ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ետեւը սո՜ւր, առաջը ջո՜ւր,
Սո՜ւգ, վայնասո՜ւն, իրարանցո՜ւմ…
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Նախնադար կամ միջնադար կ՛ըսենք յաճախ, երբ կ՛ուզենք յետամնացութիւն կամ վայրագութիւն նշել: Մինչդեռ լաւ գիտենք, թէ վայրագութիւնը կապ չունի դարաշրջանին հետ: Դարաշրջանը չեն ընտրեր, այլ կ՛ապրին, ըսած է բանաստեղծ մը: Հոն է հարցը, թէ ինչպէ՞ս կ՛ապրին կամ ինչպէ՞ս կը սորվեցնե՛ն ապրիլ: Մարդու բնոյթի ստորին կամ յոռեգոյն գիծերն է, որ կարելի է արթնցնել եւ կամ ննջեցնել: Թէեւ դարը չենք ընտրեր, բայց քսանմէկերորդ «լուսաւոր» դարու տեսքին նայելով` պիտի նախընտրէի միջնադարուն ապրած ըլլալ, երբ հին մարդերը գոնէ ասպետական կռիւի՛ մէջ կը սպաննէին, քաջութիւնն ու ուժն էին յարգի, մինչդեռ «քաղաքակիրթ» մարդը այս գեղեցիկ մոլորակէն իր կարճատեւ անցքի միջոցին քաղքենի եսակեդրոնութեամբ կամ անբացատրելի վայրագութեամբ, աւելի կատարեալ զէնքեր ստեղծելու անվերջի ձգտող իր մրցավազքով անհեթեթ է ու անըմբռնելի… Իսկ երբ աւազակութիւն ու ոճրագործութիւն է պետական մակարդակներուն վրայ, ի՞նչ սպասել ամբոխային մակարդակէն:
Այսօր «քաղաքակիրթ» ազգերու վայրագութեան զոհ կ՛երթան ոչ միայն հնամեայ շէն երկիրներ, այլ նաեւ` հարիւրամեայ մեր ծաղկուն գաղութը: Նոր բան ըսած պիտի չըլլամ, եթէ յիշեմ, որ հալէպահայութիւնը կը հալի անկարելի արագութեամբ, ու եթէ այսպէս շարունակուի, գաղութը պիտի անցնի պատմութեան: Մեր բոլոր նախկին շէն գաղութներու ճակատագիրը նոյնը եղած է, որ մեզի կը յիշեցնէ Երկրի հողին անփոխարինելիութեան մասին… եւ որ` «Ամենայն տեղ մահը մի է…»:
Շաբաթներէ ի վեր միտքս կը դառնայ նոյն պատկերին` նաւաբեկութենէն ետք ծովուն անսահմանութեան մէջ ինքզինք առանձին գտած հայ աղջկան: Կը փորձեմ զգալ իր ապրածը, իր միայնակութիւնը ծովուն մէջ, լողը մինչեւ ափ, իր այսօրն ու վաղը:
Աշխարհը ուզեց ինքզինք համոզել, թէ խիղճ ունի, երբ նաւաբեկութենէն ափ նետուած արաբ մանկան փոքրիկ դիակը ի ցոյց դրաւ ամէն կարելի կերպերով: Որքա՜ն մարդասէր ենք… Իսկ ի՞նչ փոխուեցաւ այնուհետեւ. դադրեցա՞ն այս գիշատիչ գզուըռտուքն ու եղեռնագործութիւնը, դադրեցա՞ւ հուրի ու ջուրի միջեւ տուայտող մարդոց գաղթին հոսքը:
Այս տարիներուն «Արաբական գարուն»-ին հոգեբանօրէն ու ֆիզիքապէս զոհ գացած տասնեակ հազարաւոր մանուկներու բախտը մի՞թէ քու լուռ ու կրաւորական կեցուածքին հետեւանք չէ, ապահո՛վ ապրող մարդկութիւն: Թէ՞ կը կարծէք միլիոնաւոր մարդիկ բնահան ընելով ու ձեզի ծառայ տանելով` մաքրած եղաք ձեր խիղճը:
Իմ միտքս, սակայն, այս օրերուս ծովամոյն եղած հայ ընտանիքի ճակատագրին հետ է: Իսկ կա՞յ աշխարհի որեւէ ծագը աղէտ մը, որ շրջանցէ հայերը… Կը լսենք ամէն օր նորը, ու այս բազմաղէտութեան մէջ կը մոռնանք ալ` յաջորդներուն տոկալու ինքնապաշտպանական բնազդով:
Որո՞նք մեղադրեմ, որ տասնիննամեայ աղջիկը, երբ «փրկութեան լաստին» ապաւինած` անձկալի ափը կ՛երազէր, յանկարծ ինքզինք գտաւ ծովածաւալ ալիքներուն գիրկը: Ու երբ մակերես ելլելով շուրջը նայեցաւ, ալիքներուն դէմ օրհասական պայքար մղող հարազատները տեսաւ կամ անոնց ու այլոց դիակները` առանց օգնել կարենալու:
Նաւաբեկութեան սարսափէն ուշքի չեկած, ծովուն բացերը, միայնա՜կ, ան ինչպիսի՜ սոսկում ապրեցաւ, երբ գոնէ սեփական կեանքը փրկելու համար ծովու շոյանքին ձգեց մարմինները անոնց, որոնք վայրկեաններ առաջ իր հայրը, մայրը, եղբայրը ու տատիկն էին… Փրկեց ինքզինք, ետին` ծովուն մէջ թաղելով իր հետագայ ամբողջ կեանքին բերկրանքը…
Զո՞վ մեղադրես… զիրե՞նք, որ այս փախուփախի անդոհանքէն ազդուած` հուրէն փախան ու ջուրն ինկան: Թուրք նաւատէ՞րը մեղադրես, որուն համար գաղթողը ընդամէնը բեռ մըն է, որմէ ինք կը շահի (նախորդ դարու երեսնականներուն խորհրդային պետութիւնը եւս աքսորեալները գործածութենէ ելած, վթարային նաւերով կամ շոգեկառքերով կը փոխադրէր Սիպերիա. որքան շատ մեռնին, այդքան դիւրութիւն…): Քեզի ո՜վ ըսաւ, որ վստահիս միլիոնաւոր մարդոց արեամբ հարստացող աւազակ պետութեան մէջ միջազգային մաքսանենգութեամբ դրամ շահող թուրքին:
Ոչ ոք թող ըլլայ պապէն աւելի պապական ու «մարդասիրաբար» քարոզէ, թէ ամէն տեղ ալ կան լաւ ու վատ մարդեր: Կա՛ն, բայց ինչպէ՞ս իմացար, թէ քեզի հանդիպածն է լաւը: Գաղթական տեղափոխող նաւի խորտակումի առաջի՞ն դէպքն էր այս. Միջերկրականի մերձափնեայ տարածքներուն միշտ կործանիչ փոթորիկնե՞ր են…
Բայց Հալէպի դժոխքէն փրկուելու հեռանկարը կար ու Հայաստանի մէջ հաստատուելով ապրուստ չկարենալ շահելու հիասթափութիւնը:
Հեմինկուէյ ծեր ձկնորսին հրճուանքն ու ապա ողբերգութիւնը նկարագրող ազդեցիկ կտոր մը գրած է (որ ժապաւէնի ալ վերածուած է)` «Ծերունին ու ծովը»: Ծեր ձկնորսը ի վերջոյ որսացեր է իր կեանքին երազը` հսկայական ձուկը, բայց ափ հասցնելու համար ստիպուած է անվերջ պայքար մղել գիշատիչ շանաձուկին դէմ… Իր բախտն ու պարծանքը պիտի ըլլար ձուկը, որուն կմախքը միայն կը հասնի ափ…
Հարազատները ծովուն պահ տուած, միայնակ, չորս քիլոմեթր տարածքին ալիքներուն դէմ կռուող հայ աղջկան ողբերգութիւնը ո՞վ պիտի գրէ. իսկ միւսներո՞ւնը….
***
Ռուսերը վճռական ու կանոնաւորապէս կը զարնեն Սուրիան կողոպտող ու աւերողները: Սակայն մեծ ու անվերջ աճող ուժերու հետ է անոնց գործը: Խաւարը արագ իր ամենակուլ յորձանքին մէջ կ՛առնէ նոր մոլորեալներ: Ոմանք կրօնական մոլեռանդութեան զոհեր են, ոմանք, նաեւ` քրիստոնեայ, ռուս, կեանքի միօրինակութենէն փախչելով` ռոմանթիկ երազներ հետապնդող պատանի-պարմանուհիներ, բայց մանաւանդ` արագ դրամ շահելու սիրոյն օտար մարդիկը մորթելու պատրաստ ի ծնէ ոճրագործներ կը հոսին Սուրիա: Անոնց դիւրութիւններ ու լայն ճամբաներ կը բանայ յաւերժական ոճրագործը` թուրքը, կրկին համաթուրանական կայսրութիւն ստեղծելու իր ցնորքին հետամուտ:
Մեր նախագահը վերջերս յայտարարեց, որ եթէ մեծ պետութիւնները Ռուսիոյ հետ դաշնակցած պայքար տանին, սուրիական բանակը մէկ տարուան մէջ «կը մաքրէ» երկիրը: Պահ մը շունչ կ՛առնես ու խաղաղութեան օրերը կը յիշես: Ապա կ՛անդրադառնաս, թէ հոս մեծագոյն հարցականը դրուած է այդ «եթէ»-ին վրայ: Մէկ կողմէ անոնցմէ ոչ մէկը կ՛ուզէ Ռուսիոյ ձգել «մեծ պատառը», միւս կողմէ` տարիներու ընթացքին իրարու միջեւ ու իրենց իսկ երկիրներուն ներսը այնքան ու բազմապիսի հարցերու թնճուկներ գոյացած են, որ լուծելու համար ոչ ոք կրնայ որոշակի ժամանակ ճշդել: Այնպէս որ, շունչդ երկայն բռնէ, ժողովո՛ւրդ… եթէ հոս մնալ որոշած ես: Միջին Արեւելքի պատերազմին աւարտը կու գայ, հաւանաբար երբ հրաշքով մը չորնան քարիւղի բոլոր հորերը…
