ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հետեւելով Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքին` մտաբերեցի մեր հանգուցեալ ընկերոջ` Վահան Յովհաննիսեանին խօսքերը: Ամէն անգամ, երբ իրականացնէինք աշխատանք մը, որ կը սատարէր Արցախի, Հայաստանի կամ սփիւռքի տնտեսական վերելքին, պաշտպանական հզօրացման, քաղաքական-դիւանագիտական նուաճումին, Վահանը քնքուշ ժպիտով մը կ՛ըսէր` «Տղե՛րք, հայրենիքը ձեզ չի մոռանայ»:
Հիմա, Հայաստանի քաղաքացին քուէարկեց: Քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնը կատարեց: Պէտք է շնորհաւորել մեր բոլոր հայրենակիցները:
Հայրենի ժողովուրդի այս ընտրութենէն պիտի ըլլան յաղթողներ, նաեւ` պարտուողներ: Պէտք է շնորհաւորել թէ՛ յաղթողները, թէ՛ պարտուողները, որովհետեւ վերջաւորութեան յաղթանակը կը պատկանի հայրենիքին եւ հայրենի ժողովուրդին:
Այս յաղթանակը պէտք է պատկանէր նաեւ Արցախին, սփիւռքին եւ Հայ դատին: Դո՛ւք պէտք էր ընէինք:
Սակայն այդպէս չեղաւ: Չըրիք, ցաւ ի սիրտ: Քուէատուփին առջեւ մոռցաք, որ կը քուէարկէք համայն հայութեան համար` արցախահայուն համար, սփիւռքահայուն համար, Հայ դատին համար:
Ինչո՞ւ մոռցաք:
Այս փոքր հողատարածքը, որ Հայաստան կը կոչենք, միթէ նաեւ անոնց հայրենիքը չէ՞: Սփիւռքը, Արցախը եւ Հայ դատը միթէ Հայաստանին չե՞ն պատկանիր:
Դուք պէտք էր ձեր քուէն տայիք նաեւ Արցախին, սփիւռքին եւ Հայ դատին համար:
Բայց դուք մոռցաք:
Հաւանաբար թաղապետն ու գիւղապետը ձեզ մոռցնել տուին: Թէկուզ մենաշնորհային համակարգի պարտադրանքը ձեզ մոռցնել տուաւ:
Բայց միեւնոյնն է, դուք մոռցաք:
Սակայն եւ այնպէս, Վահա՛նը վկայ, Արցախը, սփիւռքը եւ Հայ դատը ձեզ երբեք չեն մոռնար: Անոնք ձեզի հետ են, ձեր մէջքին են յաւիտեանս յաւիտենից, հոգ չէ թէ դուք այսօր պահ մը մոռցաք…
9 դեկտեմբեր 2018
Լոս Անճելըս