Անդրադարձ. Ողջունո՞ւմ, Թէ՞ Մերժում
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շաբաթ, 24 փետրուարին միաձայնութեամբ որդեգրեց Սուրիոյ մէջ 30 օր զինադադար հաստատող թիւ 2401 որոշումը: Թէեւ առնչակից գրեթէ բոլոր կողմերը յայտարարեցին, թէ կ՛ողջունեն որոշումը եւ պիտի յարգեն զայն, սակայն անմիջապէս «բայց» մը աւելցնելով ձեւական ողջունումը վերածեցին տողատակի եւ գործնական մերժումի: Թուրքիան ու քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարեցին, թէ զինադադարը չի վերաբերիր Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններուն,...















