Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Խելագար Պատմութիւն

Յունուար 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

don-t-tell-me-the-boy-was-mad_HB

Ռոպէր Կէտիկեանի «Une Histoire de Fou”/ “Don’t Tell Me The Boy Was Mad» (2015, 135 վայրկեան) ժապաւէնին կրճատուած տարբերակը (1) ցուցադրութեան դրուեցաւ դեկտեմբեր 10-էն սկսեալ: Անիկա կ’արծարծէ Գաղտնի բանակի գործողութիւններուն պատճառած կողմնակի անմեղ զոհերու թեման: Ժապաւէնը բեմադրիչին նախատեսած հայկական «եռագրութեան» մը եզրափակումն է: Առաջին երկուքն են` «Ուղեւորութիւն դէպի Հայաստան» (2006-ի «Արծաթ ծիրան» մրցանակ) եւ  «Ոճիրի բանակը» (2009): Ցուցադրութեան նախօրէին նկատելի էր ժապաւէնը յառաջ քշելու ակնյայտ աշխատանք` որմազդ, ե-նամակ, … թերեւս որովհետեւ պաստառի վրայ պիտի տեսնուէին ոչ նուազ քան վեց պէյրութահայ դերասան եւ կարգ մը պուրճհամուտեան կենցաղային տեսարաններ: Ի զարմանս ինձ, 11 դեկտեմբերին, 15 վայրկեան ուշացումէ ետք. սրահին մէջ կար տասը հանդիսատես, որոնց կէսը միայն հայեր էին:

Բեմադրիչը.-  Ռոպէր Կէտիկեան ծնած է 1953-ին:  Հայրը կարսեցի ծագումով նաւահանգիստի աշխատաւոր մըն էր: Մայրը` գերմանուհի մը: Հասակ նետած է Մարսէյի բանուորական «L՛Estaque» թաղամասին մէջ: Տասնչորս տարեկանին անդամակցած է համայնավար կուսակցութեան եւ նոյնիսկ բարձրաձայն կոչերով վաճառած` կուսակցութեան օրկանի (L՛Humanité) կիրակնօրեայ թիւերը: «Միացեալ ծրագիր»-ի (programme commun) պատճառած պառակտումէն ետք, 1977-ին կուսակցութենէն հրաժարած է: Ներկայիս կը յարի «Parti de gauche»-ի:  Ուսանած  է Մարսէյէն ոչ հեռու «d’Aix-en-Provence»-ի ընկերային գիտութիւններու բաժնին մէջ, ուր հանդիպած է իր կնոջ` Արիան Ասքարիտի: Իր առաջին ժապաւէնը` «Dernier Été» (Անցեալ ամառ -1981) ձեռք կ’առնէ իր ծննդավայրի (l’Estaque) բանուորներուն առօրեան: Կէտիկեան այդ բներգին վերադարձած է նաեւ հետագային:

 

voyage-en-armenie-2006-03-gtchakarian03_HBԵռագրութեան առաջին հատորը կը կազմէ «Le Voyage en Arménie»  (114 վ.) Կէտիկեան նաեւ բեմագրութեան հեղինակն է: Ինչպէս հայկական բներգով բազմաթիւ այլ ժապաւէններու մէջ, այստեղ եւս դերեր վերցուցած են` Սիմոն Աբգարեան, Սերժ Աւետիքեան եւ բեմադրիչին կինը` Արիան Ասքարիտ:

Ֆրանսուհի Աննայի հայ հայրը` Վարշամ (Պարսամ) (2)  մահամերձ է: Առասպելաբանութեան մէջ Պարսամ տիտան մըն էր: Մահամերձ Տիտանի կերպարը յստակօրէն խորհրդանշական է: Վարշամ կը փախչի դէպի Հայաստան, որպէսզի իր դուստրը պարտադրուի հետապնդել եւ գտնել զինք: Այսինքն պարտադրուի գտնել իր ակունքները: Աննա իր հայրը կը գտնէ ծաղկած ծառի մը տակ: Ի հարկէ` ծիրանի՛ ծառ: Ժապաւէնը այս իմաստով ինքնակենսագրական է: Կէտիկեանի մօտ առկայ է ակնարկը դէպի իր ակունքները:

ARMY-span-articleLarge_HB

Եռագրութեան երկրորդ հատորը կը կազմէ «l’armée du crime» (139 վ.): Ժապաւէնը կը պատմէ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին Մարսէյի մէջ ինքնուս բանաստեղծ Միսաք Մանուշեանի (սլաքով նշուած) գլխաւորած դիմադրողներու խումբի անդամներէն 23-ի գնդակահարութեան մասին: Կեսթափօ զանոնք վարկաբեկելու համար պատրաստած էր կարմիր որմազդ մը, որ խումբը կ’որակէր  «Ոճիրի բանակ»: Արակոն անոնց նուիրած է երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մը: Կէտիկեանի ժապաւէնը ձեւով մը «հակաթոյն» մըն էր Թարանթինոյի «Անբարունակ փիճեր» ժապաւէնին, որ դիմադրութեան կը մօտենար զաւեշտական ձեւով: Հելեն Քէօսէեանի մենագրութիւնը հիմնուած է վերջին վերապրող անդամ, Արսէն Չաքարեանի յուշերուն վրայ: Կէտիկեանի այս ժապաւէնը եւս ակնարկ մըն է իր գաղափարական ակունքներուն: Ինչպէս «խելագար» Արամը, այնպէս եւ Մանուշեան հոգեպէս հաշտ չէին սպաննելու գաղափարին հետ:  Կողքի նկարը ցոյց կու տայ Սիմոն Աբգարեանը` Մանուշեանի դերով: Կողքին կանգնած ընկերը` Louis-Robinson Stévenin, ներկայ ժապաւէնին մէջ ստանձնած է Սողոմոն Թեհլիրեանի դերը:  Այդտեղ էր նաեւ Արիան Ասքարիտ(3): Ժապաւէնը ցուցադրուած է Քաննի ոչ մրցանքային ծրագիրի ծիրին մէջ:

51OlgnpTL2L_HB41Eqf8qNXILՊատմական հիմք.- Ժապաւէնը ներշնչուած է սպանացի լրագրող Հոզէ Անթոնիօ Կուրիարանի «Լա պոմպա» գիրքէն: Լրագրողը 30 դեկտեմբեր 1980-ին հեռախօսի խցիկի մը մէջ  կը խօսէր իր կնոջ հետ, երբ երկու ռումբեր պայթած են Swissair եւ TWA ընկերութիւններու Մատրիտի գրասենեակներուն մօտ: Զոհեր չկային, բայց լրագրողին ոտքերը լրջօրէն վնասուած էին: Կային նաեւ 8 այլ վիրաւորներ: Կուրիարան, որ մինչ այդ հայերու մասին ոչինչ գիտէր, յաջողած է տեսակցութիւններ ունենալ Գաղտնի բանակի անդամներուն հետ (տես կողքի լուսանկարը) եւ հեղինակած է երկու գիրքեր: «La Bomba Un No Rotundo A La Destruccion Y A La Muerte Y Un Viva A La Vida», 1982 (Բարձրաձայն «ոչ» մը կործանման եւ մահուան դէմ, եւ «կեցցէ» մը` կեանքին) եւ «Armenios, el genocidio olvidado», 2009 (Հայեր, մոռցուած ցեղասպանութիւնը):

Կէտիկեան թատրը փոխադրած է իր ծննդավայր Մարսէյ եւ լուսարձակի տակ առած` Օրլիի ականահարումէն ետք Գաղտնի բանակի մէջ ծայր տուած երկփեղկումը հիմնադիր ղեկավար Յակոբ Յակոբեանի եւ նորեկ անդամ Մոնթէ Մելքոնեանի գլխաւորած թեւերուն միջեւ: Մոնթէ ապա հիմնած է «Յեղափոխական գաղտնի բանակը», որ իր գործողութիւնները փոխադրած է Ղարաբաղ: «Խելագար պատմութեան» հերոս Արամի «մահապատիժ»-ը ակնարկ մըն է այդ շրջանին տեղի ունեցած փոխադարձ սպանութիւններուն:

Ժապաւէնին երկրորդ վերնագիրը առնուած է Միշէլ Պերժէի յօրինած երգէ մը, որ 1980-ին տեղ գտած է նշանաւոր երգչուհի Ֆրաս Կալլի ալպոմին մէջ: Երգին առաջին տողերը կ’ըսեն. «Ան դաշնակը կը նուագէր կեցած ոտքի/ Ինձ մի՛ ըսէք, որ այդ տղան խենթ էր/Ան պարզապէս միւսներուն նման չէր …(4): Երգը կը հնչէ, երբ Արամ կը պայթեցնէ ռումբը հակառակ անոր որ դեսպանի ինքնաշարժի կողքին կանգնած էր երիտասարդ ֆրանսացի անցորդը:  Ի դէպ, Ֆրանս Կալլի այդ ձայնապնակը կը տեսնենք Արամի սենեակին մէջ: Սենեակի պատէն կողք կողքի կախուած են Թեհլիրեանի եւ Մանուշեանի լուսանկարները: Զոյգը անդրշիրիմէն  մեզ կը դիտէ: Այդ խոտոր զուգորդութիւնը ցուցանիշ մըն է Արամի եւ գաղափարական տհասութեան:

Դիպաշար եւ պատկերներ.- Ժապաւէնը կը բաղկանայ երկու մասերէ: Քառասուն վայրկեան տեւող առաջին սեւ ու սպիտակ մասը կը սկսի ճատրակով, որուն քարերը մարդաչափ են: Ապա կը տեսնենք Թեհլիրեանը, որ կը սպասէ Թալէաթին: Արդեօք Թեհլիրեան կամազուրկ խաղաքա՞ր մըն է: Թեհլիրեան Թալէաթի վրայ կը կրակէ ետեւէն: Մինչդեռ իր յուշերուն մէջ Թեհլիրեան կ’ըսէ Թալէաթ տեսած է զինք եւ փորձած է խուսափիլ փամփուշտէն: Յարաբերութեան շրջումը հասկնալի չէ: Արդեօք Թեհլիրեան կորովը չունէ՞ր Թալէաթի աչքերուն նայելու: Թեհլիրեան սկսնակ մը չէր, լոկ ութ ամիս առաջ նոյնինքն Պոլսոյ մէջ սպաննած էր մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանը: Կէտիկեան պատումը յարմարեցուցած է իր հայեցակէտին(5,6):

Ապա կը սկսի դատավարութիւնը, ուր կը լսենք հայոց պատմութեան «այբբենարան»-ի առաջին դասապահը, որ տաղտկալի թուացած է օտար քննադատներու: Այս իրօք տաղտկալի մասը ունի առնուազն երկու դեր: Առաջին հերթին օտար հանդիսատեսը կը ծանօթացնէ Եղեռնի պատմութեան: Այսինքն ունի ծանուցողահան դեր: Ապա մոնթաժի ճամբով կապ կը ստեղծէ Գաղտնի բանակի ահաբեկչութեան եւ «Նեմեսիս» գործողութեան հետ:

Դատարանին մէջ Թեհլիրեանի զգեստը գրեթէ սպիտակ է, մինչ մնացեալ բոլորը սեւազգեստ են: Քամերայի բարձր անկիւնէ դիտած` սրահը կը յիշեցնէ ճատրակի տախտակը: Դատախազները, փաստաբաններն ու յարգելի փրոֆեսէօրները լոկ խաղաքարեր են: Այդտեղ կը գործէր ոչ թէ քրէական օրէնսդրութիւնը, այլ` Գերմանիոյ պետութեան քաղաքականութիւնը, որ կը փորձէր պարտկել օսմանեան պետութեան հետ իր մեղսակցութիւնը: Առաջին շարքի վրայ էին «Նեմեսիս» գործողութեան ղեկավարները, որոնք ցուցմունքներ կու տային առերեւոյթ վրդոված Թեհլիրեանին: Հանդիսատեսը կ’իմանայ, որ Թալէաթի սպանութիւնը հայկական կազմակերպութեան մը կողմէ ծրագրուած էր: Ուրեմն եւ ըստ քրէական օրէնքին, ահաբեկչութիւն էր: Եւ այդ նոթին վրայ կը սկսի ժապաւէնին երկրորդ մասը, որ կը վերաբերի Գաղտնի բանակի «կոյր» ահաբեկչութեան բարոյականին:

Գլուխ Բ.- Յովհաննէս (Ս. Աբգարեան) անկուսակցական համեստ նպարավաճառ մըն է, որ կը տքնի իր հինգ հոգինոց ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար: Այս իմաստով կը ներկայացնէ տարագիր երկրորդ սերունդը: Կրպակի պատէն կախուած է Ուիլսընեան Հայաստանի քարտէսը, որուն առջեւ կանգնած անտարբեր յաճախորդի մը հայոց պատմութեան անհաւատալիօրէն տհաս դասեր կու տայ: Որդին` Արամ, կը ներկայացնէ Եղեռնի յիսնամեակէն ետք երեւան եկած երրորդ «դժգոհ» սերունդը: Ուսանողներ, որոնք ապրած էին 1968-ի թոհուբոհը, անկիւնադարձային դէպքերը եւ «հիփփիական» ալիքը Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր: Կ՛այրէին գործելու  տենչով, բայց քաղաքական գետնի վրայ տհաս էին նոյնքան, որքան` իրենց ծնողները: Այս շատ ցաւալիօրէն ի յայտ կու գայ ապրիլ 24-ը ոգեկոչող արարողութեան տեսարանին մէջ: Քահանայի քարոզը պատրաստ շապլոններու շարք մըն է, իսկ Արամի տաքարիւն ելոյթը` զուտ զգացական. վերականգնել հայու պատիւը, վերադարձնել մեր սրբապղծուած եկեղեցիներն ու պապերու գերեզմանները, սին է դասական ասքը եւ այլն…

Ժապաւէնին թերեւս ամէնէն խօսուն կերպարը Արամին տատն է: Տարագիր առաջին սերունդի ներկայացուցիչը: Տատիկը (Սիրվարդ Ֆազլեան) կորսնցուցած է իր տրամաբանութիւնը: Կ՛ապրի արհաւիրքի յուշերով: Փոխան օրօրի` կ՛երգէ արիւնոտ վրէժխնդրութիւն: Եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեան ընթացքին, Արամին կը յանձնարարէ խոհարար դառնալ, թունաւոր համադամներ պատրաստել եւ հրամցնել Մարսէյի բոլոր թուրքերուն: Եկեղեցի մտնող ֆրանսացի ոստիկանները կը տեսնէ որպէս ջարդարար թուրք խուժան: Այս մասին` աւելի ուշ:

Արամ կը սկսի վիճիլ իր հօր հետ: Յովհաննէս (շատ թեթեւ եւ անհամոզիչ) կ՛ապտակէ (իր ըմբռնումով ապերախտ) որդին:  Յաջորդ քատրին մէջ հայրը իր բռնած բուռ մը հատիկները յուսակտուր վար կը նետէ: Խորհրդանշական աքթ մը: Այդ ժապաւէնի սակաւաթիւ տեսարաններէն մէկն է, ուր կարելի է նկատել պատկերաւոր լեզու:

dont_tell_me_the_boy_was_mad_une_histoire_de_fou_still_HB

Արամ կը յայտնուի Գաղտնի բանակի խմբակի մը մէջ, որ կը ծրագրէ թուրք դեսպանին ահաբեկումը: Յոյժ անհաւատալի է, որ մահը դիմագրաւող երիտասարդներու յարաբերութիւնները ըլլային այդքան բռնազբօսիկ: Կէտիկեանի առերեւոյթ անգիտութիւնը, բարդուած տղոց սիրողական խաղարկութեան, յառաջ բերած են պատկեր մը, որ կը յիշեցնէ դպրոցական տրամախօսութիւնները: Ի միջի այլոց կը տեսնենք «Հայ պայքար» վաղանցիկ, եւ գրեթէ անծանօթ պարբերականէն թիւ մը: Ինչ որ անտեղի հարցականներ կը յարուցէ, քանի որ 1980 թուականին Գաղտնի բանակի պաշտօնաթերթը «Հայաստան»-ն էր:

Լիբանանեան տեսարանի մը մէջ կը տեսնենք խառնիճաղանճ հայ ամբոխ մը, որ հաւաքուած է թափթփած, թոթով քահանայի եւ մանրակազմ ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկի մը շուրջ: Քահանան եւ մարտիկը մեքենականօրէն կը կրկնեն  մարտաշունչ, բայց բոլորովին անհամոզիչ շապլոններ: Մինչ շատ աւելի տպաւորիչ տիպար Սերժ Աւետիքեան ձեռքերը գրպան դրած` անկիւնէ մը կը դիտէ զաւեշտական տեսարանը: Երկու տեսարաններն ալ բաւականին երկար կը տեւեն:  Ի՞նչ կուզէ այս երկարապատում անհեթեթ տեսարանով բեմադրիչը հանդիսատեսին թելադրել, գուցէ արգահատա՞նք: Բայց չէ՞ որ այդ տղաքը (ճիշդ թէ սխալ ճամբով) իրենց կեանքը կը զոհաբերէին:

Գաղտնի բանակի մանկատի ղեկավարները Արմէնակին (Սերժ Աւետիքեան) (7) վստահած են … ճարել յարկաբաժին մը, որուն պատուհանէն կարելի է հետեւիլ դեսպանին շարժումներուն: Այդքան կարող վեթերան արուեստագէտը ողջ ժապաւէնին ընթացքին կ’արտասանէ լոկ մէկ նախադասութիւն: Թերեւս` դժգոհ իրեն բաժին հասած ոսին դերէն, Աւետիքեան յանկարծ կը սկսի երգել Սայաթ Նովա, գուցէ «Աշխարհը մի փանջարա է»: Արամ աշխարհը սկսած էր տեսնել այդ «պատուհան»-ի նեղ տեսադաշտով սահմանափակուած:

Կը յայտնուի նաեւ արգիլուած սէր` փարթիզաններ Արամի եւ Անահիտի միջեւ: Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ այդ շարքային աղջիկը կը կրէ մայր աստուածուհիին խորհրդանշական այդքան բեռնաւոր անունը: Կը թուի, թէ գեղատես զոյգին անկողինի տեսարանները ներառուած են շուկայական նպատակներով:

Աւարտական տեսարաններէն մէկուն մէջ Արամ արդէն որոշած է հեռանալ կոյր ահաբեկչութենէ մինչ Անահիտ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ արիւնարբու ղեկավար Յակոբ Յակոբեանի … ներողութիւն, պիտի ըսէի «Վրէժ»-ի (8): Արամի դէմքը շեշտակի ուղղուած էր դէպի արեւ (իմա՛ լոյս եւ մասամբ նորին), մինչ Անահիտի դէմքը շրջուած էր դէպի մթութիւն (խաւար եւ մասամբ նորին): Արամ կանգնած էր հանդիսատեսին մօտիկ, իսկ Անահիտ` հեռու: Կ’ենթադրեմ, որ յաւելեալ բացատրութիւններ տալու հարկ չկայ:

