Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Հրատարակութիւն Մը. Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկոսութիւնը Պատմութիւն, Գանձեր, Առաքելութիւն

Օգոստոս 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dadoyan_82516

Խմբագիր-Յօդուածագիր Սեդա Պ. Տատոյեան.
Անթիլիաս, Լիբանան. Հրատարակութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2015

  1. «Դրամներու հաւաքածոն», Լեւոն Ա. Սարեան. [«The Coin Collection», Levon A. Saryan] (էջ 144-157)
    «Կիլիկիա» թանգարանին դրամներու հաւաքածոն,- կը գրէ հեղինակը,-  սկսած է կազմուիլ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ եւ կը մեծնայ յարատեւ կերպով»: Կիլիկիայէն եւ դրացի երկիրներէ հազարէ աւելի հին դրամներ եւ կարգ մը թղթադրամներ կը կազմեն այս հաւաքածոն: Յօդուածը կը կեդրոնանայ 15 նմուշներու վրայ, ինչպէս` Տիգրան Բ.-ի դրամ (95-56 BC), Լեւոն Ա.-ի (1198-1219) արծաթէ դրամ, 1239-ի հայերէն-արաբերէն արձանագրութեամբ դրամ, Հեթում Ա. (1226-1269) եւ Զապէլ թագուհիի դրամ, Սմբատ թագաւորի արծաթէ դրամ (1296-1298), Կոստանդին Ա.-ի (1298-1299) պղինձէ փող, Օշին թագաւորի (1308-1320) արծաթէ թագադրական դրամ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100 ռուբլի թղթադրամ, 1919 թուականի:
  1. «Ցուցակ ծիսական մետաղեայ իրերու», Տիգրան Գույումճեան. [«Catalogue of the Liturgical Metalwork», Dickran Kouymjian] (էջ 158-297) – Այս շատ ընդարձակ աշխատութիւնը, կը բացատրէ հեղինակը, մասնագիտական դասաւորում մը եւ մանրամասն սերտողութիւն (contextualization) մըն է աւելի քան հարիւր իրերու` «Կիլիկիա» թանգարանի ծիսական մետաղներու հաւաքածոյէն, եւ ընդհանուր առմամբ ամփոփում մը` հայ մետաղագործական արուեստներուն:  Մեծ մասամբ Սիսէն բերուած այս իրերը, նաեւ` ծիսական արուեստներու այլ գործեր, ինչպէս` զգեստներ, աւետարաններ, աղօթագիրքեր, արծաթեղէն,  միայն նմուշներ են կաթողիկոսութեան հարստութենէն, որ կը նկատուի նախաեղեռնեան ժամանակներու ծիսական արուեստներու ամէնէն հարուստը եւ կարեւորը: Բոլոր իրերը ներկայացուած են լուսանկարներով եւ հայերէն արձանագրութիւններով (միշտ` իրենց անգլերէն թարգմանութեամբ):  Առաջին մասը յատկացուած է կանուխ-արդի շրջանէն 16 մասունքի տուփերու (կամ մասնատուփերու), ինչպէս` խորանի մասնատուփեր, խաչաձեւ մասնատուփեր, աջեր (dexters), որոնց ամէնէն նշանակալին է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը: Երկրորդ մասը կը վերցնէ 28 սկիհներ: Երրորդ մասը կը ներկայացնէ 23 արծաթեայ գրքապանակներ (bindings) եւ ունի լայն ներածական մը` արծաթագործական եւ կողքագործական արուեստներուն, անոնց կեդրոններուն եւ պատկերագրութեան (iconography) մասին: Այս մասին ամէնէն նշանակալի գործն է Սիսի Սուրբ Սոֆիա տաճարին Մայր Մաշտոցը: Արծաթեայ կողքը շինուած է 1765-ին, իսկ ձեռագիրը կատարուած` 1302-1321-ին: Չորրորդ մասը 30 խառն իրերու մասին է, ինչպէս` մոմակալներ, բուրվառներ,  խնկամաններ, ջահեր, գաւազաններ, խոյրեր եւ մասնաւորաբար Սուրբ միւռոնի կաթսան, որ տակաւին կը գործածուի Անթիլիաս, շինուած` Պոլիս, 1817-ին, նուէր` Չէլէպի եղբայրներէն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Կիրակոս Ա. Աջապահեան-Մեծի (1797-1822):
  1. «Ծիսական զգեստներ եւ այլ հիւսուածեղէններ», Մարիէլ Մարթինիանի Ռեպեր. [«Paramentiques et autres textiles», Marielle Martiniani Reber] (pp. 298-331). Հայ եկեղեցիին մէջ եկեղեցական եւ ծիսական զգեստները ունին կարեւոր դեր եւ նշանակութիւն: Հայոց կաթողիկոսութիւնը, կը գրէ հեղինակը, «ունի կարեւոր հաւաքածոյ մը` հակառակ ծանօթ դժբախտութեանց եւ յարատեւ կորուստներու, այս իրերուն թիւն ու ճոխութիւնը կարելիութիւն կու տան գործերը բաղդատելու լատին եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հաւաքածոներուն հետ»: «Կիլիկիոյ մէջ էր, որ, եւ մասնաւորաբար խաչակրական շրջանին եւ կիլիկեան թագաւորութեան,- կը շարունակէ ան,- Հայ եկեղեցին զարգացուց մօտիկ յարաբերութիւններ քրիստոնեայ մեծ եկեղեցիներուն հետ: Հիմնական ոճերն ու ձեւերը յառաջացան այս պայմաններուն մէջ եւ անոնց շնորհիւ»: Աւելի քան 30 նմուշներ, ամէն կարգի եկեղեցական զգեստաւորումներէ, կը ներկայացուին արձանագրութիւններով (իրենց թարգմանութիւններով): Ասոնք են` խորանի վարագոյրներ, ծածկոցներ, պատարագի շուրջառներ, խոյրեր, բազպաններ, գոգնոցներ, հողաթափեր եւ այլն:
  1. «Գեղանկարներու եւ արձաններու հաւաքածոն», ՍՊՏ. [«The Painting and Sculpture Collection», SBD] (էջ 332-339).- «Կիլիկիա» թանգարանը ունի շուրջ 350 նկարներու, 20 քանդակներու եւ քանի մը խաչքարերու հաւաքածոյ մը: Ասոնցմէ քանի մը հատը կը զարդարեն կաթողիկոսարանի կարգ մը սրահները: Այս հաւաքածոն միւսներէն կը տարբերի քանի մը մակարդակներու վրայ: Նախ, տարբեր միւս արուեստներէն, ինչպէս` ծիսական մետաղները, ձեռագիրները, զգեստները, գեղանկարները, ամբողջութեամբ յետեղեռնեան են եւ ստեղծուած` ի սփիւռս ցրուած հայ արուեստագէտներու կողմէ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա: Այսինքն, իբրեւ յետեղեռնեան երեւոյթ, նկարչութիւնը կ՛ըլլայ վկան հայ գաղթականութեան եւ աքսորի վայրերու  հայոց փորձառութեանց: Հաւաքածոն ինքնուրոյն է ուրիշ պատճառով մը եւս. մինչդեռ մշակոյթի բոլոր տարբեր մարզերը արդէն կային Եղեռնէն առաջ, նկարչութիւնը գրեթէ չգոյ արուեստ է արեւմտեան հայոց մօտ մասնաւորաբար: Ուրեմն այսպէս կոչուած սփիւռքայի՛ն արուեստ է անիկա` ծագում առած եւ զարգացած ըստ արուեստագէտներու հակազդեցութեանց իրենց պայմաններուն եւ հետեւանք անոնց:
  1. «Գորգերու հաւաքածոն եւ ակնարկներ գորգարուեստի մասին», Մովսէս Հերկելեան. [«The Carpet Collection and Notes on the Art of Weaving», Movses Herkelian] (էջ 340-347).- «Կիլիկիա» թանգարանը ունի 50 գորգ, մեծ մասամբ` 18-րդ, 19-րդ եւ 20-րդ դարերէն: Այս գորգերէն 9-ը հիւսուած են որոշ նիւթերու շուրջ (thematic): Կան 5 աղօթքի գորգեր, 6 ղարաբաղեան գորգեր, մնացեալը կը դասաւորուի իբրեւ «պարսկական» եւ «թրքական» (այսինքն հիւսուած են հոն), սակայն հայկական են: Նոյնիսկ աղօթքի պարսկական գորգերը ոճով հայկական են, հաւանաբար` հիւսուած հայ վարպետներու կողմէ: Առաջին խումբը կը դասաւորուի հայկական գորգերու արուեստին տակ: Հոն կը տեսնենք ձիեր, սուրբեր, խաչաձեւ խորհրդանիշներ, ծիսական իրեր, մատուռներ եւ այլն: Գորգերուն մեծ մասը կը կրէ պատրաստութեան թուականը եւ արձանագրութիւններ:
  1. «Մատենադարանը», ՍՊՏ. [«The Library», SBD] (էջ 348-349).- 1930-ի ամրան, Անթիլիաս հասնելէն քանի մը ամիս ետք, աթոռակից կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլեսերեան համեստ սենեակի մը մէջ իր օգնականներով կը շինէ փայտէ դարակներ, եւ այսպիսով կը հաստատուի վանքին մատենադարանը: Անիկա ամէնէն արժէքաւոր նուէրն էր դպրեվանքի 37 սաներուն: Ներկայիս աւելի քան 100 հազար հատորներով` աշխարհի ամէնէն կարեւոր եւ հարուստ հայագիտական մատենադարաններէն մէկն է ան:  Մասնաւորաբար հնատիպները կը ներկայացնեն մեծ արժէք, 3000 հատորներուն մէկ երրորդէն աւելին օտար լեզուներով է:  Թանգարանը ունի ընթերցասրահ մը եւ եռայարկ պահեստ:
  1. Յաւելուածներ [Appendices] (էջ 354-400).- Առաջին երկու յաւելուածները ձեւով մը «նկարներով պատմութիւն» են` ցոյց տալու եւ արձանագրելու համար 1930-2015 կաթողիկոսութեան յառաջընթացը: Առաջինը` «Կաթողիկոսական շէնքերը 1930-ականներուն» [The Premises in 1930s] հին լուսանկարներով կը ներկայացնէ առաջին տարիները Անթիլիասի մէջ: Երկրորդը` «Կաթողիկոսութեան եւ այլ հաստատութիւններու շէնքերը 2015-ին» [The premises and Other Institutions in 2015] կը ներկայացնէ ներկան 18 լուսանկարներով: Երրորդ յաւելուածն է` «Ամբողջական ցանկ Հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսներու» [Complete List of the Catholicoi of the Armenian Church] թիւով` 177: Չորրորդ յաւելուածը «Հայոց պատմութեան համառօտ ժամանակագրութիւն» մըն է [A Concise Chronology of Armenian History]: Վերջին երկու յաւելուածները պատրաստուած են Սեդա Պ. Տատոյեանի կողմէ: Հինգերորդ յաւելուածն է «Հատորին հեղինակներուն հակիրճ ինքնակենսագրականները» [Brief Autobiographies of the Contributors to the Volume].
  1. «Վերջաբան», Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս. [«Epilogue», His Holiness Catholicos Aram I] (էջ 350-352).- Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կը բացատրէ հատորին երեք հիմնական նիւթերը, որոնք կը կազմեն անոր խորագիրը: «Այս հատորին խորագիրը, կը գրէ վեհափառը,- Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը – պատմութիւն, գանձեր, առաքելութիւն», ունի խոր իմաստ եւ յստակ պատգամ… Պատմութիւնը այն միջավայրն է, ուր հաւատքը, մարդու վերանցական ձգտումը եւ ժամանակի եւ տեղի ազդեցութիւնները ուժգնօրէն կը բացայայտուին: Հայոց պարագային, պատմութիւնը պարզապէս պատահական դէպքերու շարան մը չէ. անիկա կը կազմէ այն միջավայրը, ուր իրենք կը գտնուին Աստուծոյ հետ կենաց երկխօսութեան մը մէջ` հաւատքո՛վ ընդառաջելով անոր հրամայականներուն եւ հետեւանքներուն: Գանձերը, որոնք համառօտ կերպով ներկայացուած են հատորին մէջ, կը ներկայացնեն հայոց հոգեւոր հարուստ մշակոյթը, որ յաճախ արեան գնով ժողովո՛ւրդը ստեղծած եւ պահպանած է Կիլիկիոյ` Հայաստանի շարունակութեան մէջ, ապա` սփիւռքի մէջ: … Առաքելութիւնը եկեղեցիին գոյութեան բուն էութիւնն է: Հայ եկեղեցիին համար եւ Հայաստանի աշխարհագրական-քաղաքական պայմաններու պատճառով, ոչ-քրիստոնէական արժէքներու հետ առօրեայ շփումով եւ բազմամշակութային ընկերութեանց մէջ իբրեւ փոքրամասնութիւն կացութեան պատճառով, առաքելական գործունէութիւնը եղաւ առաջնահերթ հարց, մանաւանդ` Կիլիկիոյ մէջ: Մեր առաքելութիւնը կը շարունակուի նորոգեալ ուժով եւ խոր նուիրումով: Այս վերջաբանը, ձեւով մը, յառաջաբանն է յոյսի, հաւատքի եւ տեսիլքի նոր երթի մը…»:

 

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1966)

Յաջորդը

Փափկասուն Տիկիններ. Թէ՞ …

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?