Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. (ՀՅԴ-ի 125-Ամեակին Առիթով Հրատարակուած Բացառիկի) Այսօրուան Ու Վաղուան Մեր Յանձնառութիւնները

Յունուար 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ASBAREZ_ARF125_ARM

Ո՛չ երկարակեցութիւնը իբրեւ կազմակերպական ու գաղափարական կենսունակութեան ապացոյց կ՛ուզենք վկայակոչել, ո՛չ ալ հերոսական անցեալի մը պսակներով կ՛ուզենք փառաւորուիլ:

Այո՛, 125 տարեկան ենք, այո՛, այդ ամբողջ տարիներուն մեզի վիճակուած է հայ ժողովուրդի ամէնէն բախտորոշ ժամանակներուն պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին վերցնել, եւ այո՛, այդ պատասխանատուութեան չափով տէր ենք մեր ժողովուրդի բոլոր յաղթանակներուն ու բոլոր պարտութիւններուն, բոլոր կորուստներուն ու բոլոր ձեռքբերումներուն:

Այսօր մենք մեր ժողովուրդին կը ներկայանանք ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու մեր այսօրուան յանձնառութիւններով.

Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն անվտանգութեան երաշխիքներու ամրապնդումը այսօր կը հանդիսանայ մեր գործունէութեան դաշտի կարեւորագոյն բաժինը: Ռազմական գետնի վրայ սահմաններու պաշտպանութեան գործին դաշնակցութիւնը կը նուիրաբերէ բարոյական ուժի եւ մարտունակութեան իր ողջ աւանդը` հայ զինուորին ու հայոց բանակին թիկունքը հզօրացնելու աշխատանքներով: Քաղաքական գետնի վրայ իր սփիւռքեան կառոյցներով կը նախաձեռնէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութիւնները ընդլայնող, այդ հարթութեան վրայ հայրենի պետութեան վարկն ու հեղինակութիւնը բարձրացնող քարոզչական ու յարաբերական աշխատանքներու: Նոյն այդ սփիւռքեան կառոյցները հետեւողական ճիգերով կ՛աշխատին` քայլ առ քայլ իրականացնելու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:

Հայոց պահանջատիրական պայքարի անվիճելի յառաջապահը կը մնայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճամբով թրքական իշխանութիւններուն կողմէ մեր հողային, բարոյական ու նիւթական վնասներու հատուցման հասնելու կը ձգտի` կորսուած հայրենիքին վերատիրանալու անշեղ տեսլականով:

Սփիւռքեան համայնքներու մէջ մերթ պաշտպանութեան օղակներ կազմելով, մերթ մշակութային ու կրթական կեանքի աշխուժացման խթան դառնալով եւ մերթ տագնապահար շրջաններուն թեւ ու թիկունք դառնալու համազգային նախաձեռնութեանց շարժիչներէն հանդիսանալով` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ազգային միասնականութեան գաղափարի դարբնումին կը բերէ գործնական ներդրում: Երէկ Լիբանանի հայութիւնը ամէնօրեայ սպառնալիքներ կը դիմագրաւէր, ապա իրաքահայութեան վերապահուեցան ծանր օրեր, որոնց հետեւեցաւ Սուրիոյ գլխուն նիւթուած աղէտը, որ կրնար քայքայել ամէնէն կազմակերպուած հաւաքականութիւնները: Համահայկական զօրակցական աշխատանքներուն մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը առանձնացաւ իբրեւ կազմակերպութիւն մը, որ իր բոլոր հնարաւորութիւններով տէր կանգնեցաւ այդ համայնքներուն` վերցնելով ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական պարտականութիւններ:

Այսօր չենք ուզեր յոխորտալ, որ 125 տարի ապրած ու գործած կուսակցութիւն ըլլալով` երաշխաւորուած կը համարենք Դաշնակցութեան յաւերժութիւնը: Բայց կը վստահեցնենք, որ հայ ժողովուրդը, երբ ինքզինք գտնէ ծանր վիճակի մէջ, երբ Հայաստանն ու Արցախը համազգային զօրաշարժի անհրաժեշտութեան առաջ կանգնին, երբ հայկական որեւէ հաւաքականութիւն վտանգուած զգայ, Դաշնակցութիւնը այնտե՛ղ պիտի ըլլայ, պիտի գործէ ու պայքարի անտեղիտալի հաւատքով:

Նաեւ կը վստահեցնենք, որ Դաշնակցութիւնը պիտի տեսնէ իրագործումը հայ ժողովուրդի ազգային բոլոր իղձերուն, որոնց կենսագործման մէջ է իսկապէս իր գոյութեան իմաստը:

Նախորդը

Ապրող Հայրենասիրութեան Վկայութիւն Մը` Արցախէն

Յաջորդը

Հրանդ Տինքի Փրփրացող Արիւնը Եւ «Բարի» Թուրանականին Սարսափը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?