Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշակերտական Նշմար. Ի՞նչ Խիղճով…

January 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը բոլորած` անցանք նոր տարի, գոյամարտի նոր հանգրուան, լինելութեան պայքարի նոր մարտադաշտ: Ճամբեցինք 2015-ը եւ մեծ ուրախութեամբ ընդունեցինք 2016-ը` յուսալով, որ նոր տարին ըլլայ առողջաբեր, երջանկաբեր ու յաջողութեամբ լեցուն տարի մը:

Բոլորս ալ տօնեցինք Կաղանդը, սակայն արդեօք բոլորս ալ իբրեւ հա՞յ տօնեցինք, թէ՞ իբրեւ եւրոպացի, ամերիկացի կամ արաբ: Արդեօք մեր աւանդութիւններուն հիման վրա՞յ տօնեցինք, թէ՞ տօնեցինք` ազդուած օտար մրրիկներէ, օտար աւանդութիւններէ ու սովորութիւններէ: Այս բոլոր մտահոգիչ հարցումներուն պատասխանները անկեղծօրէն պարզուած են ու կը գտնուին համացանցի տարբեր էջերու վրայ, ուր առատօրէն տարածուեցան նկարներ: Նկարներ, ուր տեսանք դիմակաւորներ, որոնք, ըստ երեւոյթին, շփոթած էին Բարեկենդանը Ամանորի տօնակատարութեան հետ. տեսանք սեղաններ, ուր բացակայ էին մեր հայկական աւանդական ուտեստեղէնները. տեսանք նկարներ, որոնք շատ բան խօսեցան…

Սակայն ասոնց գագաթնակէտը հանդիսացաւ նկար մը, որ ցոյց կու տար հայ ընտանիքի մը ամանորեան պտոյտը դէպի Պոլիս` ներկայ Թուրքիա, իսկ նկարին վերեւ ալ կար խորագիր մը` «Wanderlust # Istanbul»: Այո՛, այս նկարը դրուած էր համացանցի էջի մը վրայ` առանց ամչնալու, առանց յիշելու, թէ 100 տարիներ առաջ իր նախահայրերը սպաննողը, մորթողը, գլխատողը, իր հայրենիքը բռնի իւրացնողը թուրք օսմանցին էր, որուն քով գացած էր տուեալ անձը իր ընտանիքին հետ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը տօնելու: Առանց յիշելու, թէ 1915-ին թուրքն էր, որ անշնչացուց 1,5 միլիոն հայ, թուրքն էր, որ մոխիրի վերածեց մեր պապենական տուներն ու եկեղեցիները, թուրքն էր, որ բռնաբարեց մեր աղջիկներն ու կիները, թուրքն էր, որ կախաղան բարձրացուց մեր հայրերն ու մեծ հայրերը, թուրքն էր, որ քարերով ջախջախեց Գրիգոր Զօհրապի գլուխը, թուրքն էր, որ փորձեց ՄԵ՛Զ բնաջնջել…

Ի՞նչ կարելի է ըսել այսպիսի մարդոց, որոնք ոտնակոխ ընելով իրենց նահատակներուն կտակն ու իրենց արժանապատուութիւնը` զբօսաշրջութեան կ՛երթան այն երկիրը, ուր տակաւին չորցած չէ իրենց նահատակներուն թափած արիւնը:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ բոլոր աւանդապահ, հայրենասէր, պատուախնդիր ու պահանջատէր հայրենակիցներու, ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, յաջողութիւն, երջանկութիւն եւ կամք:

Ու խօսքս ձեզի, ո՜վ «զբօսաշրջիկներ», թող ձեր խիղճը տանջէ ձեզ ցկեանս:

6 յունուար 2016

Նախորդը

Յունուար 1858-ին Լոյս Տեսաւ «Հիւսիսափայլ»-ը` Արեւելահայ Զարթօնքի Հիւսիսէն Փայլող Մամլոյ Լոյսը

Յաջորդը

Կաղանդ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.