***
Փութին, հաւատարիմ իր իսկ ստեղծած աւանդութեան, անցեալ շաբաթ տարեկան մեծ հարցազրոյց տուաւ: Երեք ժամէ աւելի տեւած միջոցին ան պատասխանեց ռուս եւ օտար հարիւրաւոր լրագրողներու ամէն կարգի հարցումներուն: Այս նախաձեռնութեան` մեզի հասկնալի նպատակներու մէջ են աշխարհին ցուցնելը, թէ որքան «բաց» կ՛աշխատին իրենք, որքան անկեղծօրէն կը խօսին իրենց քաղաքականութեան մասին, ինչպէս լծուած են աշխարհը վերափոխելու` արդար ու իրաւական երկրագունդ ստեղծելու առաքելութեան, անշուշտ, նաեւ` սկսելով իրենց իսկ երկրին վերանորոգումէն ու հզօրացումէն:
Կարեւորն այն էր, որ մարդիկ գոհ էին ու կը նշէին իր հանգիստ ու անկեղծ պատասխանները: Քանի՞ երկրի ղեկավար կրնայ նոյն վարկը շահիլ:
Միլիոնաւոր մարդոց պէս` ես ալ փորձեցի հետեւիլ: Իր իւրաքանչիւր խօսքը կ՛առնէի ե՛ւ իբրեւ անկէ խաղաղութիւն ակնկալող աշխարհաքաղաքացի, ե՛ւ իբրեւ կեանքիս ու ինչքիս փրկութիւնը սպասող սուրիացի, ե՛ւ… իբրեւ խոնարհ հայ մը, որուն ազգին քառորդը բախտաւորուեր է անոր լայնատարած երկրին մէջ դրախտ գտնելով, իսկ մնացեալն ալ իր ափ մը հողին վրայ գոյատեւելու իրաւունքն ու երաշխիքը անկէ կը սպասէ…
Կը թուէր, թէ իրա՛ւ անկեղծ կը խօսի անծայրածիր երկրին մեծ դիւանագէտը: Այդ մեծութիւնն է, որ մէկ կողմէ կը հիացնէ ու կը յուսադրէ խաղաղ երկրագունդ երազող մարդկութիւնը, միւս կողմէ` կասկած ու երկիւղ կը ներշնչէ մնացեալ գիշատիչներուն ու անոնց մրցասպարէզին մէջ յայտնուած մահկանացուներուս:
Մեր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին քանի՜ քանի՛ անգամ մեծերու խոյամարտին մենք զոհ գացեր ու փոքրացեր ենք կծկտեր եւ ափ մը մնացեր է մեր հայրենիքը: Այսօր մեր սիրտը կը զարնէ ամէն անգամ, որ մեծերը անոր անունը կը հնչեն: Ահա այդպէս թրթռաց սիրտս, երբ Փութին կը խօսէր Թուրքիոյ կողմէ իրենց օդանաւի զարնուելուն մասին: Ըստ իր խօսքին, Անթալիոյ մէջ հանդիպած ու համաձայնած են, որ Թուրքիան իրենց աջակցի ահաբեկիչներուն դէմ պատերազմին մէջ, իսկ փոխարէնը… իրենք պիտի օգնեն անոր «Թուրքիոյ համար չափազանց զգայուն հարցի մը մէջ», որ միջազգային տարողութիւն ունի: Մինչդեռ «դաշնակիցն ու բարեկամը» «կռնակէն զարկեր է» իրենց (հետաքրքիր է, ուրի՞շ վարուելակերպ կը սպասէին թուրքէն):
Գիտենք, թէ Թուրքիան, եթէ ունենայ զգացում, իրաւ զգայուն բազում հարցեր ունի: Բայց երբ հայ ես, անմիջապէս միտքդ կը շամփրէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Մի՞թէ ան ամէնէն զգայուններէն չէ: Երկիւղ կ՛ունենաս կրկին մեծերու առեւտուրի սեղանին դրուելէն, անոնց քաղաքական ախորժակներուն համար կրկին շահագործուելէն: Ու այդ վախը թոյլ չի տար, որ Ռուսիոյ հովանին ունենալու գիտակցութիւնը ուրախութիւն պատճառէ քեզի: Մանաւանդ որ վերջերս անոնց անուանի լրագրողներէն մէկուն քաղաքական «շօու»-ի միջոցին քանի մը անգամ յիշուեցաւ Կարսի պայմանագիրը, Արեւմտեան Հայաստանը ազատագրելու պատրաստ քաջարի հայերուս եռանդը… Պատահակա՞ն հիմա յիշեցին ծախուած Կարսը, կամ` իրենց «տարտը» Հայոց հայրենիքին ազատագրո՞ւմն է…
Իսկ հայ ժողովուրդի իրա՛ւ անկեղծ ու ազնուագոյն բարեկամ Նանսեն ըսած է, թէ երանի՜ եւրոպացիներ երբեւէ Հայաստանի անունը լսած չըլլային…