Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ամէ՛ն Օրը 30-ամեակ Դարձնենք

February 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ

Ժողովուրդի մը թաւալգլոր դէպի անդունդ գացող պատմութեան ընթացքը կարելի՞ է կասեցնել: Ինչպէ՞ս եւ ովքե՞ր կրնան յաջողցնել անկարելի թուացեալը:

Այս հարցումներուն լաւագոյն պատասխանը կրնայ տալ հայ ժողովուրդը, որուն պատմութեան վերջին հազարամեակը միայն կորուստներու շարան մըն է. թագաւորական տուներու անկում, նախարարական տոհմերու անհետացում, հողերու կորուստ, ստրկութիւն, Ցեղասպանութիւն…

Անկումը կանգ առաւ 1918-ի մայիսեան ճակատամարտերուն, երբ մեր ժողովուրդը ի սպառ ոչնչացնելու ծրագիր ունեցող թշնամին ի վերջ զարնուեցաւ պատին… Սարդարապատի՛ն, եւ ստեղծուեցաւ, վերընձիւղուեցաւ հայոց պետականութիւնը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, մայիս 28-ին:

Հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին տեսած է բազմաթիւ նուաճողներ, ներխուժողներ, որոնք, սակայն, ի վիճակի չեն եղած կամ չեն ունեցած ծրագիրը` մեզ բոլորովին ջնջելու պատմութեան էջերէն: Բացառութեամբ թուրքէն` իր բոլոր ցեղակիցներով հանդերձ, սելճուքներ, թաթարներ եւ այլք:

Հայոց պատմութիւնը մայիս 28-ին փոխեց իր ընթացքը, անկումը կանգ առաւ, հայը դարձեալ մուտք գործեց այն ճամբան, որ զինք պիտի հասցնէ դէպի ամբողջական Հայաստանի հանգրուան: Թէեւ հայուն յառաջընթացը կարճ ժամանակ մը կանգ առաւ Խորհրդային Միութեան` պոլշեւիկ, համայնավարական նուաճողական քաղաքականութեան պատճառով, բայց նոյն այդ նորայայտ բռնատիրութեան անխուսափելի փուլուզումը մեզի համար առիթ ստեղծեց վերադառնալու ճիշդ ուղի: Սակայն հայկական վերելքին գլխաւոր եւ ամէնէն հիմնական գործօնը եղաւ Արցախի ազատագրական պայքարը, որ հայ ազգի ընտրելագոյն զաւակներու գերագոյն զոհողութիւններուն շնորհիւ պսակուեցաւ յաղթանակով: Հայ ազգին վերադարձաւ հայկական կորուսեալ բազմաթիւ տարածքներէն թանկագին կտոր մը:

Հայաստանի վերանկախացումով եւ Արցախ աշխարհի վերադարձով հայ-թրքական շատոնց սկսած պատերազմը կը մտնէր նոր փուլ, որ պիտի շարունակուի, մինչեւ այն ատեն որ Թուրքիան եւ իր փոքր եղբայր, նորաստեղծ թաթարական` Ազրպէյճան կոչուած պետութիւնը պարտադրաբար ընդունին, որ իրենք չեն կրնար ոչնչացնել հայն ու Հայաստանը, չեն կրնար դէպի յառաջ ընթանալու բուռն ձգտում ունեցող Հայկազնեան ցեղին վերելքը կասեցնել: Եթէ 20-րդ դարասկիզբը անկման ընթացքի կասեցումն էր, ապա 21-րդ դարը հայուն համար պիտի ըլլայ միայն վերելքի դարաշրջանի սկիզբը:

Հայ ազգի` պատմութեան յառաջընթացի ճամբուն վրայ վերայայտնուելու հոլովոյթը սկսաւ` Ցեղասպանութեան վէրքերու դարմանումով, վերակազմակերպումով, մայիս 28-ով, Հայ դատի հետապնդումով` քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական եւ ուժական միջոցներով, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումով եւ Արցախի յաղթական ազատամարտով: Մեծ

շրջադարձը կատարուած է անվերադարձօրէն:

Միացեալ Հայաստանի ստեղծումը այլեւս անիրականանալի թուացող երազ մը չէ: Տեսիլք ունեցող իւրաքանչիւր հայու համար անիկա արդէն համարեա շօշափելի իրականութիւն պէտք է թուի, որովհետեւ այդ է մեր գոյութեան միակ գրաւականը:

Յիշենք, որ մեր անկումը սկսաւ այն ատեն միայն, երբ մենք ընդարձակուելու մեր ձգտումը զսպեցինք: Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ տարածքային առումով ընդարձակուելու ձգտում չունեցող ժողովուրդները դատապարտուած են մահուան: Վերստին կարդացէ՛ք ժողովուրդներու պատմութիւնը: Նայեցէ՛ք Երեւանն ու Զանգեզուրը գրաւելու Գորշ գայլի ախորժակներուն:

Ուրեմն, այս բոլորին լոյսին տակ, Արցախի յաղթանակը միայն զինուորական եւ քաղաքական չէր, անիկա յաղթանակ էր` հայուն սեփական վախին վրայ, յաղթանակ էր ստորակայութեան բարդոյթին վրայ: Այսօրուան հայը երէկուան հայը չէ: Վերանկախացած Հայաստանով եւ յաղթանակած Արցախով հայը աշխարհին կը ներկայանայ բաց ճակատով, աւելի ինքնավստահ եւ իր արժանի տեղը ապահոված` միջազգային ընտանիքի անդամներուն կողքին:

Արցախի ազատագրական պայքարն ու թանկ, շա՛տ թանկ արժած յաղթանակը մեզի վերյիշեցուցին յարատեւ պայքարի ճշմարտացիութիւնը, թագաւորական ժամանակներու հայոց փառապանծ այրուձիի աւադոյթներուն վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք մեր սուրը կրկին պատեան չդնենք ու մոռնանք անոր տեղը: Երբեք չմտածենք, որ պատերազմը աւարտած է, կամ օր մը կ՛աւարտի: Հաւանաբար, մեր յաջորդ քայլը առնելէ առաջ, նոյնիսկ պէտք չէ մտածել, որ նախ այս` Արցախի յաղթանակը մարսենք եւ յետոյ, երբ յարմար ժամանակը գայ, կը նայինք, թէ ի՛նչ կ՛ընենք:

Յարմար ժամանակը երբեք ալ առանձին չի գար:

Բոլոր ճակատներու վրայ եւ բոլոր միջոցներով պէտք է շարունակել պայքարը:

Արցախը մեզի ա՛յս սորվեցուց:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Մեր Յաղթանակը, Մեր Տօնը

Յաջորդը

ԼՂԻՄ-ի Մարզխորհրդի Որոշումը 1988 Թ. Փետրուարի 20-ին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.