Անդրադարձ

«Քաղաքական Ընտրապայքար Թէ՞ Համակարգային Փոփոխութիւն»

«Քաղաքական Ընտրապայքար Թէ՞ Համակարգային Փոփոխութիւն»

ՀԵՆՐԻԿ ԽԱԼՈՅԵԱՆ Առաջիկայ դեկտ. 9-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնների ընտրապայքարի հետքերով՝ բազմաթիւ հարցեր են առաջանում: Ընտրապաքարի մէջ մտած քաղաքական ուժերը իրօ՞ք մանրակերտն են հայ քաղաքական մտքի… կարելի է ասել՝ այո, իսկ թէ դա որքանո՞վ է գոհացնում մեզ ընդհանրապէս, կարելի է ասել՝ շատ նւազ. թէ՝ ինչո՞ւ կարելի է քննարկել՝ քաղաքագիտական, պատմական եւ գաղափարախօսական հարթակներում. բայց եւ իրապաշտ լինելու համար ընդունենք,...

ՀՅԴ-ի 128-ամեակի Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ-ի 128-ամեակի Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Ինչպէս միշտ, դարձեալ միասին ենք, սիրելի՛ ժողովուրդ, Հո՛ս են մեր ժողովուրդի տարբեր խաւերէն եկած եւ Հայաստանի ու հայութեան ջերմութեամբ ապրող անկեղծ, արժանապատիւ ու հպարտ հայորդիները: Հո՛ս էք բոլորդ, Հոգեւորական եւ աշխարհական, Կին ու այր, Պատանի, երիտասարդ, երէց ու ալեհեր, Աշակերտ, ուսանող եւ արհեստաւոր, Հո՛ս էք բոլորդ, Մշակ, բանուոր, ազատ ասպարէզի տէր, ուսուցիչ, գործատէր, պաշտօնեայ, առեւտրական թէ գործարանատէր: Հո՛ս էք, քաղաքական...

Քիմիականի Շահագործումը` Մարդկային Զոհերու Գնով

Քիմիականի Շահագործումը` Մարդկային Զոհերու Գնով

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ» Սուրիական պատերազմի տարբեր փուլերուն տեղական եւ ռուսական ռազմական կեդրոններ քանիցս յայտնեցին, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ քիմիական մեծաքանակ զէնքեր ունին իրենց տրամադրութեան տակ: Հալէպի ուղղութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներուն քիմիական նիւթեր պարունակող հրթիռներով վերջին յարձակումը հաստատեց այս տեղեկութիւնը: Այս պարագային, սակայն, տարբերութիւն մը արձանագրուեցաւ: Եթէ նախապէս զինեալ խմբաւորումներու ներկայութիւնը արդարացնելու համար արտաքին կողմեր սուրիական բանակը կ՛ամբաստանէին քիմիական զէնքեր ունենալու ու անոնցմով ահաբեկիչներն...

Գիւմրի, Ես Քեզ Սիրում Եմ

Գիւմրի, Ես Քեզ Սիրում Եմ

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը բաց նամակ յղած է Գիւմրիին: Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակը` ամբողջութեամբ. «Սիրելի՛ Գիւմրի, երբ դու կարդաս այս խօսքերը, հազարաւոր մարդիկ` հեռւում եւ մօտիկ, հարազատ ու անծանօթ, յարգանքի տուրք մատուցելիս կը լինեն քեզ պատահած մեծ աղէտի` 1988 թուականի դեկտեմբերի 7-ի երկրաշարժի զոհերի յիշատակին: Ես կը լինեմ նրանց շարքում` վերյիշելով այն սարսափելի օրը, երբ ժամանակը կանգ...

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական.  Ցաւէն Վեր…

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ցաւէն Վեր…

Արդէն իսկ երեսուն տարիներ թաւալած են: Անմոռանալի թուական` ամիս, օր եւ ժամ: 7 դեկտեմբեր 1988, առաւօտեան ժամը 11:41: Այսպէս, ակնթարթի մը մէջ, Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը գտնուող երկրորդ քաղաքը` Գիւմրին, եւ անոր մօտակայ գիւղաքաղաքները փլատակ կը դառնային: Յատկապէս Սպիտակի մէջ փուլ կու գային շէնքեր, դպրոցներ, եկեղեցիներ, կեդրոններ, թաղամասեր` խլելով կեանքը մեծ թիւով հայորդիներու: Անխնայ էր բնութիւնը: Երկրաշարժը հարուածած էր նորածին մանուկը,...