images_011216OFF_1288192612930GRURRI2Արամի մայրը` Անուշ (նկատել անունը) կը կռահէ, որ իր զաւկի արարքը կործանած է ֆրանսացի երիտասարդի մը կեանքը: Ի դէպ, ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ այն գծով, որ այդ երիտասարդը` Ժիլ, ի բնէ հետաքրքիր լրագրող մըն է:  Ընդհակառակն, մենք կը տեսնենք անարիւն տիպար մը: Հիւանդանոցին մէջ Անուշ համայն հայ ազգի կողմէ ներողութիւն կը խնդրէ: Անուշի շնորհիւ Ժիլ կը մօտենայ հայ ընտանիքին: Իմա` հայ ազգին: Ժիլ հայու տուն կը մտնէ ճիշդ այն պահուն, երբ այդտեղ տեղի կ’ունենար թէժ տոհմիկ խրախճանք: Կը քնանայ Արամին սենեակը: Ի դԷպ, Արամին հայրը զինք զերթ իր քաւութեան խաչափայտը կը կրէ դէպի Արամի սենեակը: Ժիլ կը հեռանայ զինք շատ սիրող գեղեցիկ խօսեցեալէն, բարեկեցիկ ընտանիքէն (իմա` Ֆրանսա): Մանուկի մը նման սենեակի յատակին պառկած` կը կարդայ հայկական հեքիաթներ: Եւ ի վերջոյ կը փոխարինէ Անուշի կորուսեալ որդին: Մահամերձ եւ խելակորոյս Արսինէ տատիկին կը ներկայանայ որպէս Արամ: Ապա կը սկսի քալել որպէս նոր մարդ: Այս խորհրդանշական փոխարինման քաղաքական վերծանումը կը թողում ընթերցողին:

Անուշ եւ Ժիլ կու գան Պէյրութ եւ հայ Պարսամի պանդոկին մէջ գաղտագողի կը հանդիպին արդէն դասալիք Արամին: Այստեղ Արամ կը կրկնէ դատավարութեան ընթացքին Թեհլիրեանին  արտասանած միտքը` թէ ինք մարդասպան է, բայց` ոչ ոճրագործ: Ժիլ ձայներիզի վրայ կ’արձանագրէ Արամի «խոստովանանք»-ը:

Այստեղ եւս կայ հիմնական շեղում: Ինչպէս կողքի լուսանկարը ցոյց կու տայ, Կուրիարան բացայայտօրէն տեսակցած էր գործօն ղեկավարներու հետ: Այլ ոչ` գաղտագողի հանդիպած դասալիք անդամի մը հետ: Կէտիկեան անգամ մը եւս պատմութիւնը յարմարեցուցած է իր հայեցակէտին(9): Արամ մահապատժի կ’ենթարկուի մօր աչքերուն առաջ: (Աղի արցունքներ): Կէտիկեանի ժապաւէնին մէջ Մոնթէ Մելքոնեանի ուղղութիւնը որդեգրած միակ տիպարը կը վերանայ: Մինչդեռ պատմականօրէն Յակոբ Յակոբեանի ղեկավարած թեւն էր, որ վերացաւ, իսկ Մոնթէ Մելքոնեանի ուղղութիւնը իր գործունէութեան դաշտը փոխադրեց Ղարաբաղ:

Թաղում եւ Ցնորք.– Ինչպէս Սերժ Աւետիքեանի, այնպէս եւ Սիմոն Աբգարեանի առիթ կը տրուի ցոյց տալու իր դերասանական շնորհը: Արամին հայրը կիսամութ սենեակի մը մէջ առանձին եւ լուռ, թաց աչքերով կը պարէ իր սպաննուած որդիին լուսանկարին առջեւ: Պարը որպէս պատկեր` յուզիչ է: Բայց այդտեղ չկայ, քաղաքական ասք: Որեւէ ցուցանիշ չկայ, որ Յովհաննէս (իմա` երկրորդ սերունդ) պատրաստ է որդեգրելու զինեալ պայքարը:

tumblr_nsvcs2Rpix1qjx0sao1_1280

Ժապաւէնի խաղարկութիւնը առ հասարակ տժգոյն է, անարիւն եւ անհաղորդ: Այս յատկապէս աղէտալի է Ժիլի (Grռgoire Leprince-Ringuet) պարագային, որովհետեւ Անուշի խօսքերով, ա՛ն պիտի ըլլար «մեր դեսպանը» օտարներու մօտ: Ի դէպ, օտար քննադատներ ժապաւէնը կը համարեն ոչ վարակիչ միջակութիւն:

