Անգամ մը եւս հաւաքուած ենք այս պանթէոնին դիմաց` յարգելու յիշատակը մեր նահատակ ու նուիրեալ դաշնակցականներուն եւ հաղորդուելու անոնց վաստակով ու կտակած գաղափարական հարուստ ժառանգութեամբ, յեղափոխական անբիծ, մարտնչող ու վճռական նկարագրով: Հաւաքուած ենք, որպէսզի Դաշնակցութեան 128-րդ տարեդարձին առիթով իրենց հետ միասին նշենք այս օրը, քիչ մը աւելի անկեղծանանք ու իրենց գծած լուսաշող ճամբան դարձնենք մեր գալիք աշխատանքներու փարոսն ու խթանը: Հաւաքուած ենք միասնաբար զրուցելու անոնց հետ, միասնաբար կատարելու մեր անցնող տարուան գործին ու խօսքին հաշուետուութիւնը եւ վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը:
Նահատակութիւնը, անձնուրացութիւնը եւ զոհողութիւնը դաշնակցական անհատի գերագոյն արժանիքներն են, եւ չկայ որեւէ ուժ, որ կրնայ այս արժանիքները խլել ու պոկել դաշնակցականէն, որովհետեւ անոնք իր էութեան մաս կազմող ու իրեն հետ մինչեւ մահ անքակտելիօրէն շաղակապուած արժանիքներ են: 128-ամեայ Դաշնակցութեան գործն ու հերոսապատումը կը վկայէ, որ նուիրումի ու անձնուրացութեան բարձր գիտակցութիւնը միշտ դարձած է Դաշնակցութեան ձեռք բերած նուաճումներու հիմնական մղիչ ու անտեսանելի ուժը:
Այո՛, այս գերագոյն ու միաժամանակ համամարդկային արժանիքները կարելի չէ գտնել այլ տեղ: Աւելի՛ն. այս արժանիքներու գաղափարական կշիռը ունի խոր արմատներ եւ միշտ պատրաստ եղած է տոկալու եւ դիմադրելու ամէն տեսակի սադրանքներու, դաւադրութիւններու եւ թշնամիի յարձակումներուն ու ներքին հարուածներուն: Ո՛չ մէկ ատեն դիւրին եղած է դաշնակցականին գործը: Աւելի՛ն. ո՛չ մէկ ատեն դաշնակցականօրէն գործելը, մտածելը ու ապրիլը եղած են սովորական ապրելակերպ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ի՛նք սովորական պայմաններու մէջ չէ ծնած ու խաղաղ կացութիւններու մէջ չէ թիավարած: Մենք միշտ ալ մեր երդումին հաւատարիմ ու ներքնապէս հաշտ մնալու համոզումով գործած ենք: Հայրենիքի ու հայութեան պաշտպանութեան սուրբ գործը դաշնակցականը մղած է գիտակից անձնուրացութեան եւ զոհաբերումի:
Քրիստափորի քերթողական այս տողերուն մէջ խտացած է դաշնակցականի անանձնական, հայրենապաշտ ու նուիրեալ կեանքի ըմբռնումը:
«Կայ մի բան քաղցր ու վեհ ամէնից,
Այս փուճ կեանքի մէջ թանկ է ընկերից,
Օ՜, նա երկնատուր պարգեւ է մարդկանց,
Որ ամփոփում է վշտերը նրանց:
Աստուած ուղարկեց աշխարհը նորան`
Կորսուած դրախտի տեղը գրաւել.
Դա՛, հայրենիքն է իմ այն սրբազան,
Որին սիրում եմ մօրից առաւել»:
Հայապաշտութեան ու հայրենապաշտութեան գիտակից մղումով մեր նահատակներն ու նուիրեալները կենսաւորեցին Դաշնակցութեան գործը, ապրեցուցին անոր գաղափարական հանգանակը եւ յեղափոխիչ շունչով ու ոգիով շարժման մէջ դրին հայ կեանքը` ծառանալով ամէն տեսակի ներքին ու արտաքին անիրաւութիւններու ու սադրանքներու դիմաց:
«Նահատակներ եւ հերոսներ պատրաստող կուսակցութիւն է Դաշնակցութիւնը,- ըսած է Աղբալեան,- նա խմբում եւ օգտագործում է հանրութեան լաւագոյն ուժերը` հանրային նպատակների համար, ստեղծելով նրանց շուրջ համակրանք, փառք ու մեծութիւն եւ դարձնելով համազգային արժէքներ, բայց եւ դաժանօրէն գահավիժում է ամէն ծնունդ, որ նման չէ իր հօր կերպարանքին»:
Գիտակից զոհաբերումն ու նուիրաբերումը օրէ օր աւելիով կոփեց դաշնակցականի բարոյական նկարագիրը: Այդ բարոյականը մնաց անխախտ ու ամուր եւ դաշնակցականը դարձուց եզակի տեսակ:
Կարօ Սասունի պիտի վկայէր. «Այդ դաշնակցական բարոյականը բռնի բռունցք չէ մեր կուսակցութեան համար, թէեւ աւելի զօրաւոր է, քան` որեւէ ֆիզիքական բռունցք: Մեր ներքին կեանքի մէջ Դաշնակցութիւնը շատ քիչ անգամ ֆիզիքական ուժին դիմած է գերագոյն արդարութիւն մը ընելու յեղափոխական բարոյականին: Ընդհանրապէս, Դաշնակցութեան յեղափոխական ոգին բաւականացած է միայն ծուռ նայուածք մը ուղղելով դէպի այն մարդկանց, որ Դաշնակցութեան բարոյական ցանկապատը կ՛անցնին: Ու այդ գնդակահարութեան չափ ծանր կշռած է: Այս աներեւոյթ աստիճանացոյց սլաքը մեր ներքին կեանքը ղեկավարած է:
Սիրելի՛ ընկերներ,
Եկէք` ընդունինք որ այս սլաքին նայելու ու այս սլաքի թելադրութեամբ առաջնորդուելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք այսօ՛ր նաեւ, երբ ներկայ ժամանակներու ապակողմնորոշ ու սայթաքեցնող երեւոյթներու դիմաց կանգնած է մեր կեանքը, պայքարը եւ մանաւա՛նդ սրբազան ուխտը:
Մեր` դաշնակցականի ընկերականութիւնը սովորական ընկերականութենէն աւելի՛ն է, գերագոյն ձգտում մըն է, ուր անհատի «ես»-ը գոյութիւն չունի շատոնց, ուր ընկերականութիւնը իր կրակէ մկրտութիւնը ստացած է խրամատին մէջ` կեանքի ու մահուան նժարին մէջտեղ կանգնած ու միայն նահատակութիւնը դիմաւորելու համոզումով լիացած:
Հայ կեանքը փոթորկեցնող բազում երեւոյթներու դէմ յանդիման` այսօր այդքան ալ դիւրին չէ դաշնակցականի անշեղ ընթացքի ու պահուածքի պահպանումը: Այլ խօսքով, այդքան ալ դիւրին չէ դաշնակցականօրէն հարցերու ու կացութիւններու գնահատումը, որովհետեւ գաղափարական մօտեցումը իր տեղը զիջած է գործնապաշտութեան, ազգային շահերու պաշտպանութիւնը շատ յաճախ իր տեղը կը զիջի շուկայական սակարկութիւններու, եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն երաշխաւուող պայքարի ոգին շատ յաճախ կը փոխարինուի միակողմանի զիջումնային վարքագիծերով:
Այս ընդհանուր թոհուբոհին ու խառնարանին մէջ մենք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան պարտաւոր կը զգանք մեր հայեացքները ուղղելու մեր նահատակներուն, համակուելու անոնց շունչով ու գօտեպնդուելու անոնց վճռակամութեամբ ու կենսափորձով: Այո՛, մեր նահատակներն ու նուիրեալները մեզի սորվեցուցին ու պատգամեցին, Շիրազի բառերով, դառնալու «խամ աքլոր» որ ազգը կանուխ կ՛արթնցնէ, ի՜նչ փոյթ, որ սակայն «մեծերու քունը կը խանգարէ»:
Թող ոչ ոք համարձակի դաշնակցականի յեղափոխական ոգին խնդրոյ առարկայ դարձնել:Մեր նահատակները ա՛յդ ոգին ամէն օր մեր գործին ու ընթացքին մէջ քիչ մը աւելի կ՛արմատացնեն: Մեր յեղափոխականութիւնը աղմկարարութիւն ու ամբոխային տրամադրութիւն ստեղծող չէ, թերեւս ալ ճի՛շդ այդ պատճառով դիւրին ընկալելի չէ, մեր յեղափոխականութիւնը գաղափարական արժէք է ու այնպիսի ապրելակերպ, որուն համար մի՛շտ ալ հարկաւոր է սուղ գին վճարել: Մեր յեղափոխականութիւնը 128 տարուան կենսափորձ ունի եւ ընդելուզուած է հայու ասպետական ոգիին ու հերոսապատումին հետ: Մեր յեղափոխականները հայրենիք կերտած, մահը արհամարհած, եւ աւելի՛ն, հայոց պատմութեան նոր ուղղութիւն տուող հերոսածին անհատներ են:
Սիրելի՛ նահատակնե՛ր եւ նուիրեալներ,
Այսօր, այս պահուն, հաւատարիմ` հային ու հողին ու անոնց կանչին, հայրենքի մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ իր ժողովուրդին, կը մասնակցի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն, որպէսզի շարունակէ Ազգային ժողովին մէջ լսելի դարձնել իր խօսքը եւ իր 128-ամեայ կենսափորձը ի սպաս դնէ` հայրենիքի վերելքին, քաղաքական առողջ մշակոյթի ձեւաւորման, անվտանգութեան հիմերու ամրապնդման, ընկերային արդարութեան ճշգրիտ գործադրութեան, տնտեսական կայուն հիմերու ստեղծման եւ, վերջապէս, բազում անձնուրացներու թանկ արեամբ ու կեանքով կերտուած արցախեան յաղթանակի պահպանման ու համահայկական ազգային տեսլականներու հետապնդման:
Հաւատարմութիւնը` հողին ու հային, ժառանգած ենք ձեզմէ ու այդպէս ալ կը մնանք մեր պայքարին մէջ ու հայրենիքի քաղաքական կեանքէն ներս, իբրեւ դերակատար ուժ, որքան ալ դիւրըմբռնելի չըլլայ այսօ՛ր, որովհետեւ մենք մնայուն արժէքներու համար պայքարող կուսակցութիւն ենք եւ երբե՛ք չենք առաջնորդուիր ժամանակաւոր ու խաբուսիկ երեւոյթներով:
Սիրելի՛ նուիրեալներ,
Այս տարի մենք ազգովին նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Ձեզմէ շատեր, որոնք հանգչած են այս պանթէոնին եւ Լիբանանի հողին մէջ, հիմնական դերակատարներ են այդ անկախութեան կերտումին ու հանրապետութեան կայացման գործընթացին մէջ: Այո՛, դարձաք վտարանդի, աքսորեալ, սակայն այսօր ձեր վաստակը ապրող ու շնչող ներկայութիւն է հայրենիքի մէջ, անշուշտ հայրենակերտումի ու պետականաշինութեան ձեր անփոխարինելի աշխատանքի ամբողջական վերարժեւաւորումը մայր հողին վրայ կարիք ունի յաւելեալ խորացման, եւ այս մէկը կը շարունակէ մնալ հայրենի պետութեան ճիտին պարտքը:
Բաբգէն Փափազեան պիտի վկայէր. « Հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան մէջ գտաւ իր ներքին եսը մարմնաւորող կազմակերպութիւնը, իր ներքին ձգտումներու իրականացման համար զոհուող կազմակերպութիւնը: Տեսաւ, որ անոր աչքերը ճշմարիտ լոյսը կը փնտռէին միայն ու լոյսի կ՛առաջնորդէին ազգը ամբողջ: Ատոր համար է, որ ինկողներուն տեղ նորերը ղրկեց Դաշնակցութեան գիրկը` տասնեակներով, հարիւրներով ու հազարով»:
Սիրելի՛ ներկաներ,
Այսօ՛ր նաեւ ժողովուրդ-կուսակցութիւն այդ անքակտելի կապը ամուր է, որքան ալ ներքին կամ արտաքին ուժեր փորձեն Դաշնակցութիւնը օտարացնել իր ժողովուրդէն, այդ փորձերը ի սկզբանէ դատապարտուած են ձախողութեան: Ձախողութեան դատապարտուած է նաեւ նոր փուլի ծաւալած հակադաշնակցական նորելուկ պայքարը, որ փաստօրէն նոր է իր ոճով, բայց հին` իր էութեամբ, ու մեր պատասխանը կը շարունակէ մնալ նոյնը` երէկ, այսօր եւ վաղը, ու այդ հակադաշնակցական կիրքը մեր ընթացքը կը ջրդեղէ, կը հզօրացնէ մեր միասնականութիւնը ու կ՛արմատացնէ դաշնակցականին մէջ իր դաշնակցական սկզբունքները եւ զայն կը պահէ զգաստ, ընդհանուր գործին ամրօրէն կառչած ու հաւատարիմ:
Այո՛, սայթաքողներ եղած են անցեալին, այսօր ալ կան ու պիտի ըլլան, որովհետեւ ինչպէս մեր նահատակները միշտ պատգամած են, դաշնակցական ըլլալն ու Դաշնակցութեան տեսլականներով ընթանալը այդքան ալ հեշտ առաքելութիւն մը չէ, տեսակ մը բնածին յատկութիւն մըն է, որ անհատը կը կրէ իր մէջ:
Հաւաքուած ենք այսօր խոնարհելու ձեր անփոխարինելի վաստակին դիմաց, ականջալուր դառնալու ձեր պատգամներուն եւ վերանորոգելու դաշնակցականի նուիրական ուխտը` անմնացորդ ծառայելու մեր պաշտելի հայրենիքին ու աննման ժողովուրդին: Եւ այս պայքարին մէջ կը մնանք անբասիր, ոչ ոքի կ՛արտօնենք ցեխ խառնելու մեր մաքուր պայքարին եւ անկեղծ զինուորի կարգապահութեան ու յանձնառութեան ամբողջական գիտակցութեամբ կու գանք ուխտելու` շարունակել ձեր սուրբ գործը ի խնդիր մեր մեծ երազներու իրականացման: Երազներ, որոնց համար դուք չսակարկեցիք ձեր թանկագինը:
Յարգա՛նք ձեզի…