Նոր Ցեղասպանութի՞ւն  Իսլամ Ռոհինկաները Եւ Միանմարեան Բանակն Ու Ժողովուրդը

Նոր Ցեղասպանութի՞ւն Իսլամ Ռոհինկաները Եւ Միանմարեան Բանակն Ու Ժողովուրդը

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Այնքան ատեն որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրող ու իրականացնող թուրքը կը մնայ անպատիժ, կարելի պիտի չըլլայ սանձել անոր յաջորդող բարբարոսները: 20-րդ դարուն անպատիժ մնացած առաջին ցեղասպանութեան յաջորդեցին` հրեաներու ողջակիզումը (1941-1945), Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը (1994), Տարֆուրի ցեղասպանութիւնը (2003)... ու շատ մը այլ ցեղասպանական փորձեր ու անմեղ ժողովուրդներու նկատմամբ ոճիրներ, ինչպէս` ՏԱՀԵՇ-ի անմարդկային ու արիւնարբու գործողութիւնները, որոնցմէ մէկուն անդրադառնալով` 5 օգոստոս 2017-ին...

Բանավիճային Մշակոյթի Էական Բաժինը

Բանավիճային Մշակոյթի Էական Բաժինը

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Աւարտած է արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի ուղղուի դէպի ընտրատեղամաս եւ դէպի քուէատուփ` կատարելու համար իր քաղաքացիական իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը` ընտրելու համար զինք ներկայացնող խորհրդարանը: Շուտով ձեւաւորուելիք խորհրդարանի բաղադրութեան, բաղադրատարրերու իւրայատկութեան եւ ընդհանրապէս զայն բաղկացնող ուժերու դաւանած աշխարհահայեացքին, գաղափարաբանութեան եւ քաղաքական դիրքորոշումներուն մասին այժմէն կանխատեսումնային պատկերացումներ փոխանցելը ճիշդ չէ: Որքան ալ...

«Դո՛ւն Ալ Յաղթեցիր, Ընկե՛ր…»

«Դո՛ւն Ալ Յաղթեցիր, Ընկե՛ր…»

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ Արա՛ ջան, Ճշգրիտ թուականը չեմ յիշեր: Վաթսունականներու վերջերուն էր: Եդուարդ Պոյաճեանին կորուստի ցաւը դեռ չէր սպիացած, իսկ Կարօ Սասունին ողջ էր տակաւին: Այդ օրերուն «Բագին»-էն, եւ ոչ միայն «Բագին»-էն ներս գրական եւ մշակութային աշխուժութիւն կը տիրէր: Իմ կապը Պէյրութի հետ Պօղոս Սնապեանն էր: Իւրաքանչիւր Այնճար այցելութեան «Բագին» կամ որեւէ գիրք կը բերէր ինծի ընթերցանութեան համար: Այս անգամ...

Հատուածներ` Արա Արծրունիի Պարգեւատրման Նուիրուած Ձեռնարկներուն Իր Արտասանած Խօսքերէն

Վեհափա՛ռ տէր, դուք այսօր կը պարգեւատրէք գրական ոճ մը, որ ուշացումով մտաւ մեր գրականութեան մէջ: Անհեթեթի եւ այլաբանութեան ոճերու միաձուլումն է ան: Արդարեւ, դժուար արտայայտելի եւ դժուար ընդունելի գրական ոճ մըն է ան, որովհետեւ հոն մէջընդմէջ յաճախ իրարու կը բախին միասին ընթացող անհեթեթն ու այլաբանութիւնը: Շնորհակալութի՛ւն, վեհափա՛ռ տէր, որ այսօր զիս կը պարգեւատրէք իմ տարած աշխատանքիս համար: Շարունակեցի գրականութիւնը: Կարդացի,...

Ասպետական Ներկայութիւն, Ասպետական Մեկնում

Ասպետական Ներկայութիւն, Ասպետական Մեկնում

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Տերեւաթափ: Աշնանային տերեւաթափ: Այս անգամ աշնանային տերեւաթափին միացաւ լիբանանահայ երիցագոյն գրողներէն Արա Արծրունին: Բնութեան տերեւաթափին հետ լիբանանահայ գրողներու համախումբին տերեւաթափը կը շարունակուի: Անցնող վեց-եօթը տարիներուն գրողներու համախմբումը կորսնցուց իր երէց, եւ ոչ միայն երէց, անդամներուն աւելի քան կէսը: Զգալիօրէն նօսրացաւ անոնց թիւը: Անդրանիկ Ծառուկեանի բնութագրումով, անդի կողմը մեկնողներուն թիւը կը գերազանցէ այս կողմը մնացածներունը: Մեկնեցաւ նա՛եւ Արա Արծրունին:...