Աւարտական տեսարանին մէջ Անուշ եւ Ժիլ կը հասնին Ախուրեանի ափին կանգնած Մարմաշէն: Բագրատունեաց շիրիմներու կողքին, Անիի մայր տաճարը կրկնող կաթողիկէի շուքին տակ բացուած փոսի մը մէջ կը պարպեն Արսինէ տատիկի աճիւնները: Թաղումը անշուշտ խորհրդանշական է: Արհաւիրքի խոցէն խելագարած առաջին սերունդը այլեւս չկայ: Բայց Երկիր Նայիրիի «ուղեղի մորմոք»-ը կը շարունակուի: Անուշ կ’երազէ Արարատի լանջին զբօսաշրջային ճաշարաններ կառուցել: Կէտիկեան կ’ըսէ, թէ ինք անաստուած հաւատացեալ մըն է:

Կէտիկեան յաճախ կը քննադատէ հայերը, որովհետեւ  փոխանակ ջանալ փաստելու, թէ կ’ապրին, անոնք կը ջանան փաստել, որ սպաննուած են: Ի դէպ, «Խելագար պատմութեան»  մէջ չի յիշուիր ցեղասպանութիւն բառը: Կէտիկեան ժապաւէնը նուիրած է իր թուրք ընկերներուն: Բազմաթիւ թուրք լրագրողներ դրական արտայայտուած են: ՖԻՓՐԵՍՔԻ(10) համքարութեան մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ վեթերան քննադատ Աթիլլա Տորսայ ժապաւէնը կը համարէ հաշտութեան համար մեկնուած ձեռք:

Ժապաւէնը կը փակուի Արարատի համայնապատկերով: Մորմոքի հսկայ խորհրդանիշը` Հայաստանի հորիզոնին վրայ: Մինչ Անուշ եւ Ժիլ թեւ-թեւի մտած, կը հեռանան` ծրագրելով յաջորդ ամրան արձակուրդը:

 

——————–

 

  1. Ժապաւէնը կրճատուած էր շուրջ 20 վայրկեան: Շատ մը քննադատներ այդ կը յանձնարարէին:
  2. Ասորական ծագումով անուն: Պարսամ անունը կը կրկնուի ներկայ ժապաւէնին մէջ:
  3. Այն հարցին` թէ ինչո՞ւ զինք կը տեսնենք Կէտիկեանի գրեթէ բոլոր ժապաւէններուն մէջ, դերասանուհին հիւմըրով բացատրած է, որ այդ «նշուած է ամուսնական պայմանագիրին մէջ»:
  4. Il jouait du piano debout / Ne me dites pas que ce garçon était fou / Il ne vivait pas comme les autres, c’est tout
  5. Տես, օրինակ, ««Նեմեսիս» եւ Սողոմոն Թեհլիրեան», Զաւէն Գ. Ղարիպեան, «Ազդակ», 12 դեկտ., 2015
  6. Կար նաեւ այլ անճշդութիւն: Այդ տարողութեամբ ատրճանակէն (0.38 caliber) արձակուած փամփուշտի ելքի բացուածքը կլոր եւ մաքուր չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ճնշումի ալիքը կը փշրէ գանկը:
  7. Գաղտնի բանակի ղեկավարներ Գէորգ Աճէմեան եւ Ճէյմս Գառնուզեան միջին տարիքի մարդիկ էին:
  8. Արաբ դերասանը օտար հանդիսատեսներու հանգամանօրէն կը բացատրէ «վրէժ» բառին նշանակութիւնը:
  9. Լուսանկարին մէջ նկատել` ձայներիզը, ոտքի հասակը ճշդող կօշիկը, եւ ձեռնափայտը: Բաղդատել նաեւ` պարզատիպ լրագրողի եւ Արամ Գեղեցիկի տարիքն ու արտաքինը:
  10. Fédération Internationale de la Presse Cinématographique.
Նախորդը

Երկդիմի Վճիռ Եւ Յուսադրող Տարեդարձ

Յաջորդը

8 Դաս Փարիզի Կլիմայական Փոփոխութիւնների Համաժողովից

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?