Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Նախաձեռնութիւններուն
Նուիրուած Խորհրդակցութիւն Արցախի Մէջ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 յունուարին գլխաւորած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերջնական ճանաչումը եւ դատապարտումը հայութեան առջեւ ծառացած քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական նշանակութիւն ունեցող կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է:
Երկրի ղեկավարը յստակ յանձնարարականներ տուած է համապատասխան մարմիններու ղեկավարներուն` աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ` նշելով, որ անհրաժեշտ է համապատասխան նախաձեռնութիւններ կազմակերպել ամբողջ տարուան ընթացքին:
Հաղորդենք, որ խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Երեւանի Մէջ Պիտի Վերանորոգուի
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Կտաւ Մը
Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող առաջին կտաւներէն մէկը ժամանակաւորապէս հանգրուանած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ:
Երեւանի պետական համալսարանէն յայտնած են, որ հայ նկարիչ Ակիմ Աւանեսովի` 1914-1915-ին ստեղծած «Դարէ դար» կտաւը Տոնի Ռոստովի «Նոր Նախիջեւան» հայկական համայնքային կառոյցը վերամշակման եւ ցուցադրութեան համար այսօր յանձնած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին: Ծրագիրը կ՛իրականացուի Տոնի Ռոստովի «Նոր Նախիջեւան» հայկական համայնքային կառոյցի ջանքերով` Երեւանի պետական համալսարանին եւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին հետ:
«Այս կտաւին կարեւորութիւնը այն է, որ ստեղծուած է Ցեղասպանութեան օրերուն: Աւանեսովը առաջին անգամ իր նկարը ներկայացուցած է Ռուսիոյ մէջ, 1915-ին, որպէսզի այդ ձեւով բարձրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Ան փորձած էր իր արուեստին միջոցով կասեցնել այդ ամէնը», ըսած է Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը:
Հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող կտաւը 1972-ին` հեղինակին հարազատներուն կողմէ յանձնուած է Ռոստովի երկրագիտական թանգարանին, սակայն անիկա մոռացութեան մատնուած է: Միայն երկու տարի առաջ հայ համայնքին ջանքերով սկսած է փաստաթղթային գործընթացը` զայն Հայաստան բերելու եւ վերականգնելու համար:
«Այսօր կը ներկայացնենք 20-րդ դարու հրաշալի նկարիչ մը, որ ապրած է Ռոստովի մէջ: Քանի մը ամիս առաջ, երբ մենք Ռոստովէն Հայաստան բերինք Սարեանի եւ այլ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները, ծանօթացանք նաեւ այս նկարին: Խոստացանք, որ պատկերասրահը անպայման կը վերականգնէ այս կտաւը: Այսօր զայն կը յանձնենք մեր վերականգնող արուեստանոցին», նշած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Փարաւոն Միրզոյեան:
«Այս կտաւը վերականգնելու համար բաւական երկար ժամանակ չկրցանք միջոցներ հայթայթել: Եւ, բարեբախտաբար, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը մեզի օգնութեան հասաւ եւ խոստացաւ վերականգնել նկարը` պահպանելով պատմականութիւնը», տեղեկացուցած է Տոնի Ռոստովի «Նոր Նախիջեւան» հայկական համայնքային կառոյցի գործադիր տնօրէն Սերգէյ Սայատով:
Պատկերասրահի վերականգնողներէն կը պահանջուի մօտաւորապէս 2 ամիս` աշխատանքը աւարտին հասցնելու համար:
Տեղեկացնենք, որ 24 ապրիլին կտաւը ցուցադրութեան պիտի դրուի պատկերասրահին մէջ, ապա` Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Այնուհետեւ կտաւը պիտի վերադարձուի Տոնի Ռոստով եւ մնայուն ցուցադրութեան պիտի դրուի Հայ-ռուսական բարեկամութեան թանգարանին մէջ:
Սփիւռքի Նախարարութեան Նուիրուած Ձեռագիրները
Եւ Գիրքերը Յանձնուեցան Մատենադարանին
Յունուար 23-ին Երեւանի Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի փոքր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ Սօսէ Պարոնեանին կողմէ սփիւռքի նախարարութեան նուիրուած ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու պաշտօնական յանձնման արարողութիւնը` Հայաստանի գլխաւոր ձեռագրապահոցին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան: Նախարար Յակոբեան նշեց. «Խորհրդանշական է, որ այսօր պատուաբեր առաքելութեամբ կը գտնուինք Մատենադարանի մէջ` հայկական ձեռագիրներու հարուստ մշակոյթի այս ինքնատիպ պահոցին մէջ:
«Ազգի նուիրեալ զաւակ հալէպահայ Սօսէ Պարոնեանին մեծ հայրը եւ մայրը` Մովսէս եւ Զարթիկ Ասլանեան-Պարոնեանները, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան արիւնալի օրերուն, մահը աչքերնին առած, թուրքի ահասարսուռ ճիրաններէն առաջին հերթին փրկած եւ Խարբերդէն Հալէպ տեղափոխած են մեծ արժէք ներկայացնող այս գիրքերը` աղօթագիրքեր, բառարաններ, աւետարաններ եւ 18-րդ դարու մէկ ձեռագիր, որոնց ճակատագիրը ոչինչով չի տարբերիր եղեռնազարկ հայ մարդու ճակատագիրէն: Սօսէի ծնողները` Անդրանիկ եւ Մարգրիտ Ղանտիլեան-Պարոնեանները ամենայն հոգածութեամբ պահած եւ պահպանած են զանոնք` իրենց նուիրական առաքելութեան իրաւայաջորդը դարձնելով Սօսէին:
«Սօսէ Պարոնեան Սուրիոյ այս տագնապալի օրերուն պատճառով որոշած է Պարոնեաններու ընտանեկան ժառանգութենէն 1 ձեռագիր եւ 14 հնատիպ գիրք «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմին»-ին եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան աջակցութեամբ նուիրել հայրենի պետութեանը` ի դէմս սփիւռքի նախարարութեան: Այս անգնահատելի նուէրը պատասխանատուութեան մեծ զգացումով կը յանձնենք մաշտոցեան Մատենադարանին` ի պահ»:
Հրաչեայ Թամրազեան շնորհակալութիւն յայտնեց անգնահատելի նուիրատուութեան համար: Ան նշեց, որ վերապրած կարելի է նկատել Մատենադարանի ամբողջ հաւաքածոն, որ նուիրատուութիւններու շնորհիւ վերջին տարուան ընթացքին համալրուած է 500-է աւելի ձեռագիրներով եւ աւելցուց. «Պէտք է կրկնապատկենք մեր ջանքերը` ձեռագիրները տուն դարձնելու համար: Մեր խորին երախտագիտութիւնը նուիրատուին` Սօսէ Պարոնեանին, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` մեր զարգացման ծրագիրներուն մնայուն սատարման համար»:
Ցուցադրուեցաւ գիրքերու նուիրատու Սօսէ Պարոնեանին եւ Բերիոյ թեմի մամլոյ խօսնակ, Սուրիոյ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանին կողմէ յղուած տեսագրուած ուղերձները:
Հրաչեայ Թամրազեան այս առիթով Սօսէ Պարոնեանը պարգեւատրեց Մատենադարանի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալով:
Հայաստանի Երգահանները
Երաժշտութեան Լեզուով Պիտի Միանան
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներուն
Հայաստանի Յօրինողներու միութիւնը կը պատրաստուի տարատեսակ ձեռնարկներով յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին: Միութեան նախագահ Արամ Սաթեան նշեց, թէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով միութիւնը պիտի կազմակերպէ փառատօն, որ պիտի իրականացուի ապրիլ 6-12 եւ տեղի պիտի ունենան ինչպէս սիմֆոնիք, այնպէս ալ սենեկային երաժշտութեան երեկոներ: Եթէ նիւթական կարելիութիւններ ունենանք, պիտի կազմակերպենք նաեւ խորհրդաժողովներ` փառատօնի ծիրին մէջ եւ այլ երկիրներէ հիւրեր պիտի հրաւիրենք», նշեց Յօրինողներու միութեան նախագահը:
Ըստ Արամ Սաթեանի, կը պատրաստուին կազմակերպելու Ցեղասպանութեան նուիրուած նուագահանդէսներ` Ֆրանսայի մէջ եւս: «Նուագահանդէսներուն ընթացքին պիտի հնչեն հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ` Կոմիտասէն մինչեւ ժամանակակից հեղինակներ», ընդգծեց ան:
Ասկէ բացի, մարտ 15-ին Լոս Անճելըսի մէջ պիտի կազմակերպուի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» խորագրով նուագահանդէս, որ նոյնպէս նուիրուած պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: «Նուագահանդէսի ընթացքին պիտի հնչեն իմ եւ հարազատներուս` հօրս, հօրեղբօրս, ինչպէս նաեւ որդիիս ստեղծագործութիւնները: Հայ ժողովուրդը կը շարունակէ ստեղծագործել: Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն մէջ որքա՜ն արուեստագէտներ կային, որքա՜ն տաղանդաւոր մարդիկ չկան այսօր: Մենք երբեք պէտք չէ թոյլ տանք, որ երբեւէ նման բան կրկնուի», ընդգծեց Արամ Սաթեան:
Սահմանամերձ Գիւղին Մէջ Պիտի Գործարկուի
Առաջին Անձրեւային Համակարգը
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան յունուար 16-ին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղ` ծանօթանալու «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան» հիմնադրամին միջոցներով կառուցուած` հանրապետութեան առաջին անձրեւային համակարգի պայմաններուն:
Վարչապետը կարեւոր նկատած է այդ ձեռքբերումը` ըսելով. «Յատկանշական է, որ առաջին այդպիսի համակարգը կառուցուած է սահմանամերձ գիւղի մը մէջ, ինչը դրականօրէն կ՛անդրադառնայ Թալիշի զարգացման եւ գիւղացիներու եկամուտներուն վրայ: Ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ նաեւ այլ համայնքներու համար` գիւղատնտեսութիւնը խթանելու նպատակով»:
Երեւանի Մէջ Սերեոժայի Յիշատակին Բ
երուած Խաղալիքները
Մանկատուներուն Յանձնուեցան
Յունուար 12-ին Գիւմրիի մէջ դաժանաբար սպաննուած Աւետիսեաններուն ամէնէն կրտսեր անդամին` վեցամսեայ Սերեոժայի յիշատակին Ազատութեան հրապարակին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, քաղաքացիները բերին խաղալիքներ, որոնք աւելի ուշ յանձնուեցան մանկատուներուն:
«Սերեոժայի յիշատակին բերուած խաղալիքները յանձնուեցան մանկատուներու, ուր կը գտնուին շատ մը փոքրիկներ, որոնց ծնողները լքած են զանոնք բախտի քմահաճոյքին: Անոնցմէ շատեր խաղալիքներով խաղալու կարելիութիւն չունին: Այստեղէն Գիւմրի տանելու համար կարելիութիւններ ալ չկան: Ասկէ բացի` գիւմրեցիներն ալ բաւական խաղալիքներ տարած են, այնպէս որ, այս խաղալիքները մանկատուներուն յանձնելու պարագային գոնէ ուրիշ փոքրիկներ կ՛ուրախացնենք», ըսած է մոմավառութիւնը նախաձեռնողներէն Վարդան Յարութիւնեանը:
«Արցախի Ազգային Վիճակախաղ»-ին Շահողներուն
Մէկ Մասը Ստացաւ Իր Նուէրը
Յունուար 21-ին «Արցախի Ազգային վիճակախաղ»-ի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է 28 դեկտեմբեր 2014-ին կայացած խաղարկութեան շահողներուն նուէրներու առաջին հանգրուանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վիճակահանութիւնը շահած քաղաքացի Անդրանիկ Պօղոսեան, որ շահած է թութի օղիի պարունակութեամբ թութի փայտէ 30 լիթրնոց տակառ, ըսած է, թէ տոմսը գնելու ատեն չէ մտածած, որ կրնայ շահիլ, սակայն ուրախ է, որ շահած է, եւ այս տարի եւս պիտի մասնակցի խաղարկութեան:
Ստեփանակերտի բնակիչ Աշոտ Սարգսեան, որ արցախեան զարդանախշերով գորգ շահած է, նշած է, թէ նախաձեռնութիւնը շատ գոհացուցիչ է իր ընտանիքի անդամներուն համար, որովհետեւ անիկա նաեւ կը նշանակէ վերականգնել ազգային հարուստ աւանդութիւնները: «Մենք կը շարունակենք գնել Ազգային վիճակախաղի տոմսեր այնքան ժամանակ, մինչեւ որ բնակարան շահինք եւ այս սիրուն գորգը կախենք այդ բնակարանին մէջ», ժպտալով ըսած է Ա. Սարգսեան:
«Արցախի ազգային վիճակախաղ»-ի տնօրէն Ալեքսանդր Արզումանեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նուէրներու յանձնման առաջին հանգրուանին մասնակցած են Արցախի 8 քաղաքացիներ, որոնցմէ մէկը շահած է երկու գորգ: «Երկրորդ հանգրուանը տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ, ուր կը յանձնենք 71 շահումներ: Այնուհետեւ հանգրուան առ հանգրուան կը սկսինք բաժնել մնացած շահումները», ըսած է Ա. Արզումանեան` աւելցնելով, որ շահողներ եղած են Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն եւ Կիպրոսէն:
Ըստ Արզումանեանի, նախորդ տարի վիճակախաղի մրցանակային ֆոնտը, ընդհանուր առմամբ, կազմուած էր 350 նուէրէ. արցախեան արտադրութեան գորգեր, թութի օղիի պարունակութեամբ եւ թութի փայտէ պատրաստուած 20 եւ 30 լիթրնոց տակառներ եւ մէկ բնակարան Ստեփանակերտին մէջ, որուն շահողը, ի դէպ, արդէն յայտնի է, եւ ան Իրանի քաղաքացի է, սակայն անուն-մականունը տակաւին չէ ճշդուած:
«2013 թուականի` վիճակախաղի ստեղծման առաջին տարին, իրականացուած են 261 հազար 505 տոմս, իսկ անցեալ տարի` 141 հազար 749 տոմս: Սպառած տոմսերուն քանակին նուազման հիմնական պատճառը, մեր կարծիքով, ստեղծուած արտարժոյթի ճգնաժամն էր, որովհետեւ, օրինակ, Ռուսիոյ մէջ ռուբլիին արժէքը իջաւ, իսկ տոլարինը բարձրացաւ: Եւ որովհետեւ վիճակախաղին տոմսերը կը վաճառուէին տոլարով, մէկ տոմսին արժէքը այդ տատանումներէն գրեթէ երկու անգամ բարձրացաւ», ըսած է Ա. Արզումանեան` յոյս յայտնելով, որ այս տարի աւելի մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրուին, որովհետեւ վիճակախաղէն գոյացած հասոյթը կրկին պիտի տրամադրուի վերաբնակեցման ծրագիրին:
Շուշան Պետրոսեան Մարտակերտի
Առաջնագծին Ծառայող Զինուորներուն Մօտ
Յունուար 16-ի առաւօտեան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագիտուհի, Ազգային ժողովի երեսփոխան, Մարտակերտի պատուաւոր քաղաքացի Շուշան Պետրոսեան, Մարտակերտի շրջանային հիւանդանոցի բժշկուհի Միլետա Յովհաննիսեան, քաղաքի երկու դպրոցներու տնօրէններ Մելսիտա Քարդումեան եւ Լիտիա Պետրոսեան, ՀՊ ԵԿ Մարտակերտի մասնաճիւղի ղեկավար Արսէն Պետրոսեան ուղեկցող խումբին հետ այցելեցին առաջնագիծ: Անոնք նուէրներէն բացի` իրենց հետ տարած էին դպրոցներու աշակերտներուն պատրաստած արկղիկները եւ զինուորներուն ուղղուած նամակները…
«Մեր զինուորները ուժեղ, հանդարտ, զգօն եւ շատ ուշադիր էին: Անոնք ուշադիր էին նաեւ մեզի համար, որ առաջ չանցնինք եւ մենք ալ զգօն ըլլանք: Տղաքը ուրախ էին մեր այցելութեամբ եւ նոյնիսկ սուրճ հիւրասիրեցին մեզի, իսկ թշնամին իր սովորական վիճակին մէջ էր, կրակահերթը իրենց կողմէ չէր դադրեր», յայտնած է Շուշան Պետրոսեան: