցոյթ, որուն ընթացքին սեփական ընկերութիւններու եւ համալսարաններու մշակած մարդասէր մարդամեքենաները կը ցուցադրեն իրենց կարելիութիւնները: Ապագային նման սարքերը կրնան ներգրաւուիլ նաեւ հետախուզական եւ փրկարարական գործողութիւններու մէջ:
Կառավարութիւնը կը ծրագրէ տարեվերջին վերանայիլ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտի առանցքային փաստաթուղթերը, որպէսզի կարելի դարձնէ ԱԲ-ի` որպէս երկրի պաշտպանունակութեան ամրապնդման հիմնական գործօնի, աւելի լայն կիրարկումը:
Ֆիզիքական ԱԲ-ի համակարգերը, որոնցմով զինուած են նման մարդամեքենաները, թոյլ կու տան վերլուծել սենսըրներու եւ տեսախցիկներու միջոցով հաւաքուած տեղեկատուութիւնը եւ կատարել տարբեր տեսակի առաջադրանքներ:
Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները նախկինին նման զգուշ կը վերաբերին մարտական գործողութիւններու մէջ ԱԲ-ի կիրարկման: Այս պայմանաւորուած է այն վտանգով, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ շփոթել ընկերներն ու հակառակորդը, կամ մարտական գործողութիւններու մասնակիցները` խաղաղ մարդոց հետ, եւ` հակառակը:
«Մենք չենք ակնկալեր, որ ֆիզիքական ԱԲ-ն եւ զէնքով զինուած մարդամեքենաները կը կիրարկուին մարտական գործողութիւններու ընթացքին», յայտարարած է իշխող կուսակցութեան անվտանգութեան յանձնախումբի բարձրաստիճան ղեկավարներէն մէկը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը, իր կարգին, ընդգծած է, որ ԱԲ-ն կրնայ արդիւնաւէտ գործիք դառնալ «սահմանափակ անձնակազմով իրականացուող գործողութիւնները փոխարինելու կամ լրացնելու համար»:
Սպիտակ տան մօտակայքը հնարաւոր սպառնալիքները
վերահսկող անօդաչուներ տեղակայուած են
Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութիւնը Սպիտակ տան մօտակայքը հնարաւոր սպառնալիքները վերահսկող դիտարկման անօդաչուներ տեղակայած է, որոնք մնայուն պատրաստ վիճակի մէջ են:
Միայն քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ, առանց աւելորդ աղմուկի, արդէն կը գործէ անօդաչու սարքերու խարիսխը, որ կը ղեկավարէ ոչ թէ բանակը, այլ` գաղտնի ծառայութիւնը: Նկարահանող սարքերով փոքր անօդաչուները, որոնք նախատեսուած են բարձրութենէն հնարաւոր սպառնալիքները նկատելու համար, տեղադրուած են եղանակային պայմաններէն պաշտպանուած չորս մոխրագոյն տուփերու մէջ եւ միշտ պատրաստ են օդ բարձրանալու :
Անօդաչուները զէնք չեն կրեր. անոնք տեղադրուած են ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքին տանիքին: Գաղտնի ծառայութիւնը կրնայ զանոնք գործարկել հեռակառավարման վահանակներէն` ստեղծուած իրավիճակին անյապաղ արձագանգելու համար:
Աշխատանքի այս նոր ձեւը արդէն կը կիրարկեն Միացեալ Նահանգներու հարիւրաւոր ոստիկանական գերատեսչութիւններ: Անօդաչուներուն մէջ տեղադրուած է ԱԲ, որ կ՛օգնէ շրջանցել արգելքներն ու հետեւիլ թիրախին:
Այս մասին հրապարակաւ չէր յայտարարուեր, որպէսզի չտկարանան Սպիտակ տան փաստերը յօգուտ պարասրահի կառուցման, որուն տանիքին վրայ նախագահ Թրամփ խոստացած էր անվտանգութեան ապահովման նպատակով հրթիռակիր ռազմական անօդաչուներ տեղադրել:
Գաղտնի ծառայութիւնը մերժած է յստակացնել, թէ ճշգրիտ ի՛նչ գործառոյթ կ՛իրականացնեն անօդաչուները, սակայն նշած է, որ անոնց նոր տուփերը կապ չունին պարասրահի տանիքին նախատեսուող խարիսխին հետ:
Պատրաստի պատասխաններ` սեփական մտածողութեան
փոխարէն. գիտնականները ուսումնասիրած են
ԱԲ-ի ազդեցութիւնը երեխաներու վրայ
Գիտնականները յայտնաբերած են երեխաներու ուսման վրայ ԱԲ-ի ազդեցութեան վերաբերեալ գիտելիքներու լուրջ բաց. կրթութեան մէջ ԱԲ-ի արագ տարածումը հետազօտողները ցարդ գրեթէ չեն գիտակցիր, թէ անոր օգտագործումը ինչպէ՛ս կ՛ազդէ կրտսեր դպրոցականներու քննադատաբար մտածելու եւ ինքնուրոյն խնդիրներ լուծելու կարողութեան վրայ:
Այդ եզրակացուցած է Նորվեկիայէն եւ Չեխիայէն հետազօտողներու խումբը, որ վերլուծած է կրթութեան մէջ ԱԲ-ի կիրարկման վերաբերեալ 173 գիտական աշխատանք: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of Information Technology Education: Research ամսագրին մէջ:
Գիտնականները ուսումնասիրած են 2022 թուականէն մինչեւ 2025 թուականի գարունը հրապարակուած աշխատանքները` պարզելու համար, թէ արդեօ՞ք ԱԲ-ն կ՛օգնէ զարգացնել քննադատական մտածողութիւնն ու խնդիրները ինքնուրոյն լուծելու կարողութիւնը, թէ՞ հակառակը, կը տկարացնէ այդ հմտութիւնները:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ միատեսակ պատասխան չկայ: Նոյն արհեստագիտութիւնը կրնայ ե՛ւ աջակցիլ մտածողութեան, ե՛ւ դառնալ զայն փոխարինողը:
ԱԲ-ն կ՛օգնէ զարգացնել կարեւոր հմտութիւններ, երբ աշակերտները այդ գործածեն հարցեր ձեւակերպելու, տեղեկութիւնները ստուգելու, տարբեր տեսակէտներ համեմատելու եւ ինքնուրոյն փաստարկում կառուցելու համար: Սակայն եթէ չաթ-բոտը կը դառնայ պատրաստի պատասխանը արագ ստանալու միջոց, կը մեծնայ արհեստագիտութենէն չափազանց կախուածութեան, նիւթի մակերեսային իւրացման եւ խնդիրներու ինքնուրոյն լուծման տկարացման վտանգը:
Միաժամանակ հետազօտողները պարզած են, որ գոյութիւն ունեցող տուեալներու մեծ մասը ընդհանրապէս երեխաներուն չի վերաբերիր:
Վերլուծուած հետազօտութիւններու 80 առ հարիւրին մասնակիցները եղած են քոլեճներու եւ համալսարաններու ուսանողներ: Այդ պատճառով շատ աւելի նուազ յայտնի է, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ երեխաներուն եւ դեռահասներուն մօտ, որոնց տեղեկատուութիւնը ընկալելու, գնահատելու եւ վերլուծելու կարողութիւնը դեռ նոր կը ձեւաւորուի:
Ըստ նորվեկիացի մասնագէտ, հետազօտող Հիլտէ Ստորիոսեթերի, եթէ ԱԲ-ն կը սկսի կատարել մտաւոր աշխատանքը դեռ մինչեւ այն պահը, երբ երեխան սկսած է ձեւաւորել քննադատական մտածողութեան եւ խնդիրներու լուծման սեփական հմտութիւնները, հետեւանքները կրնան էապէս տարբերիլ անոնցմէ, որոնք կը դիտուին մեծահասակներու պարագային:
Կան նաեւ այլ բացեր:
Հետազօտութիւններուն մեծ մասը հիմնուած է մասնակիցներու ինքնազեկոյցներու վրայ, այլ ոչ թէ` ժամանակի ընթացքին անոնց հմտութիւններու փոփոխութիւններու առարկայական հետեւումին:
Բացի անկէ` գիտական աշխատանքները աշխարհի մէջ բաշխուած են անհաւասարաչափ: Հարաւային, հարաւարեւելեան եւ արեւելեան Ասիոյ երկիրներու, յատկապէս` Չինաստանի, բաժին ինկած է 28 հետազօտութիւն: Սպանիոյ եւ Բրիտանիոյ մէջ իննական, Միացեալ Նահանգներու` 15: Մինչ Ափրիկէն, Հարաւային Ամերիկան եւ Կեդրոնական Ասիան կը մնան զգալիօրէն աւելի նուազ ուսումնասիրուած:
Ընդհանրապէս դրական արդիւնքները հանդիպած են աւելի յաճախ, քան` բացասականները:
ԱԲ-ի ազդեցութեան վերաբերեալ քննադատական մտածողութեան վրայ 139 հետազօտութիւններէն 67-ն հաղորդած են միայն դրական ազդեցութեան մասին, 33-ը` միայն բացասականի, իսկ 39-ն յայտնաբերած են ե՛ւ դրական ադիւնք ե՛ւ բացասական հետեւանքներ:
Նման պատկեր դիտուած է նաեւ խնդիրներ լուծելու կարողութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններու մէջ. 103 աշխատանքներէն 57-ն հաղորդած են բացառապէս ԱԲ-ի դրական ազդեցութեան մասին, 24-ը` բացասականի, 23-ը` դրականի եւ բացասականի:
Միաժամանակ երեխաները աւելի ու աւելի աշխուժ կը դիմեն ԱԲ-ին տեղեկութիւն ստանալու համար:
Ըստ Նորվեկիոյ տեղեկատուական ոլորտի վարչութեան տուեալներուն, Կուկըլ գործածող 9-18 տարեկաններու բաժինը 2024 թուականին 72 առ հարիւրէն նուազած է մինչեւ 47 առ հարիւր` 2025-ին: ԱԲ արդէն կ՛օգտագործէ 11-12 տարեկան նորվեկիացի երեխաներու 39 առ հարիւրը:
Հետազօտողները կը խորհին, որ այդ պատճառով դպրոցներու առանցքային խնդիրը կը դառնայ ոչ թէ պարզապէս նոր գործիքներու հետ աշխատիլ սորվեցնելը, այլ` ԱԲ գրագիտութեան զարգացումը հասկնալու կարողութիւնը, թէ արհեստագիտութիւնը ինչպէ՛ս կ՛ազդէ ուսուցման հոլովոյթին վրայ, ստուգել անոնցմէ ստացուած տեղեկութիւնները եւ ինքնուրոյն գնահատել արդիւնքները:
Հետազօտութեան հեղինակներու կարծիքով, ուսուցիչները պէտք է ստեղծեն այնպիսի առաջադրանքներ, որոնց մէջ ԱԲ-ն կ՛օգնէ երեխային մտածելու, բայց անոր փոխարէն չի կատարեր հիմնական մտաւոր աշխատանքը:


