Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Այս բոլորը, անշուշտ, աննկատ չէին կրնար մնալ խաւարամիտ շրջանակներու կողմէ, որոնք ինչպէս Վասպուրականի, նաեւ Տարօնի մէջ սուր պայքար կը շղթայազերծեն Խրիմեանի դէմ: Մինչեւ իսկ կը փորձեն հրապարակէն ի սպառ հեռացնել զայն. կը դիմեն հին ու ծանօթ միջոցին: Խրիմեանի դէմ կը կազմակերպեն երեք մահափորձեր, բայց ապարդիւն: Ժողովուրդը, ընդհակառակն, օրէ օր աւելի կը կապուի Խրիմեանին, քանի բնազդօրէն կը զգայ անոր մեծութիւնը, կը տեսնէ անոր նուիրումը եւ կ’ապրի անոր հոգատարութիւնը, 42 տարեկանին անոր տալով կոչումներէն ամէնէն վսեմը` Հայրիկը:
Կոչում մը, որ ունի ի՛ր պատմութիւնը, պատմուած` շատերու կողմէ: Մենք կը դիմենք ամէնէն տպաւորիչին: Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանն է պատմողը. «Տարօնի մէջ իր առաջնորդութեան շրջանին է, որ կը զուգադիպին պետական ապօրինի տուրքերու գանձումներ, տուրքեր, որոնք Վանի մէջ գոյութիւն չունէին: Խրիմեան կը դիմէ տեղական կառավարութեան, որ բնականաբար ոչ մէկ կարեւորութիւն կու տայ հայոց առաջնորդի դիմումներուն: Խրիմեան կը գրէ Պոլիս, Պատրիարքարան, տեղի ունեցող անարդարութիւնը, սակայն ոչ մէկ արդիւնք ձեռք կը բերէ: Խրիմեան կը բողոքէ Էրզրումի կուսակալին, որմէ կախուած էր վարչականօրէն Մուշը, դարձեալ անպատասխան կը մնայ:
«Ի՞նչ կրնար ընել… հաւանաբար այդպէս մտածեցին ուրիշ առաջնորդներ իրմէ առաջ, ու թերեւս նաեւ` իրմէ ետք… Մկրտիչ Խրիմեանի համար սակայն իրեն վստահուած պաշտօնը չունէր պաշտօնի մը իմաստը, ունէր աւելի լայն, աւելի հիմնական կարեւորութեամբ նշանակութիւն մը… հայոց ընտանիքն է, որ իր խնամքին յանձնուած էր, ու ինք չէր կրնար «ասկէ աւելի ի՞նչ կրնամ ընել» նախադասութեան ետին ապաւինելով` հարցը փակել, իր ընտանիքն է, որ կը տառապէր անարդարութեան պատճառով, իր արիւնն էր, իր միսն էր, իր էութիւնն էր, որ կ’իրաւազրկուէր: Այն ատեն իր այդ ընտանիքին համար ան կ’ընէ բան մը, որ սովորաբար ամէն հօր տրուած չէ ընել իր զաւակներուն համար. կ’ելլէ, ձմրան եղանակին, բուքին ու բորանին կ’երթայ Կարին, կը ներկայանայ կուսակալին, Կարնոյ առաջնորդը կը դրդէ իրեն հետ միասին բողոքելու, ասոր կը դիմէ, անոր կը դիմէ, երեւելիները ոտքի կը հանէ, կը ստիպէ, որ կուսակալին միջամտեն, բարեխօսեն եւ ի վերջոյ կը յաջողի այդ անարդար տուրքերուն ջնջումի հրամանագիրը ձեռք բերել, ու հրովարտակը գրպանը` կը վերադառնայ Մուշ:
«Մուշի ժողովուրդը խուռներամ ու խանդավառ կը դիմաւորէ զինք: Իր առաջնորդին ցոյց տուած անձնուէր հոգածութիւնը ո՛չ տեսեր էր նախորդներուն քով, ո՛չ ալ լսեր էր` ուրիշ առաջնորդներու պարագային: Այդ օրը ահա մշեցին, ժողովո՛ւրդը, ոչ թէ մեծամեծները, տիտղոսաւոր ներկայացուցիչները ժողովուրդին, ժողովուրդը ինքը, ինքնաբերաբար առաջնորդ տիտղոսը անհամապատասխան գտաւ Խրիմեանին եւ Հայրիկ անունը տուաւ անոր, ու Մկրտիչ Խրիմեան դարձաւ Խրիմեան Հայրիկ» (20):
Հայրիկ կոչումը եւ Խրիմեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը կ’արժանանան Պոլսոյ պատրիարքութեան գնահատանքին: Կարճ ատեն մը ետք ան կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս եւ ապա ժողովրդային միահամուռ պահանջով կ’ընտրուի Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք: Այնքա՜ն մեծ էին Խրիմեանի կապուած յոյսերը, որ այդ օրերուն տակաւին պատանի Պետրոս Դուրեան բանաստեղծութիւն մը նուիրելով անոր` պիտի ըսէր. «Ո՞վ է, որ կու գայ. թագաւո՞ր մը. ո՛չ սեւ սքեմ մը ուսին` հայոց հայրիկն, որ կու գայ…» (21):
