Իր վախճանին հասաւ նաեւ 2015 տարին. հերթը նոր տարիին` 2016-ինն է:
Անցած տարի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցն էր, որ ամէնուր հայը աշխուժացուց, մղեց յիշելու եւ յիշեցնելու, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Չինաստան եւ Աւստրալիա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ` հայոց պահանջատիրական ձայնը բարձրացնելու:
Տարուան հիմնական ձեռքբերումներէն մին կրնանք նկատել 2015-ի յունուարի 29-ին հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը, որ Հայաստանի պետականութեան հովանիին տակ, ի լուր համայն աշխարհին կ’արձանագրէր Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք հայոց ելման դիրքերը յաջորդ տասնամեակներուն ընդառաջ:
Ներհայկական իմաստով անիկա նաեւ հասարակ յայտարար էր բաղկացուցիչներուն համար, նախադրեալ` չափով մը համակարգում յառաջացնելու տարուող աշխատանքներուն եւ ջանքերուն մէջ:
Հայաստանի պետութեան մակարդակով Համահայկական հռչակագիրին լրացուցիչ անհրաժեշտ տարր ընկալեցինք նաեւ դեկտեմբերի 6-ին հանրաքուէի դրուած սահմանադրական բարեփոխումները: Քայլ` սրբագրելու մօտ քառորդ դարէ ի վեր Հայաստանի քաղաքացին սեփական պետութենէն օտարացնող կառավարման համակարգը:
Կ՛ակնկալուէր հանրային վերաբերմունքի հարազատ արձանագրութիւն: Հանրութեան առարկայական վերաբերմունքի համար նախադրեալները տկար էին, թէպէտ ներկայացուած փաստաթուղթը աւելի լուրջ մօտեցման արժանի էր: Քարոզարշաւի ընթացքին սեփական հոգերու բեռան տակ կքած քաղաքացիներու ի յայտ բերած թերահաւատութիւնն ու անտարբերութիւնը պէտք է յուշեն, որ հանրութեան խզումը անդառնալի կէտի կրնայ հասնիլ եւ խորացնել կրաւորական հակազդեցութիւնները, եթէ անցում չկատարէ ուժական հակազդեցութեան:
Մինչդեռ մեզի համար կարեւոր է ներքին ճակատի ամրացումը, հանրային համերաշխութեան հզօրացումն ու յայտարարուած համազգային ուղեգիծին հետ իշխանական թէ հասարակական վերաբերմունքի եւ գործողութեան համարժէքութիւնը:
2016 տարուան ընթացքին նախատեսուած ընտրական նոր օրէնսգիրքն այս իմաստով կրնայ որոշ նպաստ բերել, եթէ իր ձեւակերպումները համահունչ ըլլան ակնկալութիւններուն:
Հայաստանեան զարգացումներն այնքան կարեւոր են արտերկրի հայութեան համար, որ թէեւ թուական գերակշռութիւն ձեռք բերած է, սակայն ցրուած եւ տարտղնուած է, հազուադէպ պարագաներու` կազմակերպուած եւ վերապրելու ունակութիւն ձեռք ձգած:
Դժբախտութիւնն այն է, որ կազմակերպուած միջինարեւելեան համայնքները, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի համայնքները, հինգ տարիէ հարուածի տակ յայտնուած են եւ` երերուն վիճակ ստացած: Հայութիւնը այս փորձութեան պատրա՞ստ էր: Տարակուսելի է, հակառակ գործադրուած մեծ ճիգին` Հայաստան թէ սփիւռք:
Հալէպը, Պուրճ Համուտը, Այնճարը յստակ առաւելութիւններ ունին արտերկրի հայոց այլ բնակավայրերէն: Անոնք խիտ բնակեցուած են հայութեամբ, օժտուած` համայնքային կամ մասնաւոր կրթօճախներու ցանցով, ընկերային բաղդատաբար ամուր խարիսխի վրայ հաստատած` համայնքային կեանքը, օժանդակ ունենալով մշակութային օճախները: Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներքաղաքական ցնցումներուն դիմաց, սակայն, անոնք խոցելի դարձան:
Անկարելի է այս հայաշատ կեդրոններն ընդօրինակել այլուր, այնուամենայնիւ հնարաւոր է ճիգով մը աշխուժացնել համայնքային կրթական, մշակութային, ընկերային կեանքը, որ հետզհետէ կը խամրի, գունաթափ կը դառնայ ու կը կորսնցնէ գրաւչութիւնը: Խօսքը եգիպտահայ համայնքին համար է:
Մեր ակնարկութիւնը կազմակերպուող ձեռնարկներու մասին չէ, այլ` տարուան երկայնքին զարգացող գործողութիւններու, որոնք ատակ են ներգրաւելու եւ համախմբելու տարիքային տարբեր խումբեր, բազմապատկելու անոնց շփումն ու տարբեր դրսեւորումներով արդիւնաւորել այդ ամբողջ գործողութիւնը: Միակ հետեւողական գործունէութիւնը մարզականն է, մասամբ ալ` սկաուտականը, որոնք տարիքային եւ նախընտրութեան սահմանափակումներ ունին: Մինչդեռ որքան այլ մարզեր կան, որոնք կարելի է զարգացնել ու ներգրաւել լուսանցքի վրայ գտնուողներ: Տարբերութիւնը մարզականին եւ այլ գործունէութիւններուն այն է, որ մինչ տեղացի մարզիչներ կարելի է որեւէ ժամանակ վարձել կամ արձակել, անդին սկաուտութեան պարագային այդպէս չէ, իսկ մարդուժի պակասը զգալի է յատկապէս` մշակութային, գրական կամ այլ բնագաւառներու համար: Մասնակի դարմանը կրնայ ըլլալ տեղացի մտաւորականութեան հետ շփումը, պայմանաւ որ զուգահեռաբար հոգ տարուի սեփական ուժերու պատրաստութեան:
Համայնքային աշխուժացման վրայ կեդրոնացումը պատահական չէ. անցեալին մեծ եռանդով ու ջանքով հիւսուած համատեղ կեանքը հետզհետէ կը նուաղի: Յաճախ առաջ քաշուող պատճառաբանութիւնը փոխուող աշխարհն է, նոր պահանջներու յառաջացումն է: Համաձայն ենք` աշխարհը կը զարգանայ, յառաջ կ’երթայ, տարբեր բան ալ սպասելի չէր. ժամանակը կանգ պիտի չառնէր: Իսկ մե՞նք ինչ կ’ընենք հաւաքաբար, համընթաց ընթանալու համար աշխարհին հետ: Արդեօք ժամանակը չէ՞ հանրային կեանքի ենթակառուցուածքներուն` վարժարանին, մշակութային ակումբին եւ այլ հաստատութիւններուն հանդէպ մեր մօտեցումները վերանայելու եւ ըստ այնմ առաջնահերթութիւններ ճշդելու:
Նոր տարուան ընթացքին արդեօք կրնա՞նք հաւաքաբար բարձրաձայն այս մասին խորհրդածել:
Մեր ակնկալութիւններն առաջին հերթին հաւաքական կեանքի ղեկավարման տարբեր օղակներու պատասխանատուներէն է:
Մաղթելով, որ 2016-ը դրական հանգուցալուծումներու տարի դառնայ, սիրելի՛ ընթերցող, ընդունէ մեր անկեղծ շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ: