Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ

September 11, 2026
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ քաջաբար պայքարած են բռնակալ վարչակարգերու եւ կառավարիչներու դէմ` մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան համար նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհաբերելով:’

Ն.

Օսքար Ռոմերօ արքեպիսկոպոս (Էլ Սալվատոր)

Զինուորականներու գլխաւորած վարչակարգը Սալվատորի մէջ բռնապետութիւն հաստատած էր: Ռոմերօ արքեպիսկոպոս, որ նախապէս պահպանողական էր, դարձաւ  աղքատներու կրքոտ պաշտպան` պետութեան կողմէ հովանաւորուող լայնածաւալ բռնութեան եւ սպանութիւններու ականատես ըլլալէ ետք: Ձայնասփիւռային շաբաթական քարոզներու միջոցով կը դատապարտէր վարչակարգի իրականացնող խոշտանգումները, անհետացումները եւ կոտորածները:

Ան սպաննուեցաւ աջակողմեան ահաբեկչական ջոկատի մը կողմէ 1980 թուականին` ս. պատարագ մատուցելու ատեն: Կաթողիկէ եկեղեցին Ռոմերօ արքեպիսկոպոսը սրբադասեց 2018 թուականին:

Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապ (Լեհաստան / Աշխարհ)

Համայնավար վարչակարգը կ՛իշխէր Լեհաստանի մէջ: 1979 թուականին հայրենի Լեհաստան պատմական ուխտագնացութեան ժամանակ անոր քարոզները հրահրեցին խաղաղ դիմադրութեան ոգի, որ անմիջական  խթանեց հակահամայնավարական «Համերաշխութիւն» (Solidarity) շարժումը: Պապը ամբողջ աշխարհին մէջ պաշտպանեց կրօնական ազատութիւնը, մարդկային  իրաւունքները եւ քաղաքական ազատագրումը: Անոր  բարոյական աջակցութիւնը կը նկատուի արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարութեան վերջնական խաղաղ փլուզման հիմնական գործօնը:

Տեզմոնտ Թութու արքեպիսկոպոս (Հարաւային Ափրիկէ)

Սպիտակամորթ փոքրամասնութեան ափարթայթի վարչակազմը խտրականութիւն հաստատած էր Հարաւային Ափրիկէի մէջ: Որպէս հարաւափրիկեան եկեղեցիներու խորհուրդի առաջնորդ` Թութուն իր ամպիոնը գործածեց պետութեան դաժան ցեղապաշտութեան, խտրականութեան դէմ ոչ բռնի հակազդեցութիւն քարոզելու համար: Ան միջազգային իր հեղինակութիւնը ծառայեցուց վարչակարգին դէմ տնտեսական պոյքոթներու համար պայքարելու: 1984 թուականին Թութու արքեպիսկոպոս արժանացած է Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի, աւելի ուշ նախագահած է Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման յանձնախումբին` ափարթայտէն ետք երկրի վերականգնման նպաստելու համար:

Խայմէ Սին կարտինալ (Ֆիլիփին)

Ֆերտինանտ Մարքոսի բռնաճնշումի օրերն էին: Պենիկնօ Ակինօ կրտսերի սպանութենէն ետք, կարտինալ Սին դարձաւ հակամարքոսեան շարժման բարոյական կողմնացոյցը: 1986 թուականին ան ձայնասփիւռով կոչ ուղղեց միլիոնաւոր քաղաքացիներու ապստամբ պաշտպանելու զինուորական սպաները` հրահրելով խաղաղ ժողովրդական իշխանութեան յեղափոխութիւնը: Զանգուածային, խաղաղ քաղաքացիական բողոքի ցոյցերը յաջողութեամբ աքսորեցին Մարքոսը` վերականգնելով ժողովրդավարութիւնը Ֆիլիփինի մէջ:

Տիթրիխ Պոնհոֆեր (Գերմանիա)

Ատոլֆ Հիթլերի նացիական վարչակարգի ժամանակաշրջանին, գերմանացի լուտերական հովիւ եւ աստուածաբան Պոնհոֆեր կտրականապէս դէմ էր Հիթլերի հակասեմական քաղաքականութեան եւ պետութեան հակակշիռին տակ եղող գերմանական քրիստոնէական եկեղեցւոյ: Ան համահիմնադրած է Խոստովանող եկեղեցին (Confessing Church) եւ ի վերջոյ միացած է ընդյատակեայ քաղաքական դիմադրութեան` օգնելով Հիթլերը տապալելու դաւադրութիւններուն: Պոնհոֆեր ձերբակալուեցաւ Կեստափոյի կողմէ եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ համակեդրոնացման ճամբարին մէջ 1945 թուականի ապրիլին` նացիական վարչակարգի անկումէն քանի մը  շաբաթ առաջ:

Կարտինալ Ռաուլ Սիլվա Հենրիքես (Չիլի)

1973 թուականի 11 սեպտեմբերին, Օկիւստօ Փինոշէ տապալեց  Չիլիի ժողովրդավարական քուէարկութեամբ ընտրուած նախագահը: Յեղաշրջումէն անմիջապէս ետք կարտինալ Սիլվա Հենրիքես ստեղծեց Vicaria de la Solidaridad- ը: Եկեղեցական այս կազմակերպութիւնը իրաւաբանական, բժշկական եւ դրամական օգնութիւն կը ցուցաբերէր Փինոշէի վարչակարգի հազարաւոր զոհերուն եւ մանրամասն վաւերագրած էր պետութեան կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները: Անոր աշխատանքը պաշտպանեց այլախոհները մահուան ջոկատներէն եւ տրամադրեց հիմնական ապացոյցներ, որոնք ժողովրդավարութեան վերականգնումէն ետք գործածուեցան վարչակարգի պաշտօնեաները հետապնդելու համար:

Պատրիարք Տիխոն (Խորհրդային Միութիւն)

Վլատիմիր Լենինի պոլշեւիկեան վարչակարգի օրերն էին: Ընտրուելով ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք, ճիշդ  այն պահուն, երբ պոլշեւիկները գրաւեցին իշխանութիւնը, պատրիարք Տիխոն բացայայտ դատապարտեց վարչակարգի բռնի մահապատիժները, կրօնական ազատութիւններու ճնշումը եւ պետութեան  պարտադրած սովը: Ան ենթարկուած է խիստ տնային կալանքի եւ պետական ճնշման մինչեւ իր կասկածելի մահը` 1925 թուականին` դառնալով պետական զինեալ անաստուածութեան  դէմ կրօնական դիմադրութեան խորհրդանիշ:

Բրիտանացի ռաբբի Սողոմոն Շոնֆելտ

1938 թուականին Գերմանիա աւելի ու աւելի հակասեմական օրէնքներ կ՛որդեգրէր եւ Եւրոպայի ապագան շատ մռայլ կը թուէր: Ողջակիզման մութ ամպերու կուտակման հետ, բրիտանացի ռաբբի Սողոմոն Շոնֆելտ իր անձնական առաքելութիւնը դարձուց կարելի եղածին չափ բազմաթիւ  հրեաներ փրկելը: Գերմանիոյ անձնատուութենէն միայն քանի մը ամիս ետք, Շոնֆելտ ուղղուեցաւ  նախկին նացիական համակեդրոնացման ճամբարներ` փրկելով շուրջ  3500 բանտարկեալներ:

Այաթոլլահ Հոսէյն Ալի Մոնթազերի (Իրան)

Իրանի ղեկավարման մէջ Խոմեյնիի պաշտօնական իրաւայաջորդ նշանակուած այաթոլլահ Մոնթազերին 1980-ականներու վերջաւորութեան խիզախօրէն դուրս եկաւ վարչակարգի շարքերէն: Ան խստօրէն քննադատեց քաղաքական բանտարկեալներու զանգուածային մահապատիժները` պնդելով, որ իշխող համակարգը բռնապետութիւն դարձած է իսլամի անունով:  Ան զրկուեցաւ իր կոչումներէն եւ կեանքի վերջին տարիները անցուց խիստ տնային կալանքի տակ` մնալով Իրանի ժողովրդավարութեան հզօր մտաւորական խորհրդանիշ:

Երանելի Եժի Պոպելուշկօ (Լեհաստան)

Բռնապետ Վոյցեխ Եարուզելսքի կը վայելէր խորհրդային աջակցութիւնը: Երիտասարդ կաթողիկէ վարդապետ Պոպելուշկօ  միացաւ արգիլուած «Համերաշխութիւն» միութեան: Անոր հզօր «Հայրենիքի համար պատարագներուն» տասնեակ հազարաւոր լեհեր ներգրաւուած էին` հոգեւոր քարոզները միացնելով համայնավարական ամբողջատիրութեան եւ քաղաքացիական ազատութիւններու ճնշման սուր մեղադրանքներու: Ան առեւանգուած եւ դաժանօրէն սպաննուած է գաղտնի ոստիկանութեան երեք սպաներու կողմէ 1984 թուականին:

Ֆեստօ Կիվենկերէ եպիսկոպոս (Ուկանտա)

Յաճախ անուանուելով «Ափրիկէի Պիլլի Կրեհեմ», Կիվենկերէ  համարձակօրէն քննադատած է Ուկանտայի բռնապետ Իտի Ամինի բռնակալական եւ մարդասպան կառավարումը: Ամինին ուղղուած պետական մահապատիժներու վերաբերեալ բողոքի նամակի համահեղինակ ըլլալէ ետք, Կիվենկերէ աքսորուած է իր գործընկերոջ` Ճանան Լուվում արքեպիսկոպոսի սպանութենէն միայն քանի մը օր առաջ, նախքան վարչակարգին կողմէ սպաննուիլը:

Այաթոլլահ Ալի ալ-Սիստանի (Իրաք)

Թէեւ ան աւանդաբար հաւատարիմ էր քաղաքականութեան մէջ լուռ մօտեցումին, բայց եւ այնպէս Իրաքի ամէնէն ազդեցիկ շիի հոգեւորականը միշտ մերժած է Սատտամ Հիւսէյնի բռնապետութիւնը` հրաժարելով անոր կրօնական օրինականութիւն տրամադրելէ: Սատտամի անկումէն ետք Սիստանին կարեւոր դեր խաղացած է ժողովրդավարական ընտրութիւններուն եւ սահմանադրական կառավարման անցումը ապահովելու հոլովոյթին մէջ:

Շէյխ Ապտել Համիտ Քիշք (Եգիպտոս)

Շատ ժողովրդականութիւն վայելող աչազուրկ սիւննի հոգեւորական, որ յայտնի է իր գրաւիչ ուրբաթօրեայ քարոզներով, շէյխ Քիշք Եգիպտոսի նախագահներ Ապտել Նասըրի եւ Անուար Սատաթի բուռն քննադատն էր: Ան պարբերաբար կը քննադատէր անոնց հեղինակաւոր քաղաքականութիւնը, քաղաքացիական ազատութիւններու ճնշումը եւ աշխարհիկ կառավարումը, բան մը, որ պատճառ դարձած է անոր յաճախակի բանտարկութեան եւ խոշտանգումներուն:

Շէյխ Մուհամմատ  Եաքուպի (Սուրիա)

Սուրիացի ականաւոր սիւննի հոգեւորական, որ իր հարթակը օգտագործեց սուրիական ապստամբութեան ժամանակ Պաշշար Ասատի վարչակարգի դէմ խօսելու համար: Ան միաժամանակ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի բռնակալական ծայրայեղականութիւնը` ատիկա յայտարարելով իսլամական օրէնքէն շեղում:

Շէյխ Ուսամա Ռիֆահ (Սուրիա)

Դամասկոսէն բարձր յարգանք վայելող սիւննի հոգեւորական եւ Սուրիոյ իսլամական խորհուրդի առաջնորդ: 2011 թուականի սուրիական ապստամբութեան ժամանակ Ռիֆահ իր քարոզները օգտագործեց Քարիմ մզկիթին մէջ` բացայայտ դատապարտելու Պաշշար Ասատի հրամայած դաժան բռնաճնշումները: Վարչակարգի ուժերու կողմէ անոր մզկիթին վրայ  յարձակումէն եւ անոր վիրաւորուելէն ետք, ան

աքսորուեցաւ ու շարունակեց առաջնորդել Ասատի վարչակարգի դէմ կրօնական ընդդիմութիւնը:

Շէյխ Սալման Ուտա (Սէուտական Արաբիա)

Սէուտցի ականաւոր յառաջադէմ գիտնական եւ «Սահուա» (Զարթօնք) շարժման յառաջատար դէմք: 2011 թուականի «Արաբական գարնան» ժամանակ Ուտան բացայայտ  հրաժարեցաւ ֆեթուաներ տալէ: Անոր փոխարէն ան հրապարակաւ աջակցեցաւ բռնապետութեան դէմ ժողովրդական յեղափոխութիւններուն` բռնապետներու դէմ պայքարին ընթացքին զոհուածները յայտարարելով նահատակներ: Ան ձերբակալուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններու կողմէ 2017 թուականին` Քաթարի դիւանագիտական ճգնաժամի խաղաղ դիւանագիտական լուծման կոչ ընող թուիթին մէջ արձանագրութիւն կատարելէ ետք, եւ մինչեւ այսօր բանտարկուած է:

Այաթոլլահ Մուհամմետ Պաքիր Սատր (Իրաք)

1970-ականներուն Իրաքի մէջ յայտնի փիլիսոփայ եւ շիի հոգեւորական: Սատր հանդիսացած է Պաաս կուսակցութեան եւ Սատտամ Հիւսէյնի բռնապետութեան կատաղի, անզիջող հակառակորդ: Ան արգիլած էր իսլամներուն միանալ իշխող կուսակցութեան եւ կը հրապարակէր կրօնական հրովարտակներ, որոնք կը պաշտպանէին ճնշուածներու իրաւունքները: Իր հսկայական ժողովրդական ազդեցութեան պատճառով Սատտամ Հիւսէյն զայն ձերբակալեց, խոշտանգեց եւ մահապատիժի ենթարկեց 1980 թուականին:

Մուքթատա Սատր (Իրաք)

Սատտամի ընդդիմանալուն համար սպաննուած այլ հոգեւորականի մը` այաթոլլահ Մոհամմատ Սատրի որդին` Մուքթատան, տասնամեակներ շարունակ գործած է իբրեւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող կրօնական գործիչ, հակադրուելով Իրաքի մէջ բռնատիրութեան տարբեր ձեւերուն: Ան պարբերաբար մղած է իր հետեւորդներու խոշոր զանգուածը զէնք օգտագործելու, փտածութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու, օտարերկրեայ միջամտողներու եւ  ներքին քաղաքական հեղինակութիւններու իշխանութեան դէմ:

Շէյխ Ահմէտ Եասին (Պաղեստին)

Հոգեւոր առաջնորդ եւ Համասի հիմնադիր` 1980-ականներու վերջաւորութեան: Դէմ եղած է Կազայի եւ Այսրյորդանանի իսրայէլեան բռնագրաւումին` մերժելով Օսլոյի համաձայնագիրները: Ան Համասը վերածած է զինեալ կազմակերպութեան, նախքան 2004 թուականին իր` իսրայէլական օդային հարուածով սպանութիւնը:

Հաժ Ամին  Հիւսէյնի (Երուսաղէմ)

1921 թուականին բրիտանացիներուն կողմէ նշանակուած է Երուսաղէմի գլխաւոր միւֆթի: Առաջնորդած է արաբ ազգայնականները` ընդդէմ սիոնականութեան, հրէական գաղթի եւ ՄԱԿ-ի 1947 թուականի բաժանման ծրագիրի: Դէմ եղած է հրէական ազգային օճախին, Համաշխարհային Բ. պատերազմին դաշնակից եղած է Առանցքի ուժերու հետ եւ իր վերջին տարիները անցուցած է Իսրայէլի դէմ քարոզչութիւն ընելով:

 

Նախորդը

Աբրահամ Ա. Արծիւեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Եւ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր Մտերմութեան Հետքերով

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 8-րդ Թիւը

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.