1863-ի Ազգային սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք Խրիմեան սահմանադրապէս ընտրուած առաջին պատրիարքն էր, նաեւ` առաջին բարձրաստիճան հոգեւորականը Երկրէն, որ իրեն հետ Ազգային երեսփոխանական ժողով կը բերէր հարցեր, մտահոգութիւններ, որոնք մինչ այդ Ազգային երեսփոխանական ժողովի քննարկման նիւթ չէին եղած: Ու պատահական չէ, որ նորընտիր պատրիարքը ինքզինք կը նկատէր «Հայաստանի ցաւոց պատկերը» (22), իր գործունէութեան գլխաւոր նպատակ ճշդելով գաւառի հայութեան կացութեան բարելաւումը:
Յաջողեցա՞ւ Խրիմեան իր նպատակին մէջ, կը կասկածի՛նք: «Բաղձաց, բայց չհասաւ: Աշխատեցաւ, բայց չյաջողեցաւ: Ձեռնարկեց, բայց չարտադրեց», պիտի ըսէր Օրմանեան (23): Խրիմեան չյաջողեցաւ Պոլսոյ ամիրայական շրջանակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել հեռաւոր ու տառապող հայկական գաւառներուն վրայ: Իր խառնուածքով ու բնաւորութեամբ, ան չյաջողեցաւ «լեզու գտնել» անոնց հետ: Փոխադարձաբար, այդ շրջանակներն ալ իրենց աթոռակռիւներուն եւ առօրեայ բանավէճերուն մէջ մխրճուած, սահմանադրութեան տառի՛ն կառչած, չկարողացան հասկնալ Խրիմեանի մեծ հոգին, որ կը տրոփէր իր երկրին եւ ազգին ցաւերով: Անոնք գոհ չէին, որովհետեւ Յակոբ Պարոնեանի դիպուկ բնութագրութեամբ (Պարոնեան, որ ճիշդ հասկցած էր Խրիմեանը), Հայրիկը չօգտագործեց սահմանադրութեան կէտերը, ստորակէտերը եւ բութերը:
Չորս տարուան պատրիարքութեան շրջանին Խրիմեանի գլխաւոր իրագործումը եղաւ գաւառի հարստահարութիւնները ուսումնասիրող յանձնախումբի մը ստեղծումը: Յանձնախումբը պատրաստեց եւ իշխանութիւններուն փոխանցեց հարստահարութիւններու վերաբերող տեղեկագիր մը: Քայլ մը, զոր Հայկական հարցի սկզբնաւորման նախնական մէկ փուլը կարելի է նկատել:
Յստակ էր, որ Խրիմեան երկար չէր կրնար մնալ օրէնքի տառերու վանդակին մէջ, զուրկ` իր քաղաքական եւ հոգեւոր տիտղոսները արժեւորելու կարելիութենէն: 1873-ին, յանդուգն որոշումով մը, «Հեռատեսութեամբ նկատելով ազգին շահը` եկեղեցւոյ շահը եւ ժամանակին ծանր-ծանր պարագաները» (24), ան կը ներկայացնէ իր հրաժարականը` այն դառն համոզումով, որ բարձր պաշտօններ ստանձնելը բաւարար չէ ազգին յառաջդիմութեան համար: «Պիտի դառնամ հայրենիքս, լռեմ, բերանս հողին տամ, թուղթ ու գրիչ սիրեմ, վասնզի փորձառութեամբ հասկցայ, որ այս աշխարհիս մէջ մարդ մեծ պաշտօնի գլուխ անցնելով` կարող չէ այնպէս մեծագործել, ինչպէս իւր եւ ազգին փափաքն է», պիտի գրէր ան նամակներէն մէկուն մէջ (25):
Հրաժարեալ պատրիարքը կը մնայ Պոլիս եւ շատերու կը թուի, թէ միայն «թուղթ ու գրիչ»ով կը զբաղի ան: Իրականութիւնը սակայն այլ բան էր: Խրիմեան մօտէն կը հետեւի Ազգային իշխանութեան եւ կայսրութեան մէջ կատարուող զարգացումներուն: 1876-ին Օսմանեան կայսրութիւնը կը հռչակուի սահմանադրական միապետութիւն: Կը կատարուին խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ կը կազմուի ծերակոյտ: Մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Խրիմեան սուլթան Համիտի կողմէ կը նշանակուի ծերակոյտի անդամ:
(Շար. 4)
—————————–
- Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Մկրտիչ Խրիմեան, «ՀԱՍԿ» Պաշտօնական ամսագիր կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ԾԶ. տարի, թիւ 4, Ապրիլ, 1987, էջ 184-185:
- Պետրոս Դուրեան, «Ի դիմաւորութեան Ամեն. Հայրիկին», «Երկեր», Անթիլիաս, 1987, էջ 40:
- Թորգոմ արք. Գուշակեան, «Խրիմեան Հայրիկ», Անթիլիաս, 1990, էջ 47:
- Մաղաքիա արք. Օրմանեան, «Ազգապատում», Գ. հատոր, 2001, 5002:
- Թորգոմ արք. Գուշակեան, «Խրիմեան Հայրիկ», Անթիլիաս, 1990, էջ 63:
- «Խրիմեան Հայրիկ երկեր», Ե. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 7: