Պատմական Հրատարակութիւն Մը. Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկութիւնը Պատմութիւն, Գանձեր, Առաքելութիւն
Խմբագիր-Յօդուածագիր Սեդա Պ. Տատոյեան. Անթիլիաս, Լիբանան. Հրատարակութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2015. Մեծ եղեռնի հարիւրամեակէն անմիջապէս առաջ, ապրիլի սկիզբը, լոյս տեսաւ հսկայական, գեղատիպ ու միաժամանակ բովանդակալից չորս հարիւր մեծադիր էջերով այս հատորը` աւելի քան 15 յօդուածներով եւ 600 բարձրորակ նկարներով: Իսկապէս պատմական հրատարակութիւն մը: «Ինչպէս որ խորագիրէն յայտնի է, - իր «Յառաջաբան»-ին մէջ կը գրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, -...


