Արա Արծրունի՜ Իր Ստեղծած Տաճարին Քրմապետը  (Հեռակայ Զրոյց)

Արա Արծրունի՜ Իր Ստեղծած Տաճարին Քրմապետը (Հեռակայ Զրոյց)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Իմ երազս յուզում է եւ գրականութիւն...:                                                                                 ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ Հեքիաթներու աշխարհէն ծնունդ առած հայորդի մըն էր Արա Արծրունի, որ ամիս մը առաջ վերադարձաւ իր բնօրրանը` Գերմարդոց աշխարհը, հոն վերստին ապրելու իր նոր կեանքը:  Ճիշդ է, որ ան «դիպուած»-ով մը, մեզի` մարդկութեան եկած էր, պատմելու եւ փոխանցելու իր կեանքի ու փորձառութեան մանրապատումները: Ան կը հաւատար, որ իր այս արարքով...

«Խենթ» Կամաւորը

ՄԱՐԱԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Ո՞վ է կամաւորը: Կամաւորը այն յատուկ նկարագիրով օժտուած, ինքնամատոյց անձնաւորութիւնն է, որ իր ազատ կամքով, գիտակցաբար կը նուիրուի` ծառայելու նպատակի մը համար, որուն վսեմութեան կը հաւատայ, եւ որ կը գոհացնէ իր գաղափարական համոզումները: Հաւատաւոր կամաւորը զերծ է նիւթական ակնկալիքէ, անոր ցանկութիւնը միայն ու միայն իր աշխատանքներուն արգասաբերութիւնն է: Ան մարդասիրական թէ բարեսիրական գործունէութեանց յառաջապահ մարտիկն է: Կամաւոր գործունէութիւնը...

Կամաւոր ԼՕԽ-ականը

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Հայ կինը մեր պատմութեան բոլոր դաժան օրերուն ոտքի կանգնած է` պայքարելու բազմազան դժուարութիւններուն դէմ, ամբողջ հայ ազգի զաւակներուն համար: ԼՕԽ-ը հայ ազգի մտահոգութիւններուն եւ անոր սպառնացող վտանգներուն ծնունդն է: Ան իր կամաւոր անդամուհիներու հսկայ փաղանգով, այլազան օժանդակութիւններով կը ծառայէ հայ ընտանիքին: Զանազան միջոցներով կը հոգայ ծերունիին, կարիքաւորին, հիւանդին, աշակերտին եւ ուսանողին: ՄԱԿ-ը 1985-ի իր ժողովին դեկտեմբեր 5-ը յայտարարեց...

Կամաւորներու Կայունութիւնը

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ամէն տարի դեկտեմբեր 5-ը կը նշուի որպէս «Կամաւորներու օր»` որդեգրելով տարբեր թեմա մը իւրաքանչիւր տարի: Այս ծրագիրը սկսած է 1985-էն ի վեր` քաջալերելու եւ գնահատելու կամաւոր աշխատանքը: Այս տարուան թեման է` անգլերէն «Volunteers build resilient communities», որ կը թարգմանուի` «Կամաւորները կը կերտեն տոկուն եւ կայուն համայնքներ»: Սոյն օրը կամաւորներու աշխատանքը լուսարձակի տակ կ՛առնուի` զիրենք...

Մութին Մէջ Հալող Մոմերը

ՄԵՍՐՈՊ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Մարտ 2011։ Հեռատեսիլի պաստառին դիմաց գամուած` կը հետեւիմ Ճափոնի աղէտներուն` երկրաշարժի եւ ցունամիի ցնցիչ աւերներու անհաւատալի տեսարաններուն: Նոր անուն մը կ՛աւելնայ այս մեծ ողբերգութիւններուն վրայ: Համաշխարհային հիւլէական նոր աղէտ մը. Ֆուքուշիմա վայրին մէջ կառուցուած հիւլէական ելեկտրական կայանի մը մէջ մէկ հնոցը հալած է: Շողարձակումները եւ հրդեհները` անչափելի: Կը քնանամ ուշ գիշերին, եւ մղձաւանջներ կը հալածեն զիս: Յաջորդ...

Կամաւոր Զինուորուհիներ

ԱՆԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Աստուած ամուր եւ հաստատ պահէ ընտանեկան սրբութիւնը: Ամուսինը սիւնն է, իսկ կնկան գլխուն թագը: Մէկը միւսին կ՛ամբողջացնէ երկնային դասաւորումով: Ընդունուած է, որ կինը բազմակողմանի յատկութիւններ ունի եւ ամէն ինչի կը հասնի, եթէ ուզէ: Նաեւ` ան կը տոկայ ցաւի եւ դժուարութիւններուն: Ան կը դաստիարակէ զաւակը, կը հոգայ անոնց սնունդն ու պէտքերը, կը ծառայէ ամուսինին եւ, տակաւին, արտատնային աշխատանքներ...

Կամաւոր Աշխատանքը Կ՛ազնուացնէ Մարդը

ԱՆԺԵԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ Աշխատանքը մարդկային այն գործունէութիւնն է, որ կը ստեղծէ բարիք, այսինքն` այնպիսի արդիւնք, որով կը պայմանաւորուի ընկերային կեանքի յառաջդիմութիւնը: Աշխատանքի դերը, քաղաքակրթութեան զարգացման առումով, այնքան մեծ եղած է, որ գիտնականներ մղուած են մտածելու, որ` բնութիւնը ինքնաբերաբար եղափոխած է անասուններու թէ մարդոց մարմինները` զանոնք պատշաճեցնելով տարբեր տեսակի աշխատանքներու: Անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ աշխատանքը սրբազան գործունէութիւն մըն է, ու անոր ստեղծած...

Կամաւորը Եւ Կամաւոր Ծառայութիւնը

ԵՒՆԻԿԷ ՏՕԳՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ «Կամաւոր», բառացի նշանակութեամբ` կամքի, ցանկութեան համաձայն, յօժար կամքով աշխատող, ինքնայօժար, առանց հարկադրութեան, յօժարակամ, ոչ պարտադիր եւ նմանօրինակ հոմանիշներ: Եւ կամ` ազատակամ, ինքնակամ, անպարտադիր, անձնայօժար, անբռնազբօս, անբռնադատ, անհամոզելի, կամածին եւ կամովի: Կամաւորութիւնը կամ կամաւոր աշխատանքը անշահախնդիր գործունէութիւն մըն է, որ կը կատարուի առանց վարձատրութեան: (Յաճախ վարձատրութիւնը կ՛ըլլայ բարոյական գնահատանք, դժբախտաբար երբեմն ալ` քննադատութիւն): Կամաւորութիւնը անհատին ազատ ցանկութիւնն է անվճար...

«Մարդ Էլ Կայ, Մա՛րդ Էլ»

ԳՕԳՕ ԿԱՐԱՊԵՏ Մարդ արարածի նկարագրին վատագոյն դրսեւորումն է ուրիշին վնասելը, զիրար ցաւցնելը: Շատ անգամ կը յիշուի, երբ բաղդատութեան կը դրուին անասունն ու մարդը, թէ միակ արարածը, միակ ապրող էակն է, որ կը ցաւցնէ իր նմանը, կը սպաննէ իր նմանը` զուտ հաճոյքի համար: Իր մտքի զարգացման հոլովոյթին խաթարուած մէկ դիմագիծին որպէս դրսեւորում` մարդը կը սպաննէ, կը վնասէ` իր անձնական շահերէն մղուած....

Հայ Կամաւորին Իղձը

ԱԶՆԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Տուր ինծի, Տէ՛ր, ուժն նուիրումի անհաշիւ, Ըլլալ անանձնական, անսակարկ, Ծառայելու ուժը, հաճոյքը ունենալ Գործել անշահախնդիր ամրակուռ: Տուր ինծի, Տէ՛ր, զօրութիւնը անսասան` Օգնելու կարիքներուն բիւր-բիւրաւոր, Ըլլալ համեստ, ըլլալ խոնարհ կամաւոր, Հասնիլ հայ կարօտեալին անխտիր: Տուր ինծի, Տէ՛ր, կարողութիւնը աշխատանքի` Դաշտին մէջ զրկանքներու անսահման, Ինքնաբուխ նուիրուածութեամբ աննկուն` Գրկաբաց օգնել հաւատալով այդ գործին Տուր ինծի, Տէ՛ր, սէրը նուիրումի անհատնում...    

Page 487 of 806 1 … 486 487 488 … 806

Արխիւներ