Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յերիւրածոյ Եւ Շինծու Մեղադրանքներ
Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դէմ շղթայազերծուած են յերիւրածոյ եւ շինծու մեղադրանքներ, որոնց առաջին շարքին կը գտնուի բնականաբար տեղւոյն հայութիւնը: Յատկապէս յուլիս 15-ի կատարուած պետական հարուածի ձախող փորձէն ետք, կացութիւնը աւելի վատթարացած կը թուի ըլլալ: Անգամ մը եւս քաւութեան նոխազը փոքրամասնութիւններն են: Տասնեակ մը օրերէ ի վեր Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պատերուն վրայ անծանօթներ ցեղապաշտական եւ սպառնական բնոյթով նախադասութիւններ գրած են:...




















