Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Շուշիի Մէջ Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Արցախի Մշակութային Համագործակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովներու գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովներու նախաձեռնութեամբ, 20 փետրուարին Շուշիի մէջ կայացած են խորհրդարանական լսումներ` «Մշակութային քաղաքականութեան ռազմավարական հիմնախնդիրները եւ դրանց կարգաւորման մարտահրաւէրները» թեմայով: Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ լսումներուն ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի...







