Անդրադարձ

Սովորենք Յարգել Մեծերի Յիշատակը

Սովորենք Յարգել Մեծերի Յիշատակը

ՎԱՀԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Արամ Մանուկեանի կինը, երբ հեռանում էր այս կեանքից, իր դստերը` Սեդա Մանուկեանին ասաց. «Ես չտեսայ, բայց դու անպայման կը տեսնես այն օրը, երբ մարդիկ կը յիշեն ու կը գնահատեն քո հօրը: Ես վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը չի մոռանայ նրան»: Շատ ժողովուրդներ են երազել ունենալ Արամի նման ազգային հերոս, իսկ հայ ժողովուրդը բախտ է ունեցել վայելելու այդպիսի անձնաւորութեան...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Մինաս (Աւետիսեան, 1928-1975). Հայաստանի Գոյներուն Եւ Լոյսի Խաղերուն Հանճարեղ Նկարիչը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Քսաներորդ դարու հայ գեղանկարչութեան հանճարեղ վարպետը` Մարտիրոս Սարեան ատենին ըսած էր. «Մինա՛ս, ես քեզնից մեծ եմ յիսուն տարով: Ափսո՜ս, ինձ քիչ ժամանակ է մնացել: Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գայիր: Չմոռանաս, արուեստը պայքար է սիրում: Հիմա ես արդէն մենակ չեմ: Դու էլ մենակ չես: Ուրեմն` շարունակել խիզախել: Ես հաւատում եմ քո այդ լաւ ձեռքին»: Իսկ հայ դասական երաժշտութեան...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Գրական Սփիւռքում Պատկառելի Տեղ Ունի Լիբանանցին

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Արուեստագիտութեան դոկտոր Ուշագրաւ է Հայաստանում լոյս տեսած «Գրական սփիւռք» հերթական ժողովածուն: Դա Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան Ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի ազգանպաստ, սփիւռքաարժեւորման գործունէութեան վառ արգասիքն է: Այս հատորի ստեղծման գործընթացում իր ներդրումն ունի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը: Ծաւալուն եւ բովանդակալից հատորում ընդգրկուած են հայ սփիւռքի եւ տարբեր երկրների` Լիբանանի, Սիրիայի, Միացեալ Նահանգների, Եգիպտոսի, Իրանի, Դանիայի,...

Վարչապետ Փաշինեան. «Չեմ Հաւատար,  Որ Ռուսիան Կրնայ Իր Լծակները Օգտագործել  Պատերազմ Թոյլ Տալու Համար»

Ակնարկ. Միջազգային Փաստաթուղթերով Նշուած Հայկական Ամրագրումներ

Լրագրողներուն հետ վարչապետ Փաշինեանի  ունեցած հանդիպումը շօշափեց հարցերու լայնածիր շրջագիծ: Եթէ լուսարձակի տակ առնենք արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ վարչապետին կատարած պարզաբանումները, ապա այնտեղ կը նկատենք երանգային որոշ շեշտադրումներ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը պահեն իր կատարած յայտարարութիւններու հետեւողականութիւնը: Այսպէս. նախ բառացի մէջբերենք այս պարագային պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը պարզաբանող վարչապետին խօսքը. «Առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան Արցախի հարցի լուծում չի կրնար կայանալ: Բոլոր...

Արամ Մանուկեանը Սիմոն Զաւարեանի Մասին

Արամ Մանուկեանը Սիմոն Զաւարեանի Մասին

17 յուլիսին Երեւանի կեդրոնում տեղի ունեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման արարողութիւնը: Այս առիթով կայքէջը ծրագրել էր Ա. Մանուկեանի մասին նիւթ հրապարակել: Ճիշդ գտանք, սակայն, խօսքը տալ հէնց իրեն` Արամին, հրատարակելով Սիմոն Զաւարեանի մահուան առիթով գրուած նրա խօսքը: Զաւարեան մարդու եւ գաղափարական գործչի անցած ճանապարհի ու վաստակի վերաբերեալ սեղմ շարադրանքի մէջ ցայտուն ձեւով արտացոլւում է եւ ինքը` խօսքի հեղինակը: Շարադրանքի տողատակերից...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Ի Զուր Կը Սպասէք

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբէն մինչեւ օրս տակաւին կան մարդիկ, որոնք անհամբեր կը սպասեն Նիկոլ Փաշինեանի անկումին: Յեղափոխութեան առաջին օրերուն հոս-հոն լսեցինք, որ յեղափոխականներուն մաս մը միասեռական է, մաս մըն ալ` Եհովայի վկաներ: Յեղափոխութենէն ետք սկսանք լսել, որ Նիկոլ Փաշինեանի քատրերը բոլորն ալ կասկածելի անցեալ ունին կամ սկանտալային պահածք: Աւելի ուշ նախարարութեան նշանակումներու մէջ ալ ըսելիք ունեցան` մէկուն հասակը կարճ...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹԸՐՃԵԱՆ Արտաշէս Աբեղեան Արտաշէս Աբեղեան` բանասէր, պատմաբան, դոկտ. փիլիսոփայութեան, մանկավարժ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Մանուկ Աբեղեանի եղբօրորդին: Ծնած է 1 յունուար 1878 թուականին, Աստապատ (Նախիջեւանի գաւառ): Տարրական կրթութիւնը ստացած է հայրենի գիւղի ծխական դպրոցին մէջ (մինչեւ 1887), աւարտած է Շուշիի թեմական (1890), Թիֆլիսի Ներսիսեան (1895) դպրոցները, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը (1899): Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիոյ Մարպուրկի, Պերլինի, Լայփցիկի...

Ակնարկ.  Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի

Ակնարկ. Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի

Սուրիական պատերազմին հետ կապուած զինուորական ուժերու տեղաբաշխման գործընթացը կը յուշէ ուրուագծուող ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրական սահմանագծումներու ընդհանուր պատկերի մը մասին: Այս տեղաշարժերը սկսած են աւելիով առարկայանալ Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումէն ետք: Եթէ նկատի ունենանք  Անգարան շահագրգռած ազդեցութեան գօտիները, կը կեդրոնանանք հետեւեալ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ Անգարայի կատարած հրապարակային յայտարարութիւններուն վրայ: Վերջերս, Մընպեժի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու վերջին խումբը, «մարզումի եւ...

«Խորհրդարանը Թափուր Դրութեան Ենթարկելու Եւ Ներկայ Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելու Միջեւ Որոշում Մը Տալու Պարագային` Կը Զօրակցիմ Ընտրութիւններու Կայացման»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հաշիշի Մշակման Օրինականացման Շուրջ. Զգո՛յշ, Չիյնանք Թակարդին Մէջ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Հանդարտ, բայց ըստ էութեան ծրագրուած նախապատրաստութիւններէ ետք, վերջին օրերուն հրապարակ նետուեցաւ հաշիշի մշակումը օրինականացնելու գաղափարը եւ շատ արագ կերպով արտայայտութիւն գտաւ թէ՛ քաղաքական շրջանակներու մօտ, թէ՛ լրատուական միջոցներու եւ թէ՛ ընկերային ցանցերու վրայ: Տասնամեակներ ամբողջ այս բոյսին եւ անոր արտադրութիւններուն վնասակար բնոյթը մոռացութեան տալով` այսօր յանկարծ անոր մշակումն ու բժշկական նպատակներով գործածութեան արդիւնաւէտութիւնը հրապարակ նետելով տարբեր շրջանակներ հազարումէկ...

Մտորումներ` «Դրօշակ»-ի Յուլիս 13, 2018-ի «Ո՞վ Է Դաշնակցականը» Յօդուածին Առիթով

Մտորումներ` «Դրօշակ»-ի Յուլիս 13, 2018-ի «Ո՞վ Է Դաշնակցականը» Յօդուածին Առիթով

ՄՈՒՐԱՏ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Ողջունելի է միտքեր հրահրելու եւ բազմակողմանի քննարկման եւ վերլուծութիւններու միջոցով գաղափարներու բիւրեղացման ճամբայ հարթելու «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան այս նախաձեռնութիւնը: Ընտրուած նիւթը, որ կ՛առնչուի դաշնակցականի հոգեկերտուածքին եւ կը կրէ «Ո՞վ է դաշնակցականը» խորագիրը, այժմէական է եւ անոր հրապարակային արծարծումն ու քննարկումը կրնան օգտակար դառնալ կուսակցական շարքերէն ներս շարք մը հասկացողութիւններու աւելի բիւրեղացման: «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը իրաւացիօրէն կը նշէ դաշնակցական կառկառուն դէմքերու...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը  Մամլոյ Ասուլիսով`  ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ձեռնարկներուն  Սկիզբը Յայտարարեց

Խմբագրական Հայրենիք-ի. Հարիւրամեայ ՀՄԸՄ-ի Տեսլականով

Այս տարուան ՀՄԸՄ-ի Միացեալ Նահանգների, Արեւելեան շրջանի Նաւասարդեան խաղերը շատ աւելի յիշատակելի էին, նկատի ունենալով, որ այս տարի նաեւ կը նշուի ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակը: Միութիւն մը, որ արժանի է իւրայատուկ շքանշանի: Այո՛... ՀՄԸՄ.-ի այս հարիւրամեայ շքանշանը անհատի մը տրուած չէ: Ընդհակառակը, անկէ շատ աւելի է, որ կ՛արժեւորէ շրջաններ, հունձքեր եւ սերունդներ: Այդ հարիւրամեայ շքանշանին մէջ կայ` համեստութիւն, հաւատք, ծառայութիւն եւ մարզավայել...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Ազրպէյճան… Յեղափոխութի՞ւն, Թէ՞ Թատրերգութիւն

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն Գանձակի եւ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ապահովական դէպքերը ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճան քաղաքական փոթորիկ մը դիմագրաւելու վտանգին դիմաց կը գտնուի: Ըստ ազրպէյճանական գաղտնի սպասարկութեան մէկ տեղեկագիրին, 10 յուլիս 2018-ին Գանձակի մէջ կազմակերպուած են ահաբեկչական խմբաւորումներու հաւաքներ. ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 10 ահաբեկիչ եւ սպաննած` Ռաշատ Պույուքիշիեւը: Տեղեկագիրին համաձայն, նախքան դէպքերուն սկսիլը, Պույուքիշիեւ իր ընտանիքը հեռացուցած է...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Արցախի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին` շրջակայքով Այդ ընթացքում Ազրպէյճանը մեծ թուով զօրամասեր էր ուղարկում Լեռնային Ղարաբաղ եւ նրանց տեղաւորում գաւառի ռազմավարական նշանակութեան կէտերում: Ազրպէյճանական զինուժ կեդրոնացուեց նաեւ Շուշիում: Արցախի ռազմական ուժերի դիմադրութիւնը ճնշելու եւ գաւառը վերջնականապէս գրաւելու նպատակով Ազրպէյճանի մարտական ուժերը, թուրք սպաների հրամանատարութեամբ, յարձակումներ են սկսում տարբեր ուղղութիւններով: Նրանք աւերածութիւնների ենթարկեցին Ասկերանի շրջանը: Թուրք-թաթարական կանոնաւոր զօրքերը սահմռկեցուցիչ...

Թուրքիա` «Փեթրիըթ» Եւ «Էս- 400» Հրթիռներու Միջեւ

Թուրքիա` «Փեթրիըթ» Եւ «Էս- 400» Հրթիռներու Միջեւ

Ա. Ա. Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ վարագոյրը իջաւ եւ սեղանի վրայ գտնուող հրատապ հարցերուն մէջ առաջին դիրքը գրաւած` ռուսական «Էս- 400» տիպի գերարդիական հրթիռային համակարգի վաճառքին կապուած խնդիրները դարձեալ իրենց վրայ կեդրոնացուցին բոլոր լուսարձակները: Նախ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ռազմաքաղաքական հարցերով օգնական Թինա Քայտանօ բացայայտեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն իսկ լուրջ խօսակցութիւններու փուլը թեւակոխած է` Թուրքիոյ...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Քաղաքացու Իրաւունքն Ու Արժանապատուութիւնը` Գերակայ Արժէք

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Քաղաքացու Իրաւունքն Ու Արժանապատուութիւնը` Գերակայ Արժէք

Իւրաքանչիւր երկրի ներքին անդորրն ապահովելու համար անհրաժեշտ է ունենալ իրաւական հիմքերի վրայ կառուցուած պետութիւն: Երբ իրաւական հիմքերը խարխլւում են, այլեւս պետական կառոյցները չեն կարողանում տիրապետել իրավիճակին, եւ ստեղծւում է քաոս: Իւրաքանչիւր պետութեան մէջ այդ իրաւական հիմքերը պահելու համար ստեղծւում են կառոյցներ, որոնց վրայ դրւում է պարտականութիւն` ուժի կիրառմամբ օրէնքը պահպանելու: Այդ կառոյցներն օժտուած են օրէնքի թոյլտուութեամբ բիրտ միջոցներ կիրառելու, քաղաքացիներին...

Անդրադարձ.  Արշակ Թագաւորի Դրուագի Թրամփեան Տարբերակը

Անդրադարձ. Արշակ Թագաւորի Դրուագի Թրամփեան Տարբերակը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, երկուշաբթի օր Հելսինքիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով նոյեմբեր 2016-ի նախագահական ընտրութեան ռուսական միջամտութեան մասին հարցումի մը, յայտարարեց. «Միշտ ըսած եմ, թէ ամերիկեան ընտրութիւններուն ընթացքին նախագահ Փութինի հետ դաւադրութիւն չկար, եւ զինք չէի ճանչնար… չեմ կարծեր, որ Ռուսիան տիկին Հիլըրի Քլինթընի երեք հազար...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Աշխարհիկութեան Ալիքը Հասաւ Յունաստան

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Ըստ յունական «Ի Քաթիմերինի» օրաթերթին, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս  հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր ծրագիրը` Յունաստանի աշխարհիկացման հոլովոյթին վերաբերեալ: Ցիփրաս, որ տարի մը առաջ յայտնած էր իր հաւանութիւնը աշխարհիկ համակարգի ստեղծման, այս հոկտեմբերին իր ղեկավարած արմատական ձախ «Սիրիզա» (կրճատում` Ձախերու արմատական դաշինքին) կուսակցութեան ձեռամբ խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ պետութեան եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ բաժանման օրինագիծը: Յունաստանի սահմանադրութեան երկրորդ բաժինի երրորդ...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Արցախի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Այո՛, հէնց այդպէս` Արցախի Ա. Հանրապետութիւն, որի 100-ամեակը լրանում է յուլիսի 22-ին: Անհերքելի պատմական ճշմարտութիւն է, որ 100 տարի առաջ նոյն այդ օրը` 1918թ.  յուլիսի 22-ին, Շուշիի թեմական դպրոցի դահլիճում գումարուեց Արցախահայութեան Ա. համագումարը, որը   Լեռնային Ղարաբաղը հռչակեց անկախ վարչաքաղաքական միաւոր, այսինքն` իրաւական կարգավիճակով հանրապետութեանը հաւասարազօր պետութիւն: Համագումարը, որին մեր լեռնաշխարհի բոլոր շրջաններից մասնակցում էին վճռորոշ...

Հայ Երգչուհին, Որ Գրաւեց Պոլիսը, Եւ Ո՞վ Է Այս Տաղանդաւոր Պոլսահայ Երաժիշտը

Հայ Երգչուհին, Որ Գրաւեց Պոլիսը, Եւ Ո՞վ Է Այս Տաղանդաւոր Պոլսահայ Երաժիշտը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Անպայման պատահած ըլլալու է նաեւ ձեզի հետ: Աշխատանք մը ունիք կատարելիք, սակայն   կը  ծուլանաք այդ աշխատանքը կատարել: Կը յետաձգէք գործը` սպասելով աւելի յարմար առիթի, մինչ այդ առիթը ամէն օր կայ... Եւ այսպէս կ՛անցնի ժամանակը` առանց զգալու: Սրտնեղութիւն մը ունիք, կը մտածէք, թէ ինչո՛ւ է այս սրտնեղութիւնը. ներքնապէս, սակայն, գիտէք, որ այս նեղութեան պատճառը աշխատանք մը  միշտ  յետաձգելու պատճառով...

Քաղաքական Խաղ` Մարմնամարզային Թեքումով

Ստի Վարժանքներ

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Ամէն տարի, Ազրպէյճանում, կարելի է ասել, Արցախի Հանրապետութեան յիշարժան տարեթուերի օրացոյցին համապատասխան` սկսւում են հեծեծանքներ պետական մակարդակով: Օրինակ, մենք հանդիսաւորութեամբ նշում ենք Արցախի հինաւուրց կեդրոն Շուշի քաղաքի ազատագրումը, Բերձորի ազատագրումն ու Հայաստանի հետ միջանցքի բացումը, Խոջալու աւանի կրակակէտերի ոչնչացումը, որը պատերազմի տարիներին մահ էր սփռում շուրջբոլորն ու ահաբեկում մերձակայ հայկական բնակավայրերը, իսկ Ազրպէյճանում այդ նոյն ժամանակ կոկորդիլոսի արցունքներ...

Page 520 of 806 1 … 519 520 521 … 806

Արխիւներ