Խաթարման եւ խորթացման վտանգաւոր ուղին 30/05/2017 (Պապանձումը Դաշնակցութեան Մասին)
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ «Դարեր շարունակ փառքի ճանապարհից դուրս մղուած մի ժողովրդի վերածնութեան ճիգերի խտացումն է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։» ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ Մեր ժողովուրդը տասնամեակներ շարունակ փորձառութիւնը ապրած է մեր ազգային արժէքներու խաթարման եւ խորթացման պոլշեւիկեան ճիգերուն։ Եւ երբ հարցը կը վերաբերի ազգային արժէքներու նսեմացման, թիրախը միշտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է։ Այս ուղղութեամբ պոլշեւիկեան փորձերը մատնուած էին այնպիսի խելագարութեան, որ մինչեւ իսկ շաբաթական...



















