Քաղաքական Անդրադարձ. ՏԱՀԵՇ-ը Չպարտուեցաւ…
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 23 մարտ 2019-ին Միացեալ Նահանգներ եւ քրտամէտ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ իրենց 4 տարուան պատերազմը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ վերջ գտաւ ահաբեկչական խմբաւորումին պարտութեամբ, երբ անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող վերջին քաղաքը` Պաղուզը ինկաւ քրտական ուժերուն ձեռքը: Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Մուսթաֆա Պալի իր թուիթըրեան էջին մէջ յայտարարեց, որ քաղաքը ազատագրուած է, եւ շուտով ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուեցան նկարներ ու...
















