Սուտ Է, Որ Գէթ Ծննդեան Եւ Մահուան Օրը Հաւասար Ենք
ՄԱԿԱՐ ի Քուինզ Կեդրոնականցին անյայտացած էր: Հեռաձայնեցի իր զարմիկ Զորաբաբէլին, որ Նիւ Եորքի մէջ վերակոչուած է Զորան: Հարցուցի, թէ Արմենակը ո՞ւր էր: Ըսաւ, որ ինք ալ չէր տեսած, բայց գիտէր որ թաղումի գացած էր: Երկու օր ետք Էլպիսին հետ եկաւ եւ կենդանութիւն մտաւ մեր լուռ տունը: - Մեծն Նիւ Եորքը ձեզ այսքա՞ն շուտ կուլ տուաւ,- ըսի` զիրենք դիմաւորելով: - Կեդրոնականցի...



















