Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեքենան Կրնա՞յ Գեղարուեստական Գործ Ստեղծել

July 3, 2026
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդը՞, թէ՞ մեքենան: Այժմ այլեւս բոլոր ոլորտներուն մէջ այս հարցումը միշտ տարածուած է, եւ պատասխանները տարաբնոյթ, երբեմն նոյնիսկ շատ հակասական են: Վերջերս այս մասին կրկին խօսուեցաւ արհեստական բանականութեան  արուեստի թանգարանի մը բացման առիթով:

Կը ներկայացնենք «Նիւ Եորք Փոսթ» թերթի կայքին հրապարակած յօդուածէն հատուածներ:

 Ն.

Լոս  Անճելըսի Մէջ Բացուած Է Աշխարհի Առաջին Արհեստական Բանականութեան Արուեստի Թանգարանը, Բայց Արդեօք  Ատիկա Արուե՞ստ  Է

Այս թուային արեւադարձային անտառին մէջ ամէն ինչ կը շարժի գլխապտոյտ արագութեամբ, եւ կեանքը կը բաբախէ ամէնուրեք` ուղղակի ձեր առջեւ, ձեր գլխուն վերեւ եւ ձեր ոտքերուն տակ:

Հսկայական 360 աստիճանի խորանարդը կը հրաւիրէ դիտողները` ընկղմելու տարաշխարհիկ բուսական եւ կենդանական աշխարհի մէջ, ապա` աւելի խորը նայիլ կենդանի բնութեան ներքին գործունէութեան, ուր ծառի աւիշը կը բաբախէ թաքնուած ալիքներու ցանցով:

Այս պատուհանազուրկ տարածքին մէջ կենսունակ, անընդհատ փոփոխուող պատկերները կը ստեղծուին աշխարհի 16 արեւադարձային անտառներէն իրական ժամանակին մէջ  սփռուող 1,2  միլիառ տուեալներու կէտերու միջոցով:

Հսկայական կենդանի պատկերները կ՛ընկերանան լայնածաւալ, ընկղմող երաժշտական նոթերով եւ բազմատեսակ բոյրերով` ծաղկայինէն  մինչեւ նուրբ «ելեկտրական»  նոթեր:

Ահա թէ ի՛նչ կը տեսնենք Data Pavilion-ը Dataland-ի մէջ, որ կը նկատուի  աշխարհի առաջին ԱԲ թանգարանը, որ 20 յունիսին իր դռները բացաւ Լոս Անճելըսի մէջ:

Բնութեան մեքենական երազներ

Թանգարանը առաջին ելոյթը կը կատարէ «Մեքենական երազներ. անձրեւային անտառ» ներկայացումով,  որ շատ աւելի հեռու կ՛երթայ,  քան` չոր վերլուծութիւնը: Այս անկասկած թանգարանային փորձառութիւն է, բայց` ոչ միւսներէն տարբերող:

Նկարիչներ Ռեֆիք Անաթոլի եւ Էֆսուն Էրքիլիչի կողմէ ստեղծուած այս զգայական պայթիւնը կը ներառէ իրականութիւնը խեղաթիւրող  չորս պատկերասրահ եւս:

Անոնց մթնոլորտը կարելի է նկարագրել  որպէս «Ալիսը հրաշքներու աշխարհ մէջ»-ը կը հանդիպի Աւաթարի կամ սարսափի նոր շարժապատկերի` Պեքրում տարբերակ:

Էրքիլիչ արցունքը աչքերուն կը դիտէ, թէ ինչպէ՛ս առաջին այցելուները կը քալեն Անաթոլի «Անվերջութեան սենեակով»:

Տարածքը միտքը կը տեղափոխէ թուային Շանկրի-Լայի խորքը` վառ ցուցադրելով  բնութեան վեհաշուք գեղեցկութիւնը եւ անոր փխրունութիւնը:

Այս հեռու է անհոգի արհեստագիտութեան գրաւչութենէն: Այս մեքենական արուեստ է` սրտով. խորապէս յուզական փորձառութիւն մը, որ կը զգացուի կենդանի եւ իսկապէս բանական:

Աւելի՛ն. երբ դուք կ՛ուսումնասիրէք 2300 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող ցուցահանդէսը (1000 քառակուսի մեթր եւս տարածքին վրայ կան սըրվըրային սենեակները եւ բարդ արհեստագիտութիւնները), «կենդանի թանգարանը» ձեզի ետեւէն կը նայի:

Մուտքին մօտ այցելուին կը տրամադրուին դաստակի վրայ կրելիք սարք մը, որ կ՛արձանագրէ անձնական մանրամասնութիւններ. մարմնի ջերմաստիճանը եւ սրտի զարկերը` յարմարեցնելով տարածքը անոնց վիճակին: Կը սփռուին անուշահոտեր:

Նկարները հսկայական պատերուն վրայ  կը վերստեղծուին, կ՛արտացոլացուին հայելային յատակը եւ առաստաղը, ԱԲ-ը համակարգը անընդհատ կը մշակէ անտառներէն եկող ազդանշանները:

«-Մենք տուեալներ կը ստանանք  անմիջապէս ծառերէն,- ժպտելով կը բացատրէ Անաթոլ: Մենք կ՛արձանագրենք հողի խոնաւութիւնը եւ ելեկտրամագնիսական ազդանշանները, որոնք ծառերը կ՛ուղարկեն իրարու: Այդ աներեւակայելի բարդ համակարգ է»:

Այս ապշեցուցիչ տեսարանը թոյլ կու տայ դիտողներուն` բառացի «հասկնալ ծառերը, եւ թէ` ինչպէս անոնք կը շփուին իրարու հետ»,  կ՛աւելցնէ Էրքիլիչ:

Ալկորիթմները` իբրեւ արուեստ. Գեղագիտական կողմը

Dataland-ը իր ներկայութիւնը ցոյց կու տայ ԱԲ բովանդակութեան` բնագիրէն մինչեւ երաժշտութիւն եւ հեղինակային իրաւունքի ու անձնական իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ համաշխարհային բանավէճի մէջ:

Ի վերջոյ, նորձեւերու վերապատրաստութեան տուեալները պէտք է տեղէ մը գան:

Ռեֆիք Անաթոլ` համաշխարհային ճանաչում ունեցող նկարիչը, որ երկար տարիներ աշխատած է տեղեկատուական արուեստի ոլորտին մէջ, լաւ կը գիտակցի այս խնդիրին:

Ան վստահ է, որ ճիշդ մօտեցում կատարելու պարագային, ալկորիթմները շատոնց պէտք է տեղ ունենան ստեղծագործական մարզին մէջ: Իր թանգարանին համար ան կ՛օգտագործէ Կուկըլի, արհեստագիտական հսկայ Նուիտիայի եւ Սմիթսոնեան հաստատութեան տրամադրած տուեալները, փոխադարձ գործընկերութեան միջոցով եւ ամբողջութեամբ գեղագիտական մօտեցումով կը գործածէ զանոնք:

«Մեր ըրածը անվճար է հանրութեան համար: Այս կը նշանակէ, որ նոյնիսկ այն հաստատութիւնները, որոնք մեզի հետ կը բաժնեն տեղեկատուութիւն, կրնան այդ  գործածել իրենց սեփական նպատակներուն համար», կը բացատրէ Անաթոլ:

Մանհեթընի «Ճեն Սինկըր» պատկերասրահի հիմնադիր Ճեն Սինկըր,  որ երկար ատենէ կը պաշտպանէ աւանդական նկարիչներու իրաւունքները, կը գովաբանէ Անաթոլի մօտեցումը:

«Ռեֆիքի աշխատանքին մէջ արժէքաւորն այն է, որ ան տեղեկատուութիւնը կ՛առնէ բնական աղբիւրներէն` բնութենէն: Ան շատ զգուշ է սկզբնական աղբիւրներու հետ եւ չի խախտեր ուրիշներու հեղինակային իրաւունքները»:

Յայտնի պատկերասրահի սեփականատէր Ճեֆրի Տէյչ, որ 2023 թուականին ցուցադրած է «Անաթոլի կենդանի նկարներ» նախագիծը, նոյնպէս արհեստագիտութեան մէջ ոչ մէկ սպառնալիք կը տեսնէ:

«ԱԲ-ն պարզապէս գործիք է: Տեսած եմ ԱԲ-ով ստեղծուած շատ սարսափելի աշխատանքներ», կ՛ըսէ ան:

Երբ կը հարցնեն, թէ արդեօք աշխարհը կը խեղդուի՞ անճաշակ թուային «աղբի» ալիքի մեջ, Սինկեր տխուր կը պատասխանէ. «ԱԲ-ով շատ աղբ կը յառաջանայ` աղբի լեռներ»:

Բայց արդեօք այս իսկապէս արուե՞ստ է:

Ո՞վ է հեղինակը:

Գլխաւոր հարցումը կը մնայ անփոփոխ. կրնա՞ն այս ալկորիթմները համարուիլ արուեստ:

Պատասխանը, ինչպէս միշտ, կախուած է դիտողէն. չէ՞ որ բոլորը չէ, որ կ՛արձագանգեն Մոնա Լիզային:

Մա՞րդը, թէ՞ մեքենան

Սակայն կը յառաջանայ այլ տրամաբանական հարցում մը. ո՞վ է այստեղ իրական ստեղծողը` մա՞րդը, թէ՞ մեքենան:

«Ռեֆիքը ստեղծած է ինքը` հայեցակարգը: Ան նկարիչն է», կտրականապէս կը պնդէ Ճեֆրի Տէյչ:

Անշուշտ Անաթոլի գործերը հզօր են անով, որ մարդիկը կը կապէ բնութեան հետ:

Անոնք աւելին են, քան` պարզապէս գոյներով հագեցած պատկերներու գեղադիտակ (kaleidoscope). ցուցահանդէսը փոխաբերաբար կը պատկերէ ամէն տարի հարիւրաւոր բուսական եւ կենդանական տեսակներու անհետացումը:

«Ես կը գնահատեմ: Անոր աշխատանքները կ՛անդրադառնան բնութեան եւ ընկերային խնդիրներու: Այդ իրենց խորութիւն կը հաղորդէ: Երբ մենք ցուցադրեցինք անոր նախագիծը անհետացող խութերու մասին,  այդ իսկապէս հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց աղէտին վրայ», կ՛աւելցնէ Տէյչ:

Էֆսուն Էրքիլիչ կը ներկայացնէ  երազ մը. ան կ՛երազէ յայտնի բնագէտ 100-ամեայ Տէյվիտ Աթենպորոյի այցելութեան մասին` իրենց պատկերասրահ, մեքենայի արձագանգի մասին անոր ներկայութեան:

«Այդ հրաշալի կ՛ըլլար», կը ժպտի ան:

Դրամի դասական արժէքի սահմանում եւ պատուէրով ապրանքներ

Բայց եւ այնպէս, «տուեալներու նկարչութիւնը» կը մնայ վիճայարոյց բնաբան պահպանողական արուեստի համայնքի մէջ:

Յատկանշական է, որ այնպիսի հաստատութիւններ, ինչպէս են Լոս Անճելեսի Hammer Youth Museum-ը, Լոնտոնի Serpentine Gallery-ն, LACMA-ն եւ The Broad-ը, կա՛մ հրաժարած են մեկնաբանութիւն տալէ, կա՛մ անտեսած են մամուլի հարցումները այս բացումին վերաբերեալ:

Այս կ՛արտացոլացնէ 2020-ականներու սկզբին NFT արուեստի միտումին արագ աճը եւ նոյնքան ապշեցուցիչ փլուզումը, որ հարցեր յառաջացուց աշխուժ թուային արուեստի վաճառքի վերաբերեալ:

Այսպիսով, ինչպէ՞ս այս թանգարանը, որ լեցուն է գերթանկարժէք համակարգերով եւ պաստառներով, կը ծրագրէ հասնիլ ծախսերու հաւասարեցման:

Նախ` տոմսերով:

Dataland-ը բաց է երեքշաբթիէն կիրակի: Մուտքի վճարումը 49-79 տոլար է, առաջնահերթ մուտքի վճարումը` 89-129 տոլար, իսկ տարեկան անդամավճարը` 350-էն մինչեւ 1500 տոլար:

«Մենք նաեւ նուէրներու խանութ ունինք»,խորամանկ ժպիտով կ՛աւելցնէ Անաթոլ:

Ասիկա շատ հեռու է սովորական բացիկներու խանութէն:

Այո՛, անոնք կը վաճառեն մարզական տարազներ, շապիկներ, բայց անոնց վրայ տպագրութիւնը կը ստեղծուի անհատապէս` հիմնուելով խանութին մէջ ձեր դաստակին տեղադրուած սարքի հաւաքած կենսաչափական տուեալներու վրայ:

Այս նոյն տուեալները գործածելով` օծանելիքի համակարգը տեղւոյն վրայ կրնայ ստեղծել եւ շլացել ձեր անհատականացուած օծանելիքը:

Տեղադրուած է նաեւ Qualia մարդամեքենայի ձեռք, որ ձեր չափանիշները կը վերածէ ֆիզիքական առարկայի մը, կ՛առնէ վրձինը եւ կը նկարէ ձեր դիմանկարը:

Աւելի ճիշդ` ձեր սրտի բաբախումի իւրայատուկ վերացական դիմանկարը:

Նախորդը

Աստուածաշնչեան Յոբի Համբերութեամբ Մենք Դեռ Սպասում Ենք

Յաջորդը

Երբ Կը Պոկուի Դրօշը, Կը Փորձուի Պոկել Նաեւ Արժանապատուութիւնն Ու Յիշողութիւնը

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.