Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սանձում Եւ Սահմանագծո՞ւմ

Օգոստոս 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_82616

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ը 20 օգոստոս 2015-ին հաղորդեց, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն գոյացուցած են սուրիական Ժարապլոս եւ Մարէ քաղաքներուն միջեւ երկարող տարածքը մաքրելու ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն եւ պահպանելու (ինչ որ ցամաքային ուժերու մասնակցութիւն կ՛ենթադրէ), ապա զայն յանձնելու Սուրիական ազատ բանակին: Երկու երկիրներուն ստորագրած փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթին համաձայն, թրքական ռմբաձիգներ պիտի միանան նշեալ շրջանը ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն ձերբազատելու համար կատարուող օդային հարուածներուն: Երկու երկիրները նաեւ պիտի աջակցին գետնի վրայ գտնուող ընդդիմադիր ուժերուն: Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէ ՏԱՀԵՇ-ը շրջանէն դուրս մղելէ ետք` Թուրքիոյ մէջ գտնուող գաղթականներ կամաւորաբար ուղարկել այդ շրջան: Երկու երկիրները նաեւ բերանացի համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան պիտի չարտօնուի Եփրատ գետէն դէպի արեւմուտք անցնիլ, ինչպէս նաեւ պիտի կանխարգիլուի, որ կուսակցութիւնը եւ Սուրիոյ բանակը լեցնեն ՏԱՀԵՇ-էն դատարկուած շրջանները:

Ժարապլոսի շրջանին մէջ թրքական բանակին եւ ամերիկեան օդուժին մասնակցութեամբ 24 օգոստոսին շղթայազերծուած գործողութիւնը ճիշդ մէկ տարի առաջ ստորագրուած վերոնշեալ փոխադարձ հասկացողութեան գործադրութիւնն է:

Եթէ գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութիւն հաստատելու ծրագիր մը, ապա անոր ուրուագծումը կարելի է նշմարել հիւսիսային Սուրիոյ զարգացումներուն մէջ: Սուրիոյ քիւրտերը 17 մարտ 2016-ին արդէն յայտարարած էին Հիւսիսային Սուրիոյ Ռոժաւա (Արեւմտեան Քիւրտիստան) դաշնակցային մարզը, որ ըստ այդ յայտարարութեան, պիտի ըլլայ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Անոնք ընդգծած էին, որ իրենք անջատողական ձգտումներ չունին եւ սուրիական աշխարհագրութեան անբաժանելի մէկ մասն են` աւելցնելով. «Դաշնակցային դրութիւնը դաշնակցային Սուրիոյ մէջ ապակեդրոնացեալ, բազմակարծական ժողովրդավարական կառավարման տիպ մըն է»: Քիւրտերը իրենց մարզին սահմանները չէին ճշդած:

24 օգոստոսին թրքական բանակի շղթայազերծած գործողութեամբ կը կատարուի Սուրիական ազատ բանակին յանձնուելիք տարածքին եւ «Հիւսիսային Սուրիոյ Ռոժաւա»-ի գործնական սահմանագծումը: Երկու տարածքներուն միջեւ բնական սահման ճշդուած է Եփրատ գետը. արեւելեան ափը` քիւրտերուն, իսկ արեւմտեան ափը` Սուրիական ազատ բանակին կամ սիւննիներուն: Քրտական ուժերը Եփրատ գետի արեւմտեան ափին վրայ գտնուող Մընպեժ քաղաքի ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրութեան ամերիկեան գործողութեան մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ստանձնած էին: Միացեալ Նահանգներ մայիս 2016-ին նշեալ գործողութեան շղթայազերծումէն ետք Թուրքիոյ խոստացան, որ անոր ազատագրումէն ետք քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ուժերը պիտի հեռանան քաղաքէն: Անոնք 17 օգոստոսին վերյիշեցուցին, որ յանձնառու կը մնան այդ խոստումին: Փենթակոնի բանբեր Ատրիան Ռանքին Կալաուէյ ընդգծեց. «Մենք այս գործողութեան մէջ բոլորին շատ յստակ յայտնեցինք, որ նպատակը Մընպեժի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելն է եւ քաղաքը վերադարձնելը տեղւոյն բնակչութեան»: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն 24 օգոստոսին Անգարա տուած իր այցելութեան ընթացքին սուրիացի քիւրտերու ուժերուն կոչ ուղղեց Եփրատ գետի արեւմտեան ափէն նահանջելու դէպի արեւելեան ափը` ընդգծելով. «Որեւէ պարագայի անոնք չեն կրնար ստանալ, պիտի չստանան ամերիկեան աջակցութիւն, եթէ այդ յանձնառութիւնը չյարգեն»: Արաբ Բունարի ճակատամարտէն մինչեւ օրս իրենց արձանագրած յաջողութիւնները ամերիկեան աջակցութեան պարտող քիւրտերը չեն կրնար անտեսել այդ զգուշացումը, ահա թէ ինչո՛ւ անոնք երէկ յայտարարեցին, թէ կը հեռանան Մընպեժէն: Քիւրտերը կանգնած են երկընտրանքի մը առջեւ. կա՛մ բաւարարուիլ ներկայ ձեռքբերումներով կա՛մ ալ սուղ գին վճարելով կորսնցնել ամէն բան:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիան Սուրիա ներխուժած է քիւրտերը Եփրատի ձախ ափ վերադարձնելու համար»: Հարցը այն է, որ քրտական ուժերը կը ձգտին հասնիլ մինչեւ Աֆրին` զայն կցելու համար մինչեւ Իրանի սահման երկարող քրտական միջանցքին: Այդպիսի քայլ մը իրողապէս աշխարհագրական մեկուսացման ու պաշարման օղակի մէջ կ՛առնէ ենթադրեալ սիւննիական քանթոնը, որուն համար դէպի Թուրքիա ելք ունենալը խիստ կենսական է: Աւելի՛ն, քիւրտերու ծրագիրի յաջողութեան պարագային Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ստեղծուած քրտական պատին պատճառով Թուրքիան դուրս կը մնայ Սուրիոյ տագնապի լուծման հոլովոյթէն եւ կը կորսնցնէ բանակցութիւններուն վրայ ամէն ազդեցութիւն:

Այս բոլորը մտածել կու տան, որ թրքական բանակի` ամերիկեան օրհնութեամբ ու աջակցութեամբ շղթայազերծած գործողութեան նպատակը պարզապէս քրտական երազին սանձումը չէ, այլ նաեւ «Սուրիոյ դաշնակցային հանրապետութեան» ենթադրեալ ծրագիրին մէջ սահմանագծումներու սկիզբը: Թերեւս այս ծիրին մէջ պէտք է ընկալել Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանիի 24 օգոստոսին` թրքական գործողութեան շղթայազերծման օրը Թուրքիայէն կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Կը թուի, թէ շրջանին մէջ մեծ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրուին, ուստի անհրաժեշտ է աւելցնել համակարգումը»:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ակնարկ. Թոյլատրուած Ներխուժում

RelatedPosts

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը
Անդրադարձ

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Յունուար 28, 2023
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2023
Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In