Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Եւ Օփերայի Աջակցութեան
Հիմնադրամի Միջեւ Համագործակցութիւնը Նշուած Է
Նախատօնական Երգահանդէսով
Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայացած է նախատօնական երգահանդէս, որ ամփոփած եւ նշած է 2014 թուականի ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Օփերայի աջակցութեան հիմնադրամին միջեւ համագործակցութիւնը:
«Վիեննա կալա» խորագրով երգահանդէսին ընթացքին ելոյթ ունեցած են` օփերային թատրոնի սիմֆոնիք նուագախումբը, մեներգիչներ եւ յատուկ այս երգահանդէսին համար հրաւիրուած գերմանաբնակ հանրայայտ երգչուհի Հրաչուհի Բազենցը, որուն երաժշտական ղեկավար եւ երգահանն էր Կարէն Դուրգարեանը, որ նաեւ հիմնադրամին հիմնադիրը եւ հոգաբարձուներու խորհուրդին նախագահն էր: Երգահանդէսին ընթացքին հնչած են` երգահաններ Եոսեֆ Շթրաուսի, Եոհան Շթրաուսի, Ֆ. Սուփէի, Ֆ. Լեհարի եւ Լ. Քալմանի ստեղծագործութիւնները: Այս մասին յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
2014 թուականի ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կողմէ տրամադրուած 24 միլիոն դրամի աջակցութեան շնորհիւ` Օփերայի աջակցութեան հիմնադրամը կազմակերպած է 28 ձեռնարկ` զգալի աշխուժութիւն մտցնելով ինչպէս մայրաքաղաքի, այնպէս ալ մարզերու մշակութային կեանքին մէջ, ձեւաւորելով` «Օփերային արուեստը կրթօճախներու մէջ», «Օփերային արուեստը սահմանամերձ գօտիներու զօրամասերուն մէջ», «Հեքիաթը կը կանչէ» նոր նախագծերը, իսկ արդէն ձեւաւորուած «Համերգ ճեմասրահին մէջ» եւ «Օրքեսթր փլիւս» նախագիծները զգալիօրէն զարգացան եւ արժանացան հանդիսատեսին բարձր գնահատականին:
«Օփերան ազգային արժէք է: Հայկական օփերան այն թատրոնն է, ուր ձեւաւորուած են օփերային արուեստի միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող տաղանդաւոր կատարողներ, որոնց աշխարհահռչակ անունները լսելով` հպարտութեամբ կը լեցուինք: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը ջանայ իր ուժերուն ներածին չափով նեցուկ կանգնիլ օփերային թատրոնի հետագայ զարգացման: Կը ցանկանք մեր արուեստագէտներուն համար ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի անոնք կարելի եղած չափով արագ եւ անարգել հասնին բարձունքներու, շարունակեն գրաւել իրենց վերապահուած տեղը միջազգային գեղարուեստական ասպարէզին մէջ, ինչպէս նաեւ շարունակեն կերտել վառ կերպարներ` օփերային երգացանկը հարստացնելով իրենց տպաւորիչ եւ անմոռաց կատարումներով», հաղորդած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին
Անդրադարձ` 2014-ի Մարաթոնին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 դեկտեմբերին գլխաւորած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն օրակարգին վրայ եղած են մարտական հերթապահութեան կազմակերպման եւ դիրքային կառոյցներու կատարելագործման նախաձեռնութիւնները եւ 2014 թուականին կազմակերպուած հեռուստամարաթոնին ընթացքին, արդիւնքներուն եւ իրականացուելիք քայլերուն առնչուող հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, առաջին հարցին առնչութեամբ զեկուցումով հանդէս եկած է պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան նախարարութեան եւ կառավարութեան` բանակաշինութեան ոլորտին մէջ նախատեսուած ծրագիրներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ զինուած ուժերու մարտական պատրաստականութեան բարձր մակարդակի ապահովումը եղած է եւ կը մնայ պետութեան կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը:
Անդրադառնալով օրակարգի երկրորդ հարցին` երկրի ղեկավարը կառավարութեան եւ համապատասխան գերատեսչութիւններուն յանձնարարած է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինարարութեան ընթացքին ապահովել նախատեսուած ֆինանսական միջոցներու նպատակային օգտագործումը, համապատասխան մարմիններուն հետ սերտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` իրականացուող աշխատանքներուն մասին յստակ եւ ամբողջական լուսաբանութիւն տալ բոլոր լրատուամիջոցներուն:
Նախագահ Սահակեան Պետական Պարգեւներ Յանձնած Է
Խումբ Մը Ազատամարտիկներու
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 դեկտեմբերին մասնակցած է նոյն օրը Ստեփանակերտի մէջ սկսած «Արցախի ազատամարտիկներու միութեան» 6-րդ համաժողովին:
Նախագահը բարձր գնահատած է ազատամարտի վեթերաններու եւ կազմակերպութեան դերակատարութիւնը պետականաշինութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման գործընթացին մէջ: Երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ ազատամարտիկներու առողջութեան պահպանման, ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման նպատակով ի գործ դրուած աշխատանքները յատուկ ուշադրութեան արժանի են իշխանութիւններուն կողմէ:
Նախագահը նաեւ պետական պարգեւներ յանձնած է խումբ մը ազատամարտիկներու:
Նախաձեռնութեան մասնակցած են` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Դարձած Գրողներու
Աշխատանքները Պիտի Թարգմանուին Տարբեր Լեզուներու
2015 թուականին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ գերմաներէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ ռուսերէնի պիտի թարգմանուին Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած գրողներու աշխատանքները: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան:
Ան տեղեկացուց, որ գերմաներէնի թարգմանողները գերմանացի գրողներ են, որոնք արդէն սկսած են իրենց աշխատանքին: Մայիսի սկիզբը Գերմանիոյ մէջ մեծ շուքով պիտի կայանայ գիրքին շնորհահանդէսը:
«Կը կարծենք` այլ լեզուներու ալ պէտք է թարգմանուին: Ամէն երկիր պէտք է իմանայ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած ինչպիսի՛ մեծ գրողներ ունեցած ենք: Այս ալ իր ազդեցութեան չափը կ՛ունենայ: Անշուշտ, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Գրիգոր Զոհրապի նման մեծութիւններ ամէն օր չեն ծնիր», ըսած է Է. Միլիտոնեան:
Գրողներու միութեան նախագահը նաեւ տեղեկացուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ հայերէն բազմաթիւ գիրքեր պիտի թարգմանուին այլ լեզուներու, ինչպէս նաեւ այլ լեզուներէն (Ցեղասպանութեան թեմայով)` հայերէնի:
Ամփոփելով 2014 թուականի գրահրատարակչական ոլորտը` Է. Միլիտոնեան ըսած է, որ պետական աջակցութեամբ, պետական պատուէրով, հրատարակիչներու ծախսերով հրատարակուած են շատ լաւ գիրքեր:
«Միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ հայ գիրքը կը ներկայանայ իր բարձր որակով: Եթէ համեմատութեան մէջ դիտարկենք, պիտի տեսնենք, որ եւրոպական մակարդակի գիրքեր են իրենց տպագրական, արտաքին տեսքով: Զգալի աճ կայ այս ոլորտին մէջ», նշեց ան:
Գրողներու միութեան նախագահին խօսքով, հասարակութեան շրջանին մէջ գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը բարձրացած է. «Որոշակի հետաքրքրութիւն կայ ժամանակակից գրականութեան, նաեւ մանկական գրականութեան, պատմութեան մասին գիրքերու նկատմամբ»:
Է. Միլիտոնեանի կարծիքով, գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը բարձրացնելու եւ մարդը դէպի գիրքը ուղղելու գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին լրագրողները: Ըստ անոր, որքան գիրքերու, գրողներու, հրատարակչական գործի մասին շատ խօսուի, քննարկումներ, բանավէճեր շատ կազմակերպուին, այնքան մարդը աւելի շատ կը ցանկայ իր ձեռքը գիրք բռնելու:
Հրատարակուած Է Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Միջազգային Հանդէս
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրատարակած է Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց նուիրուած օտարալեզու ամսագրին` «Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հանդէս»-ին, առաջին թիւը:
««Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հանդէս»-ը կը պայքարին ցանկացած ցեղասպանութեան ժխտման դէմ: Այս նախաձեռնութիւնը կը համարենք համաշխարհային անվտանգութեան հաստատման համար նախազգուշական քայլերու եւ կանխարգելման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մաս մը», ըսած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն եւ միջազգային նշեալ հանդէսին գլխաւոր խմբագիր Հայկ Դեմոյեան:
Թանգարանի փոխտնօրէն, հանդէսի գրախօսութիւններու բաժնի խմբագիր Սուրէն Մանուկեանի խօսքով, այսպիսի ամսագրի մը հրատարակումը պայմանաւորուած է աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ակադեմական ուսումնասիրութեան խթանման անհրաժեշտութեամբ: Հանդէսը երկակի անանուն գրախօսուող ամսագիր մըն է. իւրաքանչիւր յօդուած, տուեալ ոլորտի երկու հեղինակաւոր մասնագէտներու կողմէ փորձաքննութենէ կ՛անցնի եւ պէտք է համապատասխանէ միջազգային գիտական ամսագիրներու բոլոր պահանջներուն: Ամսագիրին մէջ կը հրատարակուին Հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս ցեղասպանագիտութեան առնչուող թեմաներով յօդուածներ եւ գրախօսականներ:
Սահմանամերձ Գիւղերու Եւ Սուրիահայ Փոքրիկներ`
Նախագահական Պալատին Մէջ
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 24 դեկտեմբերին հիւրընկալուած են սահմանամերձ շարք մը գիւղերու` Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ, Վահան, Վայոց Ձորի մարզի Խնձորուտ, Բարձրունի, Խաչիկ, Սէրս, Արարատի մարզի Երասխ, Տաւուշի մարզի Բարեկամաւան, Բերդաւան, Դովեղ, Բաղանիս գիւղերու եւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայ փոքրիկներ:
Փոքրիկներուն համար կազմակերպուած է նաեւ մշակութային յաւելեալ ծրագիր մը` այցելութիւն Հայաստանի պատմութեան եւ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարաններ:
«Բաղրամեան 26» կը հիւրընկալուին նաեւ զոհուած եւ հաշմանդամ դարձած ազատամարտիկներու, արցախեան ազատամարտի մասնակից վեթերաններու եւ զինուորներու փոքրիկները եւ թոռնիկները, որոնց մէջ կը ներառուին` Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ սահմանափակ կարողութիւններով փոքրիկներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստան Կը Միանայ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Համաշխարհային
«Imagine» Նախաձեռնութեան
Դեկտեմբեր 25-ին «Դիալոգ» մամուլի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս` նուիրուած ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի` ԵՈՒՆԻՍԵՖ համաշխարհային «Իմեճըն» նախաձեռնութեան, որուն նպատակն էր բարձրացնել հանրութեան իրազեկումը փոքրիկներու իրաւունքներուն մասին: Ասուլիսի բանախօսներն էին` երգահան Արմէն Մարտիրոսեան, «Փանարմինիըն հոլտինկ»-ի գլխաւոր արտադրիչ Հրաչ Քէշիշեան, ՄԱԿ-ի բարի կամքի դեսպան Ալլա Լեւոնեան, երգիչ Գոռ Սուջեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Սարգսեան:
Նախաձեռնութիւնը նուիրուած է «Մանուկներու իրաւունքներու մասին» հռչակագիրի 25-ամեակին եւ կը նպատակադրէ ստեղծելու մարդկութեան կողմէ ամէնէն սիրուած եւ ոգեշնչող երգերէն մէկուն` Ճոն Լենոնի «Իմեճըն» երգի` աշխարհի մէջ ամէնէն շատ մասնակից ունեցող երաժշտական ձայնագրութիւնը: «Իմեճըն»-ին Հայաստանը միացած է երգի իր տարբերակով, որ ստեղծած են Արմէն Մարտիրոսեանը եւ Հրաչ Քէշիշեանը, ինչպէս նաեւ` ռեմիքսով, որ հեղինակած է տիճէյ Վաքցինան:
Երգի հայաստանեան տարբերակին ստեղծման, բանախօս կատարողներէն բացի, մասնակցած են նաեւ աշխարհահռչակ հայ կատարողներ` «Սիսթըմ օֆ ը տաուն» խումբի մեներգիչ Սերժ Թանկեան, քանատահայ օփերային երգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեան, Արտօ Թունճպոյաճեան, ինչպէս նաեւ` Տիգրան Պետրոսեանը եւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը:
Երգի հայկական տարբերակը վերջին շաբաթը Եութեուպի վրայ ստացած է աւելի քան 30,000 դիտում, իսկ նախաձեռնութեան imagine.unicef.org կայքին միջոցով ցարդ միացած են հազարաւոր փոքրիկներ եւ իրենց ծնողները, երգիչներ եւ արուեստի գործիչներ (Քէյթի Փերին, Ուիլ-այ-էմը, Փրիանքա Չոփրան, Հիւ Ճեքմենը, Նիքոլ Շերզինկերը, Քորթնի Քոքսը, Քրէյկ Տէյուիտը, Ատամ Լամպերթը եւ ուրիշներ աշխարհի տարբեր ծայրերէն:
Նախաձեռնութեան կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք ունին սմարթֆոներ: «Ընդամէնը պէտք է այցելել imagine.unicef.org կայք եւ բեռնել IMAGINE TouchCast անվճար յաւելուածը, որուն միջոցով կրնաք ձայնագրել երգի ձեր տարբերակը եւ վերբեռնել այն հազարաւոր այլ տարբերակներու կողքին», տեղեկացուցած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հաղորդակցման ծրագրի ղեկավար Զառա Սարգսեանը:
Ցարդ յաւելուածը բեռնած են աւելի քան 100 հազար iOS օգտատէրեր եւ եղած են կէս միլիոնէն աւելի ձայնագրութիւններ, որոնց հիման վրայ տիճէյ Տէյվիտ Քեթան կը ստեղծէ երգի համաշխարհային տարբերակը, որ կը հրապարակուի Նոր տարուան նախաշեմին:
Իւրաքանչիւր վերբեռնուած ձայնագրութիւն նաեւ կը նպաստէ դրամական միջոցներու հանգանակմանը, որուն շնորհիւ 150 երկիրներու մէջ պիտի իրականացուին փոքրիկներու պաշտպանութիւն եւ օգնութիւն ապահովող ծրագրեր:
Ութ Ընտանիքի Երջանիկ Բնակարանամուտը`
Ամանորի Նախաշեմին
Վանաձորի Տարօն 3 թաղամասին մէջ տեղի ունեցաւ նորակառոյց բազմաբնակարան շէնքի բացման եւ տնօրհնէքի արարողութիւն:
Ամանորի նախաշեմին ամէնէն մեծ նուէրը Վանաձորի 8 ընտանիքներու համար սեփական յարկի տակ Նոր տարին դիմաւորելն է: Ամբողջ կեանք մը վակոն-տնակին մէջ ապրելէ ետք, այսօրուան իրականութիւնը անհաւատալի կը թուի շատերուն:
«Բառեր չկան նկարագրելու ապրածս եւ զգացածս: 23 տարի մետաղական տնակի մէջ կ՛ապրէինք: Երբեմն կը թուէր, թէ դուրսն ենք, անձրեւին` թաց, արեւին` շոգ եւ ձմրան` ինչպէս սառնարանի մէջ: Այսօր կեանքիս ամէնէն երջանիկ օրն է: Տուն ունիմ, ընտանիքս՛ նոյնպէս: Այսքան տարուան մէջ առաջին անգամ ընտանիքս Նոր տարին կը դիմաւորէ մարդավայել», արցունքը աչքերուն ըսաւ Գայեանէ Ուլիբեկեանը:
Տակաւին 2008-ին «Առդա» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Սթիւ Լազարեանի նախաձեռնութեամբ սկսած է Վանաձորի ոչ աղէտի պատճառով վակոն-տնակներու մէջ բնակող ընտանիքներուն աջակցելու ծրագիրը: «Առդա» բարեգործական հիմնադրամի, «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոն ԲՀԿ-ի եւ Վանաձորի քաղաքապետարանի եռակողմ համագործակցութեամբ նախատեսուած է կառուցել 96 տուն: Ծրագրի 4-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ: Շահագործման յանձնուած 48 տուներուն միացաւ եւս 8 բնակարան. երկու` մէկ եւ վեց` երկու սենեականոց:
«Միացեալ ծրագրի իրականացման հերթական` չորրորդ եւ թերեւս ամէնէն յաջող հանգրուանը աւարտեցաւ: Այս հանգրուանին, իբրեւ նուիրատուութիւն, 74 տոկոս ներդրում կատարած է «Առդա» բարեգործական հիմնադրամը եւ 11 տոկոս` Վանաձորի քաղաքապետարանը: «Ֆուլլեր» տնաշինական կեդրոնը կատարած է 15 տոկոս ներդրում` երկարաժամկէտ, անտոկոս փոխառութեան կարգով: Ընդհանուր առմամբ ծախսուած է 72 միլիոն դրամ: Բնակարանները, իբրեւ լրացուցիչ նուէր «Առդա» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ, կահաւորուած են նաեւ խոհանոցային կահոյքով, կազի վառարանով, սալօճախով եւ ջրատաքացուցիչով», ըսաւ «Առդա» ԲՀ տնօրէն Հրահատ Ստեփանեանը:
«Իւրաքանչիւր բնակարանամուտ նոր կեանքի սկիզբ է, ապագայի յուսալի հիմք, նոր կարելիութիւններու սկիզբ: Ամէն ընտանիք մեր հասարակութեան մէկ մասն է, եւ որքան կայուն եւ յաջողակ է իւրաքանչիւր ընտանիք, այնքան առողջ է հասարակութիւնը: Դեռ շատ ընտանիքներ կը սպասեն իրենց երազանքի տունը: Մենք կ՛աշխատինք, որ անոնք շատ չսպասեն», ըսաւ «Ֆուլլեր» տնաշինական կեդրոն ԲՀԿ նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
Նշենք, որ բնակարանները կառուցուած են նոր արհեստագիտութեամբ, օգտագործուած են փրփրափլասթէ պլոքներ եւ տեղական շինանիւթ: Շինարարական աշխատանքները սկսած են 2014-ի գարնան: Աշխատանքներուն մասնակցած են նաեւ ծրագրին մէջ ընտրուած ընտանիքները եւ Հայաստան եկած արտասահմանեան կամաւորական խումբեր: