Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 25, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Շուշիի Մէջ Քննարկած Են Հայաստանի Եւ
Արցախի Մշակութային Համագործակցութիւնը

22015_shushiԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովներու գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովներու նախաձեռնութեամբ, 20 փետրուարին Շուշիի մէջ կայացած են խորհրդարանական լսումներ` «Մշակութային քաղաքականութեան ռազմավարական հիմնախնդիրները եւ դրանց կարգաւորման մարտահրաւէրները» թեմայով:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ լսումներուն ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու, ստեղծագործական միութիւններու, մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ:

Ողջունելով մասնակիցները` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան բարձր գնահատած է Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական համագործակցութեան ծիրին մէջ մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ քննարկումներուն դերը օրէնսդրական խնդիրներու լուծման իմաստով: Խորհրդարանի ղեկավարը անդրադարձած է ազգային մշակոյթի պահպանման, զարգացման ու տարածման, անոր սպառնացող վտանգներու կանխարգելման, հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերուն անհրաժեշտութիւնը` որպէս համահայկական նշանակութեան հիմնախնդիրներու` դիտել տալով, որ այդ բոլորը պէտք է կատարուին գիտակցութեամբ եւ հաւաքական ջանքերով:

Պետական մշակութային քաղաքականութեան հիմնախնդիրներուն եւ անոնց կարգաւորման ուղղութիւններուն վերաբերող ծաւալուն զեկոյցներ ներկայացուցած են Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը: Նախարարները անդրադարձած են բնագաւառի կառավարման, պետութեան եւ ստեղծագործական միութիւններու համագործակցութեան ու առկայ մարտահրաւէրներուն, մշակութային դիւանագիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներու ընկերային երաշխիքներուն առնչուող հարցերու:

Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Դաւթեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նոյնանուն յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Սարգսեանը ներկայացուցած են մշակութային ոլորտի օրէնսդրական հիմնախնդիրներու եւ ժամանակի մարտահրաւէրներու համապատասխանաբար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի օրինակները:

Պաշտպանութեան Նախարարը
Ընդունած Է Դրոյի Զինակիցը

0221genertalDroIMG_1670-copyՓետրուար  19-ին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Բ. Համաշխարհային պատերազմի մասնակից, Դրաստամատ Կանայեանի զինակից, ֆրանսահայ բարերար 92-ամեայ Մուշեղ Մելիքի Չալոյեան-Մարտիրոսեանը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, ողջունելով աւելի քան 70 տարի առաջ` Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին գերի ինկած, կեանքի բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջ թրծուած, սակայն անսահմանօրէն լաւատես եւ հայրենասէր հայորդին` պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է անոր հայապահպանման իմաստով ունեցած ներդրումին համար` մաղթելով քաջառողջութիւն եւ անսպառ եռանդ: Նախարարը յոյս յայտնած է, որ Սիւնեաց աշխարհին մէջ ծնած մեր հայրենակիցը այսուհետեւ եւս կը շարունակէ զբաղիլ հայ մշակոյթը ամբողջ աշխարհին ներկայացնելու ազգանուէր գործով:

Հայաստանէն հեռու ապրող, սակայն հայրենիքի յաջողութիւններով ու ցաւով ապրող հայորդին իր կարգին նշած է, որ հայը ո՛ւր ալ ըլլայ, անկախ դժուարութիւններէն, պէտք է շարունակէ հայ մնալ` չկորսնցնելով իր ազգային նկարագիրը. ան այս առիթով մէջբերած է զինակից Դրոյի խօսքերը` «Ո՛ւր էլ լինէք, ողջ մնացէք: Հայրենիքը մշտապէս ձեր կարիքը կ՛ունենայ»:

Ֆրանսահայ համայնքին մէջ հայապահպանման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին, ինչպէս նաեւ զինուած ուժերու կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին առիթով Սէյրան Օհանեան Մուշեղ Չալոյեան-Մարտիրոսեանը պարգեւատրած է «Դրաստամատ Կանայեան» գերատեսչական մետալով:

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէսին Ներկայացուած Են 60 Նկարիչներու 150 Աշխատանքներ

21915_60Փետրուար 19-ին Հայաստանի նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի, «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական եւ Հայաստանի նկարիչներու միութիւններու, Կոտայքի մարզպետարանի կողմէ կազմակերպուած միացեալ ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ներկայացուած էին 60 նկարիչներու 150 գործեր: Ցուցահանդէսը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ կը կրէր «Վերածնունդ» խորագիրը: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Լեւոն Սարգսեանը, մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը, «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութեան նախագահ Սերգէյ Երիցեանը, մշակոյթի գործիչներ եւ արուեստասէրներ:

«Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութեան նախագահ Սերգէյ Երիցեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են «Հայկական ներկապնակ» ծրագրի ընթացքին վերջին հինգ տարիներուն ստեղծուած գործեր: «Աշխատանքները ինչ-որ կերպ կ՛առնչուին Եղեռնէն վերածնած Հայաստանին եւ Արցախին, ինչպէս նաեւ` հոն ապրող մարդոց: Ներկայացուած են արտասահմանեան ութ երկիրներու նկարիչներու գործեր: Նկարներով անոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս ճանչցած եւ տեսած են մեր երկիրը», յայտնած է Ս. Երիցեանը: Անոր համաձայն, աշխատանքները յարգանքի տուրք են Ցեղասպանութեան զոհերուն:

«Նկարներուն նիւթը բազմազան է` հայկական իրականութեան դրսեւորումներ, անհատներու նկարներ, մէկ խօսքով` փորձած են ներկայացնել հայաստանեան ներկապնակը իր բոլոր դրսեւորումներով», նշած է Ս. Երիցեան:

Մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան դիտել տուած է, որ ցուցահանդէսը տարբեր նկարիչներու գործերու հինգ տարուան հանրագումարն է: «Կը կարծեմ, որ բոլոր նկարիչները, անկախ տարիքէն եւ ծննդեան վայրէն, տոգորուած եւ սիրահարած են հայոց աշխարհին», ըսած է փոխնախարարը:

Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան դիտել տուած է, որ «Վերածնունդ»-ը այս տարուան ամէնէն նշանակալից ցուցահանդէսն է: «Շատ հետաքրքրական գործեր կը տեսնէք եւ կը դիտէք` հիմնականօրէն Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան երկիրներու լաւագոյն նկարիչներու ստեղծագործութիւնները, թէ անոնք ինչպէս կը տեսնեն մեր հողը, մեր բնութիւնը եւ ինչպիսի սիրով նկարած են: Այս մէկը շատ ոգեշնչող է», աւելցուցած է ան:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 2 մարտ:

2015-ին Գերժամանակակից Սարքաւորումներով
Պիտի Օժտուին 14 Ծննդատուներ

IMG_2082«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ բրիտանական «Պըրթլինք» հասարակական կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, 2015 թուականին գերժամանակակից սարքաւորումներով պիտի ապահովուին 14 ծննդատուներ` ներառելով Արարատի, Արագածոտնի, Կոտայքի, Արմաւիրի, Լոռիի մարզերն ու մայրաքաղաքը: Տարեսկիզբէն իրականացուող աշխատանքներուն շնորհիւ` ծրագիրին արդիւնքը արդէն իսկ շօշափելի է Կոտայքի մարզին եւ մայրաքաղաքի ծննդատուներէն մէկուն մէջ: Արդէն իսկ ընթացքի մէջ է միւս ծննդատներու վերազինման գործընթացը:

Բարդ յղութեան կամ վաղաժամ ծննդաբերութեան իբրեւ հետեւանք` որոշ խնդիրներով լոյս աշխարհ եկած փոքրիկներուն ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու իմաստով առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին վերակենդանացման ջերմահաղորդիչ սեղանիկը, տաքցուող ներքնակը, օդափոխման համակարգը, հրատապ իրավիճակներու համար նախատեսուած պայուսակը, ներարկման մխոցներն ու տրամադրուող միւս սարքաւորումները: Անոնք անհրաժեշտութիւն են ոչ միայն բժիշկներու գործադրած ջանքերու արդիւնաւէտութեան, այլ նաեւ նորածիններու կեանքի փրկութեան տոկոսը բարձրացնելու համար:

«Երբ կ՛իրականացնես  ծրագիր մը, նկատի պիտի առնես արդիւնքն ու հաւանական կորուստները: Ատիկա առեւտուրի օրէնքներէն մէկն է: Այս ծրագիրը առանձնայատուկ է անով, որ կը բացառուի սխալելու հաւանականութիւնը, իսկ արդիւնքը կ՛արձանագրուի բազմաթիւ ծնողներու եւ մասնագէտներու ժպտացող աչքերուն մէջ: Երջանիկ եմ «Պըրթլինք»-ի հետ տարիներու մեր համագործակցութեան համար: Երբ խօսքը մարդկային կեանքին մասին է, ապա փրկութեան նոյնիսկ մէկ ցուցանիշն արդէն յաղթանակ է», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

2008-էն մեկնարկած ծրագիրի իրականացման համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մինչեւ օրս յատկացուցած է շուրջ 535 միլիոն դրամ:

Համահայկական Ծրագիր Աշխարհի
Հայ Փոքրիկներու Մասնակցութեամբ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ծրագիր, որ կ՛ենթադրէ. «Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան» բողոքի խօսքով սփիւռքի մանուկները նկարել` համապատասխան քաղաքի մէջ գտնուող ցեղասպանութեան յուշարձաններուն մօտ, ապա նկարները տեղադրել այս ծրագրի համար յատուկ ստեղծուած facebook-եան այս էջին մէջ, ուր կարելի է մուտք գործել նաեւ` www.hayernaysor.am ելեկտրոնային էջէն: Այս ծրագիրին ծանօթանալու համար կարելի է այցելել https://www.youtube.com/watch?v=baA7wrATW3o  կայքէջը:

Քանատահայ Նալպանտեան Ամոլը
Պիտի Վերանորոգէ Նալպանտեան Գիւղին Դպրոցը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի բարերարներ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեանները ստանձնած են Արմաւիրի մարզի Նալպանտեան գիւղի միջնակարգ դպրոցի վերանորոգման հովանաւորութիւնը: Դպրոցին մէջ կ՛ուսանին մօտաւորապէս 600 աշակերտներ:

1967 թուականին կառուցուած եռայարկ դպրոցի երեք մասնաշէնքերուն եւ կից մարզադահլիճին, ընդհանուր` մօտաւորապէս 3200 քառ. մեթր, հիմնովին նորոգութիւնը կը նախատեսուի համապատասխան յատակագիծով` ներառելով նոր աստիճանավանդակի տեղադրում, լուացարանային ներքին ցանցերու տեղադրում բոլոր յարկերուն վրայ, ծածկի, հիմնական պատերու ամրացում, երկրաչափական ներքին ցանցի թարմացում, յատակներու վերակառուցում` կրանիթով եւ մանրատախտակով, ներքին յարդարում եւ յարակից տարածքի մասնակի բարեկարգում: Վերջին տարիներուն կատարուած են դպրոցի բարեկարգման վերաբերող մասնակի աշխատանքներ` ջեռուցման համակարգի, դռներու եւ լուսամուտներու փոխարինում:

«Թորոնթոյի հայ համայնքը, հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, կը շարունակէ ծրագիրները դպրոցաշինութեան ոլորտին մէջ», նշած է հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը:

Հալէպի Տագնապալի Օրերը Ներկայացուեցան
Սուրիահայ Փոքրիկներուն
Ստեղծագործութիւններուն Ընդմէջէն

IMG_1094-(1)AGBU_sarianՀայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հալէպի մասնաճիւղի Մարտիրոս Սարեանի անուան ակադեմիայի հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին ընթացքին ակադեմիայի ղեկավար, նկարիչ Հրազդան Թոքմաճեան դիտել տուած է, որ ականներու եւ ռումբերու տակ Հալէպի տագնապալի օրերը պատկերող սուրիահայ փոքրիկները պիտի ըլլան նոր Սուրիան կերտողները: «Հալէպ. տագնապալի օրեր» խորագրով եռօրեայ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու շրջագծին մէջ եւ կը ներկայացնէ ակադեմիայի սաներուն 32 աշխատանքները: «Երբ Հալէպէն պիտի գայի Հայաստան, աշակերտներս` 10-12, 14 տարեկան փոքրիկներ, մօտեցան ինծի եւ ըսին. «Պարո՛ն, Աստուած ձեզի հետ, անփորձանք տեղ հասնիք»: Աստուած նախ իրենց հետ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ փորձանքի մէջ են: Արեւմտահայերու հինգերորդ սերունդն է, որ Ցեղասպանութենէն ետք կրկին կը գտնուի արհաւիրքի մէջ: Ես միշտ հիացումով կը մտածեմ անոնց ծնողներուն մասին, որոնց համար ամէնօրեայ գերխնդիրն է հաց եւ ջուր ապահովել իրենց փոքրիկներուն, որպէսզի անոնք կոկիկ հագուին, մաքուր գան ակադեմիա եւ նկարչութեամբ զբաղին: Այն երեխաները, որոնք այսօր այս նկարները գծած են, բարեկամական արաբ ժողովուրդին հետ պիտի ըլլան նոր Սուրիան կերտողները», հաստատած է Հրազդան Թոքմաճեան:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որուն համաձայն, սուրիահայ փոքրիկներուն աշխատանքները անգամ մը եւս կը վկայեն հայուն ստեղծագործ եւ արարող էութեան մասին: «Հոգիդ կ՛ալեկոծի այս նկարներուն նայելու ժամանակ: Եւ երկու զգացում կը յառաջանայ. առաջին, որ այս փոքրիկները իրենց վրայ ինկած ռումբերուն, կրակին եւ ցաւին մէջ կրնան ստեղծագործել, նկարել եւ իրենց հոգիին ճիչը եւ ապրումները արտայայտել: Եւ երկրորդը, որ, իսկապէս, մեզ կարելի չէ կտրել մեր էութենէն, որովհետեւ հայը ինչպիսի պայմաններու մէջ ալ ըլլայ, միեւնոյնն է, շարունակած է ստեղծագործել եւ արարել», ըսած է նախարարը` աւելցնելով. «Երբ կը պատմէին, թէ 1915 թուականին Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մեր մայրերը «այբ, բեն, գիմ» կը սորվեցնէին փոքրիկներուն, այդ անհաւանական կը թուէր: Սուրիոյ մէջ պատերազմի արհաւիրքներու մէջ ապրող սուրիահայ փոքրիկներուն այս աշխատանքները կու գան վկայելու մեր ազգին լինելութեան եւ յաւերժութեան մասին»: Գնահատելով Սուրիոյ հայ համայնքի կեանքին մէջ եւ հայապահպանութեան իմաստով Հրազդան Թոքմաճեանին ներդրած ջանքերը` Հրանուշ Յակոբեան ուսուցիչը պարգեւատրած է «Արշիլ Կորքի»-ի մետալով, իսկ ակադեմիայի սաները` նախարարութեան պատուոյ գիրով: Նախարար Հ. Յակոբեան նաեւ նշած է, որ այդ երիտասարդ նկարիչներուն մէջ կը տեսնէ ապագայ Սարեանները եւ Այվազովսկիները: Հրազդան Թոքմաճեան խորին շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին` իրեն տրուած պարգեւին համար:

Viva-cell-logo1

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նախագահ Սարգիսի Հրաժարելու Տրամադրութիւնը Եւ Արաբական Զսպիչ Ուժերու Ապահովութեան Նոր Ծրագիրը

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Բնակչութեան Թիւը Նուազած Է 6500-ով

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?