Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնապահպանները արդէն երկար ատենէ դէմ էին թուղթ պատրաստելու համար ծառեր հատելուն, եւ ահա վերջերս նոր աղէտ մը աւելցաւ. զանազան երկիրներու մէջ անտառային հրդեհը: Այս ձեւով հրատապ դարձաւ նաեւ թուղթի ապագան: «Quora» կայքը այս առնչութեամբ ուղղած է հարցումներ, որոնց պատասխանած են` մասնագէտներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ զանազան ասպարէզներէ մարդիկ: Կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
Հաւանակա՞ն է, որ ապագային թուղթն ու գրիչը ամբողջութեամբ փոխարինուին համակարգիչներով: Արդեօք արհեստագիտութիւնը ի վերջոյ կրնա՞յ փոխարինել գրիչն ու թուղթը:
– «Կը կասկածիմ : Գրիչին եւ թուղթին տարածուած ըլլալը, դիմացկունութիւնը, տպագրութիւն կատարելու ունակութիւնը քիչ հաւանական կը դարձնեն, որ որեւէ բան կը փոխարինէ գրագիրներու սովորական առաջադրանքները»:
– «Պատմեմ ձեզի իրական պատմութիւն մը: 1990-ականներու կէսերուն Ուաշինկթըն ցնցուեցաւ հաղորդագրութենէ մը, որ կ՛ըսէր, թէ ան օրական կը սպառէր 12 հազար ծառ, տարեկան աւելի քան 3 միլիոն, միայն թուղթի համար: Ամբողջ կառավարութիւնը սկսաւ թուղթի կրճատման քաղաքականութիւն` պարտադիր դարձնելով համակարգիչներու գործածութիւնը` գրամեքենաներու փոխարէն: Այս զգալիօրէն ընդարձակեց համակարգիչներու օգտագործումը բոլոր գործակալութիւններու մէջ: Քանի մը տարի ետք անոնք այլ հարց մը դիմագրաւեցին: Անոնք պարզեցին, որ թուղթի օգտագործումը իրականութեան մէջ ԱՃԱԾ է` տարեկան աւելի քան չորս միլիոն ծառ: Պատճառը անմիջապէս ակներեւ չէր: Ուրեմն անոնք նոր ուսումնասիրութիւն մը կատարեցին:
Մենք համակարգիչներ եւ համացանց ունինք արդէն քանի մը տասնամեակէ ի վեր, ուրեմն կ՛արժէ վերլուծել, թէ ինչո՞ւ դեռ կը գրենք: Պատճառը թուղթի եւ գրելու յարմարութիւնն ու դիւրին օգտագործումն է: Բազմաթիւ առաջադրանքներու համար, երբ մենք նախապէս կ՛օգտագործէինք գրաւոր աշխատանք, հիմա կ՛օգտագործենք համակարգիչներ: Համակարգիչները շատ աւելի դիւրացուցած են հաշուարկները, կազմակերպումը եւ ներկայացումները: Բայց եւ այնպէս, երբ մէկը պէտք է արագ բան մը գրէ, ամէնէն յարմար տարբերակը կը մնայ գրիչն ու թուղթը:
Այդ օրերուն հիանալի գաղափար եւ կարգախօս էր: Սակայն սխալմամբ յայտնուեցաւ: Շատ շուտով իրաւաբանները հաստատեցին, որ տպագիր թուղթը անօգուտ է` առանց իրական ձեռագիր ստորագրութեան: Մեծ ընկերութիւնները պարզեցին, որ թուային 500 էջնոց հաշուետուութիւնը իմաստ չունի, քանի դեռ չէ տպագրուած առնուազն օրինակ մը: Ինչպէս այսօր կը թուի, համակարգիչները, սըրվըրներն ու տպիչները պարզապէս կ՛օգնեն պատրաստելու տպելի փաստաթուղթեր, իսկ անոնց թուային պատճէնը կը ծառայէ միայն որպէս ժամանակաւոր, միջանկեալ կրիչ»:
– «Թուղթը գոյութիւն ունի դարերէ ի վեր: Անոր ապագան կրնայ այնքան ալ ապահով չըլլալ, որքան կարելի է կարծել: Արհեստագիտութեան զարգացման հետ բազմաթիւ մարդիկ կը նախընտրեն թուային տարբերակները` թուղթէ տարբերակներու փոխարէն: Հակառակ անոր որ թուղթը տակաւին ունի իր առաւելութիւնները, սակայն այդ կրնայ այլեւս չըլլալ նախընտրելի ընտրութիւն ապագային»:
– «Թուղթի թուային կրիչներու նկատմամբ ունեցած հիմնական առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ այդ ֆիզիքական առարկայ է: Այս կը նշանակէ, որ անոր կարելի է դպնալ, շօշափել եւ վրան գրել: Այդ նաեւ աւելի քիչ տեղ կը գրաւէ, քան` թուային կրիչները, ինչ որ կրնայ մեծ առաւելութիւն ըլլալ անոնց համար, որոնք չեն ուզեր իրենց տուները լեցնել ելեկտրոններով» :
– «Մինչեւ հիմա ես շատ բան չեմ տեսած, որ կրկնօրինակէ թուղթը: Կինս ունի reMarkable, որ ելեկտրոնային մելանի հարթակ է, որ կ՛օգտագործէ յատուկ գրիչ: Կը կարծեմ` այդ բնական է, բայց իրական թուղթի վրայ աշխատելու զգացողութիւն չունի: iPad Pro-ի վրայ ձեռագիր գրելը երբեք ինծի յարմար չէ. գրիչի նկատմամբ դիմադրութիւնս չափազանց տկար է, իսկ մատիտի ծայրի անընդհատ ձայնը ապակիի վրայ չափազանց ջղայնացուցիչ է»:
– «Սրճարանը նստած` կը տեսնեմ քանի մը մարդիկ, որոնք իրենց նոթպուքերով եկած են եւ կը մեքենագրեն:Աւելի շատերը կը կարդան կամ մատներով կը հարուածեն իրենց հեռաձայնները: Ես այս կը գրեմ 0,7 մմ մեքենայական մատիտով` իմ A4 թուղթէ տետրակիս մէջ: Այդ գրեթէ անընթեռնլի է ուրիշներու համար, բայց ես կրնամ բառերը արտասանել մեծ արագութեամբ»:
– «Իմ գրելու ոճս բնազդային է, ուստի ես կեդրոնանալու կարիք չունիմ: Ամբողջական մկանային յիշողութիւն: Կը կարծեմ ` մեքենագրողները այդ ձեռք կը բերեն ժամանակի ընթացքին եւ նոյնիսկ ստեղնաշարին նայելու պէտք չունին»:
– «Թուղթէ տետրակս զգալի առաւելութիւն ունի. այդ կ՛արձանագրէ իմ բոլոր գրածներս: Ես կը գործածեմ սլաքներ` բնագիրի հոսքը տեղաշարժելու համար: Այդ մեծ ճկունութիւն ունի»:
– «Մօտիկ ապագային ձեռագիր գրելը դեռ կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ: Մարտկոցները կը սպառին: Ելեկտրական սարքերը կը կորսուին, կը գողնան եւ կը մնան ձեր միւս շապիկին մէջ: Գաղափարները կը շարունակեն գրուիլ անձեռոցիկներու, թերթերու եզրերու եւ այլնի վրայ: Նոյնիսկ եթէ այս բաներէն ոչ մէկը ձեզի կը պատահի, դեռ կ՛ըլլան ձեռագիր բաներ, որոնց հետ դուք ստիպուած կ՛ըլլաք գործ ունենալ»:
-«Հեռու, շա՜տ հեռու ապագային, երբ մենք կ՛ունենանք արեգակնային ուժով աշխատող ամէն բան` անսպառ մարտկոցներ եւ մտքի միջեւ ուղիղ կապ, ձեռքով գրելը կը դառնայ հազուագիւտ հմտութիւն»:
-«Համակարգչային քննութիւնները բարձրագոյն կրթութեան եւ մասնագիտական քննութիւններու մէջ արդէն մեծապէս փոխարինած են գրիչով եւ թուղթով քննութիւնները: Խնդիրը խաբէութեան հնարաւորութեան սահմանափակումն է: Կինս վերջերս մասնագիտական քննութիւն տուաւ: Ան ստիպուած էր աշխատցնել web տեսախցիկը, որպէսզի հեռակայ դիտորդը կարենար հետեւիլ իրեն, որպէսզի ան չկարենար պատասխանները փնտռել գիրքին մէջ»:
-«Կը կարծեմ , որ ներկայիս արհեստագիտութիւնը կը շարժի հետեւեալ ձեւով. ձայնի ճանաչումը գրեթէ բաւարար է: Նմանապէս, ձայնի ճանաչումով թապլեթ- համակարգիչները շուտով կրնան փոխարինել ստեղնաշարը»:
-«Թուղթը կ՛անհետանայ, երբ գրութիւններու փոխանցման յաւելուածը կարենայ փաստաթուղթերու անլար փոխանակումը դարձնել անխափան, իսկ ինքնագործ համակարգը, ընդհանուր ծաւալով, թուղթի մեծ մասի օգտագործումը պիտի դարձնէ աւելորդ»:
-«Անշուշտ, եթէ մենք մեր թուղթը պատրաստէինք կանեփի մանրաթելէ, այլ ոչ թէ` փայտի զանգուածէն, մենք ընդհանրապէս ծառեր չէինք սպաններ»:
-«Ես նախապէս ձեռքով կը գրէի ստեղծած պատմութիւններս, բայց հիմա անոնք բոլորը կը գրեմ համակարգիչով կամ նոթպուքով: Ես երբեք չեմ վերադառնար նախկին ձեւին, որովհետեւ վեց հազար բառնոց գլուխներ գրելը մղձաւանջ է, իսկ ձեռքով ընելը` անկարելի:
-«Իմ նախորդ ասպարէզիս մէջ ես պէտք էր նախագծէի համակարգ մը, որ կ՛օգտագործուէր արտակարգ իրավիճակներու մէջ: Որպէսզի մարդիկ արձանագրութիւններ ընէին, երբ ժամանակը շատ կարեւոր է, դուք պէտք է արագ գրէք, երբ երկու, երեք կամ չորս մարդ կրնայ միաժամանակ խօսիլ…ուրեմն ամէնէն գործնականը` թուղթը եւ գրիչը»:
-«Նայեցէ՛ք: 1970-ականներուն ամէնէն տարածուած բառն է` թղթազուրկ գրասենեակ: Հակառակ ել-նամակներու, PDF-ներու, ելեկտրական ստորագրութիւններու, ելեկտրոնային վճարումներու, նաեւ առեւտուրի մէջ թուղթի օգտագործման կրճատման արշաւներու գոյութեան` տակաւին կայ թուղթի, տպիչներու, մելանի, նոյնիսկ գրիչներու, մատիտներու, տետրակներու ուժեղ շուկայ»:
-«Ես կը կարծեմ, որ երեխաներուն դեռ կը սորվեցնեն թուղթի վրայ գրել մօտիկ ապագային, քանի որ այդ աւելի աժան է, քան` երեխաներուն ելեկտրական սարքեր տրամադրելը, որոնք անոնք կը ձգեն ու կը կոտրուին, կը մոռնան լիցքաւորել, կը կորսնցնեն եւ այլն: Թուղթը կարիք չունի թարմացումներ տեղադրելու, եւ դուք պէտք չունիք մտահոգուելու, որ անծանօթները կը հետեւին ձեր երեխաներուն թուղթով: Այսպիսով, քանի դեռ երեխաներուն կը սորվեցնեն այդպէս գրել, այդ տակաւին մատչելի կ՛ըլլայ գնման համար»:
-«Հակառակ անոր որ հանդարտ անձ մըն եմ, կրնամ բաւական ջղայնանալ այս հարցէն: Ինչպէ՞ս կը կարծէք, որ կրնաք քորոնայով վարակուիլ գրիչի կամ թուղթի պատճառով: Ի՞նչ մտադիր ես ընել` լզե՞լ թուղթը, գրկել, ապա ծծե՞լ գրիչը, որ օգտագործած է ուրիշը: Աշխարհի մեծ մասին մէջ շատ աւելի բազմաթիւ խնդիրներ կան, քան` գրիչով կամ թուղթով քորոնայով վարակուելու որեւէ երեւակայական կարելիութիւն. այնպէս որ, այլեւս կեցէ՛ք, դադրեցէ՛ք տնքալէն եւ մտածեցէ՛ք Ափրիկէի մէջ մաքուր ջուր չունեցող բոլոր այն երեխաներուն կամ Հնդկաստանի աղբանոցներուն մէջ սնունդ փնտռող պատանիներուն մասին»:
-«Ոչ ամբողջութեամբ: Թուղթը, եթէ պատշաճ պահուի, կը ծառայէ դարեր շարունակ: Լուսնի վրայ էջքի տուեալներուն մուտք գործելու դժուարութիւններ կան` արհեստագիտութեան փոփոխութիւններու պատճառով: Թուղթի վրայ գրուած գաղափարներուն, հաղորդագրութիւններուն եւ այլնի հեռակայ մատչելիութիւն կարելի չէ ստանալ: Ես կրնամ գրել իմ օրագիրիս մէջ, կամ նամակ գրել իմ սիրելիիս, քիչ հաւանական է, որ ոեւէ մէկը կարենայ կարդալ իմ գրածս: Միւս կողմէ, եթէ ես անձնական հաղորդագրութիւն կը ղրկեմ ընկերային ցանցերու կամ ելեկտրական փոստի միջոցով, այդ կ՛անցնի երրորդ կողմի (երբեմն` աւելի շատ) միջոցով, որ կրնայ մուտք գործել այնտեղ»:
-«Հոլովոյթը դանդաղ կ՛ընթանայ, այսօր ամէն բան կը կատարուի ելեկտրոնային եղանակով: Բայց եւ այնպէս, կարեւոր է, որ երեխաները գիտնան ինչպէ՛ս գրել` անուններով, թիւերով եւ ձեռագիր: Ամէն պարագայի, ձեռագիրը երբեք չի կորսուիր, որովհետեւ ի տարբերութիւն թուայինի` անոնք չեն վարակուիր ժահրերով եւ չեն պահանջեր լիցքաւորում, երբ կ՛ընդհատուի ելեկտրականութիւնը»:
-«Առանց թուղթի գրասենեակ երբեք չէ եղած: Ես շատ կապուած եմ թուային գիրքերուն եւ կը սիրեմ իմ թապելթս, բայց երբեք չեմ սպասեր, որ կը դադրիմ կարծր կազմով գիրքեր գործածելէ»:
-«Ես դրամական շահագրգռուածութիւն ունիմ այս վէճին մէջ, բայց գրիչն ու թուղթը պաշտպանութեան կարիք չունին: Ձեռագիր սիրային նամակը կը նշանակէ բան մը, որ սրտի պատկերակները երբեք չեն փոխարիներ: Եթէ հոգ տանիք, կը տեղադրէք շնորհաւորական բացիկի եւ դրոշմաթուղթով նամակի պահարանի մը մէջ: Ձեռքով գրելը ձեր ուղեղին մէջ կը բանայ անցուղիներ, որոնք չեն արձագանգեր ստեղնաշարին կամ հեռաձայնին վրայ մատներու հարուածներուն»:
-«Թուղթի անհետացումը գրեթէ անկարելի է մօտիկ ապագային, կրնայ ըլլալ շատ հեռաւոր ապագային»:
-«Մարդիկ այդ կանխատեսած էին 70-ականներուն: Հակառակը տեղի ունեցաւ: Համակարգիչները մեզ ստիպեցին աւելի շատ թուղթ օգտագործել, քանի որ մեր բոլոր համակարգիչներուն միացած են տպիչներ եւ պատճենահանող սարքեր»:
-«Ամբողջ կեանքիս մէջ գրել-չգրելու փոխարէն` մեքենագրած եմ: Բացի քննութիւններէ` տարիներ շարունակ ձեռագրով ոչ մէկ էական բան գրած եմ: Իրականութեան մէջ, հազիւ կը կարողանամ պարբերութենէ մը աւելի գրել, մինչեւ դաստակս կը սկսի ցաւիլ»:
-«Համակարգիչները ամբողջութեամբ չեն կարողանար փոխարինել ձեռագիրը: Աշխատանքիս նկարագրութեան մէջ կը մտնէ որսորդութեան եւ ձկնորսութեան արտօնագրերու տրամադրումը: Պէտք է ստորագրէք արտօնագիրը, երբ այդ կը տրամադրուի: Չեմ կրնար ըսել, թէ քանի երիտասարդ չի գիտեր, թէ ինչ է ստորագրութիւնը կամ ինչպէ՛ս պատրաստել: Անոնք կը նային իրենց ծնողներուն եւ կ՛ըսեն` «շեղագիր»: Սովորաբար կը գրեն իրենց անունը: Ապա մանրակրկիտ կը գրեն իրենց անունը` լեզուն դուրս հանած: Այս հետեւանք է անոր, թէ որքա՛ն քիչ կարեւորութիւն կը տրուի ձեռագրին, եւ որքա՛ն յաճախ այդ կը պահանջուի: Այս նոր զարգացում չէ»:
«Այո՛, այդ անխուսափելի է: Թուղթեր եւ մատիտներ արտադրելու համար ծառեր պէտք են: Քանի որ մոլորակը ամէն օր ծառեր կը կորսնցնէ, կը սկսին ի յայտ գալ այլ տարբերակներ: Արդէն կրնաք գրել ձեր հեռաձայններով եւ այլ սարքերով